Նորա Պարութճեան | Հարցազրույց

Նորա Պարութճեան

Արտատպված է «Հայրենիք» պարբերականից, զրույցը վարեց՝ Սօսի Միշոյեան֊Տապպաղեան

Սիրելի՛ Նորա, քեզ անձնապէս ճանչնալէ առաջ, ճանչցած եմ քու գրութիւններդ: Քեզ գտայ համացանցային կայքէջ «Հայերէն պլօկ»ին մէջ առաւելաբար որպէս քերթող: Ինչո՞ւ կը գրես, ե՞րբ կը գրես, եւ առհասարակ ի՞նչ է գրելը քեզի համար:

Գրելը միջոցս է դէմ յանդիման գալու տկարութիւններուս հետ, անկարողութիւններուս աչքերուն շիփշիտակ նայելու, ըսելու՝ ոչ ձեզմէ կ’ամչնամ, ոչ ալ ձեզմէ կը խուսափիմ։ Այսքան։ Չի նշանակեր որ կրնամ յաղթահարել։ Երանի։ Անոնք կան ու կան, ինծի մաս կը կազմեն եւ թերեւս այդ պատճառով ալ մարդ կը կոչուիմ։ Ամէնուն պէս ներքին պայքար մը կը տանիմ ես ալ, բայց իւրովի, իմ պարագայիս՝ գրելով, աւելի ճիշդը՝ թուղթին յանձնելով։ Շատ անձնական գործողութիւն մըն է։ Գրիչ վերցնելու համարձակութեան դիմած իւրաքանչիւր անձ իրեն վերաբերող մղում մը ունի։

Սակայն, ի՞նչ օգուտ ունի այս ամբողջը ուրիշին։ Չեմ գիտեր։ Ինչո՞ւ այդ միւսը հետաքրքրուի այս մէկուն ներքին տագնապով։ Չեմ գիտեր։ Բայց եթէ մէկուն տագնապը եւ ատոր մասին գրաւոր արտայայտութիւն մը, բանաստեղծութիւն մը յուզէ նաեւ այդ միւսը, ինքզինքին մէջ նաեւ անորը երեւան հանէ, այս պարագային կապ մը կը ստեղծուի երկուքին միջեւ։ Իսկ եթէ այդ գրութիւնը ըլլայ իւրայատուկ ոճով, այն ատեն գրականութիւն ըսուածին կրնանք առնչել գրուածը։

Գրողի մը եւ տաղանդաւոր գրողի մը միջեւ աշխարհներ կան։ Մենք հոս կը խօսինք գրողի մասին։ Տաղանդը առաձգական բառ մըն է եւ չեմ գիտեր ժամանակէ եւ բախտէ զատ ո՞վ կ’որոշէ եւ ինչպէ՞ս կ’որոշուի ու կը յայտնաբերուի մէկու մը տաղանդաւոր ըլլալը։

Ինչո՞ւ կը գրեմ։ Կը գրեմ, քանի որ ուրիշ դիւրութիւն չունիմ կեանքը բացատրելու եւ ինքզինքս հասկնալ փորձելու։ Ձեւս այս է։ Կը գրեմ, քանի որ չեմ կրնար ուրիշ բան ընել։

Ե՞րբ կը գրեմ։ Քիչ գրած եմ ուրախ պահերուս։ Յաճախ չեմ հաւնիր զանոնք։ Բարկութեան տակ գրածներուս համար կը զղջամ յետագային։ Ծանծաղ կը գտնեմ։ Տագնապներուս մասին կը գրեմ, այո, անոնք նստուածք տուած այրուցքներ են։ Շատ քիչ են այն գրութիւններս, զորս ամիսներ անց կարդալէս ետք զիս գոհացնեն։ Երբեմն կ’ամչնամ, բայց գործը գործէն անցած կ’ըլլայ։ Այդ ալ ինծի մաս կը կազմէ, ի՞նչ ընենք։ Բայց պէտք է խոստովանիմ որ մի քանին կ’ընդունիմ եւ անոնց գոյութիւնը կը պաշտպանեմ։ Հաւանաբար զանոնք գրելու պահն է որ դեռ զիս կը յուզէ։

