Սագո Արեան | ԿԱԶԱ ԵԼԻ՛Ր ՄԱՀԵՆ…

Sago44.jpeg

Կը մտնեմ աշխարհը հին Արեւելքի,
Անցած լուսանկարներ եւ թուղթեր հաւաքելու.
Ճամբեզրին արմաւի ծառեր կը խօսին
Հին լեգուով մը, ինծի անծանօթ ու շռայլ.
Երագներս կը փակեմ պատուհանիս տակ
Ու պատուհանս քիչ մը վեր հանելու պէս կը նայիմ հեռուն.
Որ կաթիլ յոյսը վերջին չիյնայ,
Երկու ղրուշ արժող մարդկութեան Գդակին պէս…
Կազա, հին վէրքս,
Քեզմէ ժպիտներդ գողցան,
Ու մահ տուին անոր դիմաց
եղար բաց գերեզման
եղար մահուան օթեւան
եղար եօթր վէրք
եղար մեռնող խիղճ
եղար արցունք քարացած
եղար կտրուող Բառ
ինկող ձեռք եղար…
անաւարա վէրք եղար,
որուն արիւնով պիտի լեցուին
սրուակները խիղճի…
Աշխարհը իբրեւ ձեռքով կր բարեւէ քեզի,
Դ՛ուն բանաստեղծներուն գինին ես,
Արիւնն ես նորոգ ուխտի
Ու քեզմէ է, որ Յիսուսր պիտի քալէ
Նոր Երուսաղէմին համար
Ինչպէս կր խօսի գիրքը:
Դ՛ուն վէրքերուն մէջ ամէնէն խենթացնողը՝ Կազա
Չեմ գիտեր ի՞նչ բառերով պիտի գրել այսօր,
Որ վաղը այս քերթուածը չդառնայ հինցած ռեհան
Արեւային ժամացոյցին առջեւ…
Իմաստունները համր են այսօր,
Ու փամփուշտները, որ կ’արձակուին
Չեմ գիտեր պիտի հասնի՞ն անոր սրտին,
Որ արիւնարբու հրէշ է այսօր։
Հին վէրքս, Կազա՛…
Մատեաններդ բոլոր կարդացուած են,
Ու դուն վիրաւոր ձեռքերով կը հանես պսակի հագուստներդ,
Կը հագնիս մահուան սեւը,
Ու գետերէդ ջուրի պէս արիւն կր հոսի…
Ջուր եւ արիւն
Արիւն եւ ջուր
Աւելի արիւն…
Անզէն մարդոց մասին գրելու ապսուրտ իրաւունքը
Վաստակած ենք,
Վաստակած ենք գիրի աղօթքը
Ու Մարդու Որդիին հեռացող հաւատքը,
Որ հողի անունով,
Ու հողի փոխարէն դեռատի գանգերը կը խառնէ
կարմիր հողին
Յայմժամ փուլ կուգայ ամէն ինչ,
Վերջին փուլ եկողը երկրային խիղճին
Բարձրադիր եդկնաքերներն են։
Լոյսի ռեհան Արեւելքս,
Պահեմ քեզի բիբիս պէս,
Ու պարտիմ հին փողոցներէդ
Ինչքան կը սիրեմ այս Արեւելքը
Հալէպէն Նիկոսիայի հին նեղլիկ փողոցներր…
Ուր ամէն քարի տակ,
Վսեմ մարդուն սրտէն վազող
Մանուշակները կը ծաղկին
Կր ծաղկին դռներուն առջեւ…
Մեռելներէն կապոյտ հլուններ պիտի ծաղկին
Ու կապոյա աղօթք պիտի լսուի անոնց բերաններէն…
Ո՜հ, այսքան մահէն ետք պիտի հաւատալ,
Դեռ հաւատալ փրկութեան լաստերուն…
Երբ ծովեզրին յոյսի լապտերներ կը բորբոքին
Ու դատապարտուած բերաններէն միայն փրկութեան
Խնկենիներ կր բարձրանան
Դ՚էպի վեր…
Կազա, հին վէրքս,
Գաղափարի շապիկս արդուկուած է,
Պաարաստ երկար ճամբորդութեան…
Ֆետայիներդ մէջս քարեր կը գլտորեն
Աանջներուս կը փսփսան որ ԵԼԼԵՄ
Ե՛լ, արթնցիր սա քունէդ,
Ե՛լ, վառէ աղօթքի ճրագը,
Ե՛լ, վանէ սեւ ագռաւները քաղաքէդ, որ Ի սպառ
Թեւածեցին յիշողութեանդ պարիսպներուն առջեւ…
Կազա, հին վէրքս,
Ե՛ լ, Կազա, ե՛լ…
Ե՛լ, վէրքէն ու արցունքէն,
Ֆետայիներդ կը նմանին մութէն քալող աստուածներու
Ես գիտեմ աղօթքր այդ բերաններուն…
Գիտեմ անոնց երգը, գիտեմ գոյնն անոնց
Գիտեմ եւ խիղճին ձայնր…
Բերանս չոր էր, հաւատքս կիսուած…
Յոյս տուին ինծի…
Մ՝եղայ եմ հիմա…
Կր մտնեմ Արեւելքի գեղեցիկ դռներէն …
Ուր դրան մօտ կապուած է յոյսի վերջին արապան.
Արապային վրայ իմասաուն գլուխ մը,
Կը պատմէ Յարութեան մասին
Եւ ջուրերուն, որ պիտի աանին զիս հեռաւոր տեղ մը,
Խօսելու համար ու վկայելու.,
Որ մահր հեշտ է աւելի քան ծունկի քալելը,
Քան կքիլը… պարտուիլը։
Ու այն ատեն պարզ ճակատով պիտի նայիս արեւելքի բարձունքին…
Աղօթելու պէս ու խնկելու յիշատակը անցեալիդ…
Դ՛ուն ակամայ սաղմին մէջն ես,
Ու շուրջդ կատարուածները քեզ թող երազ չթուին,
Քեզ հետ քալողները կրնան մէկ-մէկ իյնալ…
Կրնան սայթաքիլ ճանապարհին,
Բայց միակը, որ պիտի մնայ…
ԿԵԱՆՔԻ տեսարանն է
Ինչքան կը սիրենք զիրար,
Ինչքան կը սիրէք զիրար
Կազա, դուն կը սիրես կեանքր…
Կը լսես զիս:
Կազա, հին վէրքս,
Ելի՛ր մահէն…
Ելի՛ր մահէդ,
Զի քու մահդ սովորական մահ մը պիտի չըլլար ու չեղաւ
Ելի՛ր մահէն,
Քու մահդ իմ մահս էր.
Կազա, հարսս,
Ելի՛ր մահէդ…

2 comments

    • shakeh on 2 Մարտի, 2009 at 10:11 ե.
    • Reply

    Armenian poets, who write a lot and often about armenian genocide, seems have forgten about other nation’s pain and miseary.
    We are silent and mute as people and writers were when we had been in our pain and helplesnes all alone, in 1915.
    And now, Sago Arian insted of all of us, has ear to listen, and eye to see, and brave to say laudly that <hey, is sombody there?, they are killing this people, they are repeating what turks did…
    Open your hearts to others pain and share it, even you can not help them..

    • Hay Grogh on 3 Մարտի, 2009 at 8:23 ա.
    • Reply

    Yes, we also stand for Gaza. Heroic Gaza. Martyred Gaza. Yet, it is timely to remind everybody, that the Palestinians, and their Authority, do NOT recognize the Armenian Genocide.

Թողնել պատասխան shakeh-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.