Նորա Պարութճեան | ԳԱՒԱԹ ՄԸ ՍՈՒՐՃ ԵՒ ԾԽԱԽՈՏ

Նորա Պարութճեան

Գաւաթ մը սուրճ եւ ծխախոտ

Գաւաթ մը սուրճը պատրուակն է,

նպատակը՝  ծխախոտը։

 

Շուրջս  մարդէ երբ պարպուի,

պահ մը իյնամ անակնկալ հրճուանքի մէջ առանձնութեան,

ուրախութեան ըմբռնումս վիրաւոր

կը տատանի խառնաշփոթ լռութեան մէջ.

 

Վերջապէս …

 

Հազուագիւտ  ժամը ամփոփուելու

հոգիիս մէջ գորգի նման կը փռուի։

Երանութեան ծովափ հասած բանուորի պէս

աչքս, հոգիս ու մարմինս հանգստութեան պատրաստած,

կը բարձրանամ կշիռքի  վրայ  թեթեւութեան,

բայց ծանրութիւնս թաւալգլոր պարապութեան մէջ կ’իյնայ։

 

Հաշուըւած  բարակուկ  րոպէներ,

սահմանափակ  իրաւունք …

հիւթը ծծել գերգերագոյն չափերով.

ինչպէ՞ս ընել տիրանալու այս պահին,

պահ մը միայն՝ տէրն զգալու  ինքզինքիս,

տէրը զգալ ի՜մ բարիիս ու չարիս,

ի՜մ արգիլուած, չհամտեսուած պտուղիս,

անկախ ըլլալ խրատներէ,  պէտքերէ,

օրինակ ծառայելու  ծանրածանր  բեռներէ,

նպատակներ քաշքշելու ձանձրացուցիչ  եւ ապարդիւն  գործերէ։

 

Մի քանի վայրկեան է միայն

ճոխ վայելքն ազատութեան,

որուն յատակը հազիւ դպչիս մատներով,

որպէս գնդակ դուրս կը նետէ քեզ իրմէ

ու կը ստիպէ հեռուէն, կողքէն կամ անդիի աշխարհէն

զինք երազել

ու գաղտնիքներ սերմանել։

 

Իմ գաղտնիքիս

գաղտնիքութեան  շղարշը  ես կարեցի,

այնքան նուրբ ու թափանցիկ

որքան աղօտ  անթափանց.

կը լեցնէ գաւաթս սուրճի

ու կ’անհետի ծուխին հետ ծխախոտիս,

կը թափի մէջս  թոյնի պէս  ազատութեան

ու դուրս կ’ելլէ նոր վաղուան մը եռանդագին կրկնութեամբ։

 

Հաւանաբար այս ամբողջը հասկնալի չէ ձեզի

բայց ատիկա հոգ մը չէ.

Ես քիչ յետոյ

ստիպուած եմ տարածուիլ

եւ հարիւր տեղ նոյն ժամանակ գտնուիլ։

Վայրկեան մը,

ծխեմ…

 

 

Ազատութեան

Որքան ալ զգոյշ մօտենամ քեզի,

ձեռքս հազիւ պոչիդ աղուամազերուն  դպչի

որոտընդոստ  կը փախչիս,

կը ծածկուիս

ու բառերու ձեւ կ’առնես։

Հաւանաբար կը խաբես,

հաւանաբար չես այն երազը որ ծածկոցէդ կը բաշխես։

Քմահաճ այս խաղդ

ինքնալլկում է ինծի։

 

Չեմ կարծեր որ կ’արհամարհես

իմ եւ այլոց նայուածքը քեզի.

դուն լաւ գիտես՝

եթէ լոկ պահ մը անտեսեմ քեզ

կը վերածուիս

վիժած մանկան չտրուած անունի,

ես ալ գիտեմ՝

եթէ  յոգնիմ որոնելէ քեզ

կը վերածուիս  հէքիաթազուրկ  պարիկի,

բայց,

ներսիդիս ցանկութիւն մը վախուորած

քեզի հետ լեզու գտնելու յոյսը ունի։

 

Եթէ իրօք այն ես դուն

ինչ որ դարեր շարունակ

ըսել տուիր քու մասիդ,

ապա գոնէ մէկ անգամ,

կէս,

կամ նոյնիսկ անգամի մը փշուրին չափ

մտքիս ծայրին այցելէ,

ցոյց տուր գոյնդ,

տեսնեմ որքան տարբեր է ուրիշներէ,

թոյլ տուր հպիմ քղանցքիդ

Քրիստոսի հպող հիւանդ կնոջ հաւատքով

ու փրկուիմ

կասկածէ։

 

Արդեօք կրնա՞նք երգ մը երգել միասին.

եթէ երբեք կ’ամչնաս,

ես կը սկսիմ.

դուն զիս մինակ մի ձգեր։

 

2 comments

    • Հասմիկ Ղազարյան on 10 Դեկտեմբերի, 2016 at 5:28 ե.
    • Reply

    Լավ կլիներ՝ գոնե սփյուռքահայ հեղինակների մասին տեղեկություն լիներ։ 🙂

    1. Հասմիկ, Գրական կամուրջում տեղեկություն կա կայքի բոլոր հեղինակների մասին, կարդացեք «Հեղինակներ» բաժնում:

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.