Մարուշ Երամյան | ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ՆԵԽ

Մանուշ Երամյան

Մանուշ Երամյան

Անձրեւ է ու նեխ:
Փողոցներուն մէջ, տերեւներուն տակ ցաւեր կը նեխին.
Եւ լերդ արիւններ կը չորնան արագ
Ու կ’ապականեն երկիր ու երկինք:

Մարդիկ կը սահին շուքերու պէս լուռ
Ոգիներու պէս ծանր յուշերով:
Անձրեւը կ’իջնէ ողբի պէս առատ,
Չի լուար նեխը, չի լուար ցաւը,
Կը թաղէ մարդիկ իր գէջութեան տակ,
Ու կը քաշքշէ օրը ծանրացած
Մինչեւ իրիկուն:

Անձրեւ է ու նեխ:

Նեխը անէծք է. եւ անէծքը այս
Մարդը տարեր է ետ ետ        ետ մինչեւ
Քարայրները մութ իր բնազդներուն
Ու լքեր այնտեղ, մերկ եւ անպաշտպան:

Պզտիկ տղայ մը բոպիկ, կիսամերկ
Կծկուեր է, տե՛ս, ճաշարանին դէմ
Ու ծաղարանին:

Լուսանկարը վաղը թէ միւս օր
պարգեւատրուած պիտի երեւայ
Բոլոր թերթերու առաջին էջին,
Մինչ մանչը այստեղ
Պիտի մահանայ անռթի, սառած,
Բարի քաղաքիս չար ռումբերուն տակ:

Բարի քաղաքիս տեղագրութիւնը
Ո՞վ պիտի գրէ,
Ո՞վ պիտի չափէ քանդումը, ցաւը
Եւ ի՞նչ կշիռքով:

Focus-է ելած աչքերու նման
Ծաղկուն ու աւեր զոյգ պատկերները
Չեն մերուիր իրար
Ու չեն նոյնանար:

Մարդիկ կը շնչեն նեխը քաղաքին,
Բայց աչքերն ամուր, ամուր կը փակեն
Որ չպղտորի պատկերը իրենց

Ծաղկուն քաղաքին,
Որ երբ արեւը օր մը որոշէ
Ծագիլ մեր վրայ հին օրերուն պէս,
Մեր աչքերուն մէջ պահ տուածին պէս
Քաղաքը կանգնենք:

Բայց հիմա անձրեւ,
Դեռ անձրեւ է, նեխ, քաղաքիս գլխուն:

1 comment

    • Հրայր Կարապտեան on 26 Մարտի, 2013 at 3:30 ա.
    • Reply

    Շատ հաւանեցի Սուրիոյ ներկայ իրաւիճակը արտացոլող ձեր տխուր ստեղծագործութիւնը:

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.