Կեանքս վազվզուք է, չեմ պատկանիր որեւէ տեղի։ Կը գրեմ, այսինքն՝ նախադասութիւնները կը կազմուին պարզապէս ամէն տեղ՝ գնացքի մէջ (որ յաճախ կատակով գրասենեակս կը կոչեմ), ճամբան քալած ատենս, առօրեայ ինքնավար գործերուս ընթացքին, աշխատավայրս մէկէն տեղ մը կը քաշուիմ, գիշերը յաճախ կ’արթննամ, քանի քունիս մէջ գտած կ’ըլլամ փնտռուած բառ մը կամ ըսելու ձեւ մը։ Կեանքիս պարագաները ստիպած են զիս այս ձեւը որդեգրելու։ Ուրիշ ճար չունիմ։ Չեմ պատկանիր այն վայրերուն ուր կը գտնուիմ։ Ինչ գործողութեան վրայ ալ ըլլամ, միտքս գրութեանս վրայ կ’աշխատի։

Այո՛, նկատած եմ որ գրութիւններուդ եթէ ոչ բոլորին, գոնէ մեծ մասին մէջ պոռթկումը առկայ է. գրելով կը թեթեւնա՞ս:

Ամենեւին, չեմ թեթեւնար։ Գրելը դեղ չէ, չի բուժեր, thérapie չէ։ Երբեմն նոյնիսկ աւելի կը խորացնէ վէրքը։ Պատահած է, որ վայրկեան մը առաջ ազատագրուիլ ուզած եմ գրածէս, փրթիլ, քանի որ վհուկի պէս սկսած է զիս հալածել ու շնչահեղձել։ Իրմէ փախած եմ ուղղակի։ Ասով հանդերձ, ըսեմ որ ես նկարագիրով ուրախ անձ եմ եւ շատ կը սիրեմ խնդալ եւ լիաթոք կը խնդամ։ Գրութիւններս մռայլ անձի մը տպաւորութիւնը կը թողուն, բայց այդպէս չեմ։ Քահ-քահ խնդացող մարդիկ յատուկ գրաւչութիւն մը ունին ինծի համար։ Իմ եւ մարդոց յարաբերութեան մէջ կարեւոր տուեալ է ասիկա։

Գրելը աւելի կը խորացնէ վէրքը, կ‘ըսես. ի վերջոյ հետաքրքրքական է գիտնալ բանաստեղծութեան քու բնութագրումդ. ուրեմն՝ ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի բառերով. «զգայարանց թափում թօթափո՞ւմն է, հեշտին հալո՞ւմը սրտին, յարաթռիչ ճախրո՞ւմը հոգւոյն», թէ…

Բանաստեղծութիւնը աղօթք է։ Հոն չես կրնար ինքզինքիդ անգամ ստել։ Եթէ կեղծել փորձես, ականջէդ կը բռնէ, կը պատժէ, բառ չի տար։ Կը սկսիս գողնալ։ Կեղծ մակնիշով ապրանքի պէս կ’ըլլան, որակի հարց կ’ունենան։

Քու իրականութիւնդ է բանաստեղծութիւնը եւ քանի որ իրականութիւնդ կ’ապրիս բանաստեղծութեան մէջ՝ հարազատին կը դպնաս, կը ձեռնես այն տեղերը ուր շունչը թփրտալ կը սկսի, կը բռնես կեանքի այն ջիղը, որ մակերեսներուն չի սլքտար։ Միշտ բաց չենք ըլլար բանաստեղծութիւնը ընկալելու։ Պահ է։ Հանդիպում։ Հանդիպում է մէջդ ստեղծուած պարապին (կամ լեցունութեան) եւ ակնթարթի մը մէջ հոն ինկող կայծակին, որ կը զարնէ, զոր եթէ չբռնես, կը մեկնի անդարձ։ Եթէ բռնես, կը մտնէ մէջդ, քու մասնիկդ կ’ըլլայ։

Հանդիպումը կարեւոր նիւթ է ինծի համար իր բոլոր ձեւերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Այսպէս է որ բոլոր գեղեցիկ պահերը կ’ըլլան բանաստեղծութիւն, եւ բանաստեղծութիւնը՝ չաւարտող պահ։

