Մարուշ Երամեան | ՆԵԽԸ ԱՐԵՒԻՆ ՏԱԿ

MY12

Բակի ծառերուն տակ սեղանը պատրաստ էր: Հրանդ Հայկոյեանը խոհանոցէն փոքրիկ պնակներով աղանդերը կը բերէր. դրաւ նաեւ օղիին շիշը. ջուրը սառնարան ձգեց. օրուան այն ժամն էր, երբ երրորդ անգամ ըլլալով շէնքին ելեքտրածինը կ’աշխատցուէր ու երկու ժամ լոյսի մէջ կը նստէին, հեռատեսիլ կը դիտէին, կամ պարզապէս լոյսը կը վայելէին:

-Տէ՛ Ճորճ, ո՞ւր մնացիր, անօթութենէս սատկեր եմ:
Իրիկուան այդ ժամերուն, ամբողջ օրը աշխատանքով անցուցած Հրանդ ա՛լ չէր դիմանար անօթութեան:
-Բա՞ն մը ըսիր,- Արեւիկը ձայն տուաւ ներսէն, ուր համակարգիչին առջեւ նստած բաներ մը կ’ընէր:
Հրանդ չպատասխանեց: Լեցուց իրենց երկուքին օղիները եւ նստաւ:
Արեւիկը միացաւ իրեն: Վերցուցին գաւաթները միաժամանակ եւ առանց ձեւականութեան, առանց «կենաց»ի ուրախ զնգոցին խմեցին:
-Ճորճին ըսի, որ գայ միասին ընթրենք,- հեռաձայներ էր Հրանդը իրիկուան,- դուն ալ իջիր:
«Իջիր»ը պատկեր չէր: Երեսուննոց բայց տակաւին թարմ Արեւիկ Սիմոնեանը երրորդ յարկին վրայ կը բնակէր, մինչ Հրանդին տունը գետնայարկին վրայ էր:
Տաս վայրկեան վերջ Ճորճն ալ եկաւ.
-Ուշ գոցեցինք,- ըսաւ:
Հրանդին այս ընկերը բաւական բարեկեցիկ երիտասարդ մըն էր, քաղաքին «ապահով» շրջաններուն մէջ լաւ խանութ ունէր, բայց վերջերս ան ալ սկսեր էր առանձնութենէ տառապիլ, երբ կինն ու զաւակները Պէյրութ ղրկեր էր, որ «փորձանքէ հեռու մնան»:
-Չեմ հասկնար,- կ’ըսէր Արեւիկը,- ինչպէ՞ս կրնան իրենք հանգիստ եւ ապահով ապրիլ, երբ գիտեն որ սա մարդը հոս, ամէն պահ վտանգի մէջ է:
Ճորճն ալ լռութեամբ խմեց իր առաջին ումպը: Զրոյցը ուրիշ օրերու պէս օղիին հետ չէր քակուեր: Ծանր օր մըն էր. հրասանդերու տարափն ու զոհերուն թիւը կղպեր էին բոլորին բերանը:
-Յոգնեցա՛նք,- ըսաւ Ճորճը աւելի ինքն իրեն, քան սեղանակիցներուն:
-Ասդին-անդին շատ մի՛ տարածէք,- ըսաւ Հրանդ ծանրօրէն,- եկող օրերուն քաղաքը կրնայ կրակմար ըլլալ, տունը բաներ մը լեցուցէք:
Արեւիկը շրթունքները սեղմեց:
-Բանի մը պէտք ունի՞ս, հաց բերե՞մ քեզի,- դարձաւ Ճորճը Արեւիկին:
-Նորէն փուռին առջեւ հրասանդ ինկեր է, նորէն տասնեակ մը զոհեր եւ աւելի վիրաւորներ կան – պատասխանեց Արեւիկը – ծօ ի՞նչ կ’ուզեն խեղճ ու կրակ ժողովուրդէն. արդէն եթէ դրամ ունենան, ութը նկանակին հարիւր ոսկի կու տան, ժամերով հերթի չեն կենար … հացն ալ արիւնով թաթխեցին:
Եւ հացը երեքին ալ բերնին մէջ շատցաւ, շատցաւ ու չկլլուեցաւ:
Արեւիկը նայեցաւ Ճորճին ու մտածեց՝ ուրկէ՞ բարեկամացեր են Հրանդին հետ, երբ ոչ տարիքի, ոչ իսկ աշխատանքի նմանութիւն ունին:
Հրանդը իսկական առեղծուած մըն էր Արեւիկին համար. ընկերներու լայն շրջանակ մը ունէր՝ իսլամ, սիւննի, աթէիստ, քրիստոնեայ, հայ … բոլորն ալ ընթրիքի կը հրաւիրէր՝ համմոս, պնակ մը սալատ ու ձիթապտուղ կը գոհացնէր զիրենք, միայն օղին առատ ըլլար: Օղին եւ զարգացումը հասարակ յայտարարներն էին Հրանդին եւ ընկերներուն, հոգ չէ թէ անոնցմէ շատեր ուսանած չըլլային:
Այս անսովոր, տարօրինակ եւ տարօրէն հաճելի շրջանակին մէջ ինկեր էր Արեւիկը:
Չէր ինկեր. հրաւիրուեր էր նուրբ եւ յամառ հետապնդումով, երբ օր մը պատահմամբ դէմ դէմի եկեր էին իրենց փողոցին մէջ: Հրանդ յանկարծ մտածեր էր՝ բայց ի՜նչ լաւ յաւելում կ’ըլլայ շրջանակիս, մինչ Արեւիկ իրապէ՛ս զարմացեր էր՝ սա տղան տակաւին հո՞ս է:
Որովհետեւ քաղաքին երեք տարուան պատերազմական վիճակին շատ շատեր ձգեր գացեր էին աւելի ապահով քաղաքներ փնտռելով, ուր սակայն շատ արագ մոռցած իրենց փախուստին պատճառը, սկսեր էին կարօտախտէ տառապիլ:
-Ուրեմն դեռ հոս ես:
-Հա, Արեւիկ, ո՞ւր երթամ,- ըսեր էր Հրանդ Արեւիկին աչքերուն նայելով:
Եւ Արեւիկը սիրեր էր իր անունին հնչիւնը սա տղուն լեզուին վրայ:
Հիմա այս բոլորը կը յիշէր օղիին գաւաթը ձեռքը:
Տղա՞յ: Անշուշտ տղայ չէր Հրանդ, որ հիմա քառասուն եւ աւելի տարիներ պէտք է ունենայ իր քիչ մը կքած ուսերուն վրայ եւ ճերմկիլ սկսող մազերուն մէջ:
Հրանդ նորոգեց բաժակները:
-Կենացնուդ,- ըսաւ այս անգամ եւ սպասեց, որ միւսները միանան իրեն:
-Ծօ կեանք մնա՞ց, որ կենաց խմենք:
Իրաւ էր Արեւիկը. իրենց այս ապրածը ա՛լ կեանք չէր: Ամէն մէկը առաւօտները սիրտը ամուրցուցած գործի կ’երթար եւ գիշերը փառք կու տար խէրով-բարով տուն հասնելուն:
Միայն Հրանդին ընկերներն էին, որ կու գային, երկար երկար կը նստէին բակը, ծառերուն տակ, կը զրուցէին պատերազմէն այնքան տարբեր նիւթերու շուրջ եւ ուշ ատեն կ’երթային գլուխները բաւական տաքցած:
-Օրդ լա՞ւ էր:
-Ի՛նչ պիտի ըլլայ, լաւ էր,- ըսաւ Հրանդ,- սրճարան հանդիպեցայ, ըսի լուրեր հաւաքեմ, գիտես որքան մարդ կու գայ … բայց այսօր ոչ մէկուն բերանը կը բացուէր. կ’ըսեն յիսուն-վաթսուն մեռեալ կայ քաղաքը:
-Նորէն ինչեր դրեր ես սա սալատին մէջ,- Ճորճը նիւթը կը փոխէ՞ր, տեսե՞ր էր Արեւիկին հազիւ զսպուող արցունքները:
-Հա՛, սառնարանը ինչ կար հինցած, ջարդեցի դրի, որ ձեզի կերցնեմ, չթափեմ, այս օրերուն շիւղ իսկ թափել չըլլար … խանութիդ դրացիները ի՞նչ կ’ըսեն:
-Ամէն օր բան մը կը խօսին՝ բանակը յաղթական կը յառաջանայ, քանի մը օրէն կը լուծուի մեր հարցը … ուրիշ օր մը կու գայ՝ լսեցի՞ր, օդուժի կեդրոնը գրաւեր են, վերջերնիս է ասիկա, վերջացեր ենք …
-Ե՞րբ որոշեցիր երթալ,- հարցուց Հրանդ:
-Դո՞ւն ալ կ’երթաս,- Արեւիկին ձայնը գրեթէ ճիչ էր:
-Երթամ կինս զաւակներս տեսնեմ, բայց տասնհինգ օրէն կու գամ:
-Այդպէս ըսէ՛, վախցայ որ երթաս ու ետ չգաս:
-Վախնաս չվախնաս, ա՛յս է իրականութիւնը, եթէ այսպէս շարունակուի, բոլորը պիտի երթան:
-Տեղացիները տեղ մըն ալ չեն երթար, քրիստոնեայ թէ իսլամ. պարզապէս կը սպասեն. մենք է, որ առաջին ահազանգին կ’երթանք:
-Ասիկա «առաջին ահազա՞նգ» կը նկատես,- Հրանդ դարձաւ Արեւիկին,- բայց ի՜նչ կ’ըսեմ, բոլոր կիներն ալ նոյնն են՝ խելք չունին:
Արեւիկը վիրաւորուած լռեց, Ճորճը խեթ նայեցաւ Հրանդին, որ շատ անտարբեր խոհանոց կ’երթար փուռին մէջ տաքցող գետնախնձորով ճաշը բերելու:
-Ապուշ էի, որ սկիզբէն ընդունեցի բարեկամութեան իր հրաւէրը, մտածեց Արեւիկ:
Ճորճը զգաց աղջկան վիճակը եւ գրեթէ փսփսալով ըսաւ.
-Մի՛ նեղուիր, սիրտը շատ բարի է, բայց չի կրնար կիներուն չդպնալ, չխածնել …
Արեւիկը շարունակեց լուռ մնալ, կրկին վերյիշելով իր աւելի քան շաբթուան մը տուայտանքը, երբ Հրանդ ամէն օր կը հեռաձայնէր, զինք ընթրիքի հրաւիրելու համար:
Թերեւս եթէ չըլլար հրասանդը, որ ընկերուհիին տան թաղը ինկեր էր եւ իրենց նստասենեակը տակն ու վրայ ըրեր, հաւանաբար Արեւիկը շարունակէր մերժել Հրանդին: Բայց այդ օրն էր, որ վտանգը հասեր էր նաեւ իրենց թաղերը, զգացեր էր կացութեան ծանրութիւնը եւ չէր կրնար մոռնալ ընկերուհիին ահէն սառած, անմարդկային, սուր ձայնը, ուր ոչ իսկ մէկ արցունք կար.
-Արեւիկ, հոն նստեր էի, ելայ ըսի սուրճ մը ընեմ. երբ ներս եկայ, նստած տեղս մեծ-հօրս մեծ նկարը, գիտես, տիվանին ետեւի պատին, ինկեր էր եւ ապակիները տիվանը պատռեր էին. մէկ վայրկեան առաջ հոն էի …
Հրասանդը կրնար ի՛ր թաղը ինկած ըլլալ, այս բոլորը կրնային իր տան մէջ պատահած ըլլալ, կրնար ինք եւս բազմաթիւ զոհերուն պէս …
-Հիմա, այսօր եթէ հեռաձայնէ, պիտի ընդունի՛մ. ինչէ՞ն կը վախնամ որ ու յետոյ՝ վաղը կրնամ չըլլալ. ի՜նչ վաղը, այսօ՛ր, քիչ ետք, հիմա՛ կրնամ չըլլալ …
Պատերազմը ոչ միայն երկրին շուրջ, այլ մանաւանդ մարդոց հոգիներուն մէջ ի՜նչ սահմաններ փակեր էր եւ ի՜նչ ուրիշներ բացեր …
-Քեզի չկայ, Արեւիկ, արդէն քու եփածդ է, Ճո՛րճ, բե՛ր պնակդ,- կ’ըսէր Հրանդ:
Երկու տղամարդիկը ախորժակով կ’ուտէին երկար եւ ծանր օրուան մը յոգնութեամբ, մինչ աղջիկը զիրենք կը դիտէր:
Եթէ սովորական պայմաններու մէջ ըլլային Արեւիկը պիտի ուզէր ամէն բան իմանալ Ճորճին մասին, որուն նոր ծանօթացեր էր, պիտի ուզէր շատ բան իմանալ Հրանդին մասին, որուն թէեւ ծանօթ էր, բայց մտերիմ չէր եւ գրեթէ ոչինչ գիտէր:
Հիմա սակայն ժամանակ չկար նման բաներու: Միա՛յն ապրիլ, ապրիլ եւ պահը վայելել:

Կիրակիի իրենց սովորական ճաշէն ետք «այրիներու եւ տընմնաներու» յանձնախումբը որոշեց շուկայ երթալ, եթէ ոչ գնումի, ապա գոնէ ցուցափեղկերը «լիզելու» եւ տեսակ փոխելու համար:
Գացին քաղաքին ամենասուղ շուկան, արուարձանի մը մէջ: Խանութներուն մէկ երրորդը պարպուած էր եւ փեղկերուն «վարձով կը տրուի» յայտարարութիւնը փակցուած: Մնացեալներէն մաս մը փակ էր ու յստակ չէր՝ տէրերը գաղթե՞ր էին, թէ՞ առուտուր չըլլալուն պատճառով չէին բանար:
Չորս կիները փորձեցին լրիւ վայելել իրենք իրենց շնորհած ժամանակը եւ մոռնալ պատերազմը, կացութիւնը, պայթումները:
Հատ ու կենտ այլ կիներ եւս կային, լաչակաւոր կիներ, մանուկներով բեռնաւոր, որոնք խանութները կը մտնէին կ’ելլէին առանց բան մը գնելու, ճիշդ իրենց պէս: Քաղաքէն դուրս պտոյտները խափանուելէն ետք, կիներուն համար քաղաքին քանի մը շուկաները պտոյտի վայր դարձեր էին:
Հեռուէն պայթում մը լսուեցաւ:
-Լսեցի՞ք,- Արեւիկը վախցած դարձաւ միւսներուն,- ի՞նչ էր, ո՞ւր էր …
-Ծանր էր, բայց կարծես հեռու էր:
-Ինծի շատ մօտ թուեցաւ:
Արեւիկը չորս կողմ նայեցաւ տագնապով, բայց կարծես իրմէ զատ ոչ ոք լսեր էր պայթումը. խանութներուն տէրերը կը շարունակէին իրարու հետ խօսիլ ու ծխել. կիները կը շարունակէին խանութ մտնել-ելլել, դէմի մայթին նստած երկու ծերերը կը շարունակէին իրենց կլկլակները վայելել:
-Արդեօք ո՞ւր էր,- Արեւիկը կրկնեց եւ փորձեց ընկերուհիներուն հետ քննարկել ցուցափեղկերէն մէկուն պարունակութիւնը:
Բջիջայինը հնչեց. Հրանդն էր.
-Արեւի՞կ, ո՞ւր ես,- ձայնին մէջ տագնապ կար:
-Հոս, փողոցները, շուկան …
-Տունը չէիր. նայէ՛, մեր թաղը երկու հրասանդ ինկաւ:
-Ի՞նչ:
Գոյնը թռաւ աղջկան դէմքէն. աղիքները սկսան ցաւիլ:
-Է՞, ի՞նչ պիտի ընենք …
-Ի՞նչ կայ,- դարձաւ ընկերուհիներէն մէկը,- ո՞վ է, ի՞նչ եղեր է:
-Քիչ մը առաջուան պայթումը մեր թաղն էր ուրեմն. զգացի որ մօտ է:
-Ո՞վ ըսաւ, կրնայ սխալ ըլլալ:
-Դրացիս:
Տագնապին մէջ իսկ չուզեց Հրանդին անունը տալ, իր կեանքէն ներս անոր գոյութիւնը յայտնել:
Զգացեր էր տղուն վախն ու գուրգուրանքը, որոնք այնպէ՜ս շոյեր էին իր ներաշխարհը: Դեռ մինակը կ’ուզէր վայելել այդ շոյանքը:
-Երթա՛նք,- ըսաւ:
-Ըլլալիքը եղեր լմնցեր է,- ըսին երեքը միասին:
-Հա, բայց սկսայ վախնալ:
Մարդ իր կեանքին մէջ քանի՞ անգամ պիտի հաստատէ, որ «վախէն փորը քշեց»ը գրական պատկեր չէ, այլ իրապէ՛ս ֆիզիքական վիճակ: Այս հաստատումը առաջին անգամ Պէյրութ ըրեր էր, երբ գիշեր մը Իսրայէլ ռմբակոծեր էր ելեքտրականութեան կեդրոնը: Հիմա նոյն վիճակն էր:
Հասաւ տուն եւ անմիջապէս հեռաձայնեց թաղի նպարավաճառին, որուն խանութէն քանի մը մեթր անդին ինկեր էին երկու հրասանդերը:
-Շատ շատ ծանր էր, այո …
Մարդուն ցնցումը ձայնէն իսկ զգալի էր:
Հեռաձայնեց Հրանդին:
-Իջի՛ր,- ըսաւ տղան,- հիմա Մուհամմէտն ալ պիտի գայ, շատ լաւ տղայ է, բժիշկ է, կը նստինք, կը զրուցենք:
Երբ իջաւ, Մուհամմէտը եկեր էր արդէն եւ կլկլակը վառեր. զգլխիչ բոյրը լեցուեր էր ծառերուն տակ:
Երեկոն անդորրով կը թրթռար. քովի բակէն մանչուկ մը իր երեւակայական ինքնաշարժը կը վարէր ու երկու կիներ կը շաղակրատէին: Խաղաղութեան խաբկանքը այնքան զօրաւոր էր, անոր հասնելու անկարելիութիւնը այնքան իրաւ եւ իր անկարողութիւնը այնքան մեծ, որ Արեւիկին աչքերէն արցունքը լուռ շառաչով պայթեցաւ:
Հրանդ իրեն համար օղի կը լեցնէր. Մուհամմէտ զինք կը դիտէր զարմացած, մեծ աչքերով:
Արեւիկը անդրադարձաւ նայուածքին, տեսաւ որ տղան խաժ աչքեր ունի եւ նուրբ դիմագիծեր, ու ժպտեցաւ կոտրած ժպիտով:
Մուհամմէտ գլուխը շարժեց:
-Ուրկէ՞ ծանօթ էք,- հարցուց Արեւիկը:
-Ընկերոջս հետ սենեկակից եղած են ուսանողութեան տարիներուն,- ըսաւ Հրանդ.- Միամօր զաւակ է, հիմա ալ ծեր ծնողքը կը խնամէ:
Իրիկուան էզէնը սկսաւ կանչել. Մուհամմէտ հըմհըմալով կը ձայնակցէր:
-Այս մեր մօտի մզկիթին կանչողը փոխուեր է կարծես, չէ՞,- դարձաւ Արեւիկը Մուհամմէտին,- ասիկա նախկինէն աւելի լաւ է կարծես …
-Ասիկա՞ … ասիկա հոյակապ է … լսէ՛, նահաուանտ քարով կը կանչէ. ոչ ոք այս մուղամով կը կանչէ հոս:
-Մուհամմէտը շատ լաւ երաժշտութիւն գիտէ,- ըսաւ Հրանդ,- մանաւանդ արեւելեան երաժշտութիւն, ճիշդ իմ հակապատկերս:
Ծառերուն տակ մութը սկսեր էր լեցուիլ. զրոյցը կ’ընթանար հանդարտ ու հոսուն, կարծես չըլլար պատերազմը, չըլլար կեանքերու այս ահաւոր մսխումը:
Երեք մարդիկ էին, որ այդ պահուն իրենց մարդ ըլլալու հրաշքը կը վայելէին, առանց կրօնական խտրութեան, առանց շինծու պատուարներու, մոռցած իրենց հոգերը:
Արեւիկը զգաց, որ աղուոր բան մը սկսաւ տարածուիլ ներսիդին, զինք յոյսով եւ քաղցրութեամբ լեցնելով: Վախը սկսեր էր տեղի տալ:
Մուհամմէտ կը շարունակէր էզէնին հետ հըմհըմալ:
-Ծօ դադրի՛ր, ֆանաթիք սիւննի ,- ըսաւ Հրանդ կեղծ բարկութեամբ:
Արեւիկը նայեցաւ օղիի գաւաթին, որ արդէն երկու անգամ պարպուեր-լեցուեր էր:
-Դուն գիտե՞ս երաժշտութիւնը ի՛նչ ազդեցութիւն ունի մարդուն վրայ:
-Ասիկա երաժշտութի՞ւն կը համարես,- կրկին հեգնեց Հրանդ, մինչ Արեւիկը նոյն պահուն կ’ըսէր.
-Ի՞նչ:
Մուհամմէտ անտեսեց Հրանդին հեգնանքը եւ զարմանքով նայեցաւ Արեւիկին, որուն աչքերը սկսեր էին փայլիլ:
-Ի՞նչ,- կրկնեց աղջիկը:
Մուհամմէտ չէր գիտեր եւ Հրանդ չէր ըսած, որ երգը Արեւիկին համար հոգիի կանչ է, որ Արեւիկ երբեմն կ’երգէ իր մտերիմներուն համար, եթէ անոնք, պատահմամբ լսած ըլլալով իր երգը, շատ խնդրեն որ երգէ:
-Երաժշտութիւնը,- սկսաւ Մուհամմէտ, քիչ մը կեցաւ ու կրկնեց,- երաժշտութիւնը …
Յստակ էր, որ դժուարութիւն կ’ունենար ինքզինք արտայայտելու:
-Հոգիի կա՞նչ է օրինակ,- օգնեց Արեւիկը:
-Այո՛, ճիշդ այդպէս …,- ուրախացաւ տղան:
-Սխա՛լ,- շպրտեց Արեւիկը եւ հակազդեցութեան սպասեց:
-Ինչո՞ւ,- Մուհամմէտ չէր հասկնար:
-Իմ կարծիքս չէ, բայց Թոլսթոյ կ’ըսէ …
-Գիտեմ, «Քրէօյցըր Սոնաթա»ին մէջ, չէ՞, որ երաժշտութիւնը կիրքերը կը շարժէ: Արդէն ատոր համար է որ արգիլուած է Քուրանին մէջ:
-Ֆանաթի՛ք, հո՞ս ալ Քուրանը քիթը խոթեր է,- Հրանդ ուրիշ ձեւ չունէ՞ր զրոյցին մասնակցելու:
Միւս երկուքը անտեսեցին զինք եւ շարունակեցին.
-Կարծեմ ճիշդ հասկցած չես, Թոլսթոյ այդպէս բան չ’ըսեր, կիրքերը շարժե՞լ … չէ չէ …
-Հապա՞:
-Կ’ըսէ՝ երաժշտութիւնը անիմաստ է, երբ …ոչ, այդպէս չէ, կ’ըսէ՝ անօգուտ է, եթէ, չէ չեղաւ: Պէտք է ուղղակի այդ հատուածը կարդալ, որ սխալ մեկնաբանութիւններ չըլլան:
-Գիրքը ունի՞ս:
-Ունիմ:
-Ուրեմն յաջորդ անգամ բեր, որ նայինք թէ ո՛ւր սխալեր եմ …
Յետոյ երկա՜ր նստած մնացին ծառերուն տակ խմելով, ծխելով, լռելով:
Երբ Հրանդ Արեւիկին ընկերակցեցաւ մինչեւ տան դուռը, աղջկան կը թուէր, որ եթէ յաջորդ պահուն հրասանդ մը իյնայ ու խլէ իր կեանքը, ափսոսանք պիտի չունենար:

Իրենց առաջին անկողինը եղեր էր … Արեւիկը չէր կրցած բառ գտնել արտայայտելու: Իրարու կառչեր էին տեսակ մը անսովոր մտերմութեամբ, տեսակ մը յուսահատութեամբ, կարծես համոզուած, որ կարեւոր, շար կարեւոր կէտի մը վրայ կեցած են եւ իրենց մարմիններով պիտի կարենան ետ մղել աղէտ մը, պիտի կարենան դիմագրաւել օրը, դիմանալ այսքան մահ ու աւերի ծանրութեան, պարզապէս միասին ըլլալով, պարզապէս իւրաքանչիւրը ինքզինք վահանելով իրենց միացած մարմիններով:
-Պէտք ունիմ քեզի,- ըսեր էր Հրանդ պարզօրէն, Արեւիկին ուսերը գրկած եւ շարունակեր էր.
-Պէտք ունիմ քեզի ճիշդ այնքան եւ այնպէս, ինչպէս դուն պէտք ունիս ինծի:
-Ես պէտք չունիմ,- ըսեր էր Արեւիկը տխրութեամբ:
-Անշո՛ւշտ որ պէտք ունիս, այս մեր ապրածը կեա՞նք է կը խորհիս:
Արեւիկը համոզուեր էր ոչ թէ Հրանդին խօսքերով, այլ իր եւ քաղաքի բնակչութեան ամէնօրեայ կեանքը դիտելով: Իրապէ՛ս կեանք չէր ասիկա: Ապահով տեղ ա՛լ չէր մնացած քաղաքին մէջ, ապահով չէին նոյնիսկ տուները, ուր հրասանդերը ազատ մուտք սկսեր էին ունենալ: Աւելի լաւ չէ՞ր ապրիլ պահը եւ չմտածել յաջորդ պահուն, վաղուան, գալիքին մասին:
Ամէն օր կը հանդիպէին: Երբեմն ուրիշ բարեկամներ ալ կու գային ընթրելու, աւելի շատ խմելու, զրուցելու կամ պարզապէս միասին լռելու: Ծառերուն տակ իրենց միացեալ գոյութիւնը ձեւով մը կը զինէր զիրենք: Ու երբ բաժնուէին, բոլորն ալ իրենք զիրենք քիչ մը աւելի զօրացած, քիչ մը աւելի դիմացկուն կը զգային:
Երբ մինակ ըլլային Հրանդ կը պատմէր իր յուշերէն, յիշատակներէն, կը պատմէր մանաւանդ իր սիրային ասպատակութիւններէն: Արեւիկը մտիկ կ’ընէր լուռ, ուշադիր, զարմացած, ու կը մտածէր՝ ինչպէ՞ս կարելի է կնոջ մը ներկայութեան այլ կնոջ մը մասին խօսիլ, գովերգել անոր յատկութիւնները կամ պատմել իրենց միանալու եւ բաժնուելու մանրամասնութիւնները:
Ու կը կասկածէր, որ սովորական կեանքի մը պայմաններուն մէջ եթէ հանդիպէին, ինք անպայմանօրէն պիտի մերժէր Հրանդը:
-Կը հաւնի՞ս զիս,- հարցուցեր էր տաք պահու մը, բնազդաբար խուսափելով միւս «վտանգաւոր» բառէն, որմէ տղամարդիկ կը սարսափին:
-Ո՛չ:
-Հապա ինչո՞ւ …
-Շըշշշ …,- լռեցուցեր էր զինք եւ համբուրեր շրթունքները:
Այսպէս էր Հրանդ, այս պերճախօս, անսպառ նիւթ ունեցող տղան զարմանալիօրէն լռակեաց կը դառնար:
-Կարօտցա՞ր զիս,- հարցուցեր էր այլ պահու մը, տղուն աճապարանքին առջեւ զարմացած բայց գոհ:
-Ո՛չ,- նոյն վերջնական, գրեթէ համոզիչ ոճով:
Եւ տագնապեր էր Արեւիկը՝ ինչպէ՞ս հասկնալ ուրեմն սա տղուն ապրածը, մտածածը, կեցուածքը, ինչպէ՞ս հասկնալ առանց բառի եւ խօսքի:
Բայց եւ ինչպէ՞ս վստահիլ բառ ու խօսքին, որոնք նոյնքան խուսափուկ են, որքան լռութիւնը, որոնք նոյնքան ոչինչ կ’ըսեն, որքան լռութիւնը:
Եւ Արեւիկը ապրեր էր իր օրերը, կառչած շարժումի մը, նայուածքի մը կամ արարքի մը բարակ յոյսին, աղջամուղջին մէջ խարխափող մարդու յամառութեամբ:

