Մարուշ Երամեան | ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մանուշ Երամյան

Մանուշ Երամյան

Ա.

Երբեք չէի կարծեր, որ Մոսկուան տեսնելով այսքան պիտի ուրախանայի: Բայց Մոսկուա՞ն էր տեսածս: Պարզապէս մօտակայ անտառներն էին, որոնք վերէն, օդանաւին պատուհանէն ձիւներուն մէջ աճած սունկերու կը նմանէին: Ինչո՞ւ այս ուրախութիւնը, ուրկէ՞ այս անհասկնալի, խլրտացող ապրումը: Հաւանաբար մանկութենէս, ուր մեծ դեր ունէին Հայաստանէն հասնող գիրքերն ու ռուսական պալէն՝ Կալինա Ուլանովան իր թեթեւ ու դանդաղ թռիչքներով, Մայա Փլիսէցսքայան իր մանաւանդ Գարմէնով, Կարապի լիճը եւ այս բոլորը իրենց կատարելութեամբ:
Մոսկուայի օդակայանը որքա՜ն մեծ է. մէկ դարպասէն միւսը քալելը մէկ ժամ տեւեց: Բարեբախտաբար Երեւանէն եկող եւ Գահիրէ գացող օդանաւերուն միջեւ երկու ժամ կար: Լաւ վայելեցի մանաւանդ խճողումը: Ուրկէ՞ այսքան ճամբորդող նոյն օրը, նոյն ժամուն, նոյն տեղէն աշխարհի չորս անկիւնները գացող:
Հաճելի էր տեսնել թերթավաճառներուն առատութիւնը օդակայանի տարածքին, բայց չհասկցայ թէ ինչո՛ւ միայն ռուսերէն էր ամէն գիրք ու թերթ, արդեօ՞ք բոլորը, ինձմէ զատ, ռուսերէն գիտեն: Եթէ սկսած ըլլայի սորվիլ այս լեզուն, երէկ քիչ մը թերթ կարդալու չափ բան կը գիտնայի: Բայց միայն դիտեցի, առանց կարդալու: Այդ իսկ հաճելի էր:
Ճամբորդներուն մեծ մասը … ճաբոնցիներ էին, անոնց ալ մեծ մասը՝ մակնիշաւոր ապրանքներու վրայ թառած: Վերջերս ԱՌԱՏ դրամը ա՛յդ ազգին գրպանն է կարծես:
Երեւանէն հայ մը կար, որ մինչեւ Գահիրէ կ’երթար, տուն կը վերադառնար: Իրմէ լսեցի, որ օդանաւը եթէ Երեւանի մէջ սամալյոտ է, Գահիրէի մէջ ալ օդապարիկ է եղեր: Այ քեզ հայերէ՜ն …
Երկար տարիներ առաջ Այերօֆլօթով Պէյրութէն Երեւան գացեր էի, եւ միտքիս մէջ տակաւին կը յամենար այն անախորժ հոտը, որ դիմաւորեց զիս հազիւ ներս մտած: Այն ատեն դէմքս ծռելով ըսեր էի՝ «աս ի՜նչ հոտ է» եւ ցնցուեր էի լսելով ՀԱՅԵՐԷՆ պատասխանը՝ «ի՞նչ հոտ է», խիստ եւ յանդիմանական շեշտով: Այդ օրերուն մեր անմիջական շրջապատէն զատ՝ տուն-դպրոց-ակումբ-եկեղեցի ուրիշ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր: Ցնցիչ էր պաշտօնեայի մը բերնէն հայերէն լսել: Նոյն ցնցումը ապրեցայ նաեւ Երեւան, երբ ոստիկան մը ՀԱՅԵՐԷՆ խօսեցաւ … բարեբախտաբար հիմա նման «ցնցումներ» չկան – թէեւ աւելի վատերը կան:
Նոյն այդ ընկերութիւնը հիմա շքեղ օդանաւեր ունի, գեղեցիկ եւ ժպտուն սպասարկուներ, եւ ոչ մէկ բանով կը զիջի այլ ընկերութիւններու: Նոյնը կարելի է ըսել օդակայանի աշխատողներուն համար: Շատ լաւ էր:

