Նորա Պարութճեան | ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

nora 11

ՇՈՒՆԵՐԸ

 

Դուն կը քալես … երկինքը քեզ հովանի

 

Մէկէն ի մէկ,

շուներու սեղմ ոհմակ մը

ճանապարհդ կը կտրէ

ու կը սկսի վրադ հաչել ուժգնօրէն։

Նախ՝ կ’անտեսես,

ապա կամաց

վախ մը մէջդ կը ծնի՝

հապա՞  եթէ …

 

Այո, հաստա՜տ.

այդ շուները որս մը գտած

գայլերու պէս սովահար

կը սկսին քեզ հալածել։

Չես հասկնար՝

ինչո՞ւ դուն,

ի՞նչ խոստումներ կը ներշնչես

անոնց անկուշտ փորերուն.

չես հասկնար

եւ ի զուր է այդ հարցումը այլեւս,

կը զարմանաս,

անոնց ախորժակին դէմ սրած

այնքան երկար կը զարմանաս

որ կէս կեանքդ,

թերեւս ալ աւելին,

գուցէ մինչեւ մահուանդ րոպէն

զարմանքի մէջ կ’անցընես…

 

ու զարմացած

ճամբան սատկած

շան մը նման կը մնաս։

 

ԺԱՅՌ,

 

որ չի կրնար սիրոյ ծովուն մէջ անգամ լողալ

բարութիւնս զինք կը լուայ ծանրութենէն.

Մարդը մէկէն կը մեծնայ մէջս

ու թերութիւնը կը խեղդէ զիս այլեւս

կը հասկնամ որ

նայուածքս ա՜լ ելք չունի,

պէտք է տեսնէ

եւ ատկէ ետք՝ ի՜նչ արժէք՝

ով ինչ որու եւ ինչպէս։

Մէկ ձայն զոր չլսելու՝ պատրաստ եմ մորթս ծախու հանելու,

կողքի սենեակի շնչառութիւնն է։

Կ’երանեմ

մոռցուած փակ դռները.

Չյորդեցաւ ամանս,

վախը զայն պարպեց կաթիլ առ կաթիլ

բարկութեան տեղ բանալու.

Այսպէս կ’ապրին շատ երկար

առանց երբեք ըլլալու։

Ես։

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Հանդիպումը

մէկ կոճակի գլուխն է։

կը սեղմես,

ու պաստառը կենդանացած

կը թաւալէ տարածութիւնն

որ մինչ երէկ

անպարտելի կը թուէր։

 

Ալեքանդր Մեծի մը չափ ինքնագոհ՝

կը վայելես նուաճումներն մերօրեայ,

ու կը կարծես

թէ մատներուդ արանքէն

աւազի ոչ մէկ հատիկ

կրնայ երբեք ճողոպրիլ։

 

Բաժանումը՝

հակառակը,

այս եւ նման ճարտարութեան չի նայիր.

ալ պէտք չկայ

նաւ օդանաւ կամ ինքնաշարժ նստելու,

պէտք չկայ՝ ճամպրուկները

դրան առջեւ ցուցադրաբար շարելու։

Կրնաս մնալ,

առա՜նց կռուի արուեստի,

շարունակել

առանց մա՜տդ շարժելու։

Անկողնի չափ փոքր

տարածութեան մէջ անգամ

կրնաս քաշել սահմաններ անքակտելի,

աւելի փշոտ

քան հայեւթուրք սահմանները մերօրեայ։

 

Հեռացումը

հեշտ, աննկատ կ’ընթանայ.

կտրելու համար

Ալեքսանդրի սուր ճօճելու

կամ կոճակներ սեղմելու

հարկ չկայ.

միս մինակը

քաշքշուելով

կը բարակնայ։

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.