Մարուշ Երամեան | ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

MM12

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ինչպէ՛ս կ’անցնէր այդ օրը, չեմ յիշեր. Ի՛մ տանս մէջ, մանաւանդ երբ կաղանդի հաւաքոյթը մեր քով կ’ըլլար, յաջորդ առաւօտը երջանկութիւն կը բուրէր՝ տունը տաք եւ տեսակ-տեսակ բարիքներով լեցուն, զաւակներս գոհ, ամուսինս երբեմն գոհ, երբեմն ոչ, բայց դեռ խորունկ քունի մէջ, ես միայն արթուն:
Ննջարանէն նստասենեակ կու գայի այն սպասումով, որ պատուհանէն դուրս ձիւն պիտի տեսնեմ. Խաբկանք մըն էր, որ կ’արթննար այն ճեփ-ճերմակ լոյսէն, որ յատուկ է կաղանդներու առաւօտին. Կը մօտենայի պատուհանին, հաւատալով որ ձիւնածածկ պիտի տեսնեմ ամէն կողմ. Յաճախ ձիւն չէր ըլլար – Հալէպը ո՜ւր, ձիւնը ուր, թէեւ եղած են հազուադէպ տարիներ, երբ ձիւներ է քաղաքին վրայ:
Սկիզբի մէկ անգամը յուսախաբութիւնը կը սպառնար սրբիչի պէս սրբել երէկուան գծուած ուրախութիւնը: Յետոյ անդրադարձայ, որ երբ ճերմակը կայ, ձիւնը այնքան ալ էական չի դառնար. ճերմակը, խաղաղութիւնը, անդորրը մի՛շտ կային այդ առաւօտներուն, այնքան խիտ կերպով կային, որ կը հաւատայի մարդերուն էութենական բարութեան, կը հաւատայի որ եկող տարին մարդիկ ա՛լ պիտի դադրին իրարու դիտումնաւոր կերպով ցաւ պատճառելէ եւ պիտի իրականանայ կաղանդի հէքեաթը: Այսքանը բաւարար էր Տարուան առաջին օրը:

Ծնողքիս տունը որ տարին սկսէր ձիւնի ճերմակութեամբ, անոր բերած անդորրով եւ գալիքին հաւատքով:
Այս չէ՞ կաղանդին իմաստը:
Այսօր եւս արթնցած եմ կաղանդի առաւօտեան նոյն ճերմակ երջանկութեամբ, հաւատալով որ կեանքը, հակառակ ամէն բանի, գեղեցիկ է:

 

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.