Կաֆէին ծայրն եմ նստած, մինակ ու լուռ: Դէմքիս մկանները պրկուած են այսօր, ու գրելը իմ համար ծանր արարքի վերածուած է: Երեւի օրս ծանր էր, լեցուն մեծ անկումներով, լքումներով, անհասկնալի դիպաշարով, բեռով: Տանը վերջին պահուն մոռցուած գիրքերս կը մտաբերեմ ու կը յիշեմ, որ այսօրս պիտի պսակուէր Վահէ Օշականի մասին գրելով:
Անցորդների անկասելի շարժումներուն կը հետեւիմ: Կեանքը կը վազէ շուրջս: Ես, սակայն, նոյն անդորրին մէջ ու պատերազմէլէ յոգնած զինուորին հանգիստը կը փնտռեմ: Սովորական սուրճը սառած է բաժակին մէջ, որ կը յիշեցնէ Աբրահամ Ալիքեանը,-Աբրահամը կը սիրէր սառածը սուրճին,- եւ անոր լքուածութիւնը Էլիսարի բլուրներուն վրայ: Անոր լքուածութիւնը տեսակ մը ինքնեկ, ինքնաբուխ բան մը հանդիսացաւ: Ուզեց, կամեցաւ ու ի վերջոյ յաջողեցաւ, որ մնայ իր մինակութեանը եւ տեսակին մէջ: Այդ մասին պիտի գրեմ աւելի ուշ:
Հիմա Թիրախս ու աչքերս կը յառին Վահէ Օշականին: Օշականի մահուան տասնամեակն է այս տարի: Լաւ կը յիշեմ անոր մահուան ատենը՝ 2000-ի Յունիսին: Այդ թուականը սգալու համար չեմ գրեր այսօր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ Օշականը կեանքով լեցուն, կեանքով բաբախուն գրող էր, անոր գրականութիւնը առաւելաբար կը բխէր կեանքէն… Պոռթկացող, ընկերային անարդարութիւններուն դէմ բողոքի դուրս եկող, հայ ժողովուրդի դատին հաւատացող գրողն էր Օշական:
Բանաստեղծութիւնը հանդիսացաւ անոր նախընտրած գրական սեռը, ան գրեց թատերակ, եղաւ անուն ունեցող հրապարակագիր, գրեց վէպ ու արձակ գործեր: Մեծ է անոր բերած աւանդը սփիւռքահայ գրակաութեանը մէջ: Նախընտրեց պայքարիլ յանուն բառի ու գրականութեան, ատեց փառքն ու պատիւը, ապրեցաւ լոյսերէ հեռու եւ լոյսերէ վեր:
Իր կեանքի վերջին հանգրուանին, քանի մը անգամներ այցելեց Միջին Արեւելք, ուր մշակութային յայտնի միութիւն մը տօնեց իր գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը: Յոբելեարը այդ առթիւ գրեց երկար յօդուածաշարք մը, ուր կրկին անգամ եւ հարազատօրէն յայտարարեց իր գրական մանիֆեստը:
Վերադառնալու համար Վահէ Օշականի գրական ըմբռնումներուն կամ անոր դաւանած սկզբունքներուն, հարկ է քանի մը տողերու մէջ ամփոփել այդ կէտերը:
Ա. Նախ գրականութիւնը իր համար սոսկ մեռելաթաղութեամբ ու ձանձրոյթէ բռնուած մէկու մը, կեանքէն զարնուած, կեանքէն հիսաթափուած մէկու մը մտամարզանքը չէր, այլ կեանքի պայքարին մէջ ինկած ու գրիչը վեր պահող յանդուգնի մը բողոքի ձայնն էր….
