Քրիստինա Տէր Ստեփանեան

Քրիստինա Տէր Ստեփանեան

Քրիստինա Տէր Ստեփանեան

Ծնած եմ  1997-ին, Սուրիայի Հալէպ քաղաքում :

Աւարտած եմ Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանը, իսկ ներկայիս կը յաճախեմ Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերճեանի Երկրորդական Վարժարանը: Կը բնակիմ Հալէպ ընտանիքիս հետ:

Իմ բարձրագոյն կրթութեանս համընթաց՝ կփափագիմ զարգացնել հայագիտութիւնս, որի շնորհիւ հանճարեղ գրողներու այդ սուրբ ճամբուն քայլերս կ’ուզեմ նետել:

Անչափ կարեւորութիւն կուտամ արդարութեանը: Ամէնէն շատ կը սիրեմ  մեր հանճարեղ բանաստեղծներէն՝ Պարոյր Սեւակը, Վահան Թէքէեանը, Աւետիք Իսահակեանը, որոնք  ունին գեղասքանչ  ու  աննման քերթուածներ: Երազանքս է նաեւ  բանաստեղծութիւններ, յօդուածներ գրելուն  կողքին՝  թատերգութիւններ գրել եւ բեմադրել:

Բանաստեղծութիւններս կ’ուզեմ գրել արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով: Ինծի համար գրելը  պէտքութիւն մըն է ավելի, հոգիիս  կարիքը կը զգամ գրելու: Իմ բանաստեղծութիւններս տպագրուած են շատ մը թերթերու  մէջ ինչպէս՝ Հալէպի Գանձասար թերթը , Յունաստանի Ազատ Օր թերթը, Հայաստանի Իններորդ Հրաշալիք թերթը  եւ այլն:  2010 թուականին, Շահած եմ Բերիոյ Հայոց  թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան  խորհուրդի  երիտասարդներու վարչութեան կազմակերպուած Միջդպրոցական Շարադրութեան մրցումին առաջնութիւնը: