Սագո Արեան | ԶԱՀՐԱՏԸ ԵՐԱԶԻՍ

Զահրատը երազիս եկաւ,
Մետամորֆոզ:
Զահրատը կրկնակի երազիս եկաւ
Ու ականջիս
Սենց ցածր ձայնով ըսաւ,
Սագ ջան,
Լա՞ւ ես
Հերիք է եան-եուն երթաս.
Մայրուղին օթօդ քշած ատենդ
Քովի օթոներուն շատ մի նայիր,
Շատ մի խորհիր թէ բեմերէն որքան թախանձանք
Ու որքան կարմիր կեղծիք կը թափեն մեր վրայ…
Դուն ղայիմ ես,
Ինչ է հեռախօսը ձեռքիդ,
Ձախ ու աջ զանգ կուտաս…
Խմբագիրդ թոյն կը սրսկէ…
Թերթը գերեզմանեց ու բարձրաձայն կը մռլտայ։
Թքա’ծ աս բոլորին, թքա’ծ, ընկեր Զահրատ։
Զահրատը երազիս եկաւ,
Չէ՞ որ Զահրատեան ժամանակն է հիմա,
Բոլորը անոր անունով երդում կուտան
Բոլորը անոր անունով կը փռշտան…
Ու բոլորը նոր փողկապներ կը կապեն անոր համար,
Իբրեւ անոր համար։
Լոյսերուն տակ շատ չի սիրէր Զահրատը։
Զահրատը եւ Կիկօն նոյնն են,
Մէկ են,
Զահրատը ընկերավար է,
Մոդայիք համայնավար չէ ձեզի պէս,
Եւ ոչ ալ սենեակէ–սենեակ թըս-թըս թելեֆոն ընող է. . .
Յուդա չէ Զահրատը,
Մեռելաթաղ չէ,
Իր ընկերներուն փոս փորող չէ…
Հէ՜յ, ձեզի պէս…
Ձեզի կ’ըսեմ… կը հասկնա՞ք…
Զահրատը երկար ճամբաներէն չի վախնար,
Ոչ ալ գլխու պտոյտ կ’ապրի ամրան գալուն պէս…
Զահրատ կը սիրէ փիսոները,
Բայց հիւանդագին սէրեր չի պահեր…
Ոչ ալ բանաստեղծութիւն տպելու ջերմէն կը մեռնի…
……………………………………………….
Հիմա Զահրատի ժամանակն է,
Պարոնա’յք,
Հեռուն աստղ է ան ու անոր մասին ալ շատխօսիլ չըլլար…
Մանաւանդ անոնք որ Զահրատի բանէն-բամբակէն բեխապար են…
…………………………………………..
Երազիս եկաւ Զահրատը,
Ե’լ, ըսաւ,
Ել, սա մօրուքդ սափրէ,
Շատ քաղաքականութիւնէ մի խօսիր,
Յօրանջելուդ պէս անկողին չերթաս. . .
Եւ սպասէ, որ գարուն վրայ գայ։
Անպայման այս լռեցնող ձմեռը պիտ երթայ…
Ու նորէն պիտի երգես երգդ հին.
Զահրատը ղասարանէն ղուրս դնողները
Իր մասին վկայութիւն տալու ելլեր են,
Զահրատը՝ զարտուղի-փիս-էշութեան դրածոյ, մեկնաբանողները
Զինք ամենայն հայոց Զահրատ դաւաներ են…
Քաղաքին հոգն ալ չէ,
Որ կարմիր աթոռներուն վրայ քանի զահրատիկներ կը մլաւեն. . . .
……………………………………………………………..
Պէյրութի ամայութեան մէջ,
Եկո’ւր, ալ հին օրերովդ ապրիր,
Հին օրերդ հաշիշ պիտի տան քեզի,
Հին օրերդ սոսկ միանձնուհիներու համար ապրուած օրեր չեն.
Օրեր կան կապարի պէս ծանր, օրեր գիրի…
Այն, որ հայոց լեզուի պաշտպան փաստաբան սարքեր է ինքզինք,
Մէյ մը դուրս թող գայ ամբոխէն եւ նայէ աչքերուս…
Հերիք է այսքանը,
Խիղճի փլատակուած ամրոցներու տակ թաղուած,
Սուտ մարգարէներ,
«Փանադոլի» տուփեր, հերիք է, ձեր ցաւը տանեմ…
Ի՞նչ ըսիք, նես-քաքէ՞, թէ՞ կանաչ թէյ,
Ի՞նչ ըսիք, հայեցի դաստիարակութի՞ւն…
Թէ՞ հայ կանանց բոզութեան մասին յօդուած…
2008-ին պատերազմի վախն է որ կը սպառնայ,
Կը սպառնայ մեզի,
Ատոր համար տերեւի տեսականին քիչ է այս ձմեո…
Յետոյ անձրեւ է, մայթերուն վրայ ծակուիլն ի՞նչ է…
Հիմա պիտ ըսէք դաժան կը գրեմ…
Դաժան է կեանքս,
Դաժան կեանքս սիրեմ…
…………………………………………………………….
Զահրատը երազիս եկաւ, մետամորֆոզ պոռաց.
Ագահօրէն նայեցայ իր աչքերուն,
Մարդը Զահրատ չէր, հրեշտակ էր,
Զահրատը պիտի հասկնար ըսածներս,
Ու փնտռէր զիս…
Նստէինք կիրակի օրով,
Դէմ-դիմաց
Ու սրճէինք…
Հին գիրքերս հանէի,
3ովիկ Գույումճեանին Չարենցը հանէի ու խնդայինք…
Սանկ լաւ մը քֆուր տար…
……………………………………………..
Ափսոս երէկ էր ատիկա,
Այսօր սակայն՝ կարմիր աթոռներու վրայ կը քնանայ մետամորֆոզը,
Որ ջղային ու պրկուած կը նայի աչքերուս…
Մէկ կողմէ խանութներ են այրում Սագ ջան. . .
Միւս կոդմէ հիւանադանոցները լիքն են…
Պէյրութեան օրաթերթերը կարծես թէ ըսելիք չունին այս մասին։
Վարդան Պետրոսեանը դիտելու կ’երթանք…
Կարծես ոչինչ չի եղել…
Ետեւի թաղը երկու թորնոճիներ կենաց կը բարձրացնեն…
Զահրատը մեր մէջ.
Կարծես ոչինչ չի եղել…
Սագօ Արեան

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.