Սագօ Արեան | ՍՓԻՒՌՔԻ ՆՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Շահան Շահնուր կը կարդամ: Այսպէս ցաքուցրիւ, ազատօրէն եւ հպարտի պէս: Այն քիչ հեղինակներէն է՝ Շահնուրն, որ զգացնել կուտայ, որ հպրտութեամբ պիտի կարդամ զինք: Շահնուրը քծնիլ չի սիրեր, շիփ- շիտակ բառը սլացքի պէս ու առանց կեղծիքի: Շահնուրը կ’ատէ կեղծիքը: Անոր խօսքը իրաւացի է, հակառակ անոր որ իր անունը արեւեմտահայ մամուլին մէջ շատ չի յիշուիր այսօր, բայց կը մնայ մէկը, որ ունի ըսելիք:

Այսօր կը հաւատամ, որ սփիւռքեան գրականութեան տագնապը ըսելիքի տագնապն է, ու այս տագնապը դամոկլեան սուրի պէս կը ճօճուի մեր գլխուն վրայ: Ամէն անգամ կը խուսափինք խօսելու այս տագնապին մասին, քաղաքին մէջ, սրճարաններու սեղաններուն շուրջ, մայթերուն վրայ մեզմէ իւրաքանչիւրս կը խուսափինք տագնապէն… ըսելիք չունենալու տագնապէն ու այդ պատճառով է, որ կը դառնանք աւելի աւելի ծանծաղ եւ աւելի կուրուսեալ: Տարին հեղ մը կրնանք հաւաքուիլ ու խօսիլ այն բաներուն մասին, որ պէտք չէ գրենք ու կախ գլուխներով կը վերադառնանք մեր տուները, կը վերադառնանք մեր կեանքին ու լռութեան …
Իսկապէս ինչ կը գրենք այսօր, անջատած ենք մեր ուղեղները եւ տրուած կեանքի ամէնօրեայ այնքան յիմար եւ անցողիկ բաներուն. սպաննելու համար մեր օրը, մեր տիւը, վիրաւորելու մեր մաշկը եւ քէննալու մեր եսին հետ:
Գրելը դարձած է պարտէզ մտնելու առիթ ու այդ պարտէզին մէջ մենք կ’ուզենք միայն տիառընդառաջ եւ ծոմապահութիւն տեսնել, կ’ուզենք խօսիլ ճաշկերոյթներու դադարներուն, կ’ուզենք աշխարհին առջեւ նորէն լալով բացատրել, որ մենք ցեղասպանուած շունշանորդիներ ենք, որ մահէն ենք փրկուած ու կը շարունակենք ամէն Կիրակի սուրբ պատարագի երթալ կարդացուած հոգեհանգիստը լսելու, այն վախով, սակայն, որ կարդացուելիք հոգւոցը կրնայ մեր իսկ հոգիին համար ըլլալ…
Մենք գրելու հաւէս չունինք այսօր, ոտքի կ’ելլենք ամէն անգամ որ զգանք որ քաղաքին մէջ նորութիւն մը պիտի կատարուի,- իւրաքանչիւրս իր ապրած քաղաքին մէջ ի հարկէ,- ոտքի կ’ելլենք բողոքելու համար որ ապուրին աղը շատ էր քիչ , երբ նոյնիքն ապուրին պնակը ջարդուած ծայրերով է…. Չկայ ապուրը, եւ մենք կը խօսինք անոր աղի ըլլալուն մասին …
Մեր խնդիրը տեսակի խնդիրն է, մենք այսօր վտանգուած լեզու ունինք, բայց ի՞նչ կ’ընենք այդ լեզուին համար :
Կիրակնօրեայ քարոզները ոչինչ կրնան տալ մեզի, որովհետեւ մեր կեանքը կը դարձնեն աւելի դժուար եւ աւելի անկարելի: Կարծես ելած ենք ոտքի չապրելու համար կամ նոր ձեւով ըսուած՝ չապրելիութեան մը համար:
Կը փորձենք չապրելիութեան վիճակ մը ու մեր ժամացոյցը, յիսուն եւ չեմ գիտեր քանի տարիներէ ի վեր, կապած ենք ապրիլ քսանչորսին:
Կը փորձենք մազոխիզմով փրկել մեր մաշկը. առանց հասկնալու, որ սուգին վէրքը չի կրնար անցնիլ ճաշ պատրաստելու եղանակներ սորվեցնելով:
Մեր ցաւը կ’անցնի մեր ստամոքսէն ու այնքան ատեն որ մենք պիտի չսորվինք ստամոքսը զատորոշել ազգային պարզ խնդիրներէն, պիտի որ մնանք գերին ստոմոքսային ուղեղներու, մեծ օդանաւակայաններու գերին:
Մեր թշմնամին խրատն է, ճառը եւ քարոզը:
Եթէ սորվինք ըլլալ ինքնորոյն ու սորվիլ՝ աշխարհը գրաւել մեր բառով, այն ատեն, աշխարհը կրնայ լսել մեզ:
Այսօր մեզի համար գերխնդիր է զարկ տալ սփիւռքեան գրականութեան.
