Մարուշ Երամեան | ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ

Այնքա՜ն հեռու քեզմէ։

Ովկիանոսի ոռնոցէն վեր
շնչառութիւնդ կը թնդայ:
Գիշերս՝ կոպերուդ տակ փակ։
ծալլուած թեւերուդ տաքին մէջ
ցերեկս կը ծաղկի։
Նայուածքիդ մէջ տիեզերքս.
ու երբ փակեցիր աչքերդ
անապատս արթնցաւ։
Մեղեդին բջիջ առ բջիջ կը քակուի
ու նորովի կը դաշնաւորուի
քնարին վրայ որ մարմինս է։
Միջոցները մեր միջեւ
խրամատներ
անկարելին կամրջող։
Ցեխաջուրին մէջ
երբեմն նաեւ
երկինք կը ցոլայ։
Ձիւն, բարիք եւ սէր։
Կամարներուն տակ
շատեր կը մեռնին։
Հեռացող ընկեր մը։
Ծառեր
գարնան փոթորիկներէն տերեւաթափ։
Մահ սիրո՞յ համար։
Որո՞ւ տրուեր է տառապանքին մէջ
իմաստուն ըլլալ։
Երազիս մէջ մատս շամփուրին դպաւ
— կարօտդ էր —
ճենճերահոտէն արթնցայ։

2 comments

    • Anonymous on 18 Նոյեմբերի, 2011 at 4:41 ե.
    • Reply

    անզուգական կտորներ են

  1. Գեղեցիկ է:

Թողնել պատասխան Հրայր-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.