Ծնած եմ 1997-ին, Սուրիայի Հալէպ քաղաքում :
Աւարտած եմ Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանը, իսկ ներկայիս կը յաճախեմ Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերճեանի Երկրորդական Վարժարանը: Կը բնակիմ Հալէպ ընտանիքիս հետ:
Իմ բարձրագոյն կրթութեանս համընթաց՝ կփափագիմ զարգացնել հայագիտութիւնս, որի շնորհիւ հանճարեղ գրողներու այդ սուրբ ճամբուն քայլերս կ’ուզեմ նետել:
Անչափ կարեւորութիւն կուտամ արդարութեանը: Ամէնէն շատ կը սիրեմ մեր հանճարեղ բանաստեղծներէն՝ Պարոյր Սեւակը, Վահան Թէքէեանը, Աւետիք Իսահակեանը, որոնք ունին գեղասքանչ ու աննման քերթուածներ: Երազանքս է նաեւ բանաստեղծութիւններ, յօդուածներ գրելուն կողքին՝ թատերգութիւններ գրել եւ բեմադրել:
Բանաստեղծութիւններս կ’ուզեմ գրել արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով: Ինծի համար գրելը պէտքութիւն մըն է ավելի, հոգիիս կարիքը կը զգամ գրելու: Իմ բանաստեղծութիւններս տպագրուած են շատ մը թերթերու մէջ ինչպէս՝ Հալէպի Գանձասար թերթը , Յունաստանի Ազատ Օր թերթը, Հայաստանի Իններորդ Հրաշալիք թերթը եւ այլն: 2010 թուականին, Շահած եմ Բերիոյ Հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի երիտասարդներու վարչութեան կազմակերպուած Միջդպրոցական Շարադրութեան մրցումին առաջնութիւնը:
Վերջին մեկնաբանություններ