Խաչիկ Տէտէեան | ԱԼԻՏԱ, ԻՄ ՎԵՐՋԻՆ ՍԷ՛Ր

Խաչիկ Տէտէեան

Խաչիկ Տէտէեան

Ես հիմա կը հետեւիմ քեզի, որովհետեւ երկար խարխափումներէ յոգնած ու սթափած, գտած կը կարծեմ ըլլալ թիրախս։

Գիշերային թափառումները հիմա կեղծ կը թուին ըլլալ ինծի. անիմաստ վատնում մը՝ դալուկ անհունի մը մէջ, աննպատակ ու անշահաւէտ. ի՞նչ պիտի իրագործած ըլլայիր, յիմար արարած. ո՜չ առաջինը, ո՜չ ալ վերջինը պիտի ըլլայիր. հպարտութիւնդ, միամտութիւնդ, մակերեսայնութիւնդ քեզ կը մղէին վերերը փնտռել կեանքի ու մարդկութեան խորհուրդը, հեռու՝ մարդոցմէն ու առօրեայէն, բայց ահա ինկար գիշերուան տեղատուութեան մէջ, ունայն ու ճապաղ։

Բայց ո՞ւր էին մարդիկ, երբ դուն կը գալարուէիր ցաւերուդ, տագնապներուդ ու հարցադրումներուդ բեռան տակ կքած։ Ինչո՞ւ կը ծիծաղէին դարանակալ ու ամէն առիթի կը դարպասէին քեզ։ Իսկ դուն, միամտօրէն, -ոչ անշուշտ միշտ-, կը հաւատայիր կեղծ եղերերգին, որ կը բեմադրէին քու դիմաց։ Ափսո՛ս ժամանակին։

Ես հիմա կը քալեմ քու ոտնահետքերովդ, կը հետեւիմ քեզի, լուսաստղի մը նման. գիտեմ հիմա, որ ճշմարտութեան արահետէն է, որ կը քալեմ, որովհետեւ գերագոյն ճշմարտութիւնը ծիծաղ մըն է մեզի նման ողջախոհներուս համար։ Բա՜ց դռներդ, Ալիտա՛, ալիքներուդ մէջ տատանող նաւուն նման նուաճեմ տաք ջուրերուդ խորերը, իմ հրա՛շք Ալիտա։

Երէկ, մինչ կ᾿որոնէի քեզ ծառուղիներուն ընդմէջէն, կարծեցի, թէ միսթիք ինչ որ ոգի զիս կը մղէր քեզի, վեր դէպի ամպերը եւ անդին՝ դէպի ծովը։ Մանկական այդ խաղին մէջ երկար յապաղեցայ ու հասկցայ վերջապէս, որ խաբկանք մըն էր, դափնի մը՝ գեղեցիկ ու հրաշագեղ։ Բայց ես պէտք ունէի իրականին, անմիջականին, ո՜չ անկարելիին։ Ես հաւատացի քեզի, Ալիտա, իմ կապոյտ սէր, որովհետեւ դուն զօրեղ ես ինչպէս Կղէոպատրան, ու կրքոտ՝ ինչպէս Շամիրամը Ասորեստանի։ Դուն համադրումն էիր իմ երազանքին, հոս, երկրի վրայ։ Դուն անժամանակ երգն էիր, որ կը ձուլէ իր մէջ ամէն պատրանք, կիրք ու անձկութիւն։ Դուն հովերուն շշունջն էիր, որ ականջներուս մէջ կը փսփսար ապրելու իմաստը։

Եկուր, Ալիտա, ո՛վ հրաշք կին, անցնինք անհրապոյր այս ճամբաներէն ձանձրոյթի եւ անմխիթար, երթանք պահին համար, որ մեզ միացուց, հեռու խաբկանքէն ու մեղքէն, ճեղքենք հորիզոնը, որ կը դարպասէ մեզ ցունամիի մը նման։ Եթէ յաջողինք ճեղքել զայն, լա՜ւ, այլապէս կը սուզուինք անոր խորերը, գէթ միասին, խօլական ու ամբողջական։

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.