Սարգիս Վահագն | ԿԱՐՕՏ

Դրախտ Կորուսեալ

Մա՛րդ,
Ընդմիշտ վտարուած դրախտէն եդեմական,
Ոչ թէ արգիլեալ պտուղն համտեսած ըլլալուդ համար,
Ոչ թէ սողունին ու Եւային անսալուդ
Կամ ոչ իսկ անտեսելուդ համար պատգամն Աստուածութեան:
Ընդհակառա՛կը, այդ բոլորը լա՛ւ ըրիր, ճիշդ ձեւով,
Ի հարկին շարունակէ ընդմիշտ, ապրէ՛ կեանքը լրիւ, վայելէ՜,
Մնա՛ միշտ ըմբոստ, արկածախոյզ եւ տեսլատենչ,
Եղիր պարզապէս մա՛րդ:
Դեռ գիտցի՛ր, մա՛րդ,
Յաւերժ վտարուած դրախտէն բնութեան,
Ոչ թէ սիրելուդ կամ ապրելուդ համար,
Ոչ թէ սիրելուդ կամ վայելքիդ համար,
Ոչ իսկ համարձակած ըլլալուդ
Աստուածային շնորհք տալ դէմքիդ եւ էութեանդ ստեղծագործող.
Ո՛չ, մի՛ հաւատար այդ սնոտի առասպելին.
Գիտցի՛ր, միայն ու միայն անոր համար՝
Որ դաւաճանեցիր քու մայր բնութեան,
Խախտեցիր կշռութիւնը տիեզերական,
Կողոպտեցիր, վատնեցիր ու մսխեցիր անհաշիւ
Գանձերն ու աւիշը ծոցւոր հողին:
Եւ տակաւին՝ անոր համար՝
Որ Կեղտոտեցիր շրջապատդ անգամ,
Եղծանեցիր նոյն իսկ Կանաչը՝
Միակ նեցուկդ ու պաշտպանդ,
Շունչդ ու թոքերդ:
Ծխահեղձ թունաւորեցիր նաեւ Կապոյտը՝
Թռիչքը մտքիդ, սլացքը հոգիիդ՝
Երա՛զդ:
Մա՛րդ,
Առմիշտ վտարուած դրախտէն բնութեան,
Ա՛լ ժամն է որ զգաստանաս:
Եթէ ոչ՝
Ագահութեամբ, ընչագաղցութեան տենչութեամբ վարակուած,
Խօլարշաւիդ մէջ այսպէս, գուցէ օր մը նաեւ ժպրհիս
Շպրտել Սեւ Կէտի երախին մէջ
Մոլորակ երկիրը մեր:
Ինչո՞ւ,
Ի՞նչ իրաւունքով:

Կրակմար
Փակէ՛ փեղկերդ,
Դուռ ու պատուհանդ,
Փակէ՛ ինչ որ կրնաս.
Աչքերդ, շրթներդ, ունկերդ,
Ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ:
— Դուրսը՝ կրակմար է, տագնա՛պ:
Դուրսը՝
Գիշերը առանձինն՝
Կը ճանկէ աչքը աստղերուն:
Ամայութեան սալայատակները
Կը սրսփան, կը դողան
Կաղկանձներուն տակ լռութեան:
Դուրսը՝
Անձաւներէն իջեր է մարդը,
Մերկ նստեր է
Ու գիշերուայ յեսաքարին վրայ,
Կը սրէ ժանիքները ատելութեան:
Նախամարդը՝ հրազէնի երախներով
Կը գոռայ վախը:
Շո՛ւտ,
Փակէ՛ դուռ ու պատուհան,
Կղպէ սիրտդ ալ,
Հաւաքէ՛ երազներդ,
Ծալլէ՛ տերեւներդ,
Կապկպէ ունեցած-չունեցածդ
Փակէ՛ ինքզինքդ.
Դուրսը՝ կրակմա՛ր է…

Կարօտ

(Հալէպէն Պէյրութ ուղեւորման ընթացքին)

