Նորա Պարութճեան | ԴԷՊԻ ՎԱՐ

***

Ձախողութեան ովիկանոսը
ապառաժ մը սահեցաւ։
Այնտեղ գտաւ
բեկորներու վերածուած
իրենպէսներ
մահաքունի անդորրին մէջ
ժամանակի լուռ մեծութեան ունկնդիր։
Ապառաժը կայնելու պէս նստեցաւ.
Մինչեւ հալիլ
անունը վրան կրելու
շնորհը իրեն տրուեցաւ.
ըմբոստութիւնը մեռաւ։

***
Սկսայ իջնել սանդուխէն,
կամաց կամաց,
անխռով,
իջայ դանդաղ
մտածելով, որ
պայման մըն է այս էջքը.
իւրաքանչիւր աստիճանին
համոզեցի հոգերս,
սկզբունքս ու եսս,
որ ասիկա վերջ մը չէ,
ելարան մը կը սպասէ զիս :
Իջայ ծանր
գլուխս բարձր,
կամաց կամաց վարժուելով խաւարին
հանդիսաւոր հովերով,
որ քաջերուն վայել է.
հերոսի նման ես իջայ.
իջայ, իջայ, իջայ,
Դէպի հոն,ուր
վերջ չկայ:

***
Պարտուած
իջայ սանդուխէն
շուրջբոլորս
հայելի
հակած դէպի ներսիդիս
ջարդուփշուր պաստառներս
կոխկռտելով
ըսի՝ գոնէ
գոնէ ոտքս չարիւնեմ
Պարտուած
իջայ սանդուխէն
շուրջբոլորս
այսօրը
հակած դէպի բառերս
իրենց վտիտ մերկութեանը
խղճալով
ըսի՝ գոնէ
գոնէ ինձմէ չամչնան
Պարտուած
իջայ սանդուխէն
շուրջբոլորս
ծաղր քրտինք
հակած դէպի հաւատքս
խորտակուած աղօթքս
ողբալով
ըսի՝ գոնէ
գոնէ այլեւս հասկնամ
Պարտուած
իջայ սանդուխէն
շուրջբոլորս
թափթփուք
հակած դէպի բարձունքս
իր անտարբեր կայծկլտուքէն
կախարդուած
ըսի՝ հիմա
գոնէ հիմա վերջանամ…

1 comment

    • Samvel Martirosyan on 27 Օգոստոսի, 2011 at 4:46 ա.
    • Reply

    Չափազանց հոգեհարազատ բանաստեղծություններ էին: Մի տեսակ անակնկալ՝անպաշտպան ու մերկ զգացի ինձ: Տիեզերքի մասնիկն ինձ զգացի:

Թողնել պատասխան Samvel Martirosyan-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.