ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այդ բոլորը զոր տեսար
Այդ բոլորը որ եղար
Ի՞նչ արժէ այս անհաշիւ աշխարհի
հաշուեցոյցերուն մէջ մանրազնին
Եւ այն ինչ լսեցիր ու մոռցար,
Եւ այն ինչ մրոտեցիր ու մոռցուեցար,
Ի՞նչ արժէ այս անհոգի աշխարհի
Կաճառներուն մէջ փառապանծ,
տաճարներուն մէջ խուլ։
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցա՜ր,
Եւ այդ բոլորը որ այգեկութքի ճնշեփին նման
մղկտացին ամէն րոպէ, ամէն պահ,
Ի՞նչ արժեց տոմարներուն մէջ հաշուետուութեան,
Եւ ա՜յն ինչ խորհեցար,
Զոր նզովեցիր բայց չմոռցար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի օրուան աւարտին,
Երբ ճիրաններուն մէջ խուլ գիշերին
Հոգիդ բզկտելով արիւնեցիր վարար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի այս աշխարհը ապերախտ։
Այն բոլորը զորս սիրեցիր
Այն բոլորին զորս տենչացիր
Բայց չգտար, մոռցար մէկ առ մէկ,
Ջլատեցին հոգիդ ու անցան,
Փոթորիկներ ցնցեցի՞ն քեզ երբ հեռացան,
Ի՞նչ արժեցին քեզի՜ որպէս թիւ ու հաշուարկ՝
Հաշուեմատեանին մէջ պատռտուած,
Բացի խայտանքներէն չկիսուած։
Այդ բոլորը զորս ապրեցար
Այդ բոլորը զորս տեսար, զգացիր խորապէս,
Ի՞նչ արժեցին քեզի
Ի՞նչ արժեցին աշխարհին
Ու ի՞նչ տուաւ քեզի քու շրջապատդ՝
որպէս պարտամուրհակ անվճար։
Այն բոլորը զորս սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Բաւարար չէի՞ն միթէ տանջուած հոգիիդ յար,
Որ տոմարին մէջ հաշուետուութեան,
Դուն քեզ հարուստ նկատէիր օրուան աւարտին,
Ու երբ հնչէր ժամը, ղօղանջը գուժկան,
Դուն քեզ երջանիկ մա՜րդ զգայիր խորապէս…։
Այն բոլորը զորս սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Միմիայն անո՜նք
ՉԵղա՞ն հոգիիդ հունձքը` օրուան վերջին…։
ԳՐԳԱՆՔԸ ՊԱՏՐԱՆՔԻ
Նախերգանք
Աշնան տերեւաթափը մեր մօտ
Կու գայ մի՜շտ ձմրան,
Երբ սրտերը կծկուած պատմուճանի են նման,
Երբ թռչունները գաղթած մեր երկնակամարէն
Կը տենչան մտերմութիւնը՝ երդիքներուն տաք։
Աշնան տերեւաթափը մեր մօտ
Ալիքներու՝ խարակին բախուող ահեղ շառաչին նման,
Տխուր հոգեվիճակներ կը բերէ,
Ու թախծոտ ամայութիւն մը կը սփռէ չորսդին.
Ոգի մը ջերմ, առինքնող նազանքով,
Կը յաջողի պատռել թանձր քօղը պատրանքներու,
Ու նորափթիթ յոյզերու ոդիսականի մը՝
Արարները կը գրէ լուսնի լոյսի տակ։
Արար 1- փնտռտուք
Լռութեան մէջ գիշերին, փնտռեցի ձայնդ կարօտաբաղձ,
Բայց չգտայ քեզ…
Մշուշներուն մէջ կեանքի հեւքին ու ձանձրոյթին՝
Որոնեցի յոյս արարող դէմքդ պայծառ ու չգտայ…
Մշուշը եւ լռութիւնը գրկեցին զիրար կայծակի նման,
ու տեսայ յանկարծ
Լոյսէ ուրուական մը՝ կ’անհետանայ լո՜ւռ…
Մնացի անձկութեանս մէջ մինակ,
Ու վշտաբեկ մտորումներուս՝ դէմ-յանդիման …
Արար 2- հեշտանքին ընդառաջ
Բզքտուած սրտով կու գամ հմայքիդ ընդառաջ,
Ո՜վ իմ ազատարար միանձնուհին պատրանքներուս.