Այս առաւօտ եռանդուն արթնցայ եւ կանուխէն գացի աշխատանքի: Ե՛ւ տնօրէնը, ե՛ւ Սրբազանը զարմացեր էին, եւ այս վերջինը խնդալով ըսաւ՝ զոհեր էք ձեր հանգիստը եւ աշխատանքի՞ գացեր էք:
Շատ լաւ դպրոց մըն է նախ իր կառոյցով: Յետոյ նաեւ հայերէնի ուսուցչուհիներով: Չեմ զարմացած: Բոլոր գաղութներուն մէջ ալ հայերէն լեզուի դասատուներն են միայն, որ ոգիով եւ ամբողջական նուիրումով կ’աշխատին: Հոս ալ սակայն, ինչպէս բոլոր գաղութներուն մէջ, ուսուցչուհիները, տնօրէնն ու խնամակալ մարմինը արդէն անճրկեր են ներկայ սերունդին անտարբերութեան, անկրթութեան եւ անհոգութեան առջեւ:
Տան մէջ մինակ նստած – դպրոցական օրը կ’աւարտի երկուքուկէսին ու ես երեքին տուն կը հասնիմ – ուղեղիս ուժ կու տամ «բան մը ընելու համար»:
Վաղը հանդիպում ունիմ խնամակալներուն եւ Սրբազանին հետ, որմէ ետք Տէր եւ Տիկին Թերզեանները զիս ճաշի հրաւիրեր են:
Վաղը նոր օր մըն է, նոր եռանդով եւ յուսամ՝ նոր ու լաւ գաղափարներով:

 

Բ.

Դպրոցին աշակերտութեան կէսը խառնածին է, այսինքն հայրը կամ մայրը արաբ է: Հետեւաբար տան մէջ օգտագործուող լեզուն ոչ թէ հայերէնն է, այլ արաբերէնը: Տակաւին՝ -ճիշդ Սուրիոյ նման- որովհետեւ հայերէնը պետական քննութիւններուն մէջ պահանջուած չէ, ուրեմն ծնողք անզգալաբար «հայերէնը կարեւոր չէ»ի բացայայտ կեցուածք ունին, ինչ որ անմիջապէս կ’անդրադառնայ զաւակներուն վրայ: Եւ աշակերտութիւնը, չնչին բացառութիւններով, նոյնիսկ հայերէն խօսիլ չի գիտեր, ու եթէ խօսի, ապա օտարի նման կը խօսի:
Ամենէն դժուար բանը կեանքին մէջ, կարծեմ, չուզողին ուզել տալն է. այս տղաքը հայերէն սորվիլ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ. ինչպէ՞ս ընել, որ ուզեն:
Ուսուցչուհիներէն իւրաքանչիւրը «կը պատռտուի» աշակերտներուն բան մը սորվեցնելու համար: Ի զուր սակայն:
Այսօր նախ տասներորդ դասարան մտայ դասը լսելու, եւ յետոյ՝ առաջին դասարան:
Առաջինին աշակերտները դասը կը կարդային այնպէս, ինչպէս տասներորդի աշակերտները: Անշուշտ ճիշդ հակառակ ձեւով պէտք է ըսեմ. բայց իրապէ՛ս առաջինները շատ աւելի լաւ էին, քան տասներորդները:
:

Ելայ դպրոցէն, թաքսի մը առի եւ City Stars mall գացի:
Գացի, բայց անմիջապէս զղջացի:
Ի՜նչ ըրած են սա ամերիկացիները ամբողջ աշխարհին: Երկրագունդի ո՛ր անկիւնն ալ որ ըլլաս եւ մոլ մը երթաս, պահ մը պիտի շփոթիս մտածելով՝ արդեօ՞ք իմ քաղաքիս մէջ եմ (եթէ քաղաքդ մոլ կամ մոլեր ունի), որովհետեւ բոլոր մոլերն ալ նոյն յատակագծին վրայ կառուցուած են, նոյն ոճով պատրաստուած, նոյն տեսակի եւ մակնիշի խանութներով: Ափսոս ժամանակուան տեղական գոյն ունեցող խանութներուն եւ շուկաներուն, որոնք իւրաքանչիւր քաղաքի շուկան պտըտիլը գեղարուեստական հաճոյքի կը վերածէին: Հապա եթէ յանկարծ «գտնէիր» իր մը, զարդ մը կամ գիրք մը, որ անգէտի մը կողմէ
վաճառքի դրուեր է …
Չէ, ժամանակին արկածախնդրութիւն էր օտար քաղաքներու շուկաները պտըտիլը, իսկ հիմա՞ …
Զզուած, քիչ մը քոմքուա գնեցի (սիթրուսային պտուղ մը, շատ փոքրիկ նարինջներու նման) եւ տուն եկայ:
Վաղը թանգարան պիտի երթամ, կիրակի՝ այս շրջանի այն տաճարը, որ հեռուէն կ’երեւի եւ կ’իշխէ շրջանին, ու եթէ կրցայ յաջողցնել՝ Իսքանտարիյէի նոր գրադարանը՝ «մաքդապթըլ Իսքանտարիա», որ աշխարհի լաւագոյններէն կը համարուի այսօր: Միայն տեսնեմ ինչպէ՛ս պիտի յաջողցնեմ, որովհետեւ Իսքանտարիան Գահիրէէն գրեթէ երեք ժամուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

Գ.

Դպրոցէն ելայ եւ յիշեցի թէ կ’ուզէի շէնքը նկարել:
-Մատամ, մատամ:
Դարձայ: Դպրոցին պահակն էր, մէկը հին եգիպտական ֆիլմերու այն հերոսներէն, որոնք իրենց խեղճութեամբ եւ անճարակութեամբ միայն արգահատանք կը պատճառեն:
-Այո՞:
-Խուշշի խուշշի հինա,- ըսաւ զիս ներս, դէպի դպրոց հրաւիրելով:
Մինչ այդ ներսի դռնապանուհին դուրս ելեր էր: Պահակը բաներ մը բացատրեց:
-Բայց ինք հոսկէ ելաւ, ինք մեր դպրոցէն է, հայ է, ուալաու, ինչպէ՞ս չճանցար դէմքը, չէ՞ որ ամէն օր կու գայ …
-Կը ներես,- մարդը դարձաւ ինծի,- բայց ըսեր են, որ արգիլուած է նկարելը:
Դպրոցէն քալելով վերադարձայ, մէկ ժամուան ճամբայ մը, զոր հաճոյքով կտրեցի, շուրջս դիտելով եւ նկարելով:
Որոշեր էի թաքսի մը առնել, բայց երբ պողոտան կտրեցի, աջիս երեւաց տաճարը: Որոշեցի քալել: Ձախիս այլ եկեղեցի մը կար, ճարտարապետութեամբ լրիւ տարբեր, կարծես ֆրանսիսքէն դաւանանքին պատկանող: Անշուշտ երկու եկեղեցիներն ալ փակ էին: «Արաբական գարուն»ի բերած փոփոխութիւններէն ետք ոչ միայն եկեղեցիները, այլ ամէն կառոյց ու շէնք փակ են կարծես:
Աջիս կամարակապ հին ու գեղեցիկ շէնք մը նշմարեցի, հազիւ երեք յարկի բարձրութեամբ: Առանց աճապարանքի պայուսակէս հանեցի քամէրաս եւ սկսայ նկարել:
Երկու երիտասարդներ մօտեցան.
-Ի՞նչ կը նկարէք, տիկի՛ն:
-Այս շէնքին գեղեցիկ կամարները,- ըսի,- ինչո՞ւ:
-Այս օրերուն այնքան բաներ կը պատահին,- ըսաւ երիտասարդը քաղաքավար կերպով,- որ կը կասկածինք: Ուրկէ՞ էք:
-Հայաստանէն,- ըսի,- եթէ կ’ուզես բանամ քամէրան, նկարները նայիր:
-Լա եա աֆանտըմ,- ըսաւ,- պէտք չկայ:
Զարմանալի՜, Եգիպտոսը, որ զբօսաշրջիկութեան տիրուհին էր, տարին մէկ միլիոնէ աւելի այցելուներով, հիմա այնքան հեռացացեր է այդ օրերէն, որ իր զաւակներն իսկ մոռցեր են նկար-նկարել-այցելու-զբօսաշրջիկ երեւոյթները:
Ճամբան բոլորին՝ կին թէ տղամարդ, բառացիօրէն բոլորին աչքը ծունկերուս էր: Միտքէս որոշում առի ա՛լ փէշ չհագնիլ, թէեւ փէշս երկար էր, բայց քալելու ընթացքին ծունկս – որ այս կրօնքին մէջ մարմնին անպայմանօրէն թաքցնելիք բաժիններէն մէկն է – կ’երեւէր:

