Սագո Արեան | ՉՔԷՆՆԱԼ

Տիգրան Պասկեւիչեանի հեղինակած «Ներթափանցում» ֆիլմ-Էսսէն նայեցայ՝ «Գրանիշ» (www.granish.org) կայքէջին վրայ: Հզօր գործ էր, մանաւանդ հիմա, երբ այս թեմայով մտածելու տեղիք կայ մօտս:

… Բաւական բարդ վիճակներու մէջ էի, կորած չկայի, առանց գինովնալու թուղթի կտորները բոլոր պատռելու ելայ, ընկերոջ մը զանգելու հալ չկար վրաս, ըսի նայէ Վէվ գիրքս աղբաման պիտի նետեմ.: Որու համար տպեմ գիրքս, ոչ մէկ պարականոն ելեքդրական միացում, ճաշասեղան կամ բախտի խնդիր, ես պրաւոյի համար չեմ գրեր ոչ ալ գրած եմ օրէն: Պիտի չըսեմ կամ հեծկլտամ, որ բառի ու գիրի ժամանակները սահած են ինձմէ, գրելու կատաղի բորբոքումներս մերթ ստիպում կ’ըլլան, երբ կը զգամ որ անկարելի է ապրիլ առանց գրելու… Նոյն ընկերը Ֆէյսպուքի պատիս, երեւի նաեւ ճակատիս դրոշմաթուղթի պէս փակցուցած էր պիտակ մը, որուն վրան գրուած էր՝ ԼՌԵԼՈՒ ԱՏԵՆԴ ՉԷ ՀԻՄԱ, թող, որ բոլորը լռեն բայց դուն այդ իրաւունքը չունիս:
Հիմա ինչ ըսէի ես,
Ինչպէս ըսէի.
Գրելը ամէնէն հեգնական, ամէնէն յիմար, ամէնէն աւելորդ, ամէնէն արկածային բանը դարձաւ աշխարհի վրայ:
Գրելով կորսնցուցի անունս,
Գրելով պարտուեցայ,
Գրելով ինկայ աւելի վար…
Գրելով վէրքերս աւելի մեծցան,
Ու ամէն ինչ դարձաւ աւելի տհաճ, աւելի խենթ ու աւելի ստորացնող :
Ընկերներէս մէկը Երեւանէն կը վկայէր, որ եթէ գրածդ արժէք ունի, այն ատեն փառքը չոքէ չոք,- բառը իրն է,- պիտի սողար ոտքերուդ… Նոյն Մհեր Արշակեան բանաստեղծը, որ տաղանդաւոր յօդուածներ կը ստորագրէր մերթ ընդ մերթ. գրելու կամ չգրելու խնդիր չունէր որովհետեւ հող ունէր ոտքին տակ…
Իսկ ես ոչ հող ունէի, ոչ իսկ խոստովանահայր….
Ճամբորդած էր Խոստովանհայրս անվերադարձ: Ու ընկերներ գրեթէ չկային,-. Պէյրութի մէջ ինչ ընկեր, այս խոնաւ, լաչառ եւ պոռնիկ քաղաքին մէջ ընկեր չի բուսնիր,- ուր կ’ապրիմ ու կը պայքարիմ ժամանակս լեցնելու համար: Դուրսը տարբեր ամառնային դէմքեր պիտի ծխեն մեր ժամանակին համար: Իսկ ես հայերէնով համակարգիչին հետ պիտի կռուիմ, որովհետեւ ոչ թէ ըսելիքի խնդիր ունիմ, այլ անոր համար որ ապսուրտը կը զարնէ ողնայարս…
Քանի անգամներ ըսին որ ողնայարդ պինդ թող ըլլայ… ես այդպէս չըրի, այլ եղայ այդպէս:
Պինդ, անկոտրում…:
Քանի անգամներ խօսեցան կայունի ու անկայունի մասին իմ առաջ: Կարծես ինչն էր կայունը մեր կեանքին մէջ եւ ինչն էր անկայունը ընդհանրապէս:
Անկայուն էր ամէն ինչ: Անկայուն ենք մենք, մեր սեւ ճանապարհները, մեր որոնումները, մեր անցեալը եւ ապագան անկայուն են ու ես կը հոսիմ այդ անկայունէն:
……
