Մարուշ Երամեան | ԱՀԱ՛

1
-Ահա՛ երկիրը ցաւի
եղեր էր որ
յովատակներ ամպերուն դէմ վրնջեն
եւ հովերուն հետ մրցին
անձրեւներն հանդերձ դառնան
կամ արեւը վարագոյր
եղեր էր որ
գիշերներու սահմանները ականուին
ցերեկները չքանան
կամ խօսքերը ծաղիկներու պէս թոռմին
2-երկիրն ահա տանջանքի
գիշերները վերագտան իրենց դերը
անքնութիւնն հսկելու
ցերեկները կը յօրանջեն
խճողումով
եւ երկիրն է անտառաթափ
ու գաղտնաթափ
չընթերցուած չցանկացուած
3-ինչո՞վ չափել տարածքները
ափէ ափ
ինչպէ՞ս վանել ոգիները վախերուն
ճգնութիւնը հալածելու
եւ հասնելու

եւ հասնելու

հաս — նե — լու —
բայց մարմինն այս սահման չունի
ափ չունի
հետեւաբար մոլորեցար

ուրացուեցար

ու վատնեցիր հասունացումը դժուար

4-բայց գիշերը
մոռացումը ետ կը կանչէ
յոգնած բառերուն վրայէն
եւ ցերեկը
կը ջնջէ ձայնը յուշերուն
գրուած մաքուր սաւաններուն
անքնութեան
5-մարմինն ահա մոռացումի
տարածքներով անսահման
-այդ սկիզբն էր —
յետոյ արդէն սահմանափակ
եւ ի վերջոյ
քարտէսներէն ջնջուած
երկիրն ահա մոռացումի
որովհետեւ

ամայացած

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.