-Գտա՞ր Մուհամմէտը. ըսի՞ր որ ընթրիքի գայ:
-Գտայ: Պիտի գայ:
-Ե՞րբ:
-Կու գամ արդէն ըսաւ: Դուն իջիր, անօթի մեռեր եմ:
Մուհամմէտը եկաւ ուշացած եւ շատ յոգնած: Արեւիկը իր երկրորդ գաւաթին սկիզբն էր, իսկ Հրանդը երրորդին տակը հասեր էր արդէն: Լեցուց Մուհամմէտին գաւաթն ալ ու նստան:
Հրանդ ըստ իր սովորութեան զրուցելու եռանդի յաւելում կ’արձանագրէր օղիի պարպուող գաւաթներուն խոտոր համեմատութեամբ:
-Ռոպէրթ Ֆիսքը յօդուած մը գրեր է. օր.Արեւիկը կարդաց, շատ հաւնեցաւ, հոյակապ յօդուած է,- եւ դարձաւ Արեւիկին,- այդպէս չէ՞:
Մուհամմէտը նայեցաւ Արեւիկին, խաժ աչքերը մեծ-մեծ բացած եւ գլխուն մէջ հազար հոգ ու ցաւ: Մօրը վիճակը աւելի ծանրացեր էր, իսկ ինք արդէն սպառեր էր հոգ տանելէն: Հօրն ու մօրը կեանքերուն գումարը մէկ ու կէս դարէն ալ աւելի է, եւ ինք՝ միամօր զաւակ, դուստրի մը գուրգուրանքով կը խնամէր զիրենք: Բայց ա՛լ յոգներ էր:
-Այո, շատ լաւ յօդուած է,- սկսաւ Արեւիկը,- բայց ի՞նչ օգուտ երբ անոնք, որոնք …
-Մէկ վայրկեան,- ընդմիջեց Հրանդ,- անշուշտ որ շատ կարեւոր յօդուած է, այդ մարդը, Ֆիսքը Միջին Արեւելք եկած է, հոս …
-Ի՞նչ կապ ունի հոս գալ-չգալը, կարեւորը յօդուածն է …
-Իրաւունք ունի Արեւիկը,- ըսաւ Մուհամմէտ,- կարեւորը՝ այդ յօդուածը կրցա՞ւ բան մը փոխել:
-Ի՞նչ փոխել. փոխելու կարելիութիւն միակ ունեցողը քու Ալլահդ է,- Հրանդը կրկին ընդմիջեց,- առանց որուն …
-Ի՞նչ կապ ունի,- կրկնեց Արեւիկը:
-Ինչո՞ւ կը սիրես քու աթէիզմդ ցուցադրել,- ըսաւ Մուհամմէտ, որուն ձայնը քիչ մը աւելի յոգնած եւ շատ տխուր թուեցաւ Արեւիկին:
-Կը յիշէ՞ք թէ ի՛նչ էր մեր նիւթը՝ նման յօդուածնե
-Ես աթէիստ չեմ. ինչպէ՞ս կրնամ Չ-հաւատալ բանի մը, որ գոյութիւն չունի,- կրկին ընդմիջեց Հրանդ, օղի լեցուց Մուհամմէտի պարպուած գաւաթին եւ խոհանոց անցաւ ջուր եւ սառոյց բերելու:
-Միշտ զգացած եմ հզօր գոյի մը ներկայութիւնը, կ’ըսեն թէ նոյնիսկ մաթեմաթիկոսները զգացած են ատիկա, երբ անցած են թիւերուն վերջին սահմանները:
-Օ՜ … գո՜ն … հզօ՜րը …,- սկսաւ հեգնել Հրանդ, որ խոհանոցէն եկեր էր ջուրին շիշը ձեռքը:
Խմեց իր գաւաթին վերջին ումպը եւ նորը լեցուց: Բայց ձայնը սկսեր էր երերալ եւ բառերը իրենք զիրենք դժուար կը հաւաքէին բերնին վրայ:
Արեւիկը երկա՜ր պահ մը ափսոսանքով նայեցաւ. որքա՜ն հեռու էր այս գինով մարդը իր ճանչցած զարգացած եւ հաւասարակշիռ մարդէն:
-Հրա՛նդ,- ըսաւ եւ ձայնին մէջ խնդրանք կար,- բարի եղիր սա տղուն ըսածը մինչեւ վերջ մտիկ ընելու, յետոյ պատասխանէ, մի՛ ընդմիջեր …
Բայց Հրանդ ի վիճակի չէր լսելու կամ մտիկ ընելու. անընդհատ կ’ընդմիջէր, անընդհատ կը հակաճառէր: Ի վերջոյ դարձաւ Արեւիկին եւ հայերէնով ըսաւ.
-Ելէ՛ք տուն գացէք …
Արեւիկը պահ մը շշմած նայեցաւ Հրանդին՝ լուրջ էր, ու կը սպասէր:
-Երթա՛նք:
Մուհամմէտ կարծես զգացեր էր Հրանդին թէ՛ վիճակը, թէ՛ բառերը: Անմիջապէս ոտքի ելաւ:

Արեւիկը տուն մտաւ, գոցեց դուռը եւ պահ մը անցքին մթութեան մէջ կեցաւ: Ափսոսանքը սկսաւ մեծնալ:
-Սխա՞լ ըրի,- ըսաւ բարձրաձայն ու ցնցուեցաւ ինքն իր ձայնէն:
Սխա՞լ ըրեր էր ընդառաջելով Հրանդի հրաւէրին: Բայց մութը, այդ սոսկալի, այդ անխափանելի մութը, որ կը սպառնար խելագարութեան հասցնել զինք եւ իւրաքանչիւր բնակիչը այս քաղաքին՝ Աստուծոյ պատսպարեալ այս քաղաքին, որ մէկ պահէն միւսը պատսպարեալի վիճակէն վերածուեր էր դժոխքի մէկ անկիւնը մոռցուած աւերակոյտի:
-Նախընտրելի է Հրանդին գինովութիւնը հանդուրժել, քան յանձնուիլ մութին եւ մինակութեան,- մտածեց փոքրիկ սեղանին դրուած մոմը դողացող ձեռքերով վառելով:
Հեռաձայնը հնչեց: Սարսուռ անցաւ Արեւիկին մարմնէն: Ո՞վ էր այս ուշ ժամուն: Ընկալուչը վերցնելէ առաջ ժամացոյցին նայեցաւ. միայն ութուկէս. ուշ չէր. սովորական օրերուն այս ժամուն ամէն մարդ իր գործին գլուխը կ’ըլլար տակաւին:
-Այո՞:
-Կու գամ կոր,- Հրանդի ձայնն էր:
-Ոչ այսօր,- պիտի ըսէր, բայց գիծը գոցուեր էր արդէն:
Ինչպէ՞ս պիտի ընդունէր զայն, այս մարդը, որ յանկարծ հեռացեր էր իրմէ մտածումներու քիլօմէթրերով, որ օտարացեր էր, կարծես չըլլային մութին մէջ իրենց երկա՜ր լռութիւնները, շատ աւելի մտերիմ, քան տարիներով իրարու հետ ապրող զոյգերունը, պարզապէս որովհետեւ ամէն ժամ ու վայրկեան մահուան դէմ յանդիման, տարիները վայրկեաններով սկսեր էին չափուիլ:
Երկու փոքրիկ թակոց:
Հրանդ մտաւ եւ անմիջապէս գրկեց զինք, աքցանեց թեւերուն մէջ: Աղջիկը կը փորձէր անտարբեր մնալ:
-Գրկէ՛ զիս, փաթթէ թեւերովդ,- կ’ըսէր Հրանդի գինով ձայնը:
-Ոչ այսօր,- երկրորդ անգամ պիտի ըսէր Արեւիկը, երբ շատ մօտէն մեծ պայթում մը լսուեցաւ, դղրդաց, փշրուող ապակիներ արձագանգեցին եւ աղջիկը անչափելի ահով կառչեցաւ Հրանդին:
-Ամա՜ն …. ի՞նչ եղաւ:
Եւ մոռցած իր խռովքը, մոռցած տհաճութինը տղուն այդ իրիկուան կեցուածքէն, փարեցաւ անոր սիրոյ եւ ցանկութեան խառնուրդով մը, որ զինքն իսկ զարմացուց: Իրենց առաջին հանդիպումէն իսկ զարմանքը բոյն դրեր էր Արեւիկին մէջ եւ օրերուն հետ սկսեր էր ձեւ փոխել՝ նախապէս երբ կը հաւնէր տղուն զարգացումը, կնամեծարութիւնն ու հաճելի զրուցակից ըլլալու իրողութիւնը, կը խորշէր ֆիզիքական մտերմութիւն մը պատկերացնելով իսկ: Մինչ հիմա՝ բարկութեան եւ յուսախաբութեան ճնշումին տակ, անոր մտերմութիւնը կը ցանկար:
-Ոչ ոչ, պարզապէս վախն է, շատ վախցայ,- արդարացուց ինքզինք:
Տղան չէր զգար աղջկան ներաշխարհի փոթորիկը. գրկեր էր զայն եւ ամուր կը սեղմէր, «մի, վախնար, անցաւ, բան չմնաց» մրմնջելով:

Գիշերը միասին անցուցած չէին թէեւ, բայց առտու շատ կանուխէն Արեւիկը վար իջաւ:
-Եկո՛ւր,- հեռաձայներ էր Հրանդը,- եկուր եւ v day-ի շքերթը դիտէ:
— Vday?
— Victory day , Մայիս 9:
-Շուշիի ազատագրո՞ւմ:
-Նաեւ: Բայց ռուսական բանակի յաղթանակի օր. շքերթ, 69րդ տարուան առթիւ:
Դիտեր էին: Բանակին հզօրութիւնը ազդեր էր, տարօրէն յուզելով զիրենք:
Արեւիկին վրայ շատ ծանր ազդեցին ցուցադրուող մեծ, հսկայ ռումբերը, որոնց տեսքը իր աչքերուն կը բանար պատկերները քաղաքին աւերներուն, զոր այս կամ նման ռումբերը պատճառեր էին:
-Ա՜խ, եթէ միակ թնդանօթները տղամարդոց անձնական «թնդանօթները» ըլլային, կ’երեւի աշխարհը աւելի լաւ, աւելի սիրով լեցուն տեղ մը կ’ըլլար:
Հրանդ չպատասխանեց. նայուածքը գամուած պահեց փոքր պաստառին: Արեւիկ զգաց, որ տղան նման խօսք չէր սպասեր իրմէ: Սկսաւ խնդալ:
-Ինչո՞ւ կը խնդաս:
Ինչպէ՞ս ըսէր, որ կը խնդար, որովհետեւ իր ներսիդին ընթացող մտորումները ծիծաղելի կը գտնէին այս «աւանդապահ» կեցուածքը, կը խնդար նաեւ որովհետեւ խիստ վիրաւորուած էր տղուն լուռ քննադատութենէն, որ ուրիշ անգամ մը եւս արտայայտուեր էր, սուր խօսքերով.
-Վերջերս շատ կը խմես,- ըսեր էր օղիին գաւաթը լեցնելով:
-Երկրորդն է. գիտես որ երկու գաւաթով կը գոհանամ միշտ. գիտեմ նաեւ, որ տղամարդը կը սիրէ իր խմելուն ընկերակցող կինը:
-Ճիշդ ես,- ընդուներ էր Հրանդ, բայց Արեւիկին մէջ ծներ էր տհաճ զգացում մը, որ կը շարունակէր յամենալ:
Հրանդ կը շարունակէր լուռ մնալ: Ուրեմն լրջօրէ՞ն նեղուեր էր:
Արեւիկը մօտեցաւ, ափը քնքուշութեամբ դրաւ տղուն այտին եւ փորձեց դէմքը իրեն դարձնել:
Տղան բիրտ շարժումով մը հեռացուց աղջկան ափը եւ շարունակեց յամառօրէն պաստառին նայիլ:
Երբ շքերթը իր աւարտին հասաւ, Արեւիկը տուն ելաւ, եւ հակառակ իր սովորութեան չհարցուց թէ ի՛նչ էր Հրանդի այդօրուան ծրագիրը:
Տղուն բրտութիւնը չէր կրնար մոռնալ. ոչ միայն չէր կրնար մոռնալ, այլ կը յիշէր մանաւանդ … չեղած բաներ, բաներ որոնք պէ՛տք էր ըլլային, գային իրենց մտերմութեան հետ՝ քաղցրութիւն, քնքուշութիւն, թռուցիկ համբոյր մը գալու թէ երթալու պահերուն, նոյնիսկ կարօտ …: Չկային: Անոնց չըլլալը սկսեր էր մեծ փոս մը փորել, որմէ հիմա այս բրտութիւնը կը ցցուէր:
Բայց նեղուած չէր:
Արեւիկ զարմանքով անդրադարձաւ այս ան-նեղութեան, ինք որ ամենէն փոքր խօսքէն կամ արարքէն կը նեղուէր եւ կտրուկ ու վերջնական միջոցներու կը դիմէր:
Բայց հիմա, երբ քաղաքին կարեւոր մէկ մասը հեռացեր-գաղթեր է, ինք ունի՞ պերճանքը նեղուելու, կտրուկ եւ վերջնական միջոցներու դիմելու:
Նեղուած չէր, այո, բայց տխուր էր, շատ շա՜տ տխուր, էութենական տխրութեամբ մը, զոր յուսացեր էր հեռու պահել Հրանդին միջոցով. Հրանդը ծովեզերեայ ա՛յն թումբն էր, որ կը բարձրացուի ալիքներու ներխուժումին դէմ. Հրանդը իր թումբն էր, ծանր առօրեայի մը փոթորիկներուն դէմ բարձրացուած:
Իսկ ի՞նք:
Յանկարծ ծանր տագնապ մը խուժեց վրան՝ ի՞նչ էր ինք Հրանդին համար, կամ արդեօ՞ք բան մըն էր, արդեօք տեղ ունէ՞ր ինք այդ տղուն կեանքին մէջ:
Հարցումները պարապին մէջ արձագանգեցին, ոչինչի մը մէջ լողացին, ետ եկան իրեն եւ բերին ցաւը գիտակցումին՝ ուրեմն ոչինչ էր ինք, կամ պարզապէս պահանջ մը գոհացնող միջոց:
Ամբողջ օրը տանջուեցաւ, հազիւ կրցաւ աշխատանքը աւարտել. եւ որովհետեւ գիտէր որ եթէ տուն երթար կրնար չորս պատին մէջ խելագարիլ, գնաց ընկերուհիին:
Ուշ վերադարձաւ: Մարեց բոլոր լոյսերը – թէեւ հոսանք կար եւ ինք պէտք էր վայելէր հոսանքի այդ թանկագին երկու ժամերը – անկողին մտաւ եւ գլուխը թաղեց բարձին տակ:
Կ’ուզէր չըլլալ: Կ’ուզէր չեղած ըլլալ:

-Քիթդ կախ է այսօր, խէր ըլլայ,- ըսաւ դռնապանը՝ Պր. Կարապետ, որուն «բարիլուս»ին Հրանդ պատասխանած չէր, պարզապէս որովհետեւշատ մտազբաղ ըլլալուն չէր լսած:
Ամբողջ ճամբան – եւ կարճ չէր ճամբան տունէն մինչեւ գործատեղ, մանաւանդ ոտքով կտրելու համար – Հրանդ Արեւիկին մասին մտածեր էր՝ «նեղացուցի, ի զուր նեղացուցի զինք»:
Բարձրացաւ վեր, գրասենեակ: Ներսը ծանր ծուխ եւ գարշահոտ մնացեր էր: Բացաւ պատուհանը, սուրճին ջուրը դրաւ, մոխրամանները պարպեց:
Ընելիք շատ ունէր. բայց որոշեց ինքզինքին շնորհել սուրճը խմելու տասը վայրկեանները եւ սա հարցը լուծել:
-Հարց չկայ,- ըսաւ բարձրաձայն, կարծես դէմը մէկը ըլլար,- ես առաջարկեցի, ինք ալ ընդունեց, ուրեմն ի՞նչ հարց:
Զգաց սակայն, որ չէ համոզուած, ինք, քաղաքին նշանաւոր ամուրին եւ սիրահետողը, որուն համար աղջիկներն ու կիները մեծ հաճոյք էին, բայց երբեք իրեն հաւասար էակներ, որոնց լուրջի առնելու կարիքը բնաւ չէր զգար:
-Նորէն ալ պէտք չունէի զինք նեղացնելու,- կրկնեց:
Անհանգստութիւնը կը խորանա՞ր թէ իրեն այդպէս կը թուէր:
-Ահագին գործ ունիմ:
Սուրճին պարապ գաւաթը խոհանոց տարաւ եւ գործի լծուեցաւ:
Օրուան ընթացքին երբ պահ մը մինակ կը մնար, կ’անդրադառնար, որ անհանգստութիւնը կը յամենար մէջը: Անծանօթ վիճակ մըն էր ասիկա իրեն համար, ոչ միայն այս նեղութիւնը, այլ եւ Արեւիկին մասին մտածելը. կարծես վախ ունէր, որ աղջիկը ա՛լ չգայ իր հետ ընթրելու եւ ինք ա՛լ չունենայ հաճելի այն զրոյցները, որոնք ժամերը վայրկեաններու կը վերածէին եւ որոնցմով այլ խորք կը ստանար իրենց անկողինը՝ բնազդայինէն բարձրացած, նոր գունաւորում տալով այս յարաբերութեան:
Վաճառական մը փնտռեց հեռախօսով: Գիծը զբաղ էր: Դարձուց Արեւիկին տան թիւերը. զանգերը գացին, բայց պատասխանող չեղաւ: Կրկին զանգեց վաճառականին:
-Մարհապա Հաճճի …
Մինչեւ իրիկուն այցելուներու եւ հեռաձայններու միջեւ յաճախ փորձեց, բայց չգտաւ աղջիկը:
Վերադարձի ճամբուն վրայ սովորականէն քիչ մը աւելի գնում ըրաւ: Ծառերուն տակ սեղանը յարդարեց, կանաչեղէնով ձուազեղը փուռը դրաւ, սիկարէթ մը վառեց ու զանգեց:
-Այո՜,- տխո՞ւր էր թէ յոգնած ձայնը:
Տղան տրոփ մը կորսնցուց:
-Ի՞նչ ունիս աղջիկ,- ըսաւ փորձելով ձայնին սովորական եռանդը տալ:
-Շա՜տ յոգնած եմ:
-Ոչ ինծի չափ,- Հրանդ անմիջապէս վրայ տուաւ:
Արեւիկը պահ մը լռեց ու մտածեց՝ երբեք չի լսեր ըսածներս, չի հասկնար վիճակս:
-Կրնայ ըլլալ, այո,- ըսաւ:
Հրանդ զգաց, որ աղջիկը իրապէ՛ս նեղուած է:
-Իջի՛ր, ընթրիքը եղաւ, չպաղի:
-Շատ յոգնած եմ եւ արդէն ուշ է:
-Ի՞նչ բանի ուշ է. ընդամէնը երեք յարկ վար պիտի իջնես. հետդ ժաքէթ մը բեր, դուրսը հով է,- եւ անմիջապէս վար դրաւ ընկալուչը, առարկութեան առիթ չտալու համար:
Երբ Արեւիկը ուշացաւ իջնելու, Հրանդ սկսաւ տագնապիլ. հիմա սա ձուազեղին համը-հոտը պիտի փախի, կ’ըսէր ինքն իրեն, սա կիներն ալ իրաւ խելք չունին, ի՞նչ պէտք կայ շպարուելու, հագուիլ զարդարուելու …
Պարզապէս միտքէն հեռու կը վանէր կասկածները՝ չըլլայ Արեւիկը որոշեր է յարաբերութիւնը խզել հետս …
-Կ’ուզէ գայ, կ’ուզէ չգայ, ես նստայ …
Գաւաթը լեցուց, ձուազեղը հանեց փուռէն, տարաւ դուրսի սեղանին դրաւ ու նստաւ:
Լսուեցաւ դրան մեղմ թակոցը:
-Արդէն սկսե՞ր ես, ա՞յս է կնամեծարութիւնդ՝ ընթրիքի սկսիլ հիւրէն առաջ:
-Նախ որ դուն հիւր չես, յետոյ՝ շատ ուշացար, ես ալ շատ անօթի էի:
Բայց արդէն փարատեր էր տագնապը. ճիշդ է, որ աղջիկը զգալիօրէն տակաւին խռով էր, բայց գոնէ եկեր էր, հոս էր, ուրեմն վճռած չէր յարաբերութիւնը խզել:
Հազար պատմութիւն պատմեց, հարիւր անէքթոտ ըսաւ, քիչ-քիչ լեցուց Արեւիկին գաւաթը – մէկ կողմէ կ’ուզէր որ խմիչքին ազդեցութեամբ աղջիկը վիրաւորանքը մոռնայ, միւս կողմէ չէր ուզեր խմիչքով անհանգստացնել զինք:
Ու երբ անկողին տանիլ փորձեց, աղջիկը չմերժեց, բայց այնքան կրաւորական էր, որ Հրանդ միայն ճակատը համբուրեց քնքշանքով՝ գիշեր բարի:

