Խաչիկ Տէտէեան | ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՊԻՏԻ ԳԱ՞Յ ՄԻԹԷ

Ըսէ՜ ինծի` ե՞րբ,
Տարուան ո՞ր եղանակին դիմաւորեմ քեզ…
Գարնան հետ արեւուն բացուող վարդի համբոյրին մէջ
Չգտայ հոգիիս խանդը վտարանդի,
Չգտայ պարզապէս ինծի հասցէագրուած ծիծաղը`
Որ պիտի լուար իմ հոգին` յամեցող բոլոր վիշտերէն։
Ամրան տօթակէզ գիշերները յամեցան շա՜տ երկար.
Բերին մահաբոյր ռումբեր ու ցանեցին աւեր ու արցունք,
Քաղեցին միայն մահ…
Եւ թողուցին պարապութի՜ւն մը համայնական…
Աշնան մաղուող անձրեւն ալ չբերաւ հոգիիս թեթեւութիւն.
Ինծի հասցէագրուած ժպիտի նշոյլ մը չկա՜ր
փարատած հորիզոնին վրայ։
Կար անձկութիւն մը ճնշող ու տարօրէն երկար,
Կար կասկածի զգացում մը ամլող ու հոգին բզքտող։
Եւ ձմեռն ալ եկաւ… ու չբերաւ բարի աւետիս.
Ձմրան հետ թանձրացան նոր վիշտեր ու յոյզեր,
Հոն ցանեցին տխուր կիրքեր ու նո՜ր հիասթափութիւններ,
Խոր արմատներ նետելով աճեցան տարօրէն։
Ու հիմա հարց կու տամ ես ինծի.-
Ո՞րն է եղանակը տարուան`
Որու եթէ սպասեմ` պիտի գտնեմ իմ ուրա՜խ, իմ պատա՜նի հոգին,
Ո’չ ծաղրածուին ժպիտին տեսքով` որ պատուէրով կու գայ,
Այլ անմեղ մանուկին` որ անգիտակից է տարողութեանը գալիքին`
Որ գիտէ ճչա՜լ ու լա՜լ բայց նաեւ կրկին խնդա՜լ ու սիրուի՜լ։
Իմ հոգին կը տենչայ այն մի՜ւս եղանակը մոռցուած,
Ուր տարբերութիւն չկա՜յ գարնան, ձմրան ու եղանակներուն միջեւ.
Ուր եղանակները միշտ խինդ ու ծիծաղ կը բուրեն
Թէկուզ յամենան երկար կամ իսկոյն փարատին…
Ե՞րբ պիտի ան դուրս գայ իր մօր պատեանէն
Ու զիս առնէ իր կեղեւին մէջ անապակ
Առանց անցագրի կամ հաշիւի։
Ո՞ւր է այն եղանակը` որուն ի զուր կը ապասե՜նք այսքան երկար…
ԻՂՁ
Երազներուս անսեթեւեթ եւ անպաճոյճ հարթութեան վրայ
Ընկողմանած` կը շոյէիր մազերս ցրիւ, թափառական,
Երեկոյ մը կապուտաւուն, երբ աստղազարդ ծովուն վրայ
Մակոյկները ցիրուցանուած կ’երգէին երգը գիշերուան։
Խորհուրդի մը նման խորունկ` եկար հանդարտ դուն վերստին,
Գտար տխուր ընկեր մը հոն, կեանքի հոգով բեռնաւորուած.
Ըսիր.- Մինա՞կ ես դուն նորէն միտքերուդ հետ մտերմագին,
Կրնա՞մ ըլլալ ընկեր քեզի ու միտքերուդ` խորասուզուած։
Բացի վշտոտ սիրտըս քեզի, դուն` գուրգուրանք, կարօտ համակ,
— Լեցո՜ւր, ըսի, երակներուս մէջ քու շունչէդ հեւք մը զուլալ,
Մաքրէ’ ներսս եւ ամոքէ ցաւերս անանց, յոյզերս տաք,
Որ կարօտով վաղուան նայիմ ուրախ սրտով մ’անոխակալ։
Ո՜հ քամի քնքուշ,
Վանէ մէջէս թախծոտ ու տխուր բոլոր միտքերը խռովայոյզ…։
ԱՉՔԵՐ
Աչքեր կան ամօթխած,
Կը կիզեն սրտեր երբ բորբոքին,
Աչքեր կան հրաբորբոք,
Կը խանձեն հոգիներ
Երբ դիպուածով հանդիպին իրենց թիրախին.
Յուշեր կան անթեղուած,
Կը կիզեն փակ մատեաններ անցեալի երբ սթափին,
Ու նկարներ փոշեծածկ,
Երբ դուրս գան լոյսին, հոգիներէ շրջափակ,
Կը ժայթքեն թանձր արիւն տաք.
Աչքեր կան որ կը խամրին,
Բայց կը կիզեն երէկուան նման
Երբ դիպուածով դպչին հանգած մոխիրին.
Յուշեր կան անթեղուած, մոռցուած ընդմիշտ,
Բայց կ’առկայծին ակամայ.
Եւ երբ առկայծին,
Կ’այրեն երէկի ու գալիքի
Բոլոր էջերը ցամաք։

