Սագօ Արեան | ԽԱՌՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾ

Հոգիս թեթև թռչուն է կապոյտ,
Որ չունի վերացական իմաստ,
Ոչ ալ կը սպասէ վերագրումներու.
Կը մտնէ ամէն տեղ,
Ամէն պատշգամբ ու ամէն դուռ…
Ուր մնաց մեր հին տան նեղ պատշգամբը,
Ինչ երագներ պահած եմ անոր նախշուած քարերուն ծայրերուն:
Հին դուռը եւ հին հոգին,
Հոգին չի հիննար սակայն,
Կը տխրի մեծ լռութիւններուն դիմաց
Ու մեծ ալիքներուն դիմաց կը նայի վերացական աչքերով,
Բայց չուրանար իր իսկութիւնը …
Նոյնիսկ թէ արագօրէն անցնի ամէն ինչ…
Կրնայ պատահիլ, որ անցնին բառերը,
Բուրգերը կրնան իյնալ ո՜վ գիտէ.
Կրնան աշխարհները մղկտալ ցաւին առջեւ
Եւ մեծ պատերազմներուն,
Որ շարան-շարան դիակներ կը փոխադրեն.
Մեր աչքերուն մէջ միայն մահ տեղադրեցիք,
Միայն ուժգին պայթուններ եւ ատելութիւն.
Բացէ՛ք բոլոր ճանապարհները,
Բոլոր անցքերը բացէ՛ք…
Մեր մարմինը ֆետայի-զսպանակ դարձուցիք.
Ո՞ւր են պայթունները ,
Հէ՜յ, դո՛ւք, որ նոր աշխարհը կր փառաբանէք,
Նաւթ ու գինի կր հրամցնէք մեզի…
Մինչ բանտի ճաղերը կը դաոնան ստուար,
Վէրքը կը խլրտայ
Ամրան տաք աւազին վրայ,
Արիւնը կեռայ,
Դուք նոր աշխարհի տէրեր,
Կր պատմէք տերորի մասին,
Կ’ահաբեկէք,
Կր փշրէք բոլոր կամուրջներուն պարանները,
Կ’ուգէք խեղդել ձայնը մեր…

………..
Երգը կը յուշէ սրինգին մասին,
Երգը կը խօսի յաւիտենութեան մասին,
Երգը կը փնտռէ ալիքներուն փրփուրը…

…………
Ես պիտի լուամ տխրութեանս
Ամեհի տարածութիւնները աղաջրով…
Ըլլար ձոր մը հեռուն
Ու հոն թաղէի կասկածներս.
-Գիտե՞ս, կ ըսէ ձայնը, գիտե՞ս գանգերու ձորը,
Ուրկէ պիտի բարձրանայիր
Դուն եւ բանաստեղծ եղբայրդ
Դէպի գագաթը լուսաւոր Քեսրուանի
Հոն քարերն անգամ աղօթք կը հոտին…
Խնդիրդ մէկ է…
Աղօթելու եւ գրելու անկարելիութիւնները կը խոցեն քեզ…
Ու դուն ինկած ես գետին…
Մտած ես մանրուքներու-մանրուքներու նեղ փողոցը։
Ուր նստելով ցեխին
Առաւելի ու նուազի զարմանալի պատմութիւններու
Ականջ կուտաս:
Կը հաշուես սխալներդ ճիշդերուդ դիմաց
Կը նայիս, թէ քանի բայ իզուր արձակած են քու մասիդ:
Ի՞նչ կարևոր, որ ամէն դարձէ ետք կամ վերադարձէ
Պիտի հաշուես ճմռթկուած բայերդ…
Այս տամուկ ու աղմկոտ թատրոնին մէջ,
Ուր մարդիկ ելած են ականջիդ ըսելու,
Որ ոչինչ, կեանքը նարդի խաղալու պէս բան է…
Ամէն դարձ՝ վերադարձ է,
Վերադարձ է աւազներուդ ու քարերուն ու կայմիդ,
Թո՛ղ ոչ ոք խօսի քու անունովդ,
Որովհետեւ լոյսի պատմութիւնները պիտի մնան
Ժամանակի պահարանին մէջ միայն…
Ու այդ պահարանը պիտի բացուի միայն մէկ անգամ:
Ամէն դարձ՝վերադարձ է,
Վերադարձ է մակոյկիդ,
Որ գիրի նաւակներով պիտի տանի քեգ ապահով ափեր։

………
Երկու շուարած կիսադէմքեր
Կր հալածեն մարտնչող Ոգիս.
Կր նային, իրարու բաներ կրսեն, կր փսփսան…
Կր հաւաաամ որ պէտք է շարունակեմ գործս.
Կարիկ Պասմաճեանի ոգին կը թեւածէ գլխավերեւս:
Ու ինչ բախտաւոր, ոսկեծիր օղակ մը կը վառի հիմա:
Աչքերս կարօտ են բանաստեղծութեան կարօտին,
Գինին ու բառը կուգեն հաշտուիլ իմ համար,
Միեւնոյնն է գարունը կը պարգէ իր թեւերը.
Խառն են օրերը,
Խառն է ամէն ինչ,
Խառն եմ եւ ես.
Խառն է քերթուածս.
Սեղանս, կամքս, գրպանս
Օդս ու արեւս,
Եւ սպասումներս են խառն.
Խառն եմ ես,
Խառն եմ ու ջղային,
Կապոյտ են երակներս …
Անոնց մէջ մելան ցանեցի…

Խառն եմ ես :

1 comment

    • grishdavtian@yahoo.com on 9 Մայիսի, 2009 at 5:54 ա.
    • Reply

    Sireli Sago,
    These poems are good, I can feel they are really lived and felt. You are angry and melancholic.
    Barevnerov,
    Grish Davtian

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.