Մարուշ Երամյան | ՄԻՆԱԿ ՉԵՄ

Մարուշ Գազանճեան-Երամեան

Մարուշ Գազանճեան-Երամեան

 

Տուն մտայ:
Մութը արդէն սկսեր էր լեցուիլ անկիւնները, բայց պատշգամին մօտ դեռ քիչ մը լոյս կար: Պատշգամը լրիւ լոյս էր տակաւին: Կրնայի պատշգամ ելլել, եթէ այսքան պաղ չըլլար: Վերջերս շատ պաղ է, ներսերը՝ աւելի: Կրնայի վերարկուով պատշգամը կենալ: Բայց ի՞նչ ընելու համար: Ոչ եկող, ոչ գացող: Երկինքը գորշ, խոժոռ, ամէն պահու անձրեւ սպառնացող: Գետինները գորշ, փոշոտ: Փողոցները գորշ, տխուր: Ժողովուրդը գորշ, յուսահատ:
Պատերազմ է:
-Պատերա՞զմ, ի՞նչ պատերազմ,- ըսեր է ընկերուհիիս բարեկամին ԱՄՆ բնակող քրոջ հրեայ փաստաբանը, որ «շատ կարող է, կրնայ քրոջս եւ ընտանիքին թուղթերը շուտ մը ընել»,- ի՞նչ պատերազմ. պատերազմ չկայ. եղածը փողոցներու կռիւ մըն է միայն:
Կ’երեւի այսպէս կը մոռնան երրորդ աշխարհի պատերազմները, վարագոյրներ կը քաշեն երկիրներուն շուրջ – ճիշդ ինչպէս Նոր Գիւղի փողոցներուն ծայրը վարագոյրներ կախեր են, ժողովուրդը մարդորսներու գնդակներէն պահելո՞ւ, թէ՞ զինուորներուն ազատ երթեւեկ ապահովելու համար – կը կողոպտեն հարստութիւնները եւ զանոնք կը մսխեն ռիվիէրաներու ափերուն, մեծապատիւ պոռնիկներու վրայ:
Արդէն ութը ամիս է, որ պատերազմ է:
Եւ երկրորդն է այն երեք օրերուն, երբ ջուր պիտի չունենանք, որովհետեւ նախորդ երեք օրերուն հոսանք չկար:
Վարժուեցանք:
-Վնաս չունի, միայն թէ զարկ չըլլայ:
Բայց զարկ կայ, գիշեր-ցերեկ զարկ կայ, երբեմն հոս, երբեմն հոն, յաճախ հոսուհոն միաժամանակ: Ատոր ալ վարժուեցանք:
Իսկ ժամանակը …
Ահա բան մը, որուն չկրցանք վարժուիլ, չկրցանք ժամանակի այս մեծ ծովուն մէջ լողալ սորվիլ եւ սկսանք խեղդուիլ, թէեւ բոլորս ալ տակաւին կը շնչենք:
Կրնայի օրինակ նուագել: Բայց սիրտ չունիմ:
Գոնէ նկարել: Բայց լոյս չկայ:
Եփել: Որո՞ւ համար:
Թխել: Ինչո՞վ. կազ ունի՞ս:
Ուրեմն երթանք պտըտինք: Օթոյո՞վ: Պէնզին չկայ:
Ոտքո՛վ: Հապա մարդորսնե՞րը:
Դիպուկահա՞ր ըսել կ’ուզես:
Ոչ ոչ, տուտուկահարի պէս կը հնչէ եւ քեզ անմիջապէս դրական տրամադրութեամբ կը լեցնէ:
Մա՛րդ ո՛րս: Մե՞նք: Հապա ալ ո՞վ: Մե՛նք, մարդու որս դարձած ասուններս:
Իսկ ա՞ն:
Ան ո՞վ:
Մեզ որս դարձնողը:
Ան չկայ, անյայտ է, կայ ու չկայի հէքեաթներուն պէս, որոնք ժամանակին եղեր են պապերուն շրթներուն վրայ, այսօր կա՛ն գիրքերուն մէջ, բայց հերոսները չկան, թէեւ հերոսութիւնները հոն են, պարզ ու յստակ, մեր աչքերուն առջեւ՝ փշրուած ծունկ մը, բացուած գանկ մը, կամ սրտին շատ մօտէն անցած գնդակ մը, սիրոյ պէս կամ ճակատագրին, որ միշտ դէպի թիրախ ճամբայ կ’ելլէ ու յաճախ կը վրիպի:
Ուրեմն ի՞նչ ընենք: Բայց ի՞նչ ընենք:
Ժամերը փակչեր մնացեր են ժամացոյցի դէմքին, որ դէպքերուն թէժութեան մէջ հալեր-հոսեր է եւ … սարսափէն քարացեր: Հարիւր անգամ մինչեւ տասներկու համրեցինք, մեծ-մայրս ալ վարդարանը հարիւր անգամ դարձուց, բայց դեռ մէկին չհասանք:
-Վարդարան չէ՛, քանի՞ անգամ ըսեր եմ. Տէր օղորմիա է, հատիկներն ալ կուտերը զէյթուններուն այն ծառէն, որուն տակ մեր տէրը Յիսուս Քրիստոս աղօթեր է. նորէն վարդարան կ’ըսես. դեռ չսովրա՞ր, օղուլ …
Եւ կը յիշենք ու կը պատմենք: Իրարու կը պատմենք մեր յիշածն ու լսածը, յետոյ մենք մեզի կը պատմենք մեր գիտցածը եւ կը զարմանանք: Յաճախ կը պատմենք մեր չգիտցածը եւ կը հիանանք:
Պատերազմ է: Պատերազմն ալ իր օգուտները ունի: Հիմա շատեր հարստացան, բայց կը մնան աղքատ եւ աղքատի պէս դռնէ դուռ ինկած օգնութիւն կը հաւաքեն: Կարծես օգնութիւնը սաթէ փրթած համրիչ ըլլար, զոր պէտք է ամբողջացնել, կամ հաւաքածոյ ըլլար:
Բայց այս չէ կարեւորը, այլ այն, որ սկսեր ենք ազգովին, մեծով-պզտիկով խօսիլ սորվիլ, իրարու հետ զրուցելու ձեւեր փորձարկել, եւ թրքական սէրիալներէն տարբեր նիւթեր քննարկել՝ ո՞ր փուռին խճողումը, ո՛ր ժամուն նուազ է, ո՞ր շրջանի կանաչեղէնին գինը նպաստաւոր է եւ ո՞ւր պարէնը աւելի թարմ է:
Կայ դեռ շատ աւելի կարեւորը՝ տիկինները վերագտեր են, իսկ օրիորդները՝ գտեր ձեռագործին հաճոյքները, մատներու շնորհքին եւ ճարտարութեան մրցակցութեան քաղցրութիւնը: Ու յանկարծ քաղաքին գորշութիւնը սկսաւ կէտկիտուիլ գունաւոր, ծաղկաւէտ, բազմազան ու բազմաձեւ գլխարկներով եւ վզկապերով: Փոքրիկ ուրախութիւն դիտողներուն եւ մեծ ուրախութիւն ձեռագործողներուն համար:
Կրնայի ես ալ գործել, եթէ միայն հոսանք ըլլար, որ փիլերը լեցուած ըլլային. բայց այսպէս մոմի լոյսին տակ քիչ մը դժուար է, շատ դժուար:
Սակայն ինչպէ՞ս սորվիլ ժամանակի ծովուն մէջ լողալ:
Կը կարծէի թէ գիտենք ասիկա, արիւնով գիտենք, մեր մեծ-հայրերէն եւ մեծ-մայրերէն, Սուրիոյ անապատներուն մէջ օրեր ու ամիսներ լողացող մեր պապերէն արիւնով ժառանգած:
Կ’երեւի սխալեր եմ:
Չես սխալած: Պարզապէս մոռցեր ես: Ազգովին մոռցեր ենք: Գիտէինք, այո, արիւնով գիտէինք, յիտոյ Անթալիա գացինք եւ հոն, պանդոկին մէջ մոռցանք, աժան ճոխութիւններուն եւ պորտապարուհիի ծեքծեքումներուն մէջ մոռցանք …ու հիմա չենք գիտեր, աւազներուն թէ ժամանակի անսահման տարածքներուն մէջ լողալ չենք գիտեր:
Ես լաւ ժամանց մը գիտեմ. ըսե՞մ:
Ըսէ՛:
Մազերդ մէկ-մէկ փետտէ, յետոյ վարդարանդ ձեռք առ եւ աղօթէ՛ որ անոնք մէկ-մէկ ետ բուսնին:
(Վարդարան չէ, համրիչ, համ-րիիիիիիիիիիիիիչ …):
Ը՜մ, գէշ չէ, կարծեմ, արդեօ՞ք …
Կրնամ նաեւ տատրակներ պահել:
Տատրակները աղաւնի չեն, որ պահես, յետոյ ծախես հարսուփեսայի մը, որ եկեղեցւոյ սեմին ժպիտով թռցնեն, հարսը քիչ մը վախուորած, փեսան հերոսի կեցուածքով, իսկ լուսանկարիչը,
-Այո, երեքին, մէկ, երկու …
Յետոյ ետ կանչես թռցուած աղաւնիները, եւ բախտդ վերագտած ըլլալու երջանկութեամբ կրկին ծախես զանոնք հարսուփեսայի մը, որ եկեղեցւոյ սեմին, ժպիտով եւ այլն … մնացածը կրկնութիւն է, ճի՛շդ կեանքին պէս:
Տատրակները իրենք կու գան, պատուհանիդ առջեւ կը նստին եւ վիզերը ծռած խեթ-խեթ կը նային քեզի – կը յիշես ուսուցիչդ՝ «դո՞ւն ալ, Բրութոս» օր մը պոռացեր էր երեսիդ եւ դուն խոցուեր էիր մինչեւ սիրտդ – խեթ-խեթ կը նային եւ խղճի խայթով կը լեցնեն քեզ:
Սըւոնց նայեցէք, փոխանակ իրենք խղճի խայթով լեցուին, որ այս պատերազմ-նեղ օրերուն կտուց-կտուցի դրեր սէր կը խաղան …
Մութը վաղուց սենեակ լեցուեր է, ջնջեր բոլոր անհարթութիւնները, աստղափոշի փչեր աջքերուն:
-Քնանա՞նք:
-Քնանա՛նք:
Բոլորը համաձայն են այս օրհնութեան, որ քուն կը կոչուի. բոլորը ուրախութեամբ կը շտապեն «բուրդէ քաղաք», «ճերմակ պարահանդէսին» մասնակցելու, ապրելու կեանքը ինչպէս որ կը կարծէին թէ պիտի ապրին, բայց չեն ապրիր, որովհետեւ գողը որ պատերազմ կը կոչուի, կողոպտեց մեր երազները: Եւ հիմա մենք ա՛լ տեղ չունինք ապրելու, բուրդէ քաղաքէն զատ:
Մինչեւ հոն երթալս սակայն ի՞նչ ընեմ:
Կրնայի պատշգամ կենալ, եթէ մութ չըլլար, կրնայի դիտել ինծի պէս պատշգամ կեցող միւսները եւ մխիթարուիլ՝ մինակ չեմ:
Յետո՞յ:
Յետոյ ի՞նչ:
Յետոյ այն, որ մոմերը սպառեցան, բայց հոսանքը դեռ չեկաւ: Մնացինք վառարանի լոյսին, սրտերնիս ափերնուս մէջ, որ եթէ յանկարծ մազութը լրանայ ի՞նչ պիտի ընենք: Որովհետեւ նաեւ դրամը վերջացաւ:
-Ժողովուրդին քով ուտելու դրամ չմնաց, ինչպէ՞ս պիտի երթանք երբ անոնք գան, եւ ո՞ւր պիտի երթանք,- ըսաւ Մարալը:
Մարալին եղբայրը որոշեր է, որ Մարալը պէտք է դադրեցնէ ուսումը եւ աշխատելու երթայ: Կարծես գործը դուրսը շարուած, Մարալին սպասած ըլլար: Մարալն ալ, լալով-լալով անսացեր է եղբօրը խօսքին, որովհետեւ գիտե, որ պարտաւո՛ր է անսալ եղբօրը խօսքին, որովհետեւ գիտէ, որ եղբայրն է իր տէրն ու տիրականը, հիմա որ մայրն ալ մեռաւ: Իսկ նշանածը խռովեր է.
-Աղջկան չ’իյնար ըսել «ե՞րբ պիտի ամուսնանանք»,- ըսեր է նշանածը, որ տուն-տեղ ալ ունի, Մարալին վիճակն ալ լաւ գիտէ:
-Պատերազմ է,- ըսեր է,- այս պայմաններուն ո՞վ կը պսակուի:
Եւ Մարալը լռեր է: Եթէ տունը մեր թաղը ըլլար, Մարալը պիտի գիտնար, որ շատեր ոչ միայն այս պայմաններուն կը պսակուին, այլ նաեւ եկեղեցին զարդարել կու տան եւ զարդարուած լիմուզինով ալ եկեղեցի կ’երթան պսակուելու. շաբաթ եւ կիրակի օրերը ծաղկավաճառը առաւօտեան եօթէն կը սկսի զարդարել լիմօն. հազիւ հասցնէ կէսօրուան պսակին:
-Ես ոչ զարդարանք կ’ուզեմ, ոչ ալ խրախճանք,- ըսեր է Մարալը,- օրհնութիւն մը խորանին առջեւ, որ յետոյ տուն-տեղ ըլլանք …
Բայց նշանածը խռովեր է, խռովեր ու լռեր է: Պատերազմ է:
Մոմը կէս եղաւ:
-Ութը ժամ կը տեւէ,- ըսեր էր ծախողը եւ յամառօրէն պնդեր էր՝ յիսուն ոսկի հատին:
Եւ բոլորը գներ էին մայթերուն վրայ ծախուած մոմերը, փիլերը, ներքնազգեստները, հացերը, խորովածի փաթթոցները, սաճի վրայ եփուած հաց-պանիրներն ու հաց-զահթէրները, քաղցրեղէնը, ընդեղէնը, միսերը, պտուղները, կանաչեղէնը, բրդեղէն հիւսելու բուրդերը եւ վերջերս նոյնիսկ՝ գիրքերը: Կարծես քաղաքը բնաւ խանութներ ունեցած չըլլար, կարծես ինչ որ մայթին վրայ էր, աւելի թարմ էր, աւելի առատ էր, աւելի աժան էր: Ա՛լ ոչ ոք խանութ կը մտնէր:
Սկիզբը մազութ չկար, ամէն մարդ կազով վառարան գնեց որ տաքնայ: Յետոյ կազը դարձաւ ոսկիի գին, ամէն մարդ հոսանքով վառարան գնեց որ տաքնայ, հոսանքով սալիկ գնեց որ ճաշ եփէ, հոսանքով լեցուելիք փիլեր գնեց որ լուսաւորուի: Սենեակները դիմագիծ փոխեցին, դարձան գնչու կիներուն պէս խճողուած ու թափթփած, առանց այդ կիներուն գրաւչութիւնը ունենալու:
Հիմա այդ բոլորը լքուած են, որովհետեւ հոսանք չկայ: Բոլորս մութին ենք, պաղին ենք, սէնտուիչներով կշտանալու դատապարտուած ենք:
Բայց փառք Աստուծոյ, մինակ չեմ. բոլորս նոյն վիճակին ենք: «Սիրոյ մէջ բոլորս հաւասար ենք» կ’ըսէ արաբերէն առածը:
Սիրոյ մէջ եւ մահուան:
Կարեւորը մինակ չըլլալն է:
Բայց հիմա սենեակին մէջ, մութին հետ մինակ եմ: Հոսանք չկայ: Ջուր չկայ: Մարդ չկայ: Որքան դիւրին է խելագարիլը:
Մարդ մը ճիշդ այսպէս մութին նստեր է: Կինը կու գայ – մի՛ հարցնէք թէ ուրկէ կու գայ – եւ կ’ըսէ զարմացած.
-Քա մարդ, ի՞նչ կ’ընես:
-Չե՞ս տեսներ ինչ կ’ընեմ,- կը պատասխանէ մարդը,- թէլէվիզիոն կը դիտեմ. եկուր դուն ալ հետս դիտէ …
-Բոլորը քնացան,- կը պատասխանէ կինը,- եկուր մենք ալ քնանանք,- քա աման, ամուսինս կարծես սկսաւ խենթանալ մտածելով:
-Քնանա՞նք. ժամը դեռ վեց է,- կ’ըսէ ամուսինը ու կը մտածէ՝ աման, կինս կարծես սկսաւ խենթանալ:
Ասիկա անէկդո՞տ է թէ իրականութիւն, չեմ գիտեր: Լսելէս ետք զգացի, որ ես ալ կրնամ նոյն ճամբան բռնել, եթէ արդէն չեմ բռնած: Եւ որոշեցի ետ դարձ ընել դէպի …
Դէպի ո՞ւր, երբ հոսանք չկայ, որ երթալիք ճամբադ տեսնես:
Հակառակ ատոր կը քալեմ, որովհետեւ գիտեմ որ մինակ չեմ …

16 Փետրուար, 2013
Հալէպ

2 comments

    • Գառնիկ Սահակյան on 12 Մարտի, 2013 at 12:10 ա.
    • Reply

    Յարգելի Տիկին Երամեան, ինձ խորպէս յուզեց Ձեր պատմուածքը, որում միայուսուած էին ցաւալի իրականությիւնն ու դրա փիլիսոփայական ընկալումը: Ես ոչ միայն ապրեցի, այլեւ վերապրեցի կործանումի եւ անորոշութեան սարսափը, որն զգացել էի 90-ականների սկզբում Հայաստանում: Այն ժամանակ նույնպէս ամէն ինչ գորշ էր ե’ւ ներսից, ե’ւ դրսից: Միակ բանը, որ ուժ եւ յոյս էր տալիս, այն էր, ինչ Դուք գրել էք- մենակ չլինելու գիտակցումը:

    Շնորհաւորում եմ եւ մաղթում ամենայն բարիք:

    Գառնիկ Սահակեան

    • Սամվել Ավդալյան. Մոսկվա on 14 Փետրվարի, 2014 at 8:10 ա.
    • Reply

    Ցավով պետք է խոստովանեմ, որ դժվարանում եմ կարդալ արևմտահայերենով գրված տեքստերը: Հայտնելով Տիկին Երամյանին իմ շնորհակալությունն ու համակրանքը, ուզում եմ հայտնել իմ վրդովմունքը այն պատասխանատու այրերին, ովքեր նոր ուղղագրություն են ստեղծել, արհեստականորեն կիսագրագետ դարձնելով Հայաստանի բնակչության մեծամասնությանը: Նրանց մտավոր տկարությունն այնքան ճչացող է, որ առանց զայրույթի չի կարելի խոսել այդ մասին: Փոխարենը աշխատել, որպեսզի ողջ հայությունը ընդհանուր հայտարարի գա ու խոսի, գրի մեկ տարբերակով, ընդ որում դա անի առանց կտրուկ շրջադարձերի, այդ տխմարները ավելի են խճճում ու բարդեցնում իրավիճակը: Սրանց նմանների մասին էր ասում Լենինը, որ սրանք ազգի ոչ թե ուղեղն են, այլ…դե, մնացածը ընթերցողը գիտի:

Թողնել պատասխան Սամվել Ավդալյան. Մոսկվա-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.