Սագօ Արեան | ԿԱՏԱՂԻ ՍԷՐՍ՝ ՊէՅՐՈՒԹ

Գրասեղանիս վրայ կուտակուած ունիմ Մահմուտ Տարուիշի բոլոր այն հատորները, որ տպագրուած են Րիատ Նաճիպ Ալ Րայիսիս հրատարակչատան կողմ: Գիրքերը կը կոչուին՝ «Թիթեռի Հետքեր», «Պարզ Տխրութեան Օրագիր», «Մոռացումի Յիշողութիւններ» եւ այլ անուններ: Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր, որոշած եմ բաժիններ թարգմանել այս հատորներէն, մանաւանդ այն օրագրութեան բաժինը, որ կապուած է Պէյրութին: Պէյրութի այն օրերը, յատկապէս 1982-ի շրջանը, երբ Իսրայէլեան ներխուժումին պատճառով Պաշարուած Պէյրութը հազար ու մի ձեւով կը փորձէր պահել ինքզինք, պահել վէրքերէն վեր, պահել ոտքի, ու ամէն պաշարումէն, ամէն պատերազմէ ու ահէ յետոյ, ամէն մահէ յետոյ նոյն այս սիրելի Պէյրութը ոտքի կը կանգնէր, կը վերադառնար կեանքի հունին, կը վերածնէր, կը վերածաղկէր:

Այնքան սիրելի են Մահմուտ Տարուիշի հատորները, ինչքան եւ բանաստեղծը. ու իր բացակայութեան անոնք՝ գիրքերը, իր յաւիտենական ձայնը փոխանցողներն են. ու երանի ամէն գրող իմանայ, որ օր մը իրմէ միայն գիրքերն են, որ պիտի տոկան ժամանակի փոթորիկներուն, ժամանակի սահանքներուն ու մեծ թեւափոխումներուն դէմ դիմաց:
Գիրքերը յաւիտենական են:
Գիրքերը կ’ապրին քաղաքներու մէջ, կը զարնուին այդ քաղաքներու ամրոպներուն, կը խմեն անոր ջուրէն, կը լեցուին անոր ոգիով, կը համտեսեն անոր թթուն ու աղին, կը խօսին անոր լեզուով, ու երբ պահը, հիննալու պահը հասնի, կը փակուին մեծ ու հսկայ մատենադարաններու կոկիկ ու խոնաւ մէկ անկիւնը, դառնալու համար ժամանակի մը վկայութիւնը կամ խնկենին, որմէ մենք՝ ժամանակին մէջ ճամբորդողներս, պիտի ստանանք աւիւն եւ օրհնութիւն:
Պէյրութ պաշարուած է, սուր ցաւերով, տագնապներով, ահագնակերպ եւ մոխրագոյն երազներով, պայթած երակներով ու պալարով լեցուն վէրքերով:
Ամէն անգամ որ ժամանակին դիմաց կանգնած Պէյրութը կը հասնի վէրքերը սպիացնելու հանգրուանին, կը թնդայ անոր գետինը, կը պոռթկայ անոր հողը, եւ նորէն ցաւն ու արիւնը դուրս կը ծորին …
Պէյրութը տխուր հարս էր վերջին անգամ, երբ 2005 փետրուարին սպաննուեցաւ անոր շինարար վարչապետը Նահատակ՝ Րաֆիք Հարիրին, ու անկէ ի վեր անոր Պէյրութի կեանքը չունեցաւ խաղաղ ու բարենպաստ օր: Տարիները սահեցան, հինգ երկար տարիներ անցած են այդ օրէն, բայց եւ այնպէս այդ տարիները եղան ծանր ու սարսափելի տեսարաններով լեցուն տարիներ: Այդ տարիներուն ընթացքին ուռճացաւ քաղաքական սուր պայքարը, որ տակաւին կը շարունակուի: Համայնքներու եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու միջեւ սուր եւ ճակատումի հասնող բանակռիւը դարձաւ առօրէական արարք, որ տակաւին կը շարունակուի. կողմերու միջեւ ամբաստանութիւններ արձակելու սուր արշաւը դարձաւ չարիք եւ որ կը շարունակուի ցայսօր ահաւոր կերպով:
Ի՞նչ փոխուեցաւ երէկ, ու ի՞նչ պիտի փոխուի վաղը: Ոչ ոք ունի ստոյգ պատասխան:
Լիբանանի ժողովուրդը արիւնաքամ է եղած. շատեր դեռ երէկուան իրենց քաղաքական ըմբռնումները ենթարկած են կտրուկ փոփոխութիւններու, շատեր ձանձրացած են քաղաքական խաղերէն, շատեր արդէն իսկ հեռացած են երկրէն ու շատ- շատեր կը սպասեն մեկնելու դէպի անորոշութիւն:
Կայունը միայն այս Պէյրութն է.
Պէյրութը` առաջին սէրս, որ կանգած է Միջերկրականին դիմաց ու կը խօսի անոր լեզուով. մեր սրտի զարկերուն մէջ անգամ կ’ապրի այդ Պէյրութը:
Կ’ապրի Պէյրութը, իր ցաւով ու ահագնակերպ երազներով, իր լեզուով, իր երգերով, իր Ֆէյրուզով եւ հոգեցունց պոռթկումներով: Կ’ապրի այս Պէյրութը իր յեղափոխող էութեամբ, իր անուններով եւ Ֆէյրուզի բառերով արտայայտուած՝ մարդոցմով, որոնք տողեր են` գրուած ջուրէ ու հեղուկէ…
Անվերապահ այս Պէյրութը, այս զարմանալի էութիւնը, որուն գիշերները այնքան խորունկ են ու արեւելեան, որուն ծովը յաւիտենական է, ու ինծի կը թուի որ անոր հորիզոնը աշխարհի լայն հորիզոնն է: Պէյրութը իր բանաստեղծներով ու գրողներով, աշտարակներով ու նկարիչներով, այս կատաղի սէրս՝ Պէյրութը, որուն այնքան փարած եմ նոյնիսկ այն օրերուն, երբ կրակ կը տեղար անոր նեղլիկ ու աննշան թաղերուն վրայ:
Պէյրութը սիրեց իր գրողները, նկարիչներն ու «խենթերը»` հակառակ անոր, որ հայ գրողներէն շատ- շատերը նախընտրեցին հեռանալ անոր ափերէն, հեռացումը քաջութան պէս ծախուեցաւ. անվերադարձ մեկնումը դարձաւ ճարպիկութեան ցուցանիշ, եւ եղան քանի -քանիներ, որ լքեցին իրենց ընկերներն ու հեռացան… Այդպէս եղան Պէյրութցիները. նոյն Պէյրութէն ծնած ու սնած Պէյրութի բնակիչները մոռցան ամէն ինչ ու լքեցին իրենց քաղաքը մահուան ու փոթորիկներուն դիմաց:
Ի վերջոյ, մեզմէ մասնիկ մը կայ այս Պէյրութին մէջ, մեր արիւնով ալ շաղախուած է ան, մեր պատմութեամբ, մեր Կիլիկիայով եւ այն սրածայր գմբէթներով, որոնց վրայ Սուրբ Խաչը ամրացնելու խնդիր չունեցանք եւ ոչ մի օր…
Մեծ ճանապարհներու եւ մեծ ուխտերու սկիզբը եղաւ Պէյրութը, երբ դեռ եօթանասունականներուն անոր արգանդին մէջ աճեցան հայ ազատագրական պայքարի վերջընթեր հանգրուանի մեր ազատորդիները, որոնք առատ գնդակներ տեղացուցին հայ ժողովուրդի վատը ուզող ու հայութեան դահիճը հանդիսացող օսմանցիի յետնորդներուն ճակտին:
Մեծ երազի Պէյրութն էր ան, երբ հայկական թաղերը, ի հեճուկս տեղացող կրակէ մրրիկներուն, մնացին աւելի ապահով ու աւելի անկախ:
Մեծ վէրքերու Պէյրութն էր ատիկա, երբ ամէնէն թէժ պահերուն մեր ժողովուրդի զաւակները խտիր չդրին իրենց լիբանանցի եղբայրներուն միջեւ` մնալով նոյն հեռաւորութեան վրայ. ու այդպէս կարողացան բարի համբաւ շահիլ բոլորին կողմէ անխտիր:
Պէյրութը՝ այս սրբագործումը երկրի վրայ:Անոր քրիստոնեայ աղօթքը կը միախառնուի Իմամի կանչերուն. ու հոս էր, որ մենք սորվեցանք, թէ ինչ ըսել է ապրիլ ու ճանչնալ, տարբերը ու այլկերպ մտածողը: Պէյրութը մնայուն այն խոստովանավայրն է մարդկութեան ու անոր գալիք մեծ արհաւիրքներու առջեւ կիսանդրիի մը պէս կանգած է՝ ըսելու, որ աշխարհը նախ լսելու է իրար…
Կրնայ պատահիլ, որ Պէյրութը վիրաւորուի, կրնայ պատահիլ, որ Պէյրութը տեղահանուի, կրնայ պատահիլ, որ Պէյրութը ցաւերու եւ ճակատագրի հարուածներու տակ կքի. բայց մեծագոյն հաւատքս է, որ ան պիտի տեւէ, պիտի ապրի ու պիտի դառնայ աւելի գեղեցիկ եւ յաւիտենաշունչ, այն պատճառով միայն, որ մարդկութեան գաղափարներուն շուրջ պտըտող, մարդկային խիղճով սնուող ու գոյացող, մարդկային բառով ու ոգիով ապրող եզերք է…
Պէյրութը, անոր ժպիտը պարզուած դրօշակ է:
Պիտի հաւաքել անոր ժպիտները մայթերէն, պիտի ապրիլ անոր խիղճով, սորվիլ անկէ: Պէյրութը ոխերիմ Սիրելիս:
Պէտք է Գուրգուրալ այս Պէյրութիւն, պէտք է միայն սիրել այս Պէյրութը, պէտք է միայն ապրիլ այս Պէյրութով:
Այսօր եւ Յաւիտեան:
sakoarian@hotmail.com

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.