Կու գամ գիշերուան խոնաւ աղջամուղջին,
Պարզած՝ ամբողջական մերկութիւնը իմ անձին։
Քե՜զ, միայն քե՜զ կ’ըղձայ իմ ճենճերուած հոգին՝
Այս հրակէզ, այս խառնակ օրերուն որ մերն են,
Քե՜զ, որու կաթնահեշտ ու շուշան մարմնի քաղցրաբոյր
Քրտինքներուն վրայ կը սողան՝ նայուածքներս շլմորած
ու ափակէզ.
Ես հիմա խոցուած արուն եմ այդ դաժան սեւեռումին՝
Որու նետերը, առաւօտու սառն ցօղին նման կը հանգչին՝
Տերեւներուն վրայ, զգլխանքի մը նման որ կը դիւթէ չորսդին,
Կը հրաւիրէ իր վրայ լուսածագի շողերը տարտամ ու անմեկին։
Հո՜ն, միայն քու ներքեւ, հոգիս պիտի գտնէ՝ իր վերջալոյսի
Անդորրը խորին, երկար թափառումներէ ետք ձեռնունայն,
Ու լլկող, անքուն մաքառումներէ ետք, պիտի գայ քեզի,
Իր հմայքին բեռը թօթափելու քու պատուանդանին հոլանի։
Արար 3- պարտութիւն
Այսօր զիս զգետնեցիր յաւիտենապէս…
Զիս ալ առիր հմայքիդ աքցանին մէջ մագնիսական,
Որու փորձութեան՝
Կը դիմադրէի վհատ կռիւով մը անհաւասար։
Դո՜ւն, հրէշին ու հրաշքին միջեւ չմեկնուող՝
Ոգին ջերմ ու վառ, ինչպէս շիկացած երկաթը՝
Կը խրուի մարմնին մէջ, ճզզիւնով մը խենթ,
Մտա՜ր այդպէս իմ խոցուած սրտէն,
իմ մարտնչող հոգիէն ներս,
Դաժան մարտէ մը ետք անհաւասար…
Զիս զգետնեցի՜ր վերջապէս…
Հրճուանք կը թուէր պատած ըլլալ դէմքիդ ծիծաղկոտ,
Երբ աչքերս թեքուած վար,
Պչրոտ թեւերուդ յաճախանքի գերին,
Պեղող աչքերուդ դիմաց պատիժի սպասող՝
Հլու աշակերտի նման կանգնած՝ կը սպասէի լո՜ւռ …
Արիւնս կ’եռա՜ր երակներուս մէջ,
Համակերպ գառնուկի մը վերածուած ըլլալու զգացումը՝
կը սարսափեցնէր զիս այնքան,
Յուզուած էի չափազանց ու տխուր.
Վերջին ճիգ մը արդէն եւ ես փախայ դուրս
Ուր ոտքերս զիս քեզմէ պիտի հեռացնէին …
Արար 4- տխուր հոգեվիճակ
Ինչո՞ւ մեր ուղիները կը հանդիպին յաճախ իրարու,
Մեղմ ժպիտի չգաղտնազերծուած քօղով, կամ
Համր նայուածքի մը քարացած պահերով։
Ինչո՞ւ անվաւեր, դժկամ զգացում մը կ’ուրուագծուի միշտ՝
Ջերմ ու խնդամոլիկ այդ դէմքիդ, ամէն անգամ
Որ քայլերն մեր ակամայ կը խաչաձեւեն զիրար.
Ինչո՞ւ թանձր տխրութիւն մը կը թափանցէ ներս,
Երբ աչքերը մեր՝ հանդիպին իրարու, ամբոխին մէջ,
Ու գոհունակ խայծ մը կը փարատէ միշտ զայն.
Մեղաւո՞ր են միթէ ճամբաները, իմ քայլերը հաստատ,
Մեղաւո՞ր են միթէ իմ աչքե՜րը երբ քեզ կ’որոնեն
Ամէն քայլափոխի կամ առիթի, դարանակալ…
Ինչո՞ւ խոստովանութիւնը յղի է աննախատեսելի
հետեւանքներով միշտ…
Արար 5- խոստովանութիւն
Կարելի չէ՜ չսիրել քեզ կին,
Երբ Կղէոպատրայի հրապոյրով խրոխտ՝
Կը կանգնիս հոգւոյս բագինին վրայ,
Զոհաբերութիւն պահանջողի՝
Հոլանքովդ ամբողջական…
Կարելի չէ՜ չմերձենալ քեզի կի՜ն,
Թէկուզ իմ աչքերով ծարաւի,
Ու նայուածքներովդ տեղատուող,
Երբ կանգնած խարազանող նայուածքով՝
Կարող ես հզօր կամքերն անգամ խոնարհեցնել քու դիմաց…
Կարելի չէ՜ անտեսել քեզ կի՜ն,
Երբ գեղեցկութիւնն խօլական, ձեզի տրուած
Զէնք մըն է բոլոր պատնէշները քանդող,
Երբ կամքն անգամ, լարուած պարսատիկի նման,
Կրնայ հարուածել լոկ ինքզինք միայն…
Բայց կարելի չէ մերձենալ քեզի… կի՜ն,
Կարելի չէ չսիրել քեզ…
Կարելի չէ մոռնալ քեզ….
