Նորա Պարութճեան | ՀԵՏՍ ԵԿՈՒՐ ՔՐԻՍՏՈՍ

Հետս եկուր, Քրիստոս,

ես քեզ տանիմ հեթանոսին երկիրը.
մենք՝ քով քովի,
իրար հպող բազուկներով զօրացած,
ոտաբոպիկ անսանձ
քալենք կամաց
հողին վրայ խոտին վրայ
մանուկ թաց,
զոր ատենին դուն շինեցիր եւ զոր հիմա մոռցած ես.
ու ինքզինքդ առանձնացած կը կարծես։
Հետս եկուր,
որ հասկնաս թէ ինչու
հորիզոնին, հողին համար,
հօրս տնկած սօսի ծառի արմատին,
կողքէն հոսող ջուրի գաղտնի գլգլոցին,
տերեւներու անխօս թաքուն սօսափիւնին
մօտ ըլլալու, անոնց կողմէն ընդունուելու,
անոնց պէս եւ անոնցմէ ըլլալու
հոգի կու տամ։
Հետս եկուր, Քրիստոս,
որ ինծի պէս եւ որ ինծի նայելով
դուն ալ ոտքիդ մատները թաղես
գետեզրի զով հաճոյքին մէջ,
կամաց կամաց ուզես սուզուիլ դէպի վար,
ներծծուիլ դէպի յատակ
ու վերերուդ դատարկութիւնը զգաս։
Հետս եկուր, Քրիստոս,
ես քեզ տանիմ հեթանոսին երկիրը,
ուր քարերը կը շնչեն
եւ պէտք չունին
աղաղակելու համար
պայթելու չափ ուռելու,
ուր՝ յաղթելու համար
ճշմարտութիւնը
պէտք չունի կռուելու,
հեթանոսին երկրին մէջ
ժամանակը քու ըսածդ չէ, Քրիստոս,
եկուր հետս,
որ թօթափես կեղծիքդ,
զոր պատմեցիր
ինծի նման պարպուածը
լեցնելու։
Ես կը խնդրեմ
որ դուն մտնես հեթանոսի երկիրս,
ուր ներբանս կարօտախտէն կը բուժուի,
ուր այլեւս արցունքոտած աղօթքի տեղ
բաւարարուած մարմինը
կ’ազատագրէ ձա՜յն, ու
դարերով պրկուած ոսկորներէն
խտացած պարը կ’ընդլայնէ։
Հետս եկուր, Քրիստոս,
ժամանակը փոխուած է.
հետս մնա՜,
դուն ապրելու պէտք ունիս,
խօսքիս պէս,
որ կռիւի պէտք չունի
քանի՝
ճշմարտութիւն անգամ չէ։

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.