Հայկուհիին

Գիշերը լուրթ է.
Հեռո՜ւն բլրակներն են,
-Անապատի ուղտե՞րը թանձրամարմին,
Որ եկեր են ծունկի,
Լուռ՝ կ’որոճան
Իմաստը կեանքին:
Անոնց վերեւ
Լուսինը շէկ է:
Լուսինը՝ արիւնոտ եւ խածոտուած,
Ո՛չ լոյս ունի եւ ոչ ալ ռոմանս :
Ու ճամբան երկա՜ր է, անվե՜րջ :
Սակայն, մութին եւ լռութեան մէջ,
Ճամբան սպիտակ երիզ է լոյսի,
Ուրկէ կը սուրանք,
Մե՛նք, օթոպի՛ւսը:
***
Օթոպի՛ւսը,
Մե՛նք,
Ե՛ս :
Օթոպի՛ւսը՝
Ծանրամարմին բայց ոստոստուն՝
Կը խռկայ, կը հազայ,
Բայց կը սուրայ
Լոյսի երիզ ճամբայէն,
Դէպի…
«Մենք»ը՝
Յոգնած բայց եռուն,
Կ’երգէ,
Կը պոռայ,
-Կը յօշոտէ ժամե’րը,
Ձանձրո’յթը :
Ու կը լռէ :
Դուրսը՝
Գիշերը՝ կուպրի պէս թանձր,
Լռութիւնը՝ հեւքը անապատին,
Լուսինը՝ արիւնի պէս կարմիր:
Կը սուրայ օթոպիւսը ու
«Մենք»ը
Կը ննջէ:
Բայց ե՞ս,
Արթուն եմ ես:
Կը հսկե’մ:
Դուրսը խավա’ր՝
Բայց սրտիս մէջ
Ջահի պէս
Կը վառին աչքերդ:
Լռութիւն է շուրջս,
Բայց սրտիս մէջ
Կարկա’չ կայ
Շառա’չ կայ
Կարօտի:
Սրտիս մէջ
Լո՜յս կայ,
Ե’րգ կայ,
Եռք կայ կարօտի:
Ու կարօտս
Անհուն է,
Արթո’ւն է՝
Աչքերուդ, վարսերուդ, բուրմունքիդ
Կարօ’տ է:
Լուսինը տխուր է.
Ոչ լոյս ունի եւ ոչ ալ ռոմանս :
Իսկ ո՞ւր ես դուն:

***
Հիմա
Դուն ներկայ ես իմ մէջ:
Հիմա
Կը զգամ քեզ իմ կողքին:
Այսպէս՝
Կը փակեմ աչքերս.
Ու դուն նազանք ես իմ դէմ,
Ու ժպիտ ես , խոստում,
Համբոյր ես ու գգուանք,
Երջանկութի՜ւն…
Հիմա
Դուն իմ մէջ
Տիեզերք ես անհուն,
Ու տակաւին ի՞նչ չես դուն:

* * *
Երբ ունիմ քեզ
Այսքա’ն լիովին,
Կարօտն այս ինչո՞ւ:
Երբ մէկ ենք
Ես ու դուն՝
Կարօտն այս ինչո՞ւ:
Ինչո՞ւ կարոտն այս տրտում
Երբ գիտեմ թէ
Կաս ու պիտի մնաս
Ամէն օր, ամէն ուր՝
Միշտ շէն ու ծիծղուն.
Կարօտն այս ինչո՞ւ…

* * *
Գիշերը լուրթ է,
Հեռո’ւն բլրակներն են
-Անապատի ուղտերը,
Ելեր են ոտքի,
Արշաւանքի’:
Անոնց վերեւ
Լուսինը շէկ է,
Ճաթած նուռի պէս կարմիր,
Լուսինը
Լո՜յս է,
Սիրոյ ռոմանս է ա՛լ,
Ու ճամբան, արթնցող այգին մէջ
Ոսկեզօծ երիզ է յոյսի,
Ոէրկէ կը սուրայ
Կարօտս
Դէպի քեզ:

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.