Գրականութիւն մը, որ ըլլայ անկախ, գրականութիւն մը, որ ըլլայ կեանքային ու իրական, մեր գրողները պէտք է սորվին դիտել իրենց շրջապատը՝ տեսնելու համար, որ կեանքը ուր է …
Զոհրապ կը գրէր՝ «Կեանքը ինչպէս որ է». ահա մենք ատոր կարիքն ունինք այսօր:
Հարիւր ճակատարագրեր, հարիւրէ աւելի ընտանիքներ, վիրաւոր եւ լքուած հասարակութիւն մը, որ ունի հազար ու մի վէրք ահա անոր մասին է որ պէտք է խօսինք այսօր առանց ձեւական լալահառաչներու կամ Տէրզօրեան օրագրութեան մէջ պահուըտելու, այլապէս հաւանական է, որ կորսնցնենք ոչ թէ ընթերցողը այլ պահանջատէր կոչուած ըլլալու մեր տեսակը, ժողովուրդը…
Մեզի համար ժողովուրդի բանալին, ժողովուրդի բառն ըլլալու ճշամարտացիութիւնը կարեւոր հանգանակ է. Ոչ աւելի ոչ պակաս…
Շահնուր իր՝ «Ազատն Կոմիտաս» նշանաւոր յօդուածին սկիզբը դիպուկ դիտարկում մը կ’ընէ: Կը մէջբերեմ՝ «Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայ վերջնական չքացումով: Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած եթէ Հայը արդիւնաւորէ, անգամ մը եւս, իր հանճարին թաքուն ուժերը: Ի՞նչ ենք ի վերջոյ այսօր, մեր գաղթականութեան սա հազար-ինը-հարիւր-երեսուն եւ հինգ թուականին, եթէ ոչ թշուառ եւ խոցոտ բարիաներու թափառականութիւն մը, նշաւակ՝ քաղաքավարական կարեկցութեան եթէ ոչ արհամարհանքի: Ի՞նչ ենք այսօր, եթէ ոչ եղերականօրէն սնանկ, այլ յաւակնոտ այլանդակութիւն մը, որ քարշ կուտայ իր քէներն ու անբուժելի վէրքերը: Ստրուկ՝ որ եղբայրասպան կռիւի մէջ կը հերոսանայ: Երբեմն ո՛չ իսկ այդ»:
Շահնուր լաւ ճանչցած ըլլալով իր միջավայրը, որ այդ օրերուն նոր կը կազմաւորուէր, այս տողերը տուաւ թուղթին: Ան չգրեց միայն սխալները մատնացոյց ընելու համար: Եթէ գրեց ուրեմն տեղ մը հաւատաց: Եթէ գրեց տեղ մը ուրեմն համոզուած էր որ անպայման բան մը պէտք է փոխուի: Շահնուր իր էութեամբ խորունկ հաւատք ունէր իր ազգի արեան վրայ, իր ցեղի ոգիին, իր տեսակին եւ փորձութիւններէ անցած բայց խորխորատներուն մէջ չմեռած ոգեղէն նշխարներուն վրայ: Հաւատք՝թերեւս այն չարխաբանի պատկերին, որ կախուած կը մնար, Փարիզի իր տան մէկ անկիւնը եւ որուն պիտի դիմէր ամէն փորձութիւնէ ետք…
Հասկցուեցա՞ւ Շահնուր… մարդիկ ու ազգայիններ փորձեցի՞ն լսել իր ձայնը, մտնել իր ոգիին խորքերը եւ հոն նստած դարերու վէրքերուն վրայ աճող լոյսի ռեհանով սրբուիլ …
Ո՛չ. վստահաբար, ո՛չ:
Շահնուր մնաց մեր պատմութեան լուսանցքին. մնաց որպէս կարմիր գիծէն յառաջացող ձայն, մնաց որպէս ահազանգը լսելի դարձնող մտածող:
Մնացեալը գիտէք: Այսօր եւս նոյնն է տագնապը, այսօր եւս նոյնն է թողլքումը եւ սփիւռքը իր կարկտանային իրավիճակին մէջ, մահ ու կենաց ամէնօրեայ մաքառումներուն մէջ, չունի հաւատքը մտաւորական այն ձայներուն հանդէպ, որոնք կարող են նոր ուղղութիւն տալ իր հարիւրամեայ ընթացքին…
Ամէնուրէք պարահանդէսային իրավիճակ, մրցավազք յիմար ու թերխաշ բաներու, միտքի պակաս եւ ոգեղէն գիջութիւն: Իրավիճակները նոյնն են: Շահնուրի տուած գնահատականները այսօր եւս կը մնան անգերազանցելի:
Անունները կրնան փոխուիլ օր մը, բայց իրականութիւնը դառն է եւ մեր կեանքը լեղի:
Անոր համար է որ այսօր, գէթ այսօր, պէտք է նոր ուղղութիւն տալ Սփիւռքի գրականութեան. Որովհետեւ միով բանիւ մենք կարիքն ունինք այնպիսի գրողներու, որոնք պիտի լալահառաչութիւնը ընդահանրապէս մոռնան ու նետուին կեանքի, անոնց գիրն ըլլայ դիպուկ, բառը էական եւ ամէնէն կարեւորը՝ խօսին մեր կեանքէն, մեր այսօրէն, մեր մաքառումներէն ու մեր ճակատումներէն …
Այլապէս կրնայ մեռնիլ մեր գիրը, այլապէս արեւտահայոց լեզուն կրնայ պարպուիլ ու մենք Սփիւռքի մէջ պիտի դառնանք, անգլուխ եւ անմիտք, այլապէս մենք կը վերածուինք կիսահայերէն խօսող, կիսամեռ եւ անդիմագիծ մարդոց փաղանգի…
Մարդիկ, որոնց կեցութիւնը, կեանքն ու լեզուն գողցուած են եւ մշակոյթը բռնաբարուած, լեզուն անկեալ եւ ոգին պղտորեալ …
Սփիւռքեան նոր գրականութիւն այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ:

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.