Մեսրոպը թաղեցինք այս տարի…
քանի որ ականը կոյր
փշրապակի խոթեց անոր կողին
թաղէն անցած ատեն —
գինի լացաւ գետնին վրայ
գինեվաճառին փեղկն ուռած
պայթումէն — սուտի պէս –
Մեսրոպը թաղեցինք այս տարի
սուտի պէս
Փիլաւճեանը երբ տուն հասաւ
քարացաւ — քար չկար քարի վրայ —
թէ կար միայն յուշը տան —
գետինն էր լուսանկարն ընտանեկան
ու ոտնակոխ «Մարաշի գործ»ը մայրիկին —
տան դիմացի աւազանին մէջ
քար կար ջուրի փոխարէն – սուտի պէս –
երբ որ Փիլաւճեանը տուն հասաւ
սուտի պէս
Առեւանգուածն իմացաւ շուտով
որ մինչդեռ իր կեանքը կ’արժէր
մէկ միլիոն միայն — բայց ինչո՞ւ մէկ
հապա քանի՞ — թող ըլլար երկու
բայց ի՞նչ երկու – երեք միլիոն ըսին
ու կեանքի նժարին վրայ խայտաց
երեք քիլօ ազատութիւն – սուտի պէս —
Պալմանուկեանն իմացաւ շուտով
սուտի պէս
Թէեւ արիւնը գինի եղաւ առանց հրաշքի
թէեւ տուները պայուսակներու մէջ չեն բաւեր
ու միլիոնին մէջ զերօներ կան մեծ մասամբ
այս տարի Կաղանդ Պապան Հալէպ եկաւ
սուտի պէս
Վերջին մեկնաբանություններ