Յետմիջօրէի աղոթքի ժամն էր կ’երեւի, որովհետեւ կրկին սկսաւ անտանելի կանչը: Ո՜ւր էր մեր Հալէպի քաղցր եւ հեշտօրօր Ալլահու Աքպարը: Հոս վայրենի կանչ մըն է եղածը՝ ծայրայեղօրէն բաղաձայն – կարծես Ալլահին հաւատարիմ ըլլալու համար պէ՛տք է քաղցր ձայն չունենալ, չգայթակղելու եւ չգայթակղեցնելու համար —  անմեղեդի եւ անճաշակօրէն բարձր. իսկապէ՛ս վայրենի կանչ, հակառակ որ իսլամութեան մեծագոյն կաճառը՝ Ալ Ազհարը այստեղ Գահիրէի մէջ է:

Քաղաքը հին ու գեղեցիկ կառոյցներ ունի, որոնցմէ առաջինի մուտքին զետեղուած մեծ ցուցանակը կ’ըսէր՝ «Պարոն Պալատի վերանորոգման աշխատանքներ»:
Պարո՞ն: Մենք ալ Պարոն մը ունինք Հալէպի մէջ՝ Պարոն Պանդոկը, Մազլումեաններու սեփականութիւնը, որ հայերուն եւ Հալէպին կապուած հարուստ պատմութիւն ունի:
Այս մէկը տարբեր է՝ պարտէզներու մեծ տարածքով մը շրջապատուած, կը նստի բլուրի մը վրայ, գեղեցիկ բայց արդէն ծերացած դշխոյի մը նման:
Անոր կողքին նոյնքան գեղեցիկ, բայց լրիւ տարբեր ոճի այլ կառոյց մը կայ:
-Ի՞նչ է,- հարցուցի դպրոցի պասին ուղեկցող եգիպտուհիին:
-Զինուորական կեդրոնն է,- ըսաւ:
Տէր եւ Տիկ. Պերճ Թէրզեաններուն հետ ճաշի նստեր էինք ու ես հարցուցի այս Պարոնին մասին: Եւ պր. ԹԷրզեանը պատմեց.
«Զինուորական կեդրոն ըսուածը Պօղոս Նուպար Փաշային ապարանքը եղած է: Պարոնը եւ Փաշան բարեկամներ եղած են, միասին հիմը դրած են Հէլիոպոլիսին եւ իրենց դղեակները կողք կողքի կառուցեր են: Պարոնը թաղուած է այդ քու տեսած տաճարիդ մէջ»:
«Երբ ժառանգները երկրէն դուրս են, պետութիւնը կալանք կը դնէ կառոյցներուն վրայ եւ չնչին գումարով մը «կը վարձէ»: Յետոյ, նոյնքան չնչին գումարով կը գնէ: ՀԲԸՄը, Փաշային պալատի կողքին,  նոյն ճակատագրին ենթարկուած հող մը ունէր: Ուզեցինք գնել: Ժառանգորդները, որ նախապէս չորս էին, եղեր էին տասնեօթը (զաւակներ, թոռներ): Փաստաբանը կրցաւ հարցը լուծել, միւս կողմէ այլ հարց ստեղծեց՝ մոռցեր էր անոնցմէ մէկուն՝ քոնթէս չեմգիտերինչի մը անունը յիշել: Մէկ միջոց կար՝ քոնթէսը անձնապէս գար եւ ստորագրէր: Գրեցինք, հրաւիրեցինք զինք շաբթուան մը համար: Ճիշդ այդ
միջոցին Սուէզի ջրանցքին շուրջ յիսունհինգ հոգի սպաննեցին: Քոնթէսը որոշեց չգալ: Բայց ի վերջոյ հարցը լուծուեցաւ եւ հողը հիմա ՀԲԸՄին է»:
Ապշեր էի: Եգիպտահայ գաղութի նոր պատմութեան մէկ դրուագը կը պատմուէր, կարեւոր դրուագ մը, որ կրնայ շատ դիւրաւ կորսուիլ, եթէ պր. Թէրզեանը չգրէ, ինչպէս այլ դրուագներ գրած է՝ ՀՀ դեսպանատան կառուցուիլը, «Արեւ»-ի արաբերէն յաւելուածին ծնունդն ու շիջումը, եւ այլն: Բայց որովհետեւ պր. Թէրզեանը «ինքզինք բնաւ մասնագէտ չհամարեր», կտրականապէս մերժեց:
Երկու ամիս ունիմ զինք համոզելու:

Գահիրէի մէջ երեք թերթեր լոյս կը տեսնեն՝ «Արեւ», «Յուսաբեր», «Ջահակիր»: Որոշեր էի երեքին ալ այցելել:
Այսօր Սրբազանը հեռաձայնեց դպրոցի հայերէնին հարցերը քննարկելու համար: Ըսի որ կ’ուզեմ երեք թերթերուն ալ խմբագրատուները այցելել:
Սրբազանը պահ մը լռեց, յետոյ ըսաւ.
-«Յուսաբեր»-ի խմբագիրը Հայաստան գացած է ապրելու, հոնկէ կը խմբագրէ, վերջնական օրինակը համացանցով կը ղրկէ եւ հոս կը տպենք: Շէնքը կայ, տպարանը կայ, մէկ-երկու հայեր ալ կան աշխատողներուն մէջ: «Ջահակիր»-ին խմբագիրը, տեսար ժողովին, Մարտիկն է, տունը կը խմբագրէ, «Արեւ»-ին խմբագրատունը դպրոցին ճիշդ դէմն է …
Չորս տող եւ ամբողջ գաղութի մը նոր պատմութեան խտացումը կարծես՝ մէկը Հայաստան գացեր է (լաւ է որ ԱՄՆ կամ Գանատա չէ գացած տեղը), հայկական կեդրոնի մը մէջ «մէկ-երկու հայեր ալ կ’աշխատին», մնացեալ բոլորը տեղացիներ են (դպրոցն ալ նոյն վիճակը կը պարզէ, քիչ մը աւելի սուր ձեւով, որովհետեւ … դպրոցի մասին է որ կ’ըսենք՝ ութսուն պաշտօնեաներէն միայն … քսանը կամ քսանհինգը հայեր են), ոչ միայն անձերը կը մոռցուին, այլ անոնց կերտած պալատները, որ այսօր տարբեր կեդրոններ են. թէ երէկ ի՛նչ էին, շատ ալ  կարեւոր չի թուիր կարծես:
Ահա հայուն տեղ մը հաստատուելու, ապրելու, կերտելու եւ ձգել-երթալու միշտ հին եւ միշտ նոր պատմութիւն:

(Շարունակելի)

 

3 comments

    • shakeh on 1 Մայիսի, 2015 at 8:08 ե.
    • Reply

    Սիրելի Մարուշ, ողջ սփիւռքի պատկերը տւած ես, որը միայն ցաւի ու ափսոսանքի զքագում չէ որ կ՛առթէ, այլեւ ցաւին հետ հաճոյքը արեւմտահայերէնի եւ դիպուկ, թւացեալ «թեթեւ» դառն հիւմորը, տողերիդ արանքէն:

    • shakeh on 1 Մայիսի, 2015 at 8:10 ե.
    • Reply

    զգացում. Այս ստեղնաշարին չեմ վարժւում, կը ներէք:

    • Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեան on 1 Մարտի, 2020 at 11:53 ա.
    • Reply

    Շատ հաճոյքով կարդացի արեւմտահայերենը, մանաւանդ որ տ. Թերզեանը, Սեդան՝ իմ շատ սիրելի հօրաքրոչս Եսթեր Ղազարեան- Սամուելեանի աղջիկն է իմ մանկութեան ընկերուհին:

Թողնել պատասխան shakeh-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.