Սագօ Արեան | ՈՂՋ ԼԵՐ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ

Իջիր աստիճաններէն,
Վար ու կամաց
Պիտի բռնես լոյսի թելէն
Ու տանիս հետդ յիշողութիւններդ.
Բարակ թել մը կը կապէ քեզ
Անցեալիդ։
Պիտի իջնես խորունկիդ մէջ,
Ըսես լեարդին, որ հանէ թոյները քեզմէ,
Որ մաքրէ քեզ,
Ապահովէ թռիչքդ…
Փրկէ աշխարհդ եւ
Արտօնէ որ թռչիս…
Խմբագիրները պիտի չհասկնան թռչելու ժամանակը
Եւ ամբաստանգիրներ պիտի փակցնեն
Այն թաղամիս ճակատին, ուր ապրեցար
Եւ ուր ապրեցաւ յոյսը քեզմէ առաջ։
Գաղափարը ողջ է դեռ,
Մահմուտ Տարուի՛շ,
Հայկական թերթերը ոչ իսկ տող մը գրեցին քու մասիդ .
Մեռած օրդ
Տղաս մեր պատշգամբը
Պայթուցիկներ արձակեց յիշատակդ ապրեցնելու համար։
Այդ օր
Երկինքը լաց չեղաւ,
Տխուր էին աչքերը բոլոր արաբներուն,
Արիւն եւ մահ չէր հոտեր Կազան,
Եւ երկիրդ
Որ երազ էր միայն… խոնարհեցաւ,
Մտար յաղթանակի ձեռքերուն վրայ։
Կը պատուեն քեզ
Ձեռքիդ ձիթենի, եւ մահդ հին ու փառաւոր…
Մահդ որուն կիսանդրին հինէն փշրեցիր,
Որուն դէմ գրեցիր ու ապրեցար
Եւ ձիթենին որ աչքերէդ զերթ ծառ
Խոնարհ ու սուրբ աճեցաւ, բարեկամս…
Ըսիր ծառին՝ հպատակ եղիր,
Ու բնակեցաւ մէջդ
Հաստաբուն, վաւերական բառին ըսիր՝
Աղօթք դարձիր մօրս համար,
Ու դարձաւ,
Երգերդ ափէ ափ մագլցեցան …
Բառերդ ասուպներ, բարեկամս ու դուն յաղթական մտար
Քաղաքդ վիրաւոր եւ անօթի.
Անօթի քու սրբութեանդ.
Եւ կարօտ քու անունիդ։
Այլեւս մահուան մասին մի խօսիր,
Ես չեմ գիտեր,
Որ հայ բանաստեղծները ի՞նչ կը խորհին քու մասին.
Կ՚ըսե՞ն արդեօք որ մեզմէ մասնիկ մը մեռաւ։
Սա յիմար սփիւռքի պորտին նստած գրողները,
Որ անպատկառ քէֆէրու մէջ ջնջուած են, չկան,
Ի՞նչ պիտի ըսեն քու մասիդ…
Աչքերուդ ուղեծիրն վրայ
Կայ Պաղեստին արիւնը,
Կայ Կանան,
Կայ մասունք մը մեզմէ,
Կայ հաւատքը բառին
Եւ նախանձը կայ,
Բանաստեղծութիւնը ամէն օր պատէ պատ զարնողներուն .
Որոնք պիտի լռեն,
Լռեր են արդէն,
Մեռեալ են նոքա…

Դուն Րամալլա կը մտնես
Հոգիդ քեզմէ առաջ կը ճամբորդէ ու կ՚անցնի Թալլէթ Զաաթարէն.
Կը բարեւես Անդրանիկ քեռայրիս,
Ու սիգարէթ կը հրամցնես անոր.
Կը թեւածես Եունեսքոյի վրայէն,
Կը հարցնես Սարգիս Շահապեանին մասին,
Որ հիմա «Վըրճըն մէկա սթոր» սի դի կը ծախէ։
Իմ մասիս ոչ մէկ տող,
Ապրեխատ Մահմուտ,
Հին անճանաչ ընկեր,
Հին մոռացկոտ ընկեր,
Ձայն կը հանես մացառներէն,
Փշոտ ամայի վայրերէն…
Դուն մինչ Րամալլլա կը մտնես,
Մենք, մեր գրողները
Զիպիլի մեծ տոպրակներու մէջ կը թխմենք
Ու սանկ լաւ մը կը փակենք որ գլուխները դուրս չմնան…
Հապա թէ մնան
Կրնան աղմկել…
Դուն Րամալլլա կը մտնես
Մինչ Վահէ Օշականը, Պետիկը, ծօ միւսը Սարաֆեանը,
Բոլորը զիպիլի նայլոններու մէջ փակուած կը մնան
Սփիւռքի փուչ ոստաններուն մէջ…
Դուն յաղթող իբրեւ,
Մեծ վճիռին սեղանին առջեւ ….
Ապրելու քաղաքիդ ջուրով
Ձիթենին ձեռքիդ,
Վարդ ու ձիթենի,
Որպէսզի մեծնայ,
Որպէսզի աճի քեզմէ դուրս …
Ծառդ,
Ու աչքերդ չմնան շուար
Կարօտ սիրոյ։
Այդ բառը
Այսահար, խենթ ու կատաղի..
Նման փետրուարի անձրեւին։
Ըսէ բարեկամս. ի՞նչ կայ հոգիէն վեր,
Պատմէ Երուսաղէմիդ մասին…
Պատմէ…

 

2 comments

    • Hrant Alexanian on 24 Հոկտեմբերի, 2008 at 2:04 ե.
    • Reply

    Saqo, vokhjuyn, bolor qertvastnerd kardum em ushadir,gird bavakan ankekhts u gekharvestakan e dardzel.
    Mnatsatse heto.
    Ardzaganqir im hastseov.
    H. Alexanain

    • Maroush Yeramian on 7 Նոյեմբերի, 2008 at 2:33 ե.
    • Reply

    Sako sireli,
    shad lav e ays panasdeghdzoutiount, nayev shurchabadi hed mervelou, mer abradz yergrin kone mshagouytin yev kraganoutian antratarnalou, medz panasdeghdzi mu mahvan archev andarper chimnalou desagedneren.
    Kricht talar.

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.