Նորա Պարութճեան | ԹԵՐԹ.am-Ի ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

2008-ին, Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ ԹԵՐԹ.am էլեկտրոնային քառալեզու (արեւելահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն եւ թրքերէն) թերթը ։ Այն մաս կը կազմէ Մետիա Սթայլ առցանց լրատուական ընկերութեան, որուն կը պատկանին նաեւ Հայ TV հեռուստատեսութեան եւ Aurora ձայնասփիւռի կայանները, Business Class ամսագիրը, armsport.am մարզական լուրեր, Կապիտալ օրաթերթը։ Ունի նաեւ hayutyun.am կոչուած կայքը, որուն արձանագրուած անդամը կարելիութիւն ձեռք կը բերէ հայերէնով հաղորդակցելու այլ անդամներու հետ։
2011 թուականի Յունուար 10-էն ի վեր ԹԵՐԹ.am-ը միւս լեզուներու կողքին սկսաւ հրատարակուիլ նաեւ արեւմտահայերէնով։
Եթէ տրամաբանութեան մօտ մշակութային թաւալքով ապրող ժողովուրդ մը ըլլայինք, այս երեւոյթին արձագանգելու կարիքն անգամ չէինք զգար։ Այնքան բնական պէտք է նկատուէր եղածը։ Բայց ոչ, մենք կ’ուրախանանք։ Մեծ յառաջաքայլ մը կը նկատենք եղածը եւ կը շնորհաւորենք ԹԵՐԹ.am-ի պայծառատեսութիւնը։
Մետիա Սթայլ ընկերութեան տնօրէն Վարդան Ասատրեանի կարծիքով` արեւմտահայերէնով էջ ունենալը անհրաժեշտ էր «հենց այն պատճառով, որ այդքան մեծ Սփիւռք ունենք: Իսկ ԹԵՐԹ.am-ը առաջատար ինտերնետ լրատուամիջոց է Սփիւռքի համար, եւ դա հաշուի չառնելը պարզապէս մեծ սխալ կը լինէր: Մենք` հայերս, այսօր չիրացուած հնարաւորութիւնների հսկայական ներուժ ունենք, եւ դա օգտագործելու համար առաջին հերթին պէտք է փոխադարձաբար իրազեկ լինենք միմեանց հոգսերին»:
Թերթ.ամ կ’արդրադառնայ թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան համայնքներու լուրերուն։ Նպատակն է հասնիլ ամբողջ հայութեան, գոհացնել հայկական լուրերով հետաքրքրուողները։ Հետեւաբար, նկատի ունենալով սփիւռքահայութեան կողմէ օգտագործուող լեզուները, իր յաջողութեան գրաւականներէն մէկը համարած է արեւմտահայերէնով էջի ստեղծումը։
Մեզի կը մնայ պարզապէս շնորհաւորել իր յաջողութիւնը ապահովելու համար պարզօրէն տրամաբանող տնօրէնութիւնը։
Անցնինք առաջ։ ԹԵՐԹ.am-ը ցայսօր Հայաստանի մէջ նաեւ արեւմտահայերէնով հրատարակուող միակ թերթն է։ Այստեղ, դժուար է մտքի հարուած մը չտալ Սփիւռքով զբաղելու համար ստեղծուած Սփիւռքի Նախարարութեան կայքէջին, որ մինչեւ օրս արեւմտահայերէն «հնարաւորութիւնների հսկայական ներուժը» նկատի չ’առներ, հաշիւ չ’ըներ եւ միմիանց հոգսերին իրազէկ լինելու կարեւոր միջոցներէն մէկը բարձիթողի կ’ընէ։
Կանգ առնենք պահ մը։ Մեր նպատակը անգամ մը եւս ընդգծել չէ այն, թէ հայրենի պետական միտքը կը յամենայ իրմէ ակնկալուած հոգատարութիւնը ցոյց տալ արեւմտահայերէնին։ Ամենեւին։ Այդ՝ իր կարգին։ Մեր նիւթին մէջ այս կէտը ակնթարթ մը (այս գրութեան մէջ) թող մնայ մէկ կողմ։
Արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներու յարաբերութիւններուն վրայ ներգործող լեզուական կարգ մը թիւրիմացութիւններ այնպիսի թափով մեզ կը շեղեն դէպի տգիտութիւն, որ դժբախտաբար կ’իյնանք անհեթեթութիւններու վիհը։ Մենք դարերով գիտէինք, բայց արդեօք ո՞ր պահուն մոռցանք, որ լեզուին տէր կը կանգնին ազգովին։ Ո՞ր կործանարար միտքը մայր լեզուին երկու ճիւղերը իրարու օտար անուանեց օր մը, եւ անոր հետեւեցան ինքզինքնին հայ մարտիկ նկատող օտարի բանակին ծառայողները։ Հայերէնին երկու գրական ճիւղերը վերածած մրցակից բերդերու, ինքնապաշտպանութիւն երեւակայելով պայքար կը մղուի նոյնինքն լեզուին իսկ արժէքներուն դէմ։ Ո՞ր հակառակորդին դէմ կը պաշտպանուի լեզուն։ Աջ ձախ ցրուած ասպէտներ տոն-քիշոթեան կռիւներ կը մղեն ապացուցանելու իրենց երազին մաքրութիւնը։ Ո՞վ զո՞վ կ’ուզէ լռեցնել։ Ինքնաոչնչացման աւելի ազդու միջոցը ո՞րն է։
Ահաւասիկ՝ այսօր, ազգովին կանգնած ենք մաքառումի բարձրագոյն աստիճաններուն վրայ։ Ամեն մէկ փոքր ձեռքբերում հազար զոհողութիւն եւ մէկ միլիոն սրտմաշուք կը պահանջէ։ Երբ Երկրին՝ արեւմուտքէն եւ արեւելքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն կողոպտուելէն ետք, այսօր բաց եւ արձակ ասպատակութեան կ’ենթարկուի մեր մշակոյթը, մենք՝ կրնանք միայն բողոքել։ Ու կը բողոքենք։ Մշակութային մեր հարստութենէն պատառիկ մը հազիւ խլուի, ոտքի ենք, պիտի պայքարինք աստուած գիտէ քանի տարի, փաստելու որ մերն է ուրիշին իւրացուցած Խաչքարը, Երգը, Երկը, Միտքը, Արուեստը…
Բայց անդին, սա հայերէն կոչուածը, իր արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով, իր գրաբարով եւ բարբառներով նկուղին մէջ սնտուկին բացուիլը սպասող մեր գանձն է դեռ։ Աւազակը անոր պիտի չհասնի։ Լեզուն թալանող չունենար, լեզուն լքող կ’ունենայ։ Իսկ մենք, անօթի ծարաւ կը հատնինք եւ չենք գիտեր մեր տրամադրութեան տակ գտնուող գանձերէն օգտուիլ։
ԹԵՐԹ.am կրցաւ օգտուիլ։ Ճամբան բացողը ըլլայ։
Միայն թէ, չըլլայ, չըլլայ որ ի շարս այլոց արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը յիշուին իբրեւ տարբեր լեզուներ։ Անոնք մէկ լեզուի՝ հայերէնին գրական տարբերակներն են։ Եւ այսքան։

23-06-11 Փարիզ

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.