Նորա Պարութճեան | ԱՊԱԿԻԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Անունս

Ան չի գիտեր անունս.
զիս կը կոչէ բոլորին պէս.
կը տեսնէ ինչպէ՛ս
ամէն առաւօտ
տունէն դուրս կ՛ելլեմ
ես անգանգատ,
եւ ինչպիսի ճշգրտութեամբ
իրիկունը
կը դառնամ իրեն։
Ան գոհ է այսպէս,
հարցում չունի մտքին մէջ,
որովհետեւ
զինք չի յուզեր իմ ճամբաս։
Կ՛երեւակայէ։ Եւ
հանգիստ է այսպէս։
Հանգիստ ենք մենք երկուքով
Ան չի գիտեր անունս,
բայց կը ժպտանք իրարու.
ներկայութիւնս իրեն
հանգստութիւն կը բերէ.
գիտէ որքան բարի եմ հոգւով,
զինքը որքան կը սիրեմ,
կ՛ուզեմ բերել ուրախութիւն
իր տանջահար օրերուն,
գիտէ աշխարհի ո՛ր անկիւնը
կ՛ուզեմ ըլլալ այս վայրկեանիս,
ո՛ր վայրկեանին՝ տունս ըլլալ
ես կ՛ուզեմ,
ի՛մ տանս մէջ եւ որո՛ւ հետ
կ՛ուզեմ տօնել տարեդարձ
կամ նոր տարի
կամ յիշատակ մը բարի.
գիտէ իջնել մինչեւ
խորերը մտքիս
եւ դուրս հանել չարտասանուած
բառերս՝ դեռ չկերտած.
գիտէ, գիտէ,
գիտէ ըսել,
գիտէ լսել ու
կռահել դեգերումներն ճաշակիս։
Գիտէ գծել,
գիտէ վառել
հորիզոնները ճակտիս,
մէկտեղել գիտէ իմ որբացած
արահետներս մշուշապատ,
անցեալին մէջ պառաւցած
ուղիներս քարահոտ
սիրել գիտէ,
բայց չի գիտեր
թէ ճամբաս
երբ ես մինակ կը քալեմ,
ի՛նչը կ՛երազեմ,
եւ չի գիտեր որքան կ՛ատեմ
գաղտնիքներուս պահարանին
անհետացած բանալին,
որ կը խլէ զիս անունէս.
բո՛ւն անունէս,
զոր չի գիտեր.
զիս կը կոչէ
ինծի տուած
ի՛ր անունով,
որ իմս չէ։

Ապակիին ընդմէջէն
Գնացքին մէջ դէմ դիմաց էինք։
Չհամարձակեցանք ուղղակիօրէն իրարու նայիլ։ Գաղտագողի նայուածքով չափչփեցինք զիրար, յետոյ, երկուքս ալ մեր նայուածքը պատուհանէն դուրս քշեցինք։
Ապակիէն, մեր երկուքին նայուածքները զիրար գտան, բարեւեցին, թեթեւ թեթեւ ժպտացին, կամաց կամաց մօտեցան, գիրկընդխառնուեցան ու միասին ճամբորդեցին ապակիին ցոլացումին անհունութեան ընդմէջէն, ապակիին ցոլացումին յաւիտենութեան ընդմէջէն, ու քանդակուած մնացին ժամանակէ եւ տարածքէ դուրս։
Հոն, մինչեւ վերջ ապրեցան կեանք մը, որ երբեք, երբեք դէմ դիմաց պիտի չկարենային հանդուրժել։
Անոնք զիրար երազեցին, ստեղծեցին, եւ իրարու իրենց ուզած կերպարանքը եւ գոյներու խաղը տուին։
Ազատ էին ապակիին ցոլացումին ընդմէջէն։
Իրե՛նց ուզածը հոն գտան։

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.