Մարուշ Երամեան | ԱՆԱՊԱՏՆԵՐ

Մարուշ Երամեանի «Գաղտնագրութիւն» գրքի շապիկը

Մարուշ Երամեանի «Գաղտնագրութիւն» գրքի շապիկը

ԱՆԱՊԱՏՆԵՐ

 

Եթէ չըլլան դարպասներդ՝

Փրփրագեղ եւ սպիտակ մեղեդի

Ծով     անապատ մըն ես

Կապոյտ տարերքի

 

***

Բայց ամէն բան

Մարախներէն սկսաւ

Թիթեռնիկներ չկային

Ես անգոյնը դաւանեցայ

Վրձինովս երանգները հիւսեցի

 

Այնտեղ ձիեր կը վարգեն

Ատամներուն տակ փուշեր

Ու ճակատին՝ արեւներ

 

Այնտեղ ձիեր

Հոգեվար են   կը մեռնին

 

Գիշերները ուղեցոյց

 

***

Լոյսը

Անապատները կը ձեւէ

Ալիքներու մկրատով

 

Եւ լռութիւնը կը կարէ

Փշածաղկի ասեղներով

 

Յետոյ կը լուայ ու կը փռէ

 

Ոչինչը կը կտցահարէ ոչինչը

Բայց գոյները կը վերապրին

 

 

***

Սկիզբէն՝ քաոսը

Յետոյ ծովն ու ցամաքը

 

Ո՞վ ծնաւ        ե՞րբ     անապատը

 

Երբ չեկար

Արթնցայ կեանքին մէջ

Արեւը՝ իրողութեան լէյզըր

Փշրեց քարը երազին

Ու ցօղեց աւազ

 

Քանի՜ երազներ անապատ ծնան

 

***

Ծովն էր տարերքդ

Ո՛չ ըսիր ծովուն

Շարունակեցիր

Հետեւելով աւազներուն

 

Ո՛չ ըսիր անապատին

Ափերով աւազ հրեցիր

Ու հետք փնտռեցիր

 

Հասար եզերքին

Հոն ալ ո՛չ ըսիր

Անհետք անճամբայ շարունակեցիր

 

Վերադարձար

ո՛չ

 

***

Ճառագայթը կը փնտռեմ

Ան որ կ’իջնէ անլոյս

Անթրթիռ

 

Ծով

Երկուորեակ անապատին

 

Շարժերն այստեղ

Գետնուղիէն կ’ընթանան

 

Տարերքներս՝ անապատ

Ծով     տիեզերք         դուն

 

***

Ծով աւազի

Ալիքներդ քարէ գիրք

Լուղորդդ՝ ես

Քարերգութիւն կը նուաճեմ

 

Ամէն բիբէ դուրս անապատ

Կը ծաղկի

 

Ու եզրերը խածուած

Նետուած կը

Նեխին

 

***

Հոս կը ծաղկի կղզին յոյզի

Ջրահարսեր այրիութիւն մը կու լան

Այլուրութիւն մը կը մխայ նազանքով

 

Մահը այնտեղ թեւաթափ ագռաւեց

 

Որովայնիս ջիղերը կը մերժեն զիս

Կը դարձնեն խօսքերս

 

***

Անապատներ

Ես ձեր կոյսը

Կամ պոռնիկը կուսացած

 

Տունս դուք էք

Միայն աւազ կը մխայ

Եւ գիրերս

Ձեր ծննդոցը կը քերթեն

Աւազատառ

Ցաւերու մէջ բռնուած

Գլխապատառ կը ճչան

 

***

Օրերը հոս մութուլոյսով կիտուած չեն

Մութն է միայն որ կը հոսի

Մեղրաջուրը ինչպէս ներսէս

Լուսինը կը շատրուանէ սերմի պէս

(ահալի չէ հոսքը սեռին

Երբ անապատը ծաղկումի

Կը հրէ)

 

***

անապատներ

կեանքս դուք էք

խեղդամահ

 

ձեզմէ անդին ուրիշ վայրեր

ուր դեռ չկամ

բայց ուր կ’երթամ

ժանիքներու կեռերը աղիքներուս

խարսխած

 

կը բարձրանամ խաչելութիւնը

անապատացումին

 

***

Հասուն է այրուցքը անապատին

Ուր կ’իյնաս

Ինչպէս առանցքդ իր բարձունքէն

Վախերու եւ

Հազար ուրիշ բաներու

Քանակոծման պատկերէն

 

***

Անապատը կը տարածուի ինձմէ դուրս

Կը վերադառնայ

 

Անձրեւները

Սկիզբէ՞ն կային խազերուս մէջ

Թէ՞ յետոյ եկան

 

Հասայ

Լսելու ձայնը սաղմոսերգուին

Որ վաղուց կ’արձագանգէր

Արգանդիս

 

***

Անապատը օտարն է

Որ ներս կու գայ

Անխոստում

 

Ովասիսի հեռանկար կը փնտռեմ

Ջերմախտով

 

Լռութիւնը

Կրկներեւոյթ կը գծէ

Հորիզոնին տառապող

 

***

Սաղմոս

Աղի եւ աւազի

Ուր ոչինչ կայ հակադիր

Ուր ամէն հունչ կարեւոր է

Նախկինէն եւ գալիքէն

Աւելի

 

***

Dune-երուն հետ քայլ առի

Արեւը

Նոյնքան չկար

 

Գտայ մարմինս

Հող

Ճաքած ու հմայիչ

 

Ճաքերուն մողէզ մը

Մարգարէացաւ

 

***

Ժամանակի երգով կանչեց

Անսացի ու մտայ

Սաղմոսելու մեծագոյնս

 

Ծառերը մարմնիս վրայ աճեցան

Բառերս՝ տերեւ         չթափեցան

Այստեղ հովը եղանակներ չսուլեց

 

***

Մարմինը

Անապատ եւ գրութիւն

 

Խօսքի անապատներէն ետք միայն

Կը մտնենք    մարգերը

Լռութեան

 

Գիշերը

Արուեստ

Թուեցաւ

 

***

Ես ծովանուշ

Թեփուկներս կը հանեմ

Լեզուիս փոթոթը կը սրբեմ

 

Ու կը նետուիմ

Լեզ      ուա     ծով …………

 

Հատված Մարուշ Երամյանի «Գաղտնագրութիւն» գրքի (Երևան, ՀԳՄ հրատարակչություն, 2015) Անապատներ շարքից։ Տեքստը տրամադրեց հեղինակը։ 

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.