Մարուշ Գազանճյան — Երամյան | ԴՈՒՐՍ

Դուրս ելայ տունէս
եւ ալ երբեք երբեք
չվերադարձայ
եւ մինակ էի
երկինքը գրկեց զիս
երկիրը օրօրեց
ծովը արցունքս եղաւ
եւ անտառները լռութիւններս
աշխարհը տունս ըրի
քեզ մէջս ունենալու համար
* * *
Տունէս դուրս ելայ
Դուրսը ոչ անտառ կար
ոչ ծով
անապատը միայն
ու անոր մէջէն սողացող
կասկածի գետը
որուն վրայէն օր մը
հեռացար
ու հիմա կը թիավարես տակաւին
դուրս ելեր էի
քեզ փնտռելու համար
մինչ ներսն էիր դուն
որպէս լռութիւն

* * *
Երբ թափեցան անձրեւները
ափսոսանքի
հասկցայ որ սկսեր էր
մոնսունը* կեանքիս
ներս չունէի
դուրսը արդէն տուն դարձեր էր
կը մնար որ
տուն գայիր

* * *
Դուրս ելայ սրտէդ
և չհաւատացի
տունս այնտեղ էր
արիւնեցայ
հաւատքի քարերը կրելով
կարծրացայ
պատերս ողորկ շաղախելով
հարստացայ յոգնութեամբ
իմաստնացայ առանձնութեամբ
տունս տաք էր բոյնի քաղցրութեամբ
ես հոն չէի
դուրսը
սիրտդ կը փնտռէի

* Մոնսուն՝ ամառնային անձրեւոտ եղանակ

1 comment

    • Իշխան Չիֆթճեան on 21 Մարտի, 2009 at 7:29 ե.
    • Reply

    Պարզ բառեր եւ կարճ տողեր կու տան երեք իրարու կապուած բայց տարբեր պահերու նկարագրութիւնը: Առաջին պահուան մէջ բնութիւնը, որ դուրսն է, կը հովանաւորէ անոր, որ տունէն դուրս ելլողն է: Երկինքն ու երկիրը, ծովն ու անտառները ներկայ են ու հոգացողի դեր մը ունին: Դուրս ելլողը այս պահուան մէջ հանգիստ է այնքան, որ դուրսը իր տան կը վերածէ:
    Երկրորդ պահուան մէջ չունինք առաջին պահուան հանգստութիւնը: Բնութիւնը հոս ամբողջովին տարբեր է, աւելին` իւրակերտ և ատով իսկ բնականաբար կը հակադրուի առաջին կացութեան: Անտառներուն տեղ անապատ կայ և “կասկածի գետ” մը:
    Երկու պահերուն պարագային ալ, տուէն դուրս ելլողը “ուրիշի” մը փնտռտուքով տարուած է: Երկրորդ պահուան մէջ յայտնի կ’ըլլայ, որ այդ ուրիշը դուրսը չէ, այլ ներսը, իբրեւ լռութիւն սակայն:
    Առաջինին հակադրուող երկրորդ պահէն ետք եկող երրորդ պահը այլևս դուրս ելլելու մասին չի խօսիր: Եսը լուսաւորում մը կ’ապրի այստեղ, երբ կը հասկնայ, որ կեանքի տարբեր, թերեւս անծանօթ հանգրուան մը կը թեւակոխէ, զոր ինք “մոնսունը կեանքիս” կը կոչէ: Երրորդ պահը անձրեւոտ շրջանի մը պահն է, ուր ներս/դուրսի հարց մը չկայ այլեւս: Նոյնիսկ ներսի մը գոյութիւնը կը ժխտուի, քանի ան անկարևոր կը թուի այս նոր հանգրուանին առջեւ: Այս հանգրուանը սակայն պէտք ունի այդ “ուրիշին”, որուն տունդարձին բաղձանքով կ’աւարտի կտորը: Ներսը անդրանցնող այս “ամառնային անձրեւոտ եղանակի” հանգրուանը անգոյն է ինչպէս անձրևը և կապուած է լուսաւորումի հետ:

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.