Բ. Գրականութիւնը, իր ստեղծած գրականութիւնը, չէր հաւատար կաշկանդումի: Ընդհակառակը, իրեն համար կարեւոր էին յանկարծակի որոնումներն ու անակնկալ տարազումները, որովհետեւ կը հաւատար, որ սկանդալային գրականութիւնն առաւելաբար ընթերցողը կը մղէր մտածելու …
Գ. Վահէ Օշականի համար գերադաս էր մտածողութիւնը, միտքով առաջնորդուած գիրը զինք ու մեզ պիտի մօտեցնէին տիեզերքի ճշմարտութիւնը որոնելու խնդրին:
Դ. Ճիշդ է, որ ունէր քաղաքական հակում: Բայց իր գրականութեան ընդմէջէն բոլորին կը նայէր հաւասրապէս:
Ե. Ամենակարեւորը Վահէ Օշականի մօտ այն էր, որ անսակարկ նուիրումով կ’ուզէր լսել նորահաս սերունդներու ձայնը՝ տեսակ մը հովանի ըլլալով անոնց, տեսակ մը պաշտպանը հանդիսանաով մերժուած երիտասարդութեան:
Ուրեմն գրականութիւնը պիտի բխէր կեանքէն, պիտի հոսէր անկաշկանդ կեանքէն՝ ազատութիւնէն: Գիրը պիտի առաջնորդուէր նաեւ միտքով, միտքը պիտի քաջութիւնն ունենար մեծ հարցադրումներ կատարելու, ու գրելու պայքարը պիտի կայանար միայն ճշմարտութեան որոնման համար:
Վահէ Օշական ճշմարտութեան որոնողն էր, ու մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց պատնէշի վրայ:
Եղան շատեր, որ քննադատեցին իր գրականութիւնը, ստեղծուած ու կայացած բանաստեղծութիւնը համարելով չբանաստեղծութիւն, սակայն այդ գրչակները տեղի տուին ու համրացան երբ հանդիպեցան Օշականի մեծ սլացումներուն ու մեծ կրակոցներուն:
Գաղափարի մարտիկ էր, երբ պէտք էր մարտի դաշտ իջնել, ու յանկարծ կը դառնար ալեհեր դարձած մատենագիր ու պրպտող, երբ հարկ էր խորանալ հայ գրականութեան ու մատենագրութեան ոսկի, բայց փոշեպատ էջերուն մէջ…
Խորունկ էր, բայց միստիկ չէր ուզէր խաղալ…
Զարմանալի էր, բայց իր բանաստեղծութիւնը չդարձաւ ապակեդրոն, մեղկ ու աղօտ բանաստեղծութիւն…
Հաւատաց, որ հայը կռիւ ունի աշխարհին դէմ, գրեց այդ հաւատքով, առանց տեղի տալու.. Գրեց այդ ոգիով ու պայքարեցաւ այդ ոգիով…
Հարկ է նորէն կարդալ զինք: Վերակարդալ զինք:
Ու զարմանալի է, որ Սփիւռքով մէկ, Հայաստանն ալ ներառած, Վահէ Օշականի՝ այդ մեծ բանաստեղծին մահուան տասնամեակը կ’անցնի լռութեամբ:
Տարիները մուրճի հարուածներ կու տան մեր ուղեղներուն, մենք կը թմրինք, սփիւռքը կը դառնայ մշակութային թափուք, կենդանի դիակ կամ մահաքուն մտած երեխայ, որուն մարմնին պէտք է տալ ուժգին ելեկտրական հարուածներ …
Վահէ Օշականի մահուան յիշատակը այդ ելեկտրական ուժեղ հարուածներէն մէկն ըլլալու է. առաջինը թերեւս …
Առանց կուռքի վերածելու զինք, հարկ է, որ այսօր նորէն խօսինք իր մասին, նորէն վկայակոչենք զինք …
Վահէ Օշական մեզմէ այնքան հեռու… բայց այնքան մօտ աստղերուն.
պիտի ապրի դեռ երկար, այնքան ատեն որ հայերէնը չէ մեռած:
Վահէ Օշականի մասին գրելը պարտականութիւն չէ: Այլ իրադրութեան մը շղթան տեսակ մը շարունակելիութիւնը …
Շարունակելիի շարունակութիւնը:
Վերջին մեկնաբանություններ