Երկուքն ալ սակայն չկրցան քնանալ, իւրաքանչիւրը իր մտորումներէն տառապելով:
Հրանդ պարզապէս շատ զարմացած էր. նման խառնուածքի չէր հանդիպած՝ տաք ու սիրայորդ, միաժամանակ ծայրայեղօրէն զգայուն:
-Գործ չունիս,- կ’ըսէր ինքն իրեն,- նման աղջիկները կրնան փորձանք դառնալ գլխուդ, աւելորդ ծանրութիւն թեւէդ կախուած … վերջացուր քանի ուշ չէ:
Բայց երբ սկսաւ վերջացնելու ձեւեր որոճալ, տեսաւ որ իր բոլոր գիտցած եւ նախապէս կիրարկած ձեւերը – որոնք բնաւ արհամարհելի չէին – անօգուտ պիտի ըլլային Արեւիկի պարագային:
-Եթէ վերջ մը պիտի ըլլայ, պէտք է շիտկէ շիտակ ըսեմ,- մտածեց:
Պիտի ուզէ՞ր նայիլ Արեւիկի քաղցր, սիրայորդ աչքերուն եւ «վերջ» ըսել:
-Վաղը կը նայինք, հիմա քնանամ:

Արեւիկի ներաշխարհին մէջ տարօրինակ բան մը կը կատարուէր. գոց աչքերուն ետեւ Հրանդն էր իր ամբողջ հասակով, մեծ, ժպտուն աչքերով, բայց մարմինը կամաց-կամաց թափանցիկ կը դառնար, պահելով արտաքին գիծերը, շիշի մը պէս, որուն պարունակութիւնը յստակօրէն կ’երեւի, եւ հոն, այդ թափանցիկ մարմնին մէջ դրականներն ու ժխտականները կը կազմէին բազմագոյն եւ թափթփած ամբողջութիւն մը, որ զինք աւելի կը շփոթեցնէր:
Կ’երազէ՞ր: Մէկ կողմէն միւսը դարձաւ: Ո՛չ, չէր երազեր: Թեւը դպաւ Հրանդին թեւին. երկուքն ալ թեթեւ մը ցնցուեցան, բայց շարունակեցին քնացած ձեւացնել: Իրարու աչքերուն նայելէ առաջ պէ՛տք էր իւրաքանչիւրը իր հարցը լուծէր:
Շատ ժամանակ չկար:

Բայց առաւօտը լուծում չբերաւ: Ոչինչ ըսին իրարու: Խմեցին Հրանդին պատրաստած սուրճը եւ իւրաքանչիւրը իր գործին գնաց:

Դէպի գործ ճամբուն վրայ, թաղը, ուրկէ պիտի անցնէր, խճողում կար. մարդիկ դէպի ներս, թաղին մէջտեղը տեղ մը կը նայէին, բայց չէին մօտենար:
-Նորէ՞ն հրասանդ ինկեր է,- մտածեց Արեւիկը:
Բայց շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ չկային, պոռչտուք չկար, իրարու թելադրանքներ պոռացող տղաք չկային. աւելի զսպուած լռութիւն մըն էր, վախով եւ ափսոսանքով լեցուն:
Արեւիկը հետաքրքրութեամբ մօտեցաւ քիչ մը հրելով, քիչ մը ճամբայ խնդրելով ու երբ տեսաւ թէ մարդիկ ինչի՛ կը նայէին, ամբողջ մարմնէն սարսուռ անցաւ, զգաց որ գլխու պտոյտ կ’ունենայ, աչքին առջեւ սեւցաւ եւ չիյնալու համար քովը կեցող կնոջ թեւը բռնեց:
Միայն պահ մը:
Յետոյ չգիտցաւ ինչու, ինչպէս ոստումով մը հասաւ աղջկան ու կեցաւ դէմը, դիտողներուն նայուածքը խափանելով:
Կեցաւ ու չգիտցաւ ի՛նչ ըսէ, ի՛նչ ընէ:
Տասնեօթ տասնութ տարեկան աղջիկ մըն էր, խարտեաշ մազերը գզգզուած, թափանցիկ շապիկ մը վրան ու մնացեալ մարմինը մերկ: Նստեր էր մայթին անշարժ, առանց ուշք դարձնելու շուրջի մարդոց: Բայց աղջկան նայուածքն էր, որ Արեւիկի հոգիին հիմերը խախտեց՝ պարապ նայուածք մը, ուրկէ երբեմն կայծակներ կ’անցնէին, դիտողին սարսափ առթելով:
Արեւիկը կեցեր էր անօգ, կորսուած ցաւի ու տառապանքի այս ահաւոր անապատին մէջ, շքեղ դղեակի մը աւերակին առջեւ խայթող ափսոսանքով: Որովհետեւ շքեղ էր այս խորտակուած հոգին պարփակող մարմինը:
-Ո՜վ գիտէ գլխուն ինչեր եկեր են …
Արեւիկին միտքին մէջ տողանցեցին քաղաքին շրջակայքը տեղի ունեցող խուժդուժութիւններու պատկերներ՝ բռնաբարումներ, խոշտանգումներ եւ դեռ ո՜վ գիտէ տանջանքի ինչ նորաստեղծ ձեւեր, սպառնալով զինք եւս խելագարութեան տանիլ:
Քովէն երիտասարդ մը դէպի վեր՝ պատշգամները նայելով կը խնդրէր.
-Բան մը չունի՞ք, հագուստ մը, տափատ մը, ծածկենք, մեղք է այսպէս …
Արեւիկը ծռեցաւ աղջկան վրայ, ձեռքը երկարեց դէմքը շոյելո՞ւ թէ ուսերը գրկելու, չկրցաւ որոշել, որովհետեւ ճիշդ այդ պահուն գնդակ մը սուլեց շատ մօտէն, ձախ կուրծքը խտղտաց, տաքցաւ, մինչ ինք գետին կ’իյնար աղջկան քով:
-Մարդո՜րս … դիպուկահա՜ր ….
Ակնթարթի մը մէջ փողոցը պարպուեցաւ: Մնացին ինք ու կիսամերկ աղջիկը, որ ի՜նչ գուրգուրանքով զինք կը դիտէր, ափը արիւնոտ կուրծքին դրած:
Յետոյ ամէն բան մթնեց:

Երբ գիշերուան ութին ալ Արեւիկը հեռաձայնին չպատասխանեց, Հրանդ լրջօրէն սկսաւ մտահոգուիլ: Արդէն լրիւ մթներ էր, փողոցները լրիւ ամայացեր էին: Եթէ ընկերուհիի մը քով էր, պէտք էր վաղո՜ւց եկած ըլլար եւ հեռաձայնած: Այդպէս էր Արեւիկը, օրուան մէջ քանի մը անգամ կը հեռաձայնէր, կը հարցնէր, բայց մանաւանդ մտիկ կ’ընէր զինք:
Անհանգստութիւնը շատ արագ տագնապի վերածուեցաւ:
-Բայց որո՞ւ հարցնեմ, ո՞ւր փնտռեմ:
Անգամ մը եւս բջիջայինին զանգեց, թէեւ յոյս չունէր.
-Ալօ՞ …
Օտար ձայն մըն էր, կնո՞ջ թէ տարիքոտ աղջկան ձայն մը, քիչ մը խիստ, քիչ մը հարցական:
Երկվայրկեանի մը մէջ Հրանդ յուսաց, յուսախաբ եղաւ, վախցաւ եւ ի վերջոյ շատ բարկացած ըսաւ.
-Ո՞վ է … Արեւիկը ո՞ւր է …
-Ո՞վ է խօսողը:
-Քեզի ի՛նչ, ո՞վ ես դուն, որ Արեւիկին հեռաձայնին կը պատասխանես. Արեւիկը ո՞ւր է:
-Պարոն, մի՛ պոռաք, հոս հիւանդանոց է, Արեւիկը
-Ի՞նչ ունի Արեւիկը,- չզգաց որ կրկին կը պոռար: Ոտքերը կը կթոտէին:
-Մարդորսէ մը զարնուեցաւ:
-Ո՞ր հիւանդանոցն է:
Ուրիշ բան չլսեց: Դրաւ ընկալուչը եւ դուրս նետուեցաւ:
-Ի՞նչ է ձեր կապը Արեւիկին հետ,- հիւանդապահուհին շատ խիստ էր:
Հրանդ զգաց, որ Արեւիկը տեսնելու կարելիութիւնը միայն իր պատասխանէն կախեալ է.
-Նշանածն եմ,- ըսաւ եւ ինքն իր բառերը լսելով ցնցուած լռեց:
Հիւանդապահուհին զգաց ցնցումը, տարակուսանքով նայեցաւ, նայուածքը իջեցուց տղուն աջ ձեռքին, ուր մատանի չկար:
-Վայրկեան մը,- ըսաւ եւ լուռ քայլերով հեռացաւ:
Հրանդը հոն, մեծ սրահի լռութեան եւ հականեխիչի հոտերուն մէջ կեցած չգիտցաւ ինչ ընէ: Բան մը կոտրել-փշրել կ’ուզէր, բայց նաեւ մեծ փափաք ունէր հեռանալու, փախչելու, չտեսնելու Արեւիկը, որ ի՞նչ վիճակով պիտի գտնէր արդեօք:
-Ետեւէս եկուր, բայց հարցումներով մի՛ յոգնեցներ զինք:
Արեւիկին մասին միակ հարցնողը Հրանդը եղեր էր եւ գլխաւոր հիւանդապահուհին որոշեր էր ընդունիլ տղուն սուտը որպէս իրականութիւն:
-Մէկ վայրկեան,- Հրանդ կեցուց հիւանդապահուհին,- կրնա՞ս ըսել թէ ճիշդ ի՛նչ է եղածը:
-Մարդորսին փամփուշտը մտեր է ձախ կուրծքէն, քսուելով անցեր է սրտին քովէն ու մտեր թոքին մէջ. գործողութիւնը բաւական երկար տեւեց. հիմա լաւ է. կարեւորը ապաքինումի շրջանն է, տրուելիք խնամքը …

Կրկին ծառերուն տակ էին, սեղանին շուրջ Մահմուտն էր, Ճորճը, Արեւիկն ու Հրանդը: Դէպքէն ետք իրենց առաջին ընթրիքն էր, թէեւ Հրանդ ամէն օր Արեւիկին քով էր իրիկունները, երբ մութը անտանելիօրէն կը թանձրանայ եւ կը սպառնայ կլլել ամէն բան:
Մուհամմէտն ու Հրանդը իրենց գուրգուրանքով սկսեր էին խեղդել Արեւիկը. Ճորճը այնքան յուզուած էր, որ չէր խօսեր:
-Լաւ, կը բաւէ,- ըսաւ աղջիկը խնդալով,- բան մը պիտի ընես՝ օղիս նորոգէ:
-Դեղերդ վերջացա՞ն,- ըսաւ Մուհամմէտը տագնապով,- գիտե՛ս, դեղ եւ օղի շատ չեն ներդաշնակուիր, ինծի եւ սա աթէիստին պէս:
-Հա, բայց եթէ զիրար երկու օր չտեսնէք, հաւասարակշռութիւննիդ կը խախտի,- խնդաց Արեւիկը,- մի՛ մտահոգուիր, ա՛լ դեղ չունիմ, երկու օր առաջ առի վերջինը:
Մինչ այդ Հրանդ նորոգեր էր իրենց գաւաթները:
-Կենացդ,- ըսաւ Մուհամմէտ Արեւիկին,- ուրիշ վտանգի չհանդիպիս կեանքիդ մէջ:
-Միշտ ուրախ եւ առողջ ըլլաս,- Ճորճը չէր կրնար տիրապետել յուզումին:
Հրանդ լուռ էր, նոյնիսկ գաւաթը բարձրացուցած չէր:
-Ի՞նչ է,- ըսաւ Մուհամմէտը,- Արեւիկին կենացը պիտի չխմե՞ս:
-Պիտի խմեմ անշուշտ, բայց նախ բան մը պիտի խնդրեմ,- եւ դարձաւ Արեւիկին,- թերեւս զարմանաս, որ ասիկա Ճորճին եւ Մուհամմէտին առջեւ պիտի ըսեմ, բայց կ’երեւի վկաներու պէտք ունիմ … Արեւիկ, կ’ամուսնանա՞ս հետս:
-Ականջներուս չեմ հաւատար, դո՞ւն, երդուեալ ամուրի՞դ,- ըսաւ Մուհամմէտը:
-Խենթացա՞ր մը ծօ,- պոռաց Ճորճը, որ երբեմն չէր կրնար թաքցնել նախանձը ընկերոջ ազատ կեանքին հանդէպ:
Յետոյ երկուքը միասին դարձան դէպի Արեւիկը:
Ուրախութեան ճառագայթ մը ծիրանի գօտի կապեց աղջկան վրայ, էութիւնը թրթռաց. յետոյ սակայն մութ ամպեր հաւաքուեցան կիտուած յօնքերուն տակ, դէմքը մթագնեցաւ, տխրութեան մշուշ իջաւ աչքերուն:
-Արեւի՞կ, պիտի չպատասխանե՞ս,- ըսաւ Հրանդ տագնապած:
-Պէ՞տք էր մահուան դուռը հասնէի, որ զգայիր թէ
-որ հասկնայի թէ կը սիրեմ քեզ:
-Չես սիրեր,- ըսաւ աղջիկը հանդարտօրէն,- պարզապէս իմ գոյութիւնս կը մխիթարէ քեզ այս ծանր օրերուն: Չէ, սէր չէ ասիկա:
-Կրնայ ըլլալ,- ըսաւ Հրանդ յանկարծ հանդարտութիւնը գտած,- կրնայ ըլլալ որ ճիշդ ես, բայց կը կրկնեմ առաջարկս՝ կ’ամուսնանա՞ս հետս:
Եւ երբ աղջիկը լռեց.
-Գոնէ մտածէ,- ըսաւ կոտրած շեշտով:
Երկու ընկերները իրենք զիրենք աւելորդ կը զգային, միաժամանակ շատ հպարտ էին նման տրամի մը վկայ ըլլալուն համար:
-Նայէ՛,- ըսաւ Արեւիկը,- երկու շաբաթէն Երեւան պիտի երթամ. եղբայրս յաճախ կը կանչէր, միշտ կը մերժէի, հիմա պիտի երթամ. գիտեմ որ դուն ալ պիտի երթաս:
-Քեզմէ ետք, այո:
-Երբ գաս եւ եթէ տակաւին միտքդ չես փոխած …
-Արեւիկ, սա տղան կրնայ շատ բաներ ըլլալ, գլխաւորաբար կնամոլ – կը ներես, Հրանդ, բայց ինչ որ ճիշդ է, ճիշդ է — բայց յեղյեղուկ չէ. եթէ հարցումը ըրաւ քեզի, ուրեմն որոշումը վերջնական է,- մէկ շունչով ըսաւ Մուհամմէտը Արեւիկին:
Երբ ոչ ոք պատասխանեց, չորսը միասին վերցուցին բաժակները եւ խմեցին:
Եւ երկա՜ր ատեն մնացին ծառերուն տակ, մոմին լոյսով զրուցելով, արդէն խաղաղած, գրեթէ երջանիկ:

 

Մարուշ Երամեան
20 Մայիս, 2014
Պատերազմական Հալէպ

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.