Tag: Սարգիս Վահագն

Սարգիս Վահագն | ԽՆՁՈՐԸ

Ձմեռը ուշացաւ այդ տարի: Բայց երբ եկաւ, եկաւ բո՛ւռն թափով: Շեղբի պէս սուր հովին հետ ցուրտը յանկարծ իջաւ դէմի լեռներէն: Ձիւնը նստաւ մէկ անգամէն, թանձր ու փափուկ եւ ծածկեց տուն ու այգի, արտ ու ճամբայ:
Մարգար Ամմոյին ալ գլխուն ամբողջովին նստաւ ձիւնը, այն միւս տեսակի ձիւնը, որ ետ երթալ չի գիտեր: Ան արդէն սկսեր էր գալ տարիներ առաջ, տոտիկ-տոտիկ, գաղտագողի քայլերով: Սպիտակը յայտնուեր էր նախ քունքերուն վրայ, ապա, տարիներ տեւող ուղեւորութեամբ մագլցեր էր վեր: Իսկ այդ տարի, տեղացող առաջին ձիւներուն հետ, ան հասեր էր իր ուղեւորութեան լրումին:

Կարդալ ավելին

Սարգիս Վահագն | ԿԱՐՕՏ

Մա՛րդ,
Ընդմիշտ վտարուած դրախտէն եդեմական,
Ոչ թէ արգիլեալ պտուղն համտեսած ըլլալուդ համար,
Ոչ թէ սողունին ու Եւային անսալուդ
Կամ ոչ իսկ անտեսելուդ համար պատգամն Աստուածութեան:

Կարդալ ավելին

Սարգիս Վահագն | ՄԻՒՍԸ

Ո՞վ եմ ես:
Ես ե ՞ս եմ, թէ ուրիշ մը: Գուցէ այն մի՞ւսը…
Ո՞վ պիտի որոշէ ու վճռէ: Անշուշտ՝ ո՛չ ես: Երբ ե՛ս ըլլամ որոշողը, վստահ եմ, բոլորդ զիս խենթի տեղ պիտի դնէք: Բայց, Աստուած վկայ, խելքս գլուխս է եւ պայծառ մտքով է որ կը կրկնեմ հարցումս.- Խնդրե՜մ, ըսէք՝ ո՞վ եմ: Ես ե՞ս եմ, թէ ուրիշ մը:
Անպայման այն մի՞ւսը…

Կարդալ ավելին

Սարգիս Վահագն | ԱՐԴԻ ՀԵՔԻԱԹ

Կար ու չկար, հեռո՜ւ հեռուն, ձիւնասպիտակ լեռներէն ու մեծ ովկիանոսէն անդին, արձակ դաշտերու եւ հեքիաթային եղեւիներու մէջ կորսուած գիւղ մը կար, անունը՝ Կրինվիլէյճ: Աշուն ձմեռ, ձիւնը կը նստէր հոն կուտակ-կուտակ, իսկ գարնան, խելահեղ կանաչ մը կը փրփրէր ամէն կողմ: Ամառը բարիքի ծով կը դառնար Կրինվիլէյճը: Ջուրը առատ, օդը մաքուր՝ դրախտի պէս բան մը: Այս բոլոր բարիքներու կողքին ուրիշ կարեւոր երախտիք մ’ալ ունէր գիւղը: Ան հոգեմաշութենէ փրկեց Նազար Աղբարը: Վերջ տուաւ անոր դժբախտութեան: Հանդիպեցան իրարու եւ ամէն բան փոխուեցաւ: Հրաշքի պէս բան մը եղաւ:-

Կարդալ ավելին