Մարուշ Երամեան | ԿՈՏՐԱԾ ՀԱՅԵԼԻ

մեղեդին
որ մեզ կ՚ագուցէր
կորսնցուց իր խազերը
ու մնաց մերկ հովին պէս
որ կ՚ոռնայ քանիերորդ գիշերն ըլլալով
ու չի խաղաղիր
ցաւը կորուստիդ
սպասուած աշունն էր որ չեկաւ
անժամանակ եղաւ բերքը
եւ տտիպ
մեղեդին կը փնտռէ խազերն իր
կորսուած
որ չքակուի ագուցումը հոգիին
եւ աղաւնիները անբոյն մնացած
զոհ չերթան
թէեւ գիտեմ զոհեր պէտք են պահելու
ինչ որ կար ու եղեր էր
կարծես արիւնը խէժ ըլլար
ու կեանքը կոտրած հայելի

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.