Ահա բարդոյթը… անլուծելի…
Վերջին արար — հաճելի երա՜զ
Ես գիտեմ որ լալկան ուռենիի շունչին տակ խոնաւ,
Մեր հոգիները պիտի մեր սէ՜րը ընդ երկա՜ր շշնջան…
ՄԵՐ ՄԻՋԵՒ
Մեր միջեւ
Կան աստղեր երկնատարած…
Կայ անջրպետ մը համայնակուլ…
Մեր միջեւ
Կայ հրկիզուող աշխարհ մը՝
ինքնիր վրայ թաւալող…
Մեր միջեւ
Կայ մուգ կապոյտի մէջ փռուած
Անհուն հորիզոն մը, բաժանարար…
Մեր միջեւ
Կայ աղջամուղջի թանձր վարագոյր.
Հեռո՜ւն, փարոս մը լուսավառ,
Հրաւէրի լո՜ւռ կանչ է սիրատարփ….
Մեր միջեւ
Կայ անջրպետ մը անհո՜ւն, խռոված…
Մեր միջեւ
Կայ ճանապարհ երկար ու հաշիւ անհատոյց,
Մեր միջեւ
Խանձուած ցորենի դաշտն է, հրակէզ,
Մեր միջեւ
Բարձր պատնէշներ կան աներեր…
Մեր միջեւ
Բոցարծարծ աչքեր կան մշտավառ
Որ զերդ աստղեր Gալարուած
Կը լողան լուսազարդ գիշերին մէջ …։
ՆԿԱՐԻԴ ՀԵՇՏԱՆՔԸ
Գծեցի շրջանակ՝ մայրամուտի շողերով,
Ու նկարդ զետեղեցի անոր մէջ՝ գգուանքով։
Նկարդ գերեց զիս, իսկ շողերը՝
Դարձան վարս, շպար եւ հրապոյր։
Սուզուեցայ անոր խորքերը, ու նկարդ՝
Ջրաղացի նման, յեղաշրջեց իմ հոգին,
Յուզեց զիս յիմարաբար, կարօտիդ տենդով։
Այնուհետեւ, դարձար ինծի ներշնչում,
դարձար ապրում,
Եղար ամէնօրեայ յաճախանք եւ յուզում,
Եղար ինծի խոնջէնք մը՝ անվերադարձ ուղիներու,
Որ ունի իր ետին՝ բորբոք յիշատակ քաղցրաբոյր.
Նկարդ առի մտորումներուս շրջագծին մէջ,
Հաճելի յաճախանքի մը պէս գնաց հեռու
Գիշերուան աղջամուղջին մէջ, անհաս,
Ու առաւօտեան արեւու շողերուն հետ հպեցաւ
Դէմքիս՝ համբոյրով մը թաց ու քնքուշ։
ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ
Մեղմ ու յուշիկ
Ինչպէս նուագը ցայգի
Կը դարպասես գիշերին,
Կրկին:
Ահա ես
Նստած պաստառին դիմաց
Առանձին
Բառի, բանի որոնումի մէջ,
Ինքնասոյզ
Երբ կը դեգերիմ մոլոր ու խոհուն
Կածաններէն իմ ճանապարհի,
Կը յայտնուիս որպէս պատրանք ոգեղէն,
Միս ու ոսկորի կերպարանքով անյողդողդ,
Յաճախանքի մը անմիջականութեամբ՝
Կը հմայես պահը խոհուն
Գրգանքիդ մենատիրութեամբ:
Ալ ի՞նչ խոհ, ի՜նչ բառ ու բան, կի°ն,
Գուլայիդ մէջ ինքնապտոյտ կը շրջուիմ,
Դարէ դար ու երկրէ երկիր պտտուող՝
Սա անկատար աշխարհին նման:
Վերջին մեկնաբանություններ