Սարգիս Վահագն | ՄԻՒՍԸ

— Ա —

Ո՞վ եմ ես:
Ես ե ՞ս եմ, թէ ուրիշ մը: Գուցէ այն մի՞ւսը…
Ո՞վ պիտի որոշէ ու վճռէ: Անշուշտ՝ ո՛չ ես: Երբ ե՛ս ըլլամ որոշողը, վստահ եմ, բոլորդ զիս խենթի տեղ պիտի դնէք: Բայց, Աստուած վկայ, խելքս գլուխս է եւ պայծառ մտքով է որ կը կրկնեմ հարցումս.- Խնդրե՜մ, ըսէք՝ ո՞վ եմ: Ես ե՞ս եմ, թէ ուրիշ մը:
Անպայման այն մի՞ւսը…
— Բ —
Երկար ժամանակ որեւէ կասկած չունէի ինքնութեանս մասին: Հարկ կա՞յ պնդելու, թէ բոլորիդ ծանօթ Սամսոն Առաքելեանն եմ, երեսուն տարեկան, ամուրի, անգործ եւ ամէն մեղքիս վրայ՝ ինքզինքին նկարիչի ալ հովեր տուած: Կարճ խօսքով, վրիպած անձ մը, որ անբան, անհոգ նստած, հօրը ժառանգ թողուցած տոլարները կը վատնէ: Անշուշտ, այս շատերուն կարծիքն է: Բայց հոգս չէ ուրիշներուն կարծիքը: Կը բաւէ որ ես գոհ եմ կեանքէս եւ որեւէ մէկուն համարատու չեմ: Ես ինծի համար կ՛ապրիմ սիրած քաղաքիս, Նիւ Եորքին մէջ, այո’, ինչու չէ, ծախսելով, եւ ոչ թէ վատնելով, հօրմէս մնացած ժառանգը: Պարզ ու անշուք է կեանքս. մսխում եւ շռայլանք չեմ սիրեր եւ նիւթական վայելքներուն ալ կարեւորութիւն չեմ ընծայեր: Կը հագուիմ ինչպէս որ պատահի եւ մազերս ալ ամիսներով սափրիչի մկրատ չեն տեսներ: Ամբողջ օրը կրնամ գոհանալ շերտ մը պանիր հացով: Միայն սուրճն ու ծխախոտը անպակաս ըլլան եւ գիշերն ալ գաւաթ մը սքոչ ունենամ: Ուրիշ բան չեմ ուզեր: Ուրիշ ի՞նչ մնաց որ, պիտի անշուշտ քմծիծաղիք. մնաց գլխաւո՛րը՝ նկարչութի՛ւնը: Ես անով կ՛ապրիմ, անով կը շնչեմ: Առանց նկարչութեան ես ոչինչ եմ:
Այս բոլորով, վախնամ ոմանք երանի տան ինծի, առանց գիտնալու, որ գոյնի եւ գիծի այս յափշտակութիւնս սուղի նստաւ վրաս: Նախ, դժբախտացուց հայրս. խեղճը աչքերը բաց գնաց: Յանցանքը իմս չէր սակայն. հին գլուխ մարդ էր, երկրացի մնացած հայ, այն ալ՝ բնիկ Ակն քաղաքէն: Այնպէս որ զիս հասկնալ բնաւ չկրցաւ: Թէեւ նիւթապաշտ մը չէր: Ընդհակառակը, ուրախ պահերուն, երկրէն բերած հայրէնները կ՛երգէր, բաժանորդագրուեր էր հայերէն բոլոր թերթերուն, կը յուզուէր երկրի հին-հին յուշերըվ եւ ամէն Կիրակի, օրինակելի բարեպաշտութեամբ եկեղեցի կ՛երթար: Բայց գորգի վաճառական էր, դրամին արժէքը գիտէր: Մեր բախումը սակայն դրամի համար չէր, այլ՝ արժանապատւութեան: Տարօրինակ մարդ էր. մեծութեան, փառք ու պատիւի արտառոց ըմբռնումներ ունէր: Օրինակ, հակառակ բնիկ ակնցի ըլլալուն, համոզուած կը պնդէր, թէ ինք սերած էր Անի քաղաքի Պահլաւունեաց իշխանական մեծանուն տոհմէն: Ուստի կը պահանջէր որ արժանի ըլլամ այդ ժառանգութեան: Իրեն համար այդ կը նշանակէր բարձր ուսում ստանալ, համալսարան յաճախելով փաստաբան դառնալ: Ըստ իրեն, դիրք ու պատիւի հասնելու լաւագոյն ուղին այդ էր: -«Օրէնքը այս երկրին մեծագոյն ոյժն է», -կը կրկնէր ան: -«եթէ ես անգլերէն գիտնայի եւ գիտակ ըլլայի այդ օրէնքներուն, շատոնց միլիոնատէր կը դառնայի Ֆորտին կամ Ռաքֆելըրներուն նման:»
Ո՞վ գիտէ, գուցէ իրաւացի էր: Բայց հարցը այն էր, որ ես չէի սիրեր փաստաբանութիւնը: Կ՛ատէի օրէնք ու կաշկանդում: Եւ խօսքը մէջերնիս, ուսումի ալ գլուխ չունէի: Ինծի համար միայն նկարչութիւնը կար: Ուստի երբ լքեցի գալէճի ուսումս, ան զայրացաւ, օրերով քէն պահեց հետս: Վախցայ նոյնիսկ որ տունէն վտարէր զիս: Բայց մայրս պաշտպան կանգնեցաւ ինծի:
-Բան մը սիրելով կ՛ըլլայ, ա’յ մարդ. ի՞նչ է չոճուխիս վրայ ինկեր ես. ապուքարտ չեղաւ, թող ուզած նկարիչը դառնայ,- վճռեց ան: Ու հայրս նահանջեց: Մայրս սրբութիւն էր իրեն համար. չէ՞ որ Ակնի մեծ աղային աղջիկն էր ան:
Ու այսպէս, դարձայ նկարիչ: Պիտի ըսէք՝ ուրկի՞ց այս սէրն ու շնորհքը: Պարզ է, մօրմէ’ս: Ան, իր ազատ ժամերուն Ակնի նուրբ ասեղնագործութիւն կը գործէր: Ընտիր մետաքսի վրայ, մանրիկ, խատուտիկ թռչուններ, գոյնզգոյն ծաղիկներ եւ զուարթուններ կը ծաղկէր: Անոնցմով կը զարդարէր մեր բարձերուն երեսները, սեղանի ծածկոցներն ու վարագոյրները: Աչքերս բացեր, գոյներու եւ գիծերու այդ կախարդանքը տեսեր եմ: Երբեմն սակայն, կը տարակուսիմ այս պարզեցուած բացատրականին: Կը խորհիմ, թէ միջավայրն ու մթնոլորտը առանձինն չեն կրնար անձը նկարիչ դարձնել: Առ առաւելն, անոնք կրնան նպաստել ձիրքի ձեւաւորման ու զարգացումին, եթէ առկայ է այդ ձիրքը: Իսկ իմ պարագայիս, միշտ ունեցեր եմ այն զգացողութիւնը, թէ ի ծնէ ունեցեր եմ նկարելու այդ յատկութիւնը: Հազիւ ոտքի ելած, գդալ-պատառաքաղ բռնել չսորված, սկսեր եմ մատիտ բռնել եւ մեր տան պատերը գծազարդեր ու նախշեր: Իսկ տասը տարեկանիս, փորձեր եմ վիշապներ, եղնիկներ եւ ձիեր գծել:
— Տղա’յ, ո՞ւր տեսեր ես այս անասունները,- զարմացեր էր մայրս:
Տարիներ ետք, ինծի այնպէս թուացեր էր, թէ հեռաւոր մշուշներու մէջ կորսուած անցեալի մը մէջ, տեսեր էի զանոնք: Բայց ի՞նչ անցեալ կրնար ունենալ տակաւին նորահաս պատանին: Մանկութեանս գոնէ զիս տարած ըլլային Նիւ Եորքի կենդանաբանական պարտէզը: Այդ օրերուն այդ ալ տակաւին չէի տեսած: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս բացատրել ձին, եղնիկն ու առասպելական վիշապը: Ուղղակի առեղծուած էր: Մինչդեռ բնական, պարզ տղայ մըն էի. դասերուս մէջ միջակ, խաղն ու ընկերները սիրող պատանի մը, որ արդէն կը փնտռէր աղջիկներուն ներկայութիւնը: Միակ տարբերութիւնը որ կար իմ եւ ընկերներուս միջեւ, նկարչութեան հակումս էր, որուն համար, այն ատեն, պատահական ժամեր կը յատկացնէի: Կարելի չէր ըսել, թէ կը փնտռէի առանձնութիւնը:
Առանձնութեան սէրս արթնցաւ աւելի ուշ, երբ սիրահարեցայ Ճուլիային: Ինձմէ քանի մը տարիով փոքր, թուխ ու գանգուր խոպոպներով, զուարթ եւ ճռւողուն աղջիկ մըն էր ան, մեր թաղի իտալացի փռապանին դուստրը: Գալէճը միասին կ՛ըլլայինք միշտ եւ յաճախ շարժանկարի կամ պաղպաղակ ուտելու կը հրաւիրէի: Ան միշտ սիրով կ՛ընդառաջէր հրաւէրներուս: Հաճելի երաժշտութեան պէս կուգային ունկերուս իր անվերջանալի ճռւողիւններն ու խնդուքները: Հետզհետէ սակայն, շարժանկարն ու ծաղարանները սկսան չգոհացնել մեզ. մտերմութեան այլ պահանջներ ունեցանք: Սկսանք ժամադրուիլ եւ Սենթրըլ Փարք երթալ: Ձեռք ձեռքի բռնած պտոյտներ՝ թաւուտներուն ետեւն ալ գիրկընդխառնում եւ համբուրուիլներ: Հաճելի, երազային օրեր էին: Կերպարանափոխուած էի գրեթէ:
Շաբաթ կէսօրէ վերջ մը սակայն, Ճուլիան որ միշտ ճշդապահ կ՛ըլլար, ժամադրութեան չեկաւ: Սպասեցի ժամէ մը աւելի, ապա մտահոգ՝ գացի պաղպաղակատունը եւ հեռաձայնեցի. տունն էր: Ըսաւ թէ հայրը դէմ էր մեր հանդիպումներուն եւ դեռ՝ իտալացի հարուստ փեսացու մը ճարեր էին իրեն համար, որով, հարկադրուած էր վերջ տալ մեր հանդիպումներուն:
Կատարեալ սառած ջուրի ցնցուղ գլխուս: Կատաղութեամբ փակեցի հեռաձայնը եւ սկսայ շլմորած վազել դէպի Փարք: Ժամերով, աննպատակ, մտամոլոր չափչփեցի ծառուղիները: Բիւրաւոր մեղուներու թժժոցն էր ականջներուս մէջ:
Յոգնած ու սպառած, ապաստանեցայ թաւուտներով եւ խտաշարք ծառերով մեկուսացած մեր անկիւնը եւ փռուեցայ մեր սովորական նստարանին վրայ: Լալու անդիմադրելի փափաք մը կը պրկէր կոկորդս: Կռնակիս վրայ պարկած, աչքերս անթարթ սեւեռեր էի վերի խիտ տերեւներուն: Երկինքէն, — որ կապարի պէս գորշ էր, ծանր ու ճնշիչ,- հազիւ ափի մը լայնութեամբ ծուէն մը կ՛երեւէր: Ցուրտ էր՝ մարմինս կը սրսփար: Բայց կը յամառէի պառկած մնալ: Կ՛ուզէի, հիւանդանալով պատժած ըլլալ խոստումնադրուժ Ճուլիան:
Ժամեր յետոյ, յանկարծ նկատեցի որ փոխուած բան մը կար շուրջս: Մարմնիս դողը անցեր էր: Նոյնիսկ տարօրինակ ջերմութեան հոսանք մը պատեր էր զիս: Տարօրինակ զգացողութիւն մըն էր. մարմինս իմս էր, բայց ես՝ ես չէի: Շրջապատս ա’լ Սենթրըլ Փարքը չէր կարծես: Այլ, պառկեր էի կանաչայորդ ձորի մը լանջին, խոտերու մէջ թաղուած: Վերը, պայծառ երկինք մը կար, կապո’յտ, կապո՜յտ ու պսպղուն անհունութեամբ: Ու ամառ էր, սաստիկ տաք: Կէսօրը ծնծղայ կը զարնէր: Մօտիկ թաւուտներէն ծղրիթներու համերգն էր միալար ու յամառ: Վարէն, ձորի խորերէն, մօտակայ գետի մը ֆշշոցն էր ահարկու: Բերնիս յարդի շիւղ մը՝ ի՜նչ երազներ կը հիւսէի: Ու սիրտս, ահա՛, պիտի պայթէր ուրախութենէս՝ երբ յանկարծ հին ու ծանօթ ձայնով մը հնչեց արծաթէ կանչը աղջկան.
Ուհո՛ւ…ուհո՛ւ… ուհո՜ւ… Աշո՜տ, ո՞ւր ես…
Սրտադող, շուարած՝ նայեցայ վեր, ձայնին կողմը: Ժայռերուն վրայէն պարմանուհի մը ինծի կը նայէր եղնիկի աչքերով: Ժպտուն, բոց ու կրակ աչքեր էին սեւ, ընդգծուած յօնքերով: Երկար ու կարմիր պարեգօտին մէջ նրբագեղ մարմինը կը շորորար ուռենիի նազանքով: Ու յորդ, սեւ մազերուն ջրվէժը, ինկած պտղուն կուրծքերն ի վար, լոյսի կախարդական ծփանքներ կը ցոլացնէր: Ժպիտին մէջ խաղ ու նազանք կար, խինդ ու հրաւէր: Կարելի՞ էր դիմանալ այդքան նազանքի: Արտորանքով տեղէս վեր ցատկեցի: Ցատկեցի՝ ու տեսիլքը չքացաւ մէկէն: Դարձեալ Սենթրըլ Փարքի մենաւոր նստարանիս վրայ գտայ ինքզինքս: Շշմած էի. միթէ՞ երազ էր տեսածս: Բայց աչքերս չէի փակած բնաւ: Վստահ էի. չէի՞ նայեր միթէ վերի սաղարթներուն… ուրե՞մն… բացատրութիւն չունէի: Սակայն, ի’նչ ալ եղած ըլլար պատահածը, հրաշքի պէս էր: Ապացոյց որ արդէն մոռցեր էի Ճուլիան եւ իր դրժումը: Ձեռքերս թխմած գրպաններուս մէջ, սուլելով կը քալէի դէպի տուն: Ոտքերս կարծէք չէին դպչեր մայթերուն: Կախարդուած, կը թռէի, կը ծփայի օդին մէջ :
Այս միջադէպէն ետք սկսայ փնտռել առանձնութիւնը: Ընկերներս ձանձրացուցիչ սկսան թուիլ եւ աղջիկներն ալ՝ անհրապոյր: Ոչ մէկ ճիգ թափեցի Ճուլիային հանդիպելու եւ բացատրութիւն պահանջելու: Անտարբեր դարձեր էի ամէն բանի նկատմամբ: Կար ու չկար, Սենթրըլ Փարքի իմ մենաւոր անկիւնս կար: Ազատ բոլոր ժամերուս, մեքենականօրէն, կը փութայի դէպի թաւուտներու նստարանս: Անձկութեամբ կը սպասէի կախարդանքի վերադարձին: Կարմիր պարեգօտով աղջկան տեսիլքին: Հաստատ համոզումն ունէի, որ ան կրկին պիտի յայտնուէր:
Եւ այդպէ’ս ալ պատահեցաւ: Երկրորդ յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ հինգ օր յետոյ: Երրորդը՝շաբաթ մը ետք: Ապա՝ տասնօրեակներու պարբերականութեամբ: Նոյն տեսարանն էր միշտ: Ձորալանջի նոյն կանաչութիւնը, ծղրիթներու երգը եւ վարի սանձազերծ գետին նոյն շառաչը: Եւ անշուշտ, կարմիր պարեգօտով նոյն աղջիկը՝ հերարձակ ու ժպտագեղ: Ապա՝ արծաթահունչ նոյն կանչը.
