Նորա Պարութճեան |ՉԽԵՆԹԱՑՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Նորա Պարութճեան

Նորա Պարութճեան

ՉԽԵՆԹԱՑՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

 Կոխելէն առաջ աչք մը ըրաւ ժպտերես,

սիրտս խայտաց

մտածելով

որ ինքն է զիս ճզմողը.

յետոյ

կօշիկին սուր ծայրովը

սիկարէթի պէս ծխուած

մխացող շունչս յանգեցուց

 

ցամաք, տափակ, պարպուած

բայց մանաւանդ՝ անիմաստ.

 

ե՞րբ յուսացի,

ե՞րբ ապրեցայ,

ե՞րբ երազին փարեցայ

 

ճանկ մը յանկարծ

խռչափողիս կառչեցաւ

ու շշունչ մը լսուեցաւ.

«չխենթացող պատմութիւն մը,

սիրելիս,

այս աւարտը կ’ունենայ»:

 

ԶՂՋՈՒՄ

Կտոր մը ցեխ.

իյնամ քիթիս-բերնիս վրայ,

տապլտկիմ խոզի կատղած ախորժակով

ու քսմսուիմ մարդկութենէ հեռացող անասնացած ոռնոցով։

 

Զղջումն է այս,

որուն խօսքս հասկցնել ա՜լ չեմ կրնար.

կ’ուռի, կ’աճի,

ծորակի բերնին ընդլայնող

վերջին աներես կաթիլին նման

կը կախուի տակաւ

կ’ուռճանայ, կ’եփի, կը ծաւալի,

զիս իր մէջը խորտակելով

ու չի ծորիր,

կը յամենայ

սպասումս կտրատելով։

 

Դուն չես,

ե՜ս եմ

որուն առջեւ տխեղծ հոգիս

մերկութենէն կ’ամչնայ.

թարախակալ ուղեղս

ա՜լ տեղ չունի սահելիք.

որդերու խայտանք կը պատրաստուի

դիակնացած

շունչն ետեւէն քաշքշող մորթիս վրայ։

Խօսիլ չկայ.

շոգիացած է կեղեւը

ու միջուկը խաբեբայ,

երեսիս,

դատարկութիւնը կը քրքջայ։

 

Ինչո՞ւ համար պարպուեցաւ Գերեզմանը.

գոնէ մնար,

փոշիացած ոսկորներու մոխրին վրայ ծնրադիր

աղօթքի պէս հայհոյանք մը մրմնջէի,

ու շան նման

պոչս քաշած փորիս վրայ

կաղկանձելով սատկէի։

 

ԿԱՍԿԱԾ

 

Անկարելի հանդիպում։

Քնքուշ, կանացի, խնդուն, մանկօրէն անմեղ եւ ջերմօրէն իրական։

Այնքան իրական,  որ երազը երկինքէն գետին կը բերէր,  մեզ կը փաթթէր իրարու մտերմութեան ամենատաքուկ կուրծքին վրայ,  ուր կասկածը տեղ չունէր։

Այնքան կակուղ,  հիւրընկալ,  հողային,  որ հոն մնալ եւ այդ կուրծքին վրայ  ես վերջանալ կ’ուզէի։

Քաջ ըլլալ պէտք է հաւատալու ինքնակոչ  այս երջանկութեան  …

շառա՜չ,  որ չէր զարկած դեռ քանի մը օր առաջ։

 

Մէկէն երգել սկսայ։ Բարձրաձայն։

Տարօրինակ, սխալ չէր հնչեր մեղեդին։

Նոր շերտեր մէկէն սկսան ալիք-ալիք բացուիլ դէպի եզերքը հոսող օրերուս։

Նոր գոյներ յայտնաբերեցի ներսիդիս. մինչեւ հիմա ո՞ւր ծուարած։

Զարմանալին՝  չզարմացայ։

 

Բանաստեղծութիւնը խլրտաց  մէջս։ Կեանք ու բանաստեղծութիւն նոյն բանը դարձան։ Իրար անցան։ Շփոթուեցան։ Ու երբ մտամոլոր այգի մտայ  հոգիիս ձայնը փնտռելու, ամէն մէկ տերեւը ծառին տող մը դարձաւ։  Զգացի ինչպէս երկարեցան դէպ’ ինծի,  ուզեցին հպիլ, ինձմէ արձակուող  ալիքին հաւատամքը շօշափել, ելեւէջին միանալ։ Տալու եւ ստանալու հզօր մղում մը, առանց կամքս հարցնելու,  հրեց զիս անոնց կողմը։  Գրեթէ ինկայ կախարդուած։  Տրուեցայ ։ Տրուեցանք։  Կրցանք պատմել մեր աղօթքը իրարու։

Թեթեւցաւ հոգիս. բարի դարձայ ես մէկէն։

Ուրի՜շ տեղ մը ես գացի.  մա՜րդ չի գիտեր ուր գացի։

 

Ձեռքերուս մէջ վերէն ձագուկ ճնճղուկ  մը ինկաւ, դեռ անփետուր, դեռ աչքը գոց, մերկ, անօթի, անպաշտպան։  Ուր դնելս, ինչ ընելս չեմ գիտեր, ինչո՞վ պէտք է կերակրեմ , ինչի՞ վրայ  հանգչեցնեմ, ուրկէ՞ արդեօք սկսիմ …  չեմ գիտեր,  չեմ  հասկնար,   միայն կ’ուզեմ որ ապրի։

Ու քանի որ չեմ գիտեր ինչպէս ընել որ ապրի,  հազար սխալ թոյլ կու տամ։

 

Ճնճղուկը հիմա կը թփրտայ։  Ի՞նչ ընեմ որ չըրի, ի՞նչ չընեմ որ ըրի։  Զղջալու համար իմանալ մը, գոնէ, կ’աղաչեմ … տրուէր։  Ես …

շշմած։  Անդունդիս  եզրին կը քալեմ վարանքով.  իյնա՞մ թէ շարունակեմ  երազիս պարանը քաշել։

Իսկ ե՞թէ սուտ է։ Հապա՞ եթէ ծաղր մըն է վերջին, հարուած մը վայրագ, քրքիջ մը՝ նետուած տարիներուս  երեսին …

 

Դուն՝ Բանտապահ,  որ կը կոչուիս  Մտածում,  աչքդ փակէ մէկ վայրկեան, չտեսնելու տուր քիթիդ տակէն քսմսուելով դուրս  սողացող սա սիրտը։  Քիչ մը անդին, ան պայթելու կը պատրաստուի։

 

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.