Հնդիկ սրբազանը կը յօրանջէ, անոր սերունդը զսպուած, ջնջուած ու փշրուած երազներ ունի, հնդիկ սրբազանը աղօթել չի գիտեր, բայց ինքը աղօթքի մարմնացումն է, անոր աղօթքները լռելեայն են: Որով իր գոյութեան պատճառին մասին չէ մտածած: Գիտէ որ յուլիսեան առաւօտ մը պիտի վատանա, որպէսզի օրուան վերջը քանի մը կոպեկ ստանայ, կանաչ տերեւ մը գնելու համար… ահա իմաստը որուն շուրջ կը դառնար իր առանցքը, իր գոյութեան պատճառը եւ լինելութիւնը:
Իսկ դիմացս նստող շերամը ինչ ձեւեր ուզես չըրաւ այս գիշեր, վրան բաց հագուստ մը, որ իբրեւ թէ կը պատմէ նորաձեւութեան մասին եւ կը բացատրէ որ հէ՜յ պարոն կուգամ նոր աշխարհէն, ինչ է նստեր ես երեսդ ծալլեր ու կը մտածես, մինչ ես հազար ու մի ձեւ կ’ընեմ համացանցին հետ կապուելու համար, թերեւս ընկերներէս մէկն ու մէկը երեւան ու ես աչք ընեմ, ըսեմ որ գիրքս թափեցի աղբամանին մէջ, ոչ իսկ զաւակներս հարց կուտան գրքիս մասին, իսկ կինս նազ կ’ընէ որ իբրեւ տուխ եմ տալու որ գրքիս շարահիւսական մանրուք եւ ապուշ սխալագրութիւնները սրբագրէ:
Որո՞ւն է պէտք այս ծանր կապարի պէս օրս,
Որո՞ւն համար խոստովանիմ մեղքերս, ե՛ւ գործած ու չգործած մեղքերս…
Ես սպառած չեմ, գիտեմ որ սպառած չեմ, գիտեմ որ բառը կ’ապրի մէջս հակառակ անոր որ թոյլ չեմ տար որ բանաստեղծութիւնը սեւ ծուխի պէս դուրս գայ ռունգերէս ու ես փչեմ հայհոյելու համար Չարենցը պախարակողներուն …..
Ես կը բռնանամ լեզուիս վրայ, որովհետեւ կը հաւատամ որ լեզուն իմ առանցքս է:Բանտուած բայց կիսավայրենի, տգեղ բայց անկեղծ, փողոցային բայց կեանքային …ու այդ լեզուն բեմական, սկրթուած ու լկտի լեզու մը չէ: Եթէ ցեխ է պատուած անոր երեսին, դուն մաքրէ՛ այդ ցեխը, եթէ կաւիճ է անոր ծնոտին, մաքրէ՛ այդ կաւիճը, եթէ հող է անոր ռունգերուն, մաքրէ՛ այդ հողը …
Պէտք է պատռէք բառս, պիտի չըսեմ պատռեցէք սիրտս, որովհետեւ զգացական Ֆլաշմոպ ընելու չեմ ելած, ոչ ալ կը փափագիմ Եղիային պէս սենեակս նստիլ ու ձեղունէն, Անուշիկին նոր առած կանաչ շապիկով կախել վիզս …
Կ’ուզեմ գրել, որովհետեւ կը սիրեմ կեանքը: Կ’ուզեմ գրել, որովհետեւ գիտեմ որ լաւ կը գրեմ, առնուազն կը գրեմ ու գիտեմ ինչ կը գրեմ…
….
Ըհ՜ը, սենեգալցի սպասաւորը բաժակները կը հաւաքէ, սեղանները, աթոռները կը մէկտեղէ, կարծեմ վերջին մարդն եմ սրճարանին մէջ, բայց բառերը այդքան են թեթեւ ու գայֆ, որ կ’ուզեմ դեռ մնալ, հիմա կը հասկնայ սենեգալցին, որ իր նպատակը եւ կեանքի առանցքը գիշերային սուրճի բաժակները հաւաքելու մէջն է. ու այդ արարողութեան մէջ ոչ մի ապսուրտ եւ այս աքթը պիտի կրկնուի ամէն օր, նոյն ռիթմով ու տարբեր մարդոցմով:
Քաղաքին մէջ, հիմա մօտայիկ է խօսիլ գրական բացակայութեան մը մասին, յօրանջել հայելիին առջեւ, կսմրթել եւ վերէն նայիլ սաղին ….Կարծէք ըլլար գրականութիւնը նախ ու յետոյ խօսուէր գրական բացակայութեան մասին: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ գրականութեան մասին խօսիլ երբ ինք ներկայ չէ այդ գրականութեան մէջ: Մօրուք պահել, մաքուր շորեր հագուիլ, ձեւանալ որ ազգի դարդը կը քաշեմ կոր, փորձել այդ խաղը խաղալ ու փորձել մէկ աչքով նայիլ եղածին ու չեղածին, տասնամեայ գրական վէրքերուն եւ մագլցումներուն, անտեսելով ամէն ինչ, այրելով ամէն կամուրջ… Ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը…
……
Կայանալու, լինելութեան հասնելու, մեր անունները պատերուն վրայ գրելու ժամանակները վաղուց անցած են: Այդպէս կը մտածեն քառասունի դռները հասնող բանաստեղծները, որոնք չեն հաւատար գրական մրցանակներու, պրաւոներու կամ լուսանկարչական հնարքներով իրենց պատկերները տեղ մը անպայման չեն ուզեր խցկել: Այս փափագները մեր ետին են….
Կ’ուզենք ապրիլ այս կեանքը. ոչ աւելի:
Կեանքը, այս սեւ կեանքը ապահովաբար բախտաւոր պիտի չըլլայ մեզի համար, ինչպէս եւ չեղաւ մեզմէ առաջ ապրողներէն շատերուն համար: Կը մնայ, որ մենք վէրքերէն չվախնանք, քալենք ամուր ու չբողոքենք: Չքէննանք:
Ապրինք այս կեանքը հաւատալով, որ կեանքը մեծ պարգեւ է տրուած մեզի ի վերուստ:
Իսկ գրականութեան մասին հէչ, այդ լրջութիւնը պիտի թողունք անոնց, որոնք իրենք զիրենք հարիւր տարեկան հասուն մարդ համարելով, քաղաքէ-քաղաք եւ թաղէ-թաղ, Իսկուհինէնէ կտրած հայապահպանութիւն կը խաղան, առանց իսկ նշմարելու, որ նոյն այդ մարդիկը կը զոհեն ամէն իտէալ, յանուն փուճ եւ անցողիկ փառքի — կը յիշեմ Պետիկ Հերկելեանի իրաւութիւնը, Ճշմարիտ Խաչակիր, Ճշմարիտ Պոէտ:
Այդ զառամեալները պիտի չքանան օր մը,
Որով ճանապարհ կը փակեն,
Որով կը չարանան,
Որով կը գրոհեն ու կը հեգնեն,
Որովհետեւ սուտ էին օրէն եւ որովհետեւ չեն ուզեր հաւատալ որ իրենց խօսքը պղծուած է, եւ ինչ որ պղծուած է կրակը պիտի նետուի անպայման…
Այդ զառամեալները, պիտի դառնան պատմութեան փոշի, պատմութեան աղբ…
….
Ուրեմն ապրիլ կեանքը . առանց սպասումներու եւ առանց ակնկալիքներու …
Եւ ամէնա կարեւորը՝ ՉՔԷՆՆԱԼ:

1 comment

  1. Կար ժամանակ, երբ գրողի խոսքից վախենում էին ղեկավարները…
    Կար ժամանակ, երբ գրողի խոսքով արբենում էին ահելներն ու ջահելները…
    Ես մտածում եմ, որ այդ ժամանակները անդարձ չեն կորել, որ մենք այն սերունդը չենք, որ պիտի ափսոսանք անժամանակ ծնվելու համար…
    Մենք պիտի գործենք, մենք կարող ենք, մենք պիտի միանանք և ստեղծենք ուժ…
    Ու կլինի ժամանակը, երբ ահել-ջահել կարբենա մեր գրականությամբ…
    Ու կլինի ժամանակը, երբ ղեկավարները հաշվի կկառնեն գրողի կարծիքը ու նույնիսկ կվախենան…

Թողնել պատասխան Արմինե Պետրոսյան-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.