Քրիստինա Տէր Ստեփանեան | ՀԱԼԷՊԸ ԵՐԷԿ ԵՎ ԱՅՍՕՐ

Քրիստինա Տէր Ստեփանեան

Քրիստինա Տէր Ստեփանեան

Գարնան գեղեցիկ օրերուն էր, երբ Սուրիոյ նահանգներուն վրայ պտտող սարսափելի մրրիկը պատեց նաեւ Հալէպը: Հրաբուխի մը նման իր կրակն ու իր բոցը տարածեց: Ուստի մեր ժողովուրդին կեանքը խոշոր գալարումներով այլայլեց կսկծալիօրէն: Ճակատագրակա՞ն է ամէն փորձանք ու ամէն աղէտ: Ճակատագի՞ր կը կոչուի, երբ բազմաթիւ հայեր գնդակահարուելով կը նահատակուին անակնկալօրէն:
Իսկապէ՞ս անխուսափելի է ճակատագիրը, իսկապէ՞ս մեր քայլերը մեզմէ զատ որոշող ուժ մը կայ: Իզո’ւր են բոլոր հարցումներն ու դժգոհութիւնները, երբ իմ երազային Հալէպ քաղաքը չեն վերադարձներ: Իմ հրաշագե՜ղ քաղաքը նշանաւոր իր բարեկիրթ ու ազնիւ ժողովուրդով, երջանկութեան ու խաղաղութեան խորհրդանիշ, որ ներկայիս, այս տաժանելի օրերուն տառապանքի մղձաւանջ մը կ’ապրի:
Մութ են թաղերը, մութ են տուները, գուցէ նաեւ՝ մտքերն ու հոգիները: Բոլոր փողոցները լեցուած են ուտելիքի եւ փայտի վաճառականներով, կը չարչարուին մարդիկ, գտնելու համար հացը, խմելիք ջուրը ու ապահով կացարան: Թախծոտ են դէմքեր, անձայն ու անմռունչ են երեկոյեան փողոցները: Կը փախին մարդիկ ռումբերէն , զէնքերէն եւ կործանիչ օդանաւերէն: Կը գլտորին՝ ճամբան իրենց վազքի ընթացքին կ’իյնան ծերերը, ոմանք կը հիւանդանան, ու կը գոցուին խանութները: Շատեր տունէ-տուն կը փոխադրուին եւ օրն ի բուն կը սպասեն դողահար դէմքով վերջը այս քաոսին: Փաստօրէն մթնշաղի անուրջ մը կ’ապրինք, կ’ապրինք այս կեանքը, այս գժութիւնը գիտնալով հարդերձ, թէ ասի մերը չէ ու կը թուի թէ մերը՝ անդառնալի է: Նոյնպէս, անհամ կը թուին բոլոր ուտելիքները, մեր կոկորդներուն մէջ սառած է անանուն կսկիծ մը, որ հետզհետէ կը բարձրանայ ու կը խանգարէ մեզ՝ թողելով կիսաբաց պատուհանի մը առջեւ սպասելու առաւօտը, որ գայ ու պարգեւէ մեզի արդարութեան ու խաղաղութեան լոյսը: Քանդուած շէնքերն ու վնասուած ստացուածքները կ’ենթարկեն մեզ յուսահատութեան եւ նոյնիսկ լալու: Ի մտի ունենանք նաեւ, որ այս բոլորով հանդերձ, մեր մէջ արմատացած է պայքարելու զգացումը, անդրադարձանք ելեկտրականութեան ու ջուրին արժէքին: Թող կարգ մը մարդիկ եղածը պատրուակեն ու կոչեն «Յեղափոխութիւն» կամ «Ազատութիւն», բայց մենք կ’ուզենք որ եղբայրասպանութիւնը չշարնակուի: Արդարեւ, արդարութեան ու իրաւունքին ձայնը պիտի չլռէ ու պիտի փակուին բոլոր հաշիւները:
Թող շարունակեն ձայները, թող սարսռան ծառերը, բայց ես կը հաւատամ թէ մենք որպէս հայ ժողովուրդ, պիտի տոկանք, պայքարինք ու պիտի լեցնենք կրկին փողոցները ժպիտներով ու խաղաղութեամբ: Պիտի երգենք միասնաբար ուրախութեան ու յաղթանակի երգը, խանդավառօրէն պիտի բաբախեն մեր սրտերը, պիտի վերակառուցենք ամբողջ երկիրը, վերստին պիտի կառուցենք բոլոր շէնքերը: Ունայն պիտի մնան բոլոր փորձերը, որոնք կ’ակնկալեն յափշտակել մարդոցմէ խաղաղ կյանքն ու արդարութիւնը: Յարատեւօրէն պիտի շարունակենք Սուրիոյ Հանրապետութեան կողքին կենալ, խորապէս հաւատալով որ սեւ ամպերը պիտի փարատին եւ խաղաղութեան աղավնին անարգել պիտի վերստին թռչի անամպ երկնքին…

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի