(1)
Ամէնօրեայ փառք
— ձանձրացա՞ր թէ տակաւին-
որ կ՚ապրինք
— եթէ ապրիլ կը սեպես այս-
սրբութեանդ չեմ մօտենար
արքայութիւնդ պիտի գայ անպայման
անտեղ եւ անժամանակ
միւսները մանրամասներ են միայն
բայց մի՛ տանիր զմեզ ի անտարբերութիւն
— որ քերթեն զիս
գայլաշուներու հագցնեն ու ղրկեն
Քեզ փնտռելու
պիտի գտնեմ
անպայման
(2)
Հայր մեր. . . հեռու ես
եւ երկինքներդ կեանքէն ալ անդին
կեանքը որ տուիր
հաւասարում է բազում անյայտով
ու միակ յայտնին մարդն է ինքն իր դէմ
հարցումին՝ հարցով
Հայր մեր որ . . . լուռ ես
բայց քու փոխարէն այնքան բարբառող
ծառին ու ծաղկին ծովին ու ծերպին
ձիւնին անունով . . .
իսկ լսող չկայ
ժամանակ չունինք օ՜ բազմազբաղ ենք
հետքդ փնտռելով
Հայր մեր որ . . . զիս ես
երբ զիս իմ դէմս այդպէս կը լարես
փրկէ զիս ինձմէ
(3)
Հայր մեր . . .
կամքդ օրհնեալ ըլլայ
բայց եթէ զիս այստեղ դրիր
ի՛մ կամքս է որ պիտի ըլլայ
եւ մի՛ տանիր զմեզ
ի փորձութիւն
(4)
մեռած ձուկ մը կը ցոլանայ
T.V.ի պաստառին վրայ
կապիճներուն տակ եղջիւրներ
ես կ՚աղօթեմ
մանուկներուն
որ կը ծնին մահուան համար
(5)
վաղուց է կարծեմ
որ աղօթքները՝ խճճուած բառեր
ա՛լ չեն նեղեր Քեզ
եւ կամ խանգարեր հանգիստդ հեռու
բայց կը կարօտնաս երբեմն հասնող
ունկերդ շոյող
փառքի բառերուն կառչած վնկոցը
շունին անօթի
աղբակոյտին մէջ որ լուռ կը մեռնի
(6)
երբեմն գիտես
ափերս կը ցաւին
ճակատս կ՚արիւնի
ոտքերս կը կոտտան
բայց ամենէն շատ
սիրտս կը փլի բիւրերորդ անգամ
վերյուշին առջեւ դաւաճանութեան եւ ճակատագրին
Քեզի վիճակուած
այդ պահերուն է
որ գերմարդ դարձած
ցաւի շեղբին տակ
իմ մարդութեանս
երանի կու տամ
And vice verca
Վերջին մեկնաբանություններ