Համաձայն եմ, Նորա, բանաստեղծութիւնը ճշմարիտ պէտք է ըլլայ, ի՞նչ օգուտ ունին կեղծ ապրումները: Սակայն այդ ճշմարիտը կամ համամարդկային ապրումները թուղթին տալու համար որքանո՞վ ազատ ենք գրողներս այսօր: Վահէ Օշական հետաքրքրական անդրադարձ մը ունի այս մասին, երբ կ‘ըսէ թէ ամէն բառ ու ասոյթ, որ մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի լեզուական հարստութեան՝ կրնայ գործածուիլ գրականութեան մէջ՝ եթէ գրագէտին գեղարուեստական ըմբռնումը կը պահանջէ ատիկա: Դուն ի՞նչ կը կարծես. ազա՞տ է իր մեկնումին մէջ արդի գրողը: Ինչո՞ւ հայ ընթերցողը երբ օտար գրականութիւն կը կարդայ, սեռային համարձակ տրամադրութիւնները կ‘ընդունի հանգիստ, իսկ երբ նոյնը կը տեսնէ հայ գրողին մօտ կ‘անհանգստանայ, չ‘ընդունիր կամ վերապահ կը մնայ՝ հայ գրականութիւնը սրբութեան տարածք մը նկատելով: Չմոռնանք մանաւանդ որ համարձակ կամ «բաց» գրութիւններու նախափորձը ունեցած ենք տակաւին միջնադարէն. Քուչակի «Հայրէն»ները վկայ: Արդ, Հայ գրականութիւնը ո՞ւր կը տեսնես դուն այսօր գրական ընդհանուր աշխարհին մէջ:

Համամարդկային ըսելով կը հասկնանք ինքնատիպ գրականութիւն մը, որուն ազգային իւրայատկութիւններն իսկ իր միջոցներն են նեղ սահմաններէն դուրս գալու, բացուելու եւ տարածուելու նաեւ ոչ-իւրայիններուն, ամէն մարդու վրայ։ Աֆղան գրող Աթիք Րահիմի, ֆրանսագիր ալճերիացի գրող Եասմինա Խատրա օրինակներ են։ Ունին իրենց ոճը, բխումը, նիւթը, բայց մարդու լեզուն կը խօսին եւ անով իրենց աշխարհը կը ներգրաւեն ընթերցողը։

Ժամանակակից հայ գրականութեան չափանիշները տակաւին յստակ չեն եւ պիտի չուզէի խցանուիլ անոնց որոնումին առջեւ։ Բազմաթիւ են տեսակէտները եւ իւրաքանչիւրը յարգանքի իր բաժինը կ՚ակնկալէ։ Պիտի ուզէի նկատի ունենալ հայագիր գրականութիւնը, որ մեր պարագային մէկ երկրի չի կապուիր։

Նախքան ընդհանուրին մէջ տեղ որոնելը՝ հարց տանք. ի՞նչ տեղ կը գրաւէ այսօր հայագիր գրականութիւնը մեր՝ հայերուս կեանքին մէջ։ Միւս կողմէն՝ ի՞նչ տեղ կը գրաւեն հայ անհատն ու հաւաքականութիւնը, իբրեւ ժողովուրդ, ամբողջութիւն՝ այդ գրականութեան մէջ։ Այս երկուքը իրարու ծանօ՞թ են, զիրար կը կշռե՞ն, զիրար կը կշտացնե՞ն։ Մեր ժողովուրդին եզակի պայմանները կ’արտացոլա՞ն այդ գրականութեան մէջ։ Մեր բարդոյթները, ձախողութիւնները, տեսիլքները, հեռանկարները, անբացատրելին կ’երեւա՞ն հոն։ Արդի հայ գրականութեան տարողութիւնը համահայկակա՞ն, թէ տեղայնական բնոյթ կը կրէ։ Ըստ իս, ներկայի մեր իրավիճակը (ցրուածութիւնն ու միեւնոյն ժամանակ գաղթերու շնորհիւ ժողովուրդին մինչ այդ անծանօթ հատուածներուն իրարու քով գալու եւ իրարու հետ շաղուելու իրողութիւնը, ճարտարագիտութեան մատակարարած դիւրութիւնները) իրաւունք կու տայ մեզի մտածելու, որ արդի հայ գրականութիւնը կրնայ նուաճել համահայկական որակ։ Տարօրինակ կրնայ հնչել այս որակումը, բայց ուրիշ բառ չգտայ։ Չի նշանակեր սեղմել մէկի մէջ, այլ ամբողջականացնել բազմազանութեան մէջ ։ Գրականութիւն մը, որ խօսի Հայ Մարդու լեզուն, անկախ անոր քաղաքացիութենէն կամ արմատներէն։ Հոգեմտաւոր տարածքին կ’ակնարկեմ հարկաւ, բայց ոչ միայն։ Այստեղ է որ լեզուն տիրական կը դառնայ եւ այս պատճառով է, որ ես հայագիրը շեշտեցի։ Համամարդկայինը ինքնատպութիւն կը պահանջէ եւ կարծիքովս համահայկականը մեր ամենաինքնատիպ նկարագիրներէն մէկն է, եթէ կարենանք զայն մշակել ինչպէս որ պէտք է եւ մեր հարստութիւնները սովահար ստամոքսով դիտելու փոխարէն վայելենք։ Տուեալները մեր հաշւոյն են, կը մնայ օգտուիլ։ Հայկական թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր (դիտմամբ ըսի հայկական եւ ոչ Հայաստանի) աշխարհի բոլոր հայերուն սիրտերը նոյն կշռոյթով կը զարնեն։ 25-30 տարի առաջ նման միտք չէինք կրնար արտայայտել։

Կ’ուզեմ կէտ մըն ալ նշել։ Մենք կը կարծենք որ ուրիշներ գնահատելու են մեր «բացառիկ» մշակոյթը։ Մարդոց առջեւ շնորհքով ներկայանալէ առաջ մէյ մը ինքզինքդ կը շտկռտես հայելիին առջեւ, թերութիւններդ կը սրբագրես։ Մնացեալը՝ յետոյ։ Այդ յետոն շատ կարեւոր է. ինչպէ՞ս կը ներկայանաս։ Մէկ ոտքդ կօշիկ, միւս ոտքդ բոպի՞կ։ Միտքս Մահարիին կ’երթայ՝ «Ծաղկած Փշալարեր»ուն, որ 2002-ին Փիեռ Տէր-Սարգիսեանի թարգմանութեամբ ֆրանսերէնով լոյս տեսաւ, բնականաբար Ֆրանսայի լայն հասարակութեան բացուելու, այն թուականներուն երբ Խորհրդային փլուզուած դիակին փորը կը խառնշտկուէր։ Բայց ազնիւ քարը մնաց հայ մեծ մայրիկին բարձին տակ։

Արդի հայ գրողը ազա՞տ է, կը հարցնես։ Գոնէ անկախ է։ Գրելու հետ ոչ մասնագիտական, ոչ տնտեսական հաշիւ, ոչ ալ լրացնելիք պայմաններ ունի։ Ժամանակ անգամ չունի, ինք կը ստեղծէ։ Իր տէրն ու տիրականը ինքն է։ Անկախութիւն ըսուածը, սակայն, միշտ կրելի ծանրութիւն չէ։ Իր անձին տէրը ըլլալը աւելի մեծ բռնակալութեան մը կրնայ վերածուիլ, որ տապալելի չէ։ Բայց կը յառաջացնէ ըմբոստութիւն, որ ազատութեան գրաւականն է։ Եթէ տաղանդ կայ։ Եւ եթէ ընդունելի է ըսածս, ուրեմն հայ գրականութիւնը եւ ընդհանրապէս գրականութիւնը սրբութեան տարածք է, որովհետեւ ազատութեան համար պայքարը մաքրող սահմանակէզ կրակ է, ոչ սահմանափակիչ։ Հոն թապուներ չկան։ Սրբութիւնը կեղծիքին հակառակն է։ Իսկ գրելը մեծ մարտահրաւէր մըն է, ուր գրողը ինքզինք կը ցուցադրէ իր կատարեալ մերկութեամբ։ Խնդրոյ առարկան ինչ ցուցադրելը չէ, այսինքն՝ տգեղը, գեղեցիկը, ընդունելին, անընդունելին, եւլ., այլ ինչպէսը, ոչ թէ ընտրուած մասեր, այլ եղածը իսկութեամբ, առանց վերապահութեան։

Սեռայինի մասին: Անոր առթած անհանգստութիւնը միայն հայուն յատուկ չէ, բայց հայուն ալ մտասեւեռումներէն մէկն է սեռը, ինչպէս Արարատ, Հայաստան, լեզու, դպրոց։ Նոյնն է։ Այսինքն՝ հարցեր, զորս տակաւին չենք լուծած, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնը յստակ չէ։

Հարցումիդ՝ թէ ինչո՞ւ հայ ընթերցողը անհանգիստ կը զգայ, երբ հայ գրականութեան մէջ սեռայինի հանդիպի, կ’ուզեմ ըսել, թէ միայն ընթերցողին չի վերաբերիր այս անհանգստութիւնը։

