ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ
Հաւանաբար
այս տերեւը կը հասկնայ,
որ հասած է իր ժամը
ու պէտք է մինակը
իյնայ,
տարրալուծուի հողին մէջ
ու մնայ,
չվերջանայ։
Հաւանաբար
իյնալով
որոշել մը կայ,
առանձին մնալ մը կայ,
լռել մը կայ,
մինակութեան մէջ
քաշուիլ մը կայ,
զատուիլ մը կայ,
հասնիլ մը կայ։
Ըլլալ մը կայ։
ՓԱԽՈՒՍՏ
Դուն՝ քու երկիրդ
ես՝ իմ երկիրս.
մենք նոյն լեզուն չենք խօսիր։
Սահմանները ճանկռտելով
դուրս սահիլ մը փորձեցինք,
բայց սահմանին փշաթելը մեր ոտքերուն պահեցինք։
Դուն քու կողմէդ,
ես իմ կողմէս,
խենթ ցանկութեամբ
արիւնոտած
դէպ’ իրարու վազեցինք։
Անկարելին փայփայելով
կակուղ լոխում դարձուցինք,
համոզեցինք,
որ հանդիպում մը մեզի համար պատրաստէ.
ընդառաջեց.
վիհ մը բացաւ մեր միջեւ
ու իր կարգին համոզեց
որ հոն միայն կրնայինք
փախստական գգուանքէն
մեր բաժինը փրցնել։
Սիրով՝ ըսինք,
թաւալգլոր նետուեցանք.
գլտորիլը
հաճոյքներուն հաճոյքը
համարելով
վար թռանք,
եդեմական անջրպետ
ինկանք.
բայց վար ըսուածը չգտանք
ու դեռ իջանք,
դեռ ինկանք,
միայն ինկանք
եւ իյնալով չտեսանք
կամաց-կամաց
մեր միսերուն
փշաթելին փորած բողոքը,
կիրքին լխկող միսերը,
մենք այլեւս
չէինք իջներ դէպի վար,
կ’իջնէինք դէպի իրարմէ հեռու,
ու վար հասանք ճիշտ այնտեղ ու այն պահու
երբ զղջալով
նայեցանք բարձրանալու
դէպի
դուն՝ քու երկիրդ
ես՝ իմ երկիրս.
մենք նոյն լեզուն խօսա՞ծ էինք երբեւէ։
ԵԿԱՒ ՆՈՐԷՆ
ԲԱՐՈՎ ՉԳԱՐ
ղրկեց նորէն
չարափաստիկ իր խայծը
բռնեց նորէն,
-չի տաքնար սառած եսը
հասցուց նորէն,
-ալ չեմ խաղար խուլ խաղը,
վազեց նորէն,
-չեմ բռներ իր քղանցքը,
բացաւ նորէն,
-չեմ նայիր ինչ կայ խորը,
տարաւ նորէն,
-ետին մնաց դատարկուած հեքիաթը
վառեց նորէն,
-չեմ յափշտակեր իր կայծը,
սեղմեց նորէն,
-ցոյց չեմ տար փլուզումը,
փշրեց նորէն,
-չեմ հաւաքեր թքածը,
փչեց նորէն,
-չեմ ներշնչեր հաճոյքը,
շպրտեց նորէն,
-չեմ ցանկար արիւնած համը
փակեց նորէն,
-չեմ փնտռեր մոռցած ճեղքը,
խուժեց նորէն,
անյենակ կարօտիս մերկ տեղերը
շօշափեց նորէն,
քար դարձայ նորէն
եւ թափուեցան
մաշած լքուած օրերը։
Վերջին մեկնաբանություններ