Բագին, 2010

ԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ
Կար ժամանակ
Երբ մեր երազները կ’անդրանցէին
Իրողական բոլոր սահմանները երկրային,
Լեռներ ու հորիզոններ լոկ միջոցներ էին
հասանելի,
Լուսինը համեստ անցում մըն էր
վաղուան արեւին շողակէզ։
Կար ժամանակ
Երբ մեր երազները կը գրոհէին
Կաղապարուած սահմանները մարդկային,
Ովկիանոսները լոկ տարածք էին անցանելի,
Ճակատագիրը մե՜նք պիտի կերտէինք
մեր բազուկի ուժով,
ազնիւ աշխատանքով։
Կար ժամանակ
Երբ մե՜ծ կը կարծէինք ըլլալ
Մեր երազներով ու ձգտումներով.
Կար ժամանակ
Երբ հպարտ ու վստահ էինք
մեր կամքի ուժով.
Կար ժամանակ
Երբ մե՜նք էինք, ու աշխարհը`
լոկ միջոց տարածքային։
Կ’երեւի ժամանակները փոխուեցան…
Հիմա մենք մե՜ծ ենք կորսուած
օրերով ու տարիներով.
Հիմա վստահ ենք աւելի քան երբեք
Լուսնի ու հորիզոնի հեռաւորութեան,
Հիմա ծանօթ ենք ունայնութեան ու
Ճակատագրի ահաւոր իմաստին…
Կար ժամանակ
Երբ մենք չէինք գիտեր “գիտնալ”ու
իսկական վտանգը.
Հիմա կը հասկնանք
Թէ “գիտութիւն”ը ահաւոր թշնամի է
Տառապանքի ոլորտները առաջնորդող…

1989
ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ
Այն օրէն երբ
Արժէք տրուեցաւ կեղեւին քան միջուկին,
Երեւոյթին, քան որակին,
Ձեւին, քան խորքին,
Շպարին, եւ ո’չ`արժէքին,
Այն օրէն ասդին
Մենք դարձանք անդիմագիծ,
Կիսադատարկ,
Միջակութեանց մէջ լողացող
Ամբոխ մը`
Հետեւող,
Անգոյն,
Հոսանքին հետ գահավիժող։
Այն օրէն ասդին`
Երբ աշխարհ վերածուեցաւ աշխարհատարած ցանցի,
Ու վերացան սահմաններ, գիծեր`բաժանումի,
Մենք դարձանք արածող երամակներու նման,
Հրամցուածը անյագուրդ սպառողի
Զանգուած մը`անտարբեր, անտէր, անջրդի…
Այն օրէն ասդին,
Մենք զոհերն ենք բագինին վրայ`
Մեզ զոհաբերող քուրմերուն,
Հի՜ն աստուածներուն,
Կրեսոսներուն,
Ու մամոնային`շլացուցիչ…
Այն օրէն ասդին`
Մենք զոհեցինք մեր անցեալը
Գալիք անմխիթար ժամանակներուն…
Այդ օրէն ասդին`
Նոր աշխարհ է մեր ոտքերուն տակ։

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 12-2011,էջ 61-62։

1 comment

    • Շաքէ on 27 Հունվարի, 2013 at 1:15 ե.
    • Reply

    Կար ժամանակ
    Երբ մենք չէինք գիտեր “գիտնալ”ու
    իսկական վտանգը.
    Հիմա կը հասկնանք
    Թէ “գիտութիւն”ը ահաւոր թշնամի է
    Տառապանքի ոլորտները առաջնորդող.

    Այս եւ միւս բոլոր տողերը շատ սրտամօտ ու գեղեցիկ են.
    Շնորհակալութիւն

Թողնել պատասխան Շաքէ-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Your email address will not be published.