Սեդա Գրիգորյան | ԵՐԳ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ

Կը դիւթէ զիս առաւօտն այս որ կը բացուի երակներէս
Ու կը փռուի խրոխտաբար մինչեւ իրերը յետին
Հոգիիս մէջ կը պարագրեն երջանկութեան ստուերներ
Ու միջոցը կը լայննայ կ’ըլլայ շքեղ երգարա՜ն…
Դեւս կրկի՜ն կ’արթննայ…
Իգութեամբ մը ներանձնեայ
Ան կ’որոնէ հնչիւններուդ ամէնէն թունդն ու արուն
Որ զերթ լուսոյ շարասիւն անսանձօրէն պիտ` երկարի
Մինչեւ անտես բջիջները իմ գաղտնագաղտ հիւսկէններուս…
Զարթի՛ր
Քուրմ ի՛մ արարչական
Զարթի՛ր
Թմբիրէդ բարբարոսական
Զի առաւօտն է շքեղօրէն բիւրեղափայլ
-Ցկատարած աշխարհի մարմարակուռ ախոյեա՜ն-
Զարթի՛ր դուն անլուր
Գեղեցկօրէն անթաքոյց
Անդրշիրիմեան եզերքներու ափափումո՜վ վարարուն
Ու հոսհոսիր նեարդներուս ակունքներէն անեզրական
Զի արշալոյսն է կոյս ու անբիծ
Արշալո՜յսը մեր հոգիներուն
-Նաւասարդեա՜ն առաւօտ-
Կենսախտիղ
Անկապտելի
Փառաւորեալ
Մի՜թ-չաստուած
«Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի
Եւ զԱռաւօտն Նաւասարդի»…
Զարթի՛ր վերամբարձ
Քո՜ւրմ իմ Բան-ա-Ստեղծ
Լոյսի պէս արդար
Անխարդախ ու վեհ
Ինչպէս նորոգ ՍԷ՜ր
Ու մարդկօրէն շամանդաղուած
Իբրեւ կամուրջ աստանդական
Ցանցագործէ ժամանակները
Խորանարդեալ խոհերուս
Եւ Ազատութեան լուրթ երգին պէս
Շեփորէ աստղերն տիւ ու գիշերուան
Գանգիւն առ գանգիւն
Հեքիաթ առ հեքիաթ
Լեցուի՛ր անյագուրդ ստեւներուս մէջ
Լուծէ՛ զիս դարձեալ
Յաղթանակներուդ թաւշեայ արեւին բոսորներուն մէջ
Գօտեպնդէ՛ յար յոյսերս նկուն
Բոմբիւններովը գալիքին կապոյտ
Ու մայրացո՛ւր երազներս կարմրատենչ
Տակը վերմակիդ հրաշածնո՜ւնդ…
Զարթի՛ր Դուն
Գոյ ի՛մ
Մղիչն արարման ու թուր հաւատքի
Զարթի՛ր դուն կրկին
Ոստումով անզուսպ
Թռիչքով անկապ
Արծարծէ՛ հուրը անթեղուած կայծիս
Բռնկէ՛ ներսս կրակներ ցանցիր
Անհատնում ու կէզ տեսիլքներ որպէս
-Քանզի ցօղ կայ գագաթներուս շամիրամեայ
Յեսանուած մարգարտայեռ կաթիլներ ամէնո՜ւր-…
Զարթի՛ր քաջ ու սէգ
Ովկիաններու դղրդիւնին պէս
Գերէ՛ զիս անհետ
Եթե՜ր առ եթե՜ր
Հալոցս ըրէ՛
Չնաշխարհիկ
Թոնրահամ
Քուրային պէս խենթերուն այն սրբազան
Որոնք օր մը խառնշտեցին երազներս
Կենաց Ծառի տաղ ու խաղով
Մերթ կուրօրէն
Մերթ աչքաբաց
Գրգռեցին յոյզերս դեղին
Կամօքն անմարմին
-Զմռսուած մոմեաներուդ
Պարտէզներուն զերթ նմանա՜կ-
Ու նոյն յետայն ամենայնի
Քանդեցին զիս անհոգաբար
Առանց դոյզն ստրջանքի
Աւերեցին զիս վերստին
Փարթամօրէն ու խստաբիբ
Որ կառուցուի՜մ ես դարձեալ
Աւելի՛ պինդ ու սլացիկ
Որ գոյանա՜մ ես մեկին
Դրախտին մէջ եդեմական
Հոգին ընդ մարմնոյ ընդելուզեալ
Լուսոյ պէս պայծառ
Արմատացած ինչպէս մուրա՜զ
Անբեկանելի
Իրական
Անյագ
Միշտ եւ Յաւիտեան
Դեւ ու Պատարա՜գ…

11 Դեկտեմբեր, 2005
Մոնթրէալ

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.