Նորա Պարութճեան | ՀԱՍՆՈՒՄ

Zemanta Related Posts Thumbnail

 

 

 

 

 

 

 

Ինքնաբուխ չէ։ Կը բխի։

Կը բխի իր ծնունդէն իսկ առաջ իր մէջ թափուող, բարձրացող, լրացող եւ իրմո՜վ  անհամբերացող պայթումով։

Ինքնաբխում չէ, ո՜չ, որ պահու խանդավառութիւն նետես վրան ցեխի պէս, դատապարտելով անմաքրութեան մէջ, այս անգամ ալ անըմբռնելիութեան մեղադրանքով ճզմելու։

Ո՞ր պայթիւնը սխալն ու ճիշդը դէմ հանդիման կը հանէ։

Ճշմարտութիւնը ճնշումին մէջն է։

Խտացածը մէկէն կը լայննայ … պրկուածը մէկէն կը քակուի … անյուսութիւնը կը յաղթանակէ վախին եւ կը շիկանայ քաջութենէն, կը պլպլայ բարկութենէն, կը փայլփլի մարդկութենէն, քանի որ կորսնցնելիք չունի այլեւս։ Վերջին անգամ մը ինքզինքը հաւնիլ կը ջանայ ու կտոր մը հպարտութենէ բռնուած յորձանքին մէջ կը նետուի։ Ու կը յաջողի քալել։ Քալեցնել։ Յորձանքը իր նմաններուն բոցով կը բռնկի։ Կը լափուի։

Կայ տրամաբանութիւն մը, որ մտածումէ վեր է։ Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս որակել զայն, բայց այն է, որ իրեն կ’ենթարկէ մտածումը։ Մտածումը կը բացատրէ զա՜յն,  ու կը փորձէ հաշտուիլ անոր հետ, հասնումի՜ ի խնդիր։

Մտածումը պէ՜տք է գայ։ Կու գայ։ Մարմինը շուտով կ’ընդլայնի պոռթկումին տրամաբանութիւնը  մտածումին հանդիպեցնելու։  Մինչ այդ, թոյլ տուէք, որ մեր թոքերը վարժուին անշնչութենէ ազատ շնչառութեան անցումին։ Անսովոր են մեր թոքերը ուռելու, ուր որ է պիտի խենթանան, կարծես մէկէն պիտի կլլեն, խեղդուելու չափ պիտի կլլեն իրենց ձեռքէն խուսափած բոլոր թթուածին իրաւունքները նորաբաց ծակտիկներու։

Ու այս բոցին մէջ՝  երկնէր երկին, երկնէր երկիր, երկնէր եւ …ու կը  ծնի, կը ծնի, յոյսը կը ծնի, այդ որ չկար, չկա՜ր, կը ծնի։ Ամուլ ծնողքի բողո՜քը առ ճակատագիր։  Կ’այրին ճակատները։ Մէկէն կը հրճուինք բոցավառ։ Զարհուրանք,  կասկած,  զգուշութիւն կը վիժին շառագոյնէն։  Չբերը կը ծնի, սերմը դեռ կենդանի է ուրեմն։

Ճչա՜ մանուկ։  Ըմբռնենք, որ կաս. եղար. եկար։

Կանայք, որ մինչեւ երէկ դեռ պատանք կը կարէին, այսօր վարդավառեան  բացսրտութեամբ խանձարուրդ կը հիւսեն։ Կաթնաղբիւր պարարտ ծիծերը քեզի կը նուիրաբերեն։  Ո՞վ կրնայ չափել անոնց արգանդին խինդը։

Այսօր, հարիւր երեք տարի ետք, ճչան, անյագ, հրակն, օրօրոցը բոլոր իրենիններուն սրտերուն մէջ լարած Ծուռի թոռ մը ունինք մեր նահատակներուն ներկայացնելիք։ Անոր անունն է ԱՊՐԻԼ 2018

 

Նորա Պարութճեան

24 Ապրիլ 2018

 

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.