Մարդը իր քաղաքակրթութեան որոշ աստիճանին ինքզինք վեր դասած է միւս էակներէն եւ կառավարել ուզած է իր բնազդը ու բարձրանալ անկէ։ Սեռը բնազդական, անասնական սեպուելով վտարուած է մարդուն հոգեւոր փնտռտուքներու ոլորտէն եւ տեղի ունեցած է մարմինի եւ հոգիի սահմանազատում։ Գրականութիւնը՝ համարուելով գերազանցապէս հոգեւոր բնագաւառ, ընթերցողին ճաշակը դէպի հոն առաջնորդած է։ Մինչեւ հոս՝ շատ լաւ։ Խնդիրը ասկէ ետք է, քանի որ սեռային փորձութիւնը շարունակած է մնալ անյաղթահարելի, հետեւաբար կին էակը՝ վտանգ ու վանելի։ Մշակուած են կանացի երկու կերպարներ՝ պոռնիկ կին եւ աստուած մայր։ Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի կարգ մը բանաստեղծութիւնները կրնան օրինակ ծառայել այս հաստատումին։

Անհրաժեշտ է խորապէս վերլուծել այս պահը։ Մեր գրականութիւնը տրամադրելի բաւարարաչափ ատաղձ ունի սեռին հետ մեր յարաբերութիւնը վերլուծել ուզող հոգեբաններուն համար։ Ձեր յիշած միջնադարեան բանաստեղծները, աւելի ուշ՝ Դանիէլ Վարուժան, Յակոբ Օշականի մանաւանդ «Մնացորդաց»ը որքան բան կ’ըսեն սեռային մեր ըմբռնումներուն մասին, լոյսին բերուած այնպիսիներու կողմէ, որոնց համար գրականութիւնը սրբավայր է եւ ոչ ինքնազսպում։ Ուրեմն, գրականութիւն մշակողը ընթերցողին կեղծիքը մշակողը չէ, կեղծիքէն զայն մաքրողն է։

Շատ հետաքրքրական մատնանշում ըրիր: Կնոջ մուտքը գրականութիւն առանձին նիւթ է. ո՛չ թէ միայն որպէս գրող, այլ որպէս ստեղծագործութեան գլխաւոր հերոս կամ գրողին ներշնչման աղբիւր: Յովհաննէս Թլկուրանցին մերթ կնոջ արտաքին գեղեցկութեամբ եւ սիրոյ ազատ արտայայտութիւններով կը տարուի, մերթ մեղքի զգացումին տակ կը ճնշուի ու ինքզինք «խեւ Յովհաննէս» կ‘անուանէ: Բայց այս ըսածս միջնադար է եւ Թլկուրանցին՝ հոգեւորական: Աշխարհական մտածողութիւնը լիովին ազատագրուա՞ծ է այսօր, ի՞նչ կը կարծես:

Այսօր, 21-րդ դարուն, անոնք որոնք գիտակցիլ սկսած են սեռի անտեսումին գործած աւերին, որոնք կ’ուզեն ձերբազատիլ մարմինը դարերով ճզմած կարծրատիպերէն, կ’ուզեն նախ եւ առաջ իրենք զիրենք համոզել, որ կրցած են յաղթահարել ծիներու մէջ գահակալած սեռային ամօթխածութիւնը։ Այս փորձը կը գտնենք ժամանակակից գրողներու մօտ, բայց ըստ իս տակաւին չէ յաղթահարուած լիովին։ Սեռային գործարաններու անուններ կամ սեռային հում պատկերներ թուղթին յանձնելով սեռի մասին խօսած կամ գրած չենք ըլլար։ Հայ կին գրողները ցանկալի ձայներ են այստեղ. անոնց յանձնառութիւնը ծալքեր պիտի բանայ մեր առջեւ։ Ինծի համար հարցումը հետեւեալն է. սեռային պատուարը որքանո՞վ յաղթահարուած է, գրողը պայքարի մէ՞ջ է այս թապույէն ազատելու համար, թէ՞ իր մէջ խնդիրը լուծած է եւ բնական տուրեւառութեան մէջ մտած է անոր հետ, զայն գրելով ապրելու։

Վահէ Պէրպէրեանի «Անուն Հօր եւ Որդւոյ» վէպը բարձր կը գնահատեմ այս առումով։ Վահէ Օշականի «Օսաննա» բանաստեղծութեան առաջին տողը դիպուկ եւ ուժգին կը գտնեմ. «Պարոն Սարգիս երեսուն տարու էր երբ ծնաւ»:

Աստուածաշունչը «ճանչնալ» բառով կ’արտայայտէ սեռը։ Գեղեցիկ, մեկին եւ խորապէս մարդկային ըմբռնում։ Կ’արժէ վերլուծել։

Քիչ առաջուան վերը արտայայտած՝ «ինչպէս ներկայացնելը կարեւոր է եւ ոչ թէ ինչը» գաղափարդ քու տուած մեկնումէդ անդին եթէ քննեմ, «ինչպէս»ը հոս պիտի ուզեմ հասկնալ տուեալ գրութեան մը ձեւը՝ լեզուն ու ոճը. այսինքն՝ նիւթը կայ, սակայն բուն արուեստը զայն ներկայացնելուն մէջ կը կայանայ: Այդ արուեստը տեղ հասցնելու համար հասկցուիլը էակա՞ն է: Թերեւս հարցումս ուրիշ ձեւով ձեւակերպեմ. քեզի համար ընթերցողը կարեւո՞ր է: Գրած ատենդ ան ներկա՞յ է: Այս կը հարցնեմ, տրուած ըլլալով որ այդքան ալ թափանցիկ չեն գրածներդ:

Ես ուսուցչուհի եմ. հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցչուհի, այն ալ փարիզեան շրջանի մէջ։ Երեքտակ թանձրութիւն է ըսածս։ Ես վարժուած եմ աշխատելու, առաւել՝ եռանդով աշխատելու, այնպիսի բնագաւառի մը մէջ, ուր բացայայտօրէն հետաքրքրութիւն չկայ աշխատանքիս որակին եւ արդիւնքին հանդէպ։ Ասոր իբրեւ հակազդեցութիւն, թերեւս ինքնապաշտպանութիւն, ես ալ անտարբերութիւն մշակած եմ այս անտարբերութեան նկատմամբ. սորված եմ ոչինչ ակնկալել։ Հիմա, այս հարցումին պատասխանելու պարտաւորութեան տակ, կը զգամ, որ նոյն հարթակին վրայ կը գտնուիմ։ Բարդո՞յթ է արդեօք, թէ ազատագրութիւն։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Կը շարունակեմ թէ՜ եռանդով դասարան մտնել, թէ՜ թմրամոլի պէս պայուսակիս մէջ կտոր մը թուղթ փնտռել նախադասութիւն մը արձանագրելու համար։

Հասկցուի՞լ։ Չկայ հասկցուիլ։ Կայ հանդիպում. բան մը կը դպնայ կամ չի դպնար։ Շատ-շատ կ’ըլլան մեկնաբանութիւններ, որոնք արդէն գրողին հակակշիռէն դուրս են։ Հարցումովդ իմ իրականութեանս առջեւ կը դնես զիս։ Երեւակայէ, որ երբեք չէի մտածած ասոր մասին։ Հասկցուիլը էական պիտի ըլլար, եթէ առանց անոր դադրէի գրելէ։ Չեմ մտածած։ Երկար տարիներ, առանց յետին ծրագիրներու գրածս գրիչէս ելլելով մտած է դարակս ու բացուած միայն շատ մտերիմ մէկ բարեկամիս առջեւ։ 2011-ին Գրական Կամուրջ կայքէջի հիմնադիր Կոլիա Տէր Յովհաննիսեանի քաջալերանքով գրութիւններս սկսան այնտեղ լոյս տեսնել։ Armenian Poetry Project-ին մէջ ալ հրատարակուած գրութիւններ ունիմ։ Իսկ դուն եւ ես, սիրելի Սօսի, հանդիպեցանք Հայերէն Պլօկ գրական կայքէջին մէջ, որուն կանոնաւորաբար կ’աշխատակցիմ ահա երկու տարիէ ի վեր։ Դուն աւելի հին ես հոն։ Իմ «հանդիպում»ներս հո՛ն կը կայանան։ Կը պարտիմ կայքէջը տնօրինող Իշխան Չիֆթճեանի բծախնդրութեան եւ խստապահանջութեան։

Գրական կայքէջերուն նպաստը անգնահատելի է ժամանակակից հայագիր գրողներու արժեւորման, մանաւանդ նորերու կազմաւորման ու աճին մէջ։ Համացանցը, սակայն, երկսայրի սուր է, թէ՛ կը հաւաքէ, թէ՛ կը ցրէ։ Դեղի պէս է, ունի իր առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները։ Հրատարակուողները ինքնաքննադատութեան սուր, երբեմն անողոք պայծառատեսութեան պէտք ունին, իրենց գրողի շնորհքը ո՛չ գերագնահատելու եւ ո՛չ թերագնահատելու համար։

Թափանցիկութեան մասին… առօրեայիս մէջ պէտք չեղած տեղն անգամ թափանցիկ եմ։ Բայց