Ուհո՛ւ…ուհո՛ւ… Աշո՜տ, ո՞ւր ես…
Ո՞վ էր այդ երանելի Աշոտը: Ո’վ էր կարմիր պարեգօտով աղջիկը: Եւ ինչո՞ւ միշտ միեւնոյն հանգոյցին կը չքանար տեսիլքը, զիս ապշահար եւ յոգնասպառ վերադաձնելով Սենթրըլ Փարքի անհրապոյր իրականութեան: Գուցէ պատճառը պառկած տեղէս միշտ վեր ցատկե՞լս էր: Քանիցս որոշեցի աղջկան յայտնութեան չշարժիլ բնա’ւ: Բայց ի զուր. կամքէս անկախ, ներքին զսպանակ մը ոտքի կ՛արձակէր զիս եւ տեսիլք-կախարդանքը կը ցնդէր անմիջապէս: Ա’լ հաճոյք չէր, այլ՝ տառապանք, տեսակ մը սպառիչ յաճախանք:
Ժամանակ մը որոշեցի ա՛լ Սենթրըլ Փարք չերթալ: Երրորդ օրը արդէն ջիղերու թնճուկ-կծիկ էի դարձած: Իսկ չորրորդ օրը լրիւ հիւանդ՝ շնչահեղձութեամբ եւ գլխու պտոյտով: Յաջորդ օրը դարձեալ հլու հնազանդ՝ նստեր էի Փարքին մենաւոր նստարանին, անձկութեամբ տեսիլքին սպասելով:
Տարի մը տեւեց այս հոգեվիճակը: Հոգեվա՛րք եւ հոգեզմայլանք միանգամայն: Հաշիշամոլի պէս էի. կամազուրկ եւ հեշտասէր: Ոչ կեդրոնանալ եւ ոչ ալ ուսանիլ կրնայի: Լքեցի գալէճը: Հայրս փոթորիկ բարձրացուց: Առանձնութիւնս աւելի շեշտուեցաւ: Ստուերի պէս կը մտնէի-կ՛ելլէի տունէն: Կը խուսափէի բոլորէն: Մէկ մտասեւեռում ունէի. մեկուսանալ եւ սպասել տեսիլքին:
Ինչպէ՞ս անցուցի այդ օրերը, ինչպէ՞ս տոկացի, չեմ գիտեր, յստակ չեմ յիշեր: Մղձաւանջայի՞ն օրեր էին թէ երանութեան՝ չեմ կրնար որոշել: Դատումն ու կամքը հոն տեղ չունէին: Նախատնօրինուած ուղի մըն էր, ուրկից պէտք էր անցնէի: Եւ անցա’յ: Անցայ յոգնած, հոգեկան անդորրս կորսնցուցած: Որովհետեւ, վերջին շրջանին, միայն աղջկան տեսիլքը չէր որ կը խռովէր հոգիս: Ուրիշ պատկերներ ալ սկսան հալածել զիս: Առօրեայիս, շրջապատիս եւ անձիս հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող տարօրինակ դէպքեր, արտառոց հանդերձանքով անծանօթ մարդիկ ու կիներ, բնաւ չայցուած վայրերու շրջանակով, յանկարծ, պահ մը, կը պարզուէին աչքերուս առջեւ եւ կ՛աներեւութանային՝ շարժանկարային ագուցման եւ փոխանցման այն աղօտ նկարներուն նման: Այդ դէպքերուն մէջ կարծէք ներկայ էի եւ չէի: Վայրերը այնքան ալ անծանօթ չէին թուեր: Սակայն ո՞ւր կրնայի տեսած ըլլալ այդ ծուռ ու նեղ գռիհները, ե՞րբ կրնայի այցելած ըլլալ կամարակապ, գմբեթազարդ այդ շինութիւնները՝ երբ տակաւին Նիւ Եորքէն դուրս ոչ մէկ տեղ գացած էի: Իսկ թէ նիւ Եորքին մէջ կայի՞ն այդպիսի փողոցներ կամ շինութիւններ՝ կ՛անգիտանայի:
Ուրե՞մն…
-Գ —
Հորս մահը ցնցեց էութիւնս եւ սթափեցուց զիս: Վերջապէս մղեց մտածումի եւ դատումի: Արթնցայ թմբիրէս խղճի ահաւոր խայթով, համոզուած՝ որ ես էի եղած հօրս մահուան պատճառը: Բարեբախտաբար, երկար չտեւեց այս նոր տառապանքը. խնամող բժիշկէն իմացայ, թէ հայրս սրտի անբաւարարութիւն ունէր երկար ժամանակ, եւ թէ չէր ուզած հիւանդութիւնը մեզի յայտնել, քաջութեամբ, առանձինն կրելով իր խաչը մինչեւ վերջին շունչը:
Ա’լ բուժուած էի: Սենթրըլ Փարքը ալեւս չէր հրապուրեր զիս: Ձերբազատուած էի տեսիլքներէս: Բայց առանձին էի միշտ: Ոչ մէկ մտերիմ ունէի, բացի գծագրումներէս: Սակայն ածխամատիտն ու ջրաներկը ա՛լ չէին գոհացներ զիս: Մակերեսային եւ թեթեւ կը թուէին բարդ ներաշխարհս արտացոլելու համար: Որոշեցի իւղաներկ գործածել, բայց անդրադարձայ որ անգիտակ էի անոր թեքնիքին: Ուստի, սկսայ գեղանկարչութեան դասընթացքներու հետեւիլ: Վճռեր էի սկիզբէն սկսիլ ամէն բան: Արձանագրուեցայ Նիւ Եորքի նշանաւոր Արուեստից Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, հոն, ուր տարիներով դասաւանդեր էր մեր հանճարեղ Արշիլ Կորքին: Ճարտարութիւն ձեռք ձգելու համար, անտրտունջ գծեցի ու նկարեցի անվերջանալի կուժեր, ծաղիկներ եւ աթոռ-սեղաններ: Նաթիւրմորթերուն վրայ աւելի սիրով աշխատեցայ. ջանացի թրթռացում ու կեանք տալ անկենդան թէյամաններուն, վառ գոյներով բռնկեցնել խնձորն ու խաղողը, նարինջն ու պանանը: Ամէն ինչ իր բնական ընթացքին մէջն էր: Ա’լ շուրջիններուս պէս սովորական մարդ մըն ալ ես էի, լուռ ու քաշուուղ տղայ՝ որ երկարատեւ յուսախաբութենէ ետք կը փորձէր գոնէ միջակ նկարիչ մը դառնալ: Շա՞տ էր ուզածս: Բայց ինծի զլացուեցաւ այդ քիչն իսկ:
Դէպքը պատահեցաւ աւարտականի վերջին տարին: Արդէն անցեր էինք բուն իւղանկարչութեան, ծաւալուն պաստառներու գործածութեան: Հիմնականօրէն մարդ կը վրձինէինք, այսինքն՝ մերկ կին: Այլազան պարմանուհիներ վճարովի կու գային, որպէս բնորդ կը մերկանային եւ կ՛անշարժանային փոքր պատուանդանին վրայ: Ու մենք կը վարժուէինք զիրենք գծել ու նկարել: Սկիզբները, այդ մերկութիւններուն դիմաց, տարօրինակ խռովք մը կը զգայի: Աչքերս կը շլանային: Չէի կրնար կանացի մարմնին կորութիւններն ու նրբութիւնները իրապաշտօրէն նմանակել: Անոնք, իմ մօտ, միշտ չափազանցոած կամ այլանդակուած դուրս կու գային: Ուսուցիչներս սկսան ձեռք առնել անճարակութիւնս եւ դասընկերներս ալ ծաղրել զիս: Անգամ մը, նոյնիսկ, բնորդուհի մը նշմարելով իմ նկարած եղծուած իր մարմնանկարը, ջղայնացաւ ու հրապարակով անարգեց զիս: Զիս ծաղրով, նորելուկ Քոքոչքա անուանեցին հանրածաօթ եղծանկարիչին անունով:
Այս պայմաններուն եւ մթնոլորտին մէջ, կարելի չէր շարունակել: Ա՛լ կը պատրաստուէի դասերս լքել, երբ պատահեցաւ նոր դիպուածը:-
Ունեցանք նոր բնորդուհի մը: Մոտիկլիանիի կիներուն յատուկ երկար ու բարակ վիզ մը ունէր, մինչեւ կոնքերը գահավիժող մազերու յորձանուտ մը եւ ածուխի պէս սեւ, ընդգծուած աչքեր: Իր շարժումներուն մէջ հեզ ու խոնարհ՝ երբ մերկացած եկաւ ու կանգնեցաւ պատուանդանին վրայ, տառապանքի խոր թախիծը կար աչքերուն մէջ: Կը սրսփար գրեթէ: Փետրուարեան ցուրտ օր մըն էր, գորշ ու մշուշոտ: Քիչ մը տաքնալու համար, թեւերը կուրծքերուն մօտ ծալլած, ծունկի եկաւ եւ աղուոր աչքերը սեւեռեց վերի պատուհաններուն: Զարմանալիօրէն, իր մերկութեան դիմաց ոչ խռովք եւ ոչ ալ շլացոմ ունեցայ: Խանդաղատանքի ալիք մը պարուրեր էր զիս: Վերցուցի վրձիններս եւ սկսայ ինքնավստահ ուրուագծերը ձեւաւորել: Ինքնեկ ձեւով ալ եկան գոյներն ու երանգները, արտայայտութիւնն ու կշռոյթը: Ամէն ինչ կ՛ընթանար բնական պարզութեամբ: Հոգեզմայլանքի մէջ վերացած, կը կռուէի պաստառին դէմ: Ուրիշ ոչինչ կը նշմարէի: Ես էի, բնորդուհին ու պաստառը: Կը զգայի որ գոյներս կը բոցավառէին եւ գիծերս ալ հաստ ու ճապուկ, մսեղ եւ ողորկ ձեւերու խրախճանք մը կը սարքէին:
Այս վերացումին մէջն էի, երբ յանկարծ, ետեւէս հնչեց ուսուցիչիս բացագանչութիւնը.
— Օ՜, մայ Կատ, Սամս’ըն, մերկ աղջիկը Աստուածամա’յր դարձուցեր ես…
Սթափեցայ: Զգաստ՝ նայեցայ պաստառին: Արդարեւ, ինծի կը նայէր փառահեղ Աստուածամայր մը, հարազատ հայ Աստուածածին մը՝ վառ կարմիր եւ եւ մութ կապոյտ , բազմածալք հանդերձանքով: Լաչակ չունէր: Երկար մազերուն հիւսկերը շնորհալիօրէն կը պսակէին քիչ մը ձախ հակած անոր ձուաձեւ դէմքը: Նշաձեւ աչքերուն մէջէն կը ծորէր թախիծ մը տրտմանոյշ:
Երբ գիտակցութիւնս լրիւ ըմբռնեց պատահածը, խենթ ուրախութիւն մը առաւ զիս իր պտուտահողմին մէջ ու խայտաց խնդուքս սանձազերծ: — Տարիներէ ի վեր, առաջին անգամ էր որ այդպէս անկաշկանդ կը խնդայի: Ա’լ ի՜նչ փոյթ, թէ շուրջս գոռում գոչիւն էր, հրմշտուք ու քաշքշուք՝ տեսնելու համար մերկ բնորդուհիէն ծնած Աստուածամայրը:
Ուրախութիւնս նկարածիս կատարեալ յաջողութեան համար չէր: Այլ այն, որ անոր դիմագծերուն ընդմէջէն, հեզ ու մեղմիկ ինծի կը ժպտէր կարմիր պարեգօտով ձորալանջի աղջիկը: Ճիշդ ու ճիշդ անոր աչքերն էին, կամար ունքերը, անոր բոլոր իւրայատուկ գիծերով: Ու ինծի կը թուէր, թէ ահա՛ պիտի հնչէր նաեւ անոր անխուսափելի կանչը.
