Գարնան գեղեցիկ օրերուն էր, երբ Սուրիոյ նահանգներուն վրայ պտտող սարսափելի մրրիկը պատեց նաեւ Հալէպը: Հրաբուխի մը նման իր կրակն ու իր բոցը տարածեց: Ուստի մեր ժողովուրդին կեանքը խոշոր գալարումներով այլայլեց կսկծալիօրէն: Ճակատագրակա՞ն է ամէն փորձանք ու ամէն աղէտ: Ճակատագի՞ր կը կոչուի, երբ բազմաթիւ հայեր գնդակահարուելով կը նահատակուին անակնկալօրէն:
Tag: Քրիստինա Տէր Ստեփանեան
Հնս 11 2013
Քրիստինա Տէր Ստեփանեան | ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
Այս գիշեր անգամ մը եւս
Բանտարկած եմ ինքզինքս,
Տխուր սէր մը կեցած աչքերուս առաջ`
Երկու թռչուն նստած իրար հակառակ,
Կարծես իրենք ալ տխուր ինձ նման,
Ամէն վայրկեան կ’իյնան թելերէն ասուպներու նման.
Ու հեռուէն ձայներ կը լսուին որոտումի` զօրաւոր ու բարկացած …
Հնս 11 2013
Քրիստինա Տէր Ստեփանեան
Ծնած եմ 1997-ին, Սուրիայի Հալէպ քաղաքում : Աւարտած եմ Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանը, իսկ ներկայիս կը յաճախեմ Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերճեանի Երկրորդական Վարժարանը: Կը բնակիմ Հալէպ ընտանիքիս հետ: Իմ բարձրագոյն կրթութեանս համընթաց՝ կփափագիմ զարգացնել հայագիտութիւնս, որի շնորհիւ հանճարեղ գրողներու այդ սուրբ ճամբուն քայլերս կ’ուզեմ նետել: Անչափ կարեւորութիւն կուտամ արդարութեանը: Ամէնէն շատ կը սիրեմ մեր հանճարեղ բանաստեղծներէն՝ Պարոյր Սեւակը, Վահան …
Վերջին մեկնաբանություններ