Մարուշ Գազանճյան-Երամյան | ՀԱԼԵՊԻՆ

 

Մարուշ Գազանճեան-Երամեան

Մարուշ Գազանճեան-Երամեան

Կարելի չէ մոռնալ քեզ.

Բայց գալիքին համար միայն

Տես կ’օրօրեմ յուշերս բոլոր

Ու կ’երազեմ վաղդ հաստատ

Բաց աչքերով

 

Երազային եղեր ես միշտ

Եւ մտերիմ

Այն օրերէն որ Մեծ Արքան

Հասաւ մինչեւ դարպասներդ

Փառաբանեց ինքզինք եւ քեզ

 

Հեռուէն կու գան օրերդ բոլոր

Կ’երթան կրկին մինչեւ հեռու

Կարաւանովը պատմութեան

Խաչն ու մահիկը ուղեցոյց որպէս առած

 

Փողոցներէդ նեղլիկ ու ծուռ ու հնաբոյր

Եւ բակերէդ ֆըլլէներու արբշռանքով

Պատմութիւնը մանչուկի պէս կը վազվզէ

Թարմ ու արթուն

 

Ծիծեռնակները հեռացան

Իրենց թեւերուն պահելու համար

Յուշը երէկին     գալիքը վաղուան

Եասմիններն ու վարդերը կարմիր

Չորցան մրրկած

Փակեցին իրենց բերթերը շքեղ

Ցաւով   լռութեամբ

 

Պահ տուեր էին հունտերը իրենց

Փլատակներուն

 

Զաւակներդ ալ գացին

Աղօթքի տեղ անէծք թափելով գլխուդ

Լուռ մնացիր զի գիտէիր՝

Չէին գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն

 

Ինչո՞ւ ապրիլ օրը խաչուած

Ինչո՞ւ քացախ խմել ցմրուր

Երբ գինիի կարասներ կան դեռ չբացուած

 

Բայց լռեցիր

Զի գիտէիր որ վաղ մը կայ

Երբ պիտի գան

Վերադառնան գիրկդ տաքուկ

Ծեր ափերուդ կոշտ գգուանքին յանձնուելու

 

Հիմա սակայն

Երէկդ վաղդ կը ջնջէ

Ու մահերը անոնց միջեւ

փշաթելեր կը քաշեն

ո՞վ ուրացաւ եւ ո՞վ դաւեց

որ քարն անգամ արիւնեցաւ

իր դարաւոր մամուռները թօթափելով

 

թերեւս «վաղ» մը չունէինք

ա՛լ չմեծցող քու գրկիդ մէջ

բայց երէկդ մեզի մեծ-հայր դարձեր էր

պատմութիւններ ունէր այնքան չպատմուած

որ մենք ծարաւ

մեր պատմութեան

ու մենք ծարաւ տաք գիրկի մը գուրգուրանքին

կը սպասէինք

այսօրին մէջ հանգիստ նստած

 

Բայց գալիքիդ համար միայն

Տե՛ս, կ’օրօրեմ յուշերս բոլոր

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.