Մարուշ Գազանճեան- Երամեան | ՓԱՌԱՆՁԵՄ

Ա.

էջին կամ սաւանին սպիտակը կը խուժէ
անխուժելի տարածքներ,
եւ կը հրէ մտնելու, բանալու, պատռելու
ահագնութեամբ, հեշտանքով,
կը տարածուի ըլլալու սպիտակը անապատին,
որ սկիզբէն իսկ չկար,
բայց որ կառուցուեցաւ հատիկ-հատիկ
աւազներով գունաւոր, խոցող ու խոցելի։
Հեւասպառ հեռացար հասնելու համար
մինչեւ տարածքը այս
լսուած, ցանկացուած, անպատկերելի.
ցաւն էր որ անուն չունէր,
եւ ձեւ չունէր անշուշտ,
որ լեցուեցաւ մէջդ ինչպէս հեղուկ անգոյն,
առաւ ձեւը մարմնիդ,
գոյնը,
եւ անկէ առաջ գունաթափումը բոլորին։
Հասար հեւասպառ.
բայց արդէն սպիտակը չկար,
աքսորուեր էր հողերու վրայ,
որոնց անունը չէիր գիտեր
(դպրատուները մեզի համար չէին եւ ոչ իսկ
մատեանները։ Միայն շղարշներն էին թոյլատրելի,
ծածկելու համար աճող ամօթը։ Բայց մենք, կը յիշե՞ս,
տարածեցինք զանոնք ջուրերու վրայ թանձր,
եւ սերմ որսացինք առատ-առատ,
ուռկանին մէջ ամօթանքին)։
Բայց գացիր համրօրէն փնտռելու.
ի վերջոյ ճամբաները խօսքի կարիք չունին,
կը քակուին ինքնաբեր ինչպէս թռիչքը,
ինչպէս վատ խօսքը, ինչպէս հովը…
Թագերուն տակ ականակուռ ի՞նչ գտար
ճաղատի ամօթանքէն անդին։
Բ.
Երբեք չսորվեցար հպարտութիւնդ
հովուական ու առոյգ,
շղթայել առաջնահերթութիւններուդ ետեւի բակը,
գոցել դռները (հաչոցը շատ սրտնեղիչ է)
եւ երթալ աշխատանքի
ամէն գիշեր ժամը տասն անց քսան ցաւ,
սաւաններուն թօշնածութեանը մէջ
առօրեական փոքրիկ յաղթանակներ տօնելու։
Ինչպե՞ս կրցար անխաթար պահել նախատիպարդ
աղջնակ մը շքեղ, իր գալիք կարելիութիւններով,
շիկնելու անսպառ ունակութեամբ
եւ ամէն անհաւանականի հաւատքով։
Նոյնիսկ հողը, անոր հաւատքն ու սրբութիւնը,
հակառակ տաս տարուայ բոզացումին,
կոյս մնացին մէջդ, այսինքն
դեռ ապրող աղջնակին հոգիին մէջ։
Քնացեր էր.
իսկ համբոյրը շատ կ՛ուշանար,
թէեւ վաղուց կային քայլեր մօտեցող,
եւ կար անունը անոր…
Գ.
Քղանցքները հաւաքեց
Իջաւ, խառնուեցաւ բազմութիւններուն,
անհետացա՞ւ։
Մանրացաւ։
Նայուածքը զարնուեցաւ շէնքերուն,
արիւնեցաւ լոյսերէն, թափեցաւ վար, ցեխերուն։
Հրավառութիւն, այնքան պայծառ էր
փշրուող նայուածքը։
Քայլերը տարին ոչմէկտեղ։
Մոռցաւ տարածքներու իրողութիւնը,
ցանկայարոյց անծանօթը անտառներուն։
Մեծագոյնը մոռացումն էր, անգիտութիւնը
անոր՝ լռութեան բարբառին։
Տառ առ տառ կը հեգէր աղմուկը,
խօսելու ոչինչի լեզուն։
Թագին հետ
մոռցաւ գլխագիրը անունին։
Դ.
Ինչո՞ւ վերադառնալ եւ հետքեր փնտռել
կեանքէդ վերջ եւ առաջ,
փնտռել ցաւերդ հաւանական
ցանցած զիս եւս
քեզմէ դարեր եւ ակնթարթ մը ետք։
Զուգահեռներով ետ գալ
կենալ ննջարանիդ փակ դռներուն առջեւ
արքաներէն եւ իշխաններէն աւելի առաջ
եւ փնտռել ցաւերը փառքերուն մէջ։
Ներս գալ գաղտնուղիներով արգանդի եւ ուղեղի
գտնելու համար էութիւն մը սրսփուն
տատամսումի աղեղներով պրկուած,
երկար պահ մը, երկար, ծանր
(կեանքի՞ն պէս)
վերադառնալ,
ու բերել քեզ
լեռնաշխարհէդ անապատ
Ե.
Ինչպես դուն մինչեւ Արտագերս դաւադրութիւններու
թաւշապատ կածաններէն որոգայթներ նուաճելով,
այսօր ես
նոյնքան թաւշապատ ու դաւադիր օրերու մէջ,
ոչ իսկ մինչեւ Արտագերս։
Օրագիրիդ մէջ թագնուած,
պատմութեան մը խիտ տողերուն տակ պահուած
լռութիւններու ծածկագիրերը կը փորձեմ քակել,
քեզ ընթերցել,
կեանքս ապրիլ։
Մի՛ կենար պատուհանէս անդին,
հեռուէն չէ որ պիտի դիտես տուայտանքս
ժամանակին խորքը տեղ մը առկախուած։
Եկո՚ւր վերանայինք մեր կեանքը.
ափսոսանքն ալ,
ուրախութեան եւ ցաւին պէս,
պէտք է միասին ապրիլ։

 

1 comment

    • Shakeh on 14 Մայիսի, 2008 at 11:08 ե.
    • Reply

    Shnorhakalootioon.

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.