-Ուհո՛ւ… Ուհո՜ւ… Աշո՜տ…
-Դ —
Վերջապէ՜ս, յաջողեր էի: Գտեր էի Փնտռածս եւ պէտք չունէի դասընթացքներուն: Ա’լ իմս էր հրաշալիքներու աշխարհը: Տեսիլքներուն ալ կարիքը չունէի: Իմ հասկցած ձեւով, նուաճեր էի գիծի եւ գոյնի այն կարողականութիւնը, որ ինծի պիտի բերէր կախարդանքի անսահման աշխարհը:
Լքեցի դասերս բայց չծուլացայ: Օրերով կը փակուէի աշխատանոցի վերածուած մեր տան ստորերկրեայ մառանը, եւ հոն,մեծ թափով, կը նկարէի եւ կը գծէի: Մտապաստառիս վրայ յստակ ու մեկին ներկայ էր տեսիլքներուս աշխարհը, հեքիաթային իր երանգով, տարաշխարհիկ իր կենդանութեամբ: Պաստառին վրայ կը վերակենդանացնէի հատուածներ ու պատկերներ հին տեսիլքներէս: Մառանիս պատերը շուտով բնակուեցան գոյներու նոր բռնկումներով եւ արտասովոր բազմութիւններով: Յոգնիլն ի՞նչ է՝ չէի գիտեր: Յաճախ, գիշերները կը լուսցնէի աշխատելով: Առտուայ դէմ, առանց հանուելու կը պառկէի աշխատանոցի խշտեակիս վրան: Եւ քունս կ՛ըլլար խաղաղ ու աներազ: Կէսօրուայ մօտ, կ՛արթննայի մառան իջնող մօրս ծանր քայլերու աղմուկէն: Ան ճռոցով կը բանար մառանին դուռը եւ կը վառէր լոյսերը: Խշտեակիս վրայ նստած, լոյսերէն շլացած աչքերով կը դիտէի պատերէն կախած իւղանկարներս ու անճրկած, հարց կու տայի ես ինծի. ո՞ւր տեսեր էի այս բոլոր արտասովոր տեղերն ու մարդիկը: Անշուշտ միայն ու միայն տեսիլքներուս մէջ: Բայց չէ՞ որ, ըստ Ֆրէօյտեան տեսութեան, տեսիլքներն ու երազները իրականութեան այլափոխումներն են միայն: Սակայն իմ պարագայիս, ո՞ր մէկ իրականութեան: Նիւ Եորք ապրող Սամսոն Առաքելեանի՞ս գորշ ու միապաղաղ իրականութիւնը թէ ուրիշի’ մը: Թէ կայ ուրիշ մը՝ կասկածէ վեր է: Բայց ո՞վ է այդ ուրիշը, միւ’սը: Ի՞նչ կապ ունի հետս: Անկեղծօրէն չեմ գիտեր:
Մայրս կըզգայ տառապիլս: Կը նստի քովիկս, յոգնած ձեռքերը կը տանի մազերուս ու կը շոյէ զանոնք գորովանքով: Ու ծուէն ծուէն խաղաղութիւնը կը պատէ հոգիս: Կը բանամ աչքերս ու կը տեսնեմ վրաս խոնարհած անոր մարախլապատ աչքերը աղերսարկու: Որքա՜ն տխրութիւն ու կարեկցանք կայ հոն ինծի համար: Արցունքի պատրաստ որքա՜ն քնքշութիւն:
— Տղա’ս, այս ինչքա՜ն կ՛աշխատիս, մե՜ղք ես…միշտ ներսերը մնալը լաւ չէ: Դէմքդ գոյն չէ մնացեր, մեղք ես… դուրս ելիր երբեմն, մարդ-մարդասանք տես, փոխուէ:
Ի՞նչ ըսեմ մօրս: Պատմե՞մ ցաւերս: Ի՞նչ կրնայ սակայն հասկնալ ան իմ բարդ գալարումներէս: Վստա’հ եմ. պիտի չհասկնայ ու աւելիով պիտի շուարի, խեղճանայ: Նոյնիսկ զիս խելագարած պիտի կարծէ: Ուստի կ՛աճապարեմ ժպտիլ փորձել, փարատելու համար իր վախը: Յետոյ, հլու հնազանդ, կը վայելեմ բերած ճաշը եւ կը խոստանամ ածիլուելով անմիջապէս դուրս պտոյտի ելլել:
Դուրսը, բարկ արեւէն աչքերս կը շլանան ուղղակի: Որքա՞ն ժամանակ է չեմ տեսած այս արեւը: Հիմա արդէն Յունիս ամիսն ենք. մեծ տաքերուն սկիզբը գրեթէ: Առաջուայ պէս փակուած կարելի չէ շարունակել: Ճար մը գտնելու եմ, նոր կենսաձեւ մը որդեգրելու համար:
Կը բարձրանամ Հինգերորդ Պողոտային հոսանքն ի վեր: Աննպատակ քալելով, զարմացած կը դիտեմ վխտացող, խռնուող եւ մանաւանդ աճապարող այս բազմութիւնը: Ո՞ւր կ՛երթան, ինչո՞ւ կը վազեն՝ երբ այնքան հաճելի է, գաղջ արեւը վայելելով հանդարտ թափառիլ այս մայթերուն վրայ եւ անցնող-դարձող աղջիկներուն աչքերէն ժպիտ ու լոյս քաղել, գինովնալ անոնցմով: Մայրս իրաւունք ունէր. մոռցեր եմ կեանքի բուրմունքը, ապրելու քաղցրութիւնը: Հիմա այնպիսի կարօտ մը կայ ներսիդիս, պարզ ու աննշան կարծուած բաներու կարօտը, որ զիս շուարումի կը մատնէ. ուրկի՞ց սկսիլ, ի՞նչ ընել: Կ՛երեւի գերագոյն հաճոյքը այս հարցականն իսկ է, այս աննպատակ թաբառում- պտո՛յտը:
Ահա կանգ կ՛առնեմ նկարչական ցուցասրահի մը առջեւ: Կը դիտեմ ցուցափեղկին որպէս նմոյշ դրուած քանի մը իւղանկարները: Վառ գոյներով բռնկումներ են: Կէտերու եւ գոյներու թեւածում մը՝ մասնաւոր ոչինչ ըսող: թիթեռնիկներ են կարծես, թեթեւ ու թափանցիկ: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ ես ալ կարենայի նոյնպէս նկարել, հեզասահ ու լուսեղէն: Ո’չ կիրք, ո’չ ներքին կնճիռ եւ ոչ իսկ հատնում: Ուղղակի կը նախանձիմ այս անծանօթ նկարիչին: Ներողամիտ կը ժպտիմ ու կը շարունակեմ ճամբաս: Կ՛անցնիմ դիմացի մայթը: Հոն, ուշադրութիւնս գրաւողը գրախանութ մըն է: Նոփ-մոր , գրաւիչ կազմով ու կողքով գիրքեր են նայուածքս բռնողները, բայց խորագիրներէն կը գուշակեմ՝ վանող եւ վհատեցնող անհամութիւններ են. սեռ, դրամ եւ ոճիռ-արկած: Կը հեռանամ՝ փախչելու պէս:
Ահա նաեւ ճամբորդական գրասենեակ-ցուցասրահ մը: Կանգ կ՛առնեմ. «ինչո՞ւ այս անոյշ խաբկանքին թակարդը չիյնալ կամովին, ինչո՞ւ չփորձել փախուստի այս աժան ձեւը,» կը մտածեմ ինքնածաղրական: Արդարեւ, Փարիզն ու Հռոմը, Աթենքն ու Պէյրութը, Ափրիկէն ու Ասիան, բոլորը՝ զիրար հրմշտկելով, հրաւիրող ժպիտով թեկնածու կը ներկայանան: Այդ գոյնզգոյն աֆիշները մէջս կ՛արթնցնեն արդէն մեկնումի անզսպելի փափաք մը: Ներս մտնել-չմտնելու երկմտանքիս մէջ, յանկարծ կը նշմարեմ ուրիշ ծանուցաթերթիկ մը: Կասկած չկա. հոն իշխողը մեր կաթողիկէն է, Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին գմբե’թը: Ներս կը մտնեմ, մօտէն կարդալու համար մանրամասնութիւնները.- Նիւ Եորքի Սուրբ Պատրիկ տաճարէն, հնագէտ-ուղեցոյց Հայր Թամըսի առաջնորդութեամբ կազմակերպուած է ուխտագնաց շրջապտոյտ մը, դէպի Արեւելեան Անատալու, ուսումնասիրելու համար քրիստոնէական հին եկեղեցիներն ու սրբատեղիները՝ տասնըեօթը օրով: Ամէն ինչը ներառեալ՝ երեք հազար տոլար: Ի՞նչ կ՛ըսես, Սամսո’ն: Ասկից աւելի փախուստի պատրուա՞կ… Չափուած, ձեւուած՝ ճիշդ քեզի համար:
Առանց երկար-բարակ մտածելու կը մօտենամ ժպտերես պաշտօնեային:
— Ե —
Վաղը, առաւօտուն կը մեկնինք Անի:
Մեր ուղեւորութեան վերջին օրն է եւ վերջին հանգրուանը:
Անհամբեր եմ հիւանդագին ըլլալու աստիճան: Որքա՜ն պիտի ուզէի, որ մեր ուղեծիրին վրայ Ակն քաղաքն ալ ըլլար: Մեր տան երազն էր տեսնել ծնողքիս եւ պապերուս ծննդավայրը: Հայրս չկրցաւ իրականացնել այդ երազը, գոնէ ես կարենայի: Բայց չեղաւ ու չեղա՛ւ: Ուղեծիրին վրայ չէր: Կարելի չէր ինծի համար փոփոխութեան ենթարկել ծրագիրը: Փորձեցի մասնաւոր արտօնութեամբ, առանձինս, մէկ օրով երթալ-գալ: Մեր խումբի պատասխանատու Հայր Թամըս չարտօնեց. վտանգաւոր գտաւ խումբէն բաժնուիլս: Հայ ըլլալու հանգամանքիս լաւապէս տեղեակ՝ ան, բոլորին առջեւ լռութեան մատնելով այդ փափուկ կէտը, ձախակողմեան քիւրտ հրոսակներուն վտանգը պատրուակելով, մերժեց առաջարկս: Հարկադրուած՝ համակերեցայ, քանի այլապէս, կրնայի Անին ալ փախցնել: Անին եւս կարեւոր էր ինծի համար: Չէ՞ որ, հայրս ինքզինք ամէնէն առաջ Անեցի կը դաւանէր, այն ալ՝ ազնուական սերուցքէն . « Ակընը,- կ՛ըսէր ան,- մարմնական ծննդավայրս է, իսկ Անին՝ հոգեկան:» Ուրեմն ինծի կը մնար մխիթարուիլ Անիով:
Մեկնակէտնիս Կարս քաղաքն էր: Կարսի անկազմակերպ, թափթփած այս պանդոկը: Յոգնած-դադրած, երկնցեր եմ ճրճռան մահճակալին վրայ եւ սպասելով մեկնումին, այս ուղեւորութեան հաշուեկշիռը կ՛ընեմ: Պէ՞տք էր նախաձեռնէի, այսպէս հապճեպ եւ անպատրաստից ձեւով: ճիշդը՝ ի՞նչ կ՛անկնկալէի: Ի՞նչ բանի հետամուտ էի: Ինքնախաբութեամբ, եթէ շրջապատէս կամ զիս չարչրկող հարցադրումներէն փախուստն էր պատրուակը, չարաչար կը սխալէի: Առանձնութիւնս եւ եւ մտալլկումներս մնացին եւ նոյնիսկ սրեցան ալ: Հետզհետէ յայտնաբերեցի, որ այս ուղեւորութիւնը դարձեր էր երթ մը դէպի ինքնութեան եւ էութեան ակունքները: Ուխտագնացութեան պէս բա՛ն մը: Ու վե՛րջ ինքնախաբութեան. ա՛լ յստակ գիտեմ թէ ելեր եմ այն միւսի փնտռտուքին: Միշտ ինծի հետ եղող այն միւսին: Աշոտի՛ն:
Ջղայնացած կը նստիմ մահճակալին վրայ: Հանգչելու, հանգստանալու ձեւ չէ ասիկա: Սենեակը արդէն տաք է ու հեղձուցիչ: Իսկ առաստաղի հովահարը իր հոգեվարքային տնքոցով անխնայ ջիղերս կը սղոցէ: Ու ալ ի՞նչ հարցականներ, երբ հաստատ գիտեմ, թէ ճակատագրիս հրամայականն է, որ քաշեր, բերեր է զիս հոս, մինչեւ այս խուլ անկիւնները: Այո՛, գիտե՛մ, ինծի համար նախասահմանուած միակ ուղին է այս, կամքէս, կամեցողութենէս եւ դատողութենէս անկախ: Ուզեմ կամ ոչ՝ պիտի քալեմ այդ նախագծուած ուղիէն, մինչե՛ւ վերջ: Ո՛չ մէկ ոյժ, ոչ մէկ արգելք կրնայ կասեցնել կամ շեղել այդ երթը: Այն ատեն ինչո՞ւ այս մորմոքն ու խռովքը: ՝ Պա՛րզ է. սպասումն է զիս չարչրկողը: Այն ինչ որ կը սպասէի որ պատահէր, չիրագործուեցաւ դեռ: Տեսիլքներուս բացատրութիւնը, համոզուած էի, որ պիտի գտնէր իր վերջնական լուծումը: Այդ համոզումը ունեցայ, երբ ոտք դրի այս հողերուն վրայ: Որովհետեւ անմիջապէս հաստատեցի այս հողին, բնութեան, լոյսին ու բոյրին, մթնոլորտին ու շրջապատին նոյնութիւնը տեսիլքներուս պարունակին հետ: Հիմնական պատճառ մը այս մէկը՝ որպէսզի, արեւի ծագման սպասող արեւածաղիկին նման, ընկալչական բոլոր զգայարանքներս լայն բացած, սպասեմ տեսիլքներուս վերայայտնումին եւ բացայայտումին: Բայց անոնք, զարմանալիօրէն ուշացան, չեկա՛ն տակաւին:
Բուժուե՞ր էի միթէ. Բայց ես հիւանդ չէի բուժուելու համար: Ո՛չ ուղեղային տենդ ունէի եւ ոչ ալ հոգեկան խանգարում: Տեսիլքներս զառանցանք չէին բնաւ: Ուրեմն, աւելորդ է խօսիլ բուժումի մասին: Միայն՝ հոգեմաշեցնող է այս սպասումը: Թէեւ, հաստատ գիտեմ, թէ այս լեռներուն ու դաշտերուն բնական ենթահողին վրայ պիտի անպայման բացայայտուին տեսիլքներս, պիտի հասնին իրենց լրումին: Ա’լ չեն կրնար ուշանալ, քանի վերջին օրն է շրջապտոյտին: Հլու, հնազանդ, համակերպած՝ կը սպասեմ:
Մինչ այդ, մի այպանէք զիս, եթէ յոգնած ու սպառած, տրտնջամ երբեմն: Իսկապէս որ շատ ծանր ճնշեց վրաս այս ճամբորդութիւնը: Թէեւ օրինակելի կանոնաւորութեամբ կազմակերպոած էր ան: Նիւ Եորքէն Պոլիս, Փան Ամերիգընի թռիչքը անթերի եւ հանգստաւէտ էր: Թըրքիշ Էրլայնզն ալ յուսախաբ չըրաւ մեզ: Իսկ Վանէն մինչեւ Կարս, մեզի յատկացուած Փուլմանը օժտուած էր ամէն յարմարութիւններով: Ճիշդ է, դուրսի հեղձուցիչ տաքը, ճամբաներուն փոշին, քաղաքներուն կեղտն ու աղմուկը եւ սոխ ու սխտոր հոտող պանդոկներուն անյուսալի վիճակը, սպառեցին տոկունութեան եւ համբերութեան պաշարներս: Ինծի համար, թէեւ, անակնկալ մը չէին անոնք: Անսպասելին ու անտանելին՝ մեր լքուած կամ փլատակ եկեղեցիներուն սրտաճմլիկ վիճակն էր: Արհամարհուած ու սրբապղծուած՝ անոնք ցնցոտիներ հագած որբեվայրիներու տեսքը ունէին: Գեղեցիկ էին խղճալի վիճակի մէջ իսկ: Չսպասուած անկիւնէ մը երբ յանկարծ դէմս կ՛ելլէին, կը փոթորկէին ներաշխարհս, կը փշաքաղէին մարմինս: Կու լայի լուռ, ներքին արցունքներով: Դէմքիս անտարբերութեան դիմակ անցուցած՝ ներքնապէս կատաղութեան փոթորկումներ կ՛ունենայի: Ուղեկիցներս, տարեց ու միամիտ ամերիկացի զոյգեր, որոնք բերանբաց կը դիտէին ամէն բան, չէին կրնար նշմարել ծանր ապրումներս: Չէին կրնար ըմբռնել յամառող լռակեացութիւնս եւ մեկուսի մնալս: Պարզապէս զիս կը դասէին անհաղորդ, երկչոտ մարդու պիտակին տակ: Անհամ կացութիւն էր: Ոչ մէկ ջանք իմ կողմէս՝ փարատելու համար անախորժ այս տպաւորութիւնը: Այդպէս, աւելի ձեռնտու էր. նուազ հետաքրքրութիւն կը հրաւիրէի վրաս:
Բայց յանկարծ փոխուեցաւ ամէն բան: Ախթամարը փրկեց զիս: Վանայ լիճը, երբ երկինքի խորունկ կապոյտը գրկած, յանկարծ ժպտեցաւ ինծի՝ մոռցած ամէն զգուշութիւն, ոտաբոպիկ եւ մանկացած, մտայ ջուրը: Թանկագին հարազատի մը համբոյրը զգացի այտերուս: Երեսներս լուացի կապոյտ զովութեամբ եւ ա՛լ արտահոսող արցունքներս պարտկեցի դէմքիս ցօղուած ջուրերով:
Սուրբ Խաչ տաճարը իսկապէս որ «մա՜րվըլըզ» էր, ինչպէս սկսան բացագանչել ամերիկացի ուղեկիցներս: Վկայ՝ լուսանկարչական մեքենաներուն յանկարծ շատախօս դարձած շրխկոցները: Ես սակայն չկրցայ նկարել: Լուռ ու տրտում էի, մագնիսացած ու յափշտակուած: Հոլի պէս դարձայ տաճարին շուրջ: Աչքերս անբաւարար էին ընկալելու եւ ներսս ամբարելու համար խորաքանդակներուն գեղակերտ գիծերն ու ձեւերը, կառոյցին ստուերներն ու լոյսերը: Քանդակներ չէին անոնք միայն, այլ՝ ճիչ ու աղաղակ, կոծ ու կական: Չդիմացայ, վազելով գացի առանձնանալու ետեւի աւերակներուն մէջ: Մէկ առ մէկ համբուրեցի քարերը, հողը, շոյեցի խոտերն ու ծղոտները: Ու հո՛ն է որ անձկութեամբ, կարօտով ու տառապանքով սպասեցի, յուսացի որ լուսաւորուէր վերջապէս տեսիլքս իր իմաստով:
Սուրբ Խաչն ալ չլսեց աղերսանքս:
Հոգ չէ. կը սպասեմ դեռ: Կարս քաղաքի անհիւրընկալ պանդոկի սենեակիս մէջ, քրտնաթոր ու սպառած, գրեթէ լալագին՝ կը սպասեմ ճակատագրիս լրումին:
Գուցէ այսօ՞ր… քիչ յետո՞յ…
-Զ —
Այսպիսի լռութիւն ե՞րբ եղեր է, չեմ յիշեր, չեմ գիտեր, չեմ կրնար երեւակայել: Լռութիւն մը՝ թանձր, զանգուածեղ ու քարեղէն, կախուած գլխուդ եւ հոգիիդ վրան, պայթելու պատրաստ, ամպրոպի մը նման՝ սպառնագին ու ահարկու: Անոր դէմ շունչդ կը կարկամի, կը կենայ պահ մը: Վախի արդիւնք չէ բնաւ, այլ՝ կախարդուած քաղաքի մը դէմ յանդիման գտնուելու մտածումէդ: Եղերական, շշմեցնող պատահար մը, կարծէք պտտահողմի մը հանգոյն եկեր, խեղդեր, աւերեր ու ամայացուցեր է քաղաքը եւ զայն պարուրեր՝ սա խենթեցնող լռութեամբ:
Մինչդեռ, այնքան ծիծղուն է առաւօտը: Հնչեղ արեւ մը կայ անամպ երկինքէն կախ: Օդին մէջ՝ թռչուններ արագասոյր ու ճռուողուն, եւ հեռուն՝ բարտիներ օրօր-շորոր, արծաթամա՛ղ: Բայց անոնք ոչի՛նչ: Տիրականը սահմռկեցուցիչ լռութիւնն է: Ու սահմռկեր ենք իսկապէս բոլորս: Քով քովի կծկուած, շշմած կեցեր ենք մեր Անի քաղաքին աւերակ մուտքին, դարպասի զոյգ մը զանգուածեղ աշտարակներուն դիմաց: Անոնց թիկունքին, պարսպապատերուն երկայնքին, ուրիշ աշտարակներ ալ կան, աւելի փոքր եւ նուազ անվթար: Ամբողջութիւնը աւերակներու տպաւորութիւն չի թողուր, այլ խորհրդաւոր ոյժի, վեհութեան եւ ներդաշնակութեան համադրութիւն մը կը ստեղծէ: Չես կրնար պատկերացնել, թէ հոն ա՛լ կեանք գոյութիւն չունի: Կը սպասես որ, ահա ուր որ են, հնչեն պղինձէ շեփորները, եւ հայոց զօրականներն ու այրուձին խուժեն դարպասներէն դուրս:
— Այս հսկայ պարսպաշարը կառուցուած է հայոց Սմբատ արքային կողմէ, հազարամեակ մը առաջ,- դարանիստ լռութիւնը յանկարծ կը խզէ Հայր Թամըս:
Ազդանշանն է սթափումի: Բոլորը կը խռնուին առաջնորդին շուրջ: Լոսանկարչական գործիքները գործի կ՛անցնին: Զբօսաշրջիկութիւնը կը մտնէ իր հունին մէջ:
Ես՝ անշարժ կը մնամ: Եւ՝ մեկուսի: Ներսս զգացումներու խառնարան մըն է, մտածումներու հրմշտուք: Ուրիշներուն պէս չեմ կրնար բանեցնել լուսանկարչական մեքենաս: Թուրիսթ չեմ: Բացատրութիւններուն պէտք ալ չունիմ: Կարծես վաղուց եւ սերտօրէն կը ճանչնամ այս հողն ու քարերը: Ես պէտք է որ երկիւղածօրէն ծունկի գամ ու համբուրեմ այս սուրբ հողը: Պէտք է որ սգամ ու ողբամ իմ որբ Անիս: Պէտք է մխիթարեմ, յոյս տամ անոր, ամոքեմ ցաւը: Ա’յդ է տրամաբանականը, միակ փափաքս: Բայց ուրկի՞ց ուր, օտարներուն առջեւ տկար չերեւալու անկոչ հպարտութիւն մը կը կ՛աշկանդէ զիս: Ու, պատի մը յենած, որպէս թէ անտարբեր՝ կը դիտեմ աւերակները: Նորութիւն մը չեն ներկայացներ անոնք ինծի համար: Արդէն տեսած ըլլալու հաստատ տպաւորութիւնը ունիմ: Բայց, իրա’ւ, ո՞ւր եւ ե՞րբ տեսեր եմ: Առեղծուած է ուղղակի: Վստահ՝ գիրքերուն մէջինները չե’ն: Ասոնք բոլորովին տարբեր կենդանութիւն մը ունին: Ահա’, ալիք առ ալիք, ծփանուտ եւ աղօտ պատկերներով պարիսպները կ՛երերան, կը յստականան: Ակնթարթ մը եւս՝ ապրող քաղաքի մը բացուող դարպասի կը վերածուին: Կեանքի, եռուն առօրեայի աղմուկն է, որ կը խուժէ պատերէն դուրս: Ուր որ են, պիտի հնչեն հիմա ու ղօղանջեն քաղաքին հազար ու մէկ եկեղեցիներուն զանգակները:
Երեւակայութեան խաբկա՞նք է այս թէ ցնորք: Ամենեւին: Ապացոյց, որ կը քալեմ հաստատաքայլ ու կը յառաջանամ, լայնանիստ , սալայատակուած այս պողոտայէն եւ ստոյգ գիտեմ, թէ քանի մը անգամ ոլորուելէ ետք, ան զիս պիտի հասցնէ Շահաստանի եռուզեռին: Վերջն ալ , դէմս պիտի ցցուի Միջնաբերդը: Անհամբեր՝ կը սկսիմ վազել: Աջին, պահականոցն են, զօրանոցներն ու մարզարանները: Ձախին կը յայտնուին արքայական ախոռները, իրենց յարդի կծու հոտերով: Անդին, բաղնետուներն են գմբեթաձեւ իրենց երդիքներէն բարձրացող ծուխերով: Եւ ահա’ նաեւ Ամիրայապետին մարմարակերտ շքեղ պալատն ալ: Հասայ գրեթէ. անկիւնադարձին Շահաստանն է, շարուէ շարան, խայտաբղէտ կրպակներու իր շարասիւնով: Բայց, սպասուած աղմուկին եւ եռուզեռին փոխարէն, ծանր լռութիւնն է իշխողը: Ո’չ մէկ շունչ: Ո՞ւր են մարդիկ: Խուճապահար կ՛արագացնեմ վազքս, ու դէմ յանդիման կու գամ Մայր Տաճարին: Խունկի բոյրն ու երգեցողութեան ձայնը, զիս մագնիսացած կը քաշեն դէպի ներս: Առաջին պահ, կը խտխտան աչքերս: Վառեր են բոլոր ջահերը բիւրաւոր մոմերով: Բիւրեղեայ հնդկական հսկայ ջահն է՝ կը փայլփլի իր լուսեղէն հրաշքով: Ու հաստաբերձ կամարներուն տակ կը թնթայ բազմաձայն շարականերգութիւնը: Սակայն չեմ կրնար ըմբոշխնել հոգեպարար երգեցողութիւնն ալ: — Հոս ալ ամայութիւն է: Մարդ մարդասանք չկայ:
Վախցած՝ կը վազեմ դուրս: Կ՛ուղղուիմ դէպի Ախուրեան գետի ձորը: Բնութեան մէջ հետզհետէ կը հանդարտիմ: Դանդաղաքայլ կ՛իջնեմ ձորն ի վար: Կանաչի հրդեհ կայ վարը եւ գոյներու համերգ: Ձորալանջին թզահասակ խոտեր կան թարմ ու բուրեան: Կը նստիմ, կը թաղուիմ անոնց մէջ, հոտ կը քաշեմ: Ապա կը պառկիմ կռնակի վրայ ու կը շլանամ. վերը, երկինք մըն է, կապո՛յտ-կապո՜յտ, պսպղո՛ւն, անսահմա՜ն: Մօտիկ թաւուտներէն համատարած երգն է ծղրիթներուն, իսկ վարէն, սանձազերծ Ախուրեանն է որ կը ֆշշայ վիշապաձայն: Ամառ է, սաստիկ տաք ու չոր: Ու հակառակ Ախուրեանի ու ծղրիթներու համերգին, նոյն թանձր լռութիւնն է կախուեր օդին մէջ ու շնչահեղձ կ՛ըլլայ: Սպասում մը կայ, լարուած, անբնական, անբա՛ցատրելի:
Նիրհը բարիք մըն է, որ պահ մը կ՛առնէ զիս իր գիրկը: Բայց յանկարծ կ՛արթննամ ու կը նստիմ սրտադող: Չեմ սխալած, վերէն մէկէն կը հնչէ արծաթահունչ կա՜նչը…
-Ուհո՛ւ…ուհո՛ւ…ուհո՜ւ…Աշո՜տ…
Կը նայիմ ձայնին ուղղութեամբ. հո՛ն է , աղջի՛կն է, ժայռերէն վեր, բացատին վրայ: Ձեռքով նշան կ՛ընէ: Հեռու չէ, եթէ երկարեմ ձեռքս կարծես կրնամ բռնել: Սեւ, աչքերուն շողացող ժպիտ կայ: Կարմրախայտ հագուստին վրայ, մազերուն հիւսկերը բոլորեր են նորածիլ կուրծքերը: Խայտանք ու հրաւէր է ամբողջութեամբ:
Լսած չըլլալ կը ձեւացնեմ, դարձեալ լսելու համար իր կանչը՝ որ չուշանար.
-Ուհո՛ւ… ուհո՜ւ… Աշո՞տ…
Ա՛լ համբերել չեմ կրնար: Ոտքի եմ արդէն: Կը վազեմ դէպի վեր: Բայց զարմանալի, չեմ յառաջանար: Տեղվազք է ըրածս: Ինչո՞ւ: Արիւն քրտինքի մէջ եմ արդէն: Կը շարժեմ սրունքներս բայց չեմ յառաջանար: Ու աղջիկն ալ կը հեռանայ կարծես: Կանգ կ՛առնեմ, հեւասպա՛ռ: Կ՛ուզեմ ձայն տալ, բայց կ՛անդրադառնամ որ աղջկան անոնը չեմ գիտեր: Չեմ յիշեր: Վստահ եմ, եթէ կարենամ յիշել անունը եւ ձայն տալ՝ պիտի կարենամ հասնիլ անոր: Միայն թէ կարենամ…
Աստու՜ած իմ…ձիերու ի՞նչ թոփիւն է այս…
-Աշո՜տ, հասի՜ր… Աշո՛տ, օգնութի՜ւն…
Այս անգամ աղիողորմ է ձայնը: Երկու ձիաորներ են, սպառազէն ու բարբարոս: Շիլ ու շեղ աչքեր ունին ու բորենիի քրքիջ: Բռներ են աղջկան ձեռքերէն ու կը փորձեն ձիուն վրայ քաշել զինք: Աղջիկը կ՛ընդիմանայ, կը պոռչտայ ու կը խածնէ առեւանգող ձեռքերը: Գրեթէ կը տապլտկի ձիուն սմբակներուն տակ:
Օգնութի՜ւն…
Ա’լ թեւեր առած, կը սլանամ դէպի վեր: Կը հասնիմ սպիտակ ձիաւորին եւ կը խլեմ աղջիկը անոր ճիրաններէն: Զինուորը մոնկոլական շեղ աչքեր ունի վրաս յառած ու կատղած ձին վրաս կը քշէ: Ես ալ կը խոյանամ ու արագ, անզուսպ շարժումով զինք վար կը քաշեմ ձիէն: Կոկորդ կոկորդի փակած, կը թաւալուինք գետնին վրայ: Կը բարձրացնեմ բռունձքս հարուածելու համար, երբ կը լսեմ աղջկան ճիչը.
-Աշո՛տ, զգո՛յշ:
Բայց ուշ է արդէն: Տէգը կը խրի կռնակէս ու զիս կը գամէ հողին: Աշխարհը կը մթննայ մէկէն: Ահաւոր ցաւը կը կծկէ մարմինս: Տառապանքով կը բանամ աչքերս ու կը մրմնջեմ.
— Աշխէ՜ն…հոգի՜ս…
Ակռապլիկ ու խենեշ քրքիջ մը ձիուն վրայէն կը շպրտուի դէմքիս: Մազոտ ձեռքեր , Աշխէնս գրկած կը տանին ձիուն վրայ:
Ու հետզհետէ՝ հեռացող սմբակներու մեռնող արձագանգ:
Սպիտակ, անե՛զր, համատարա՜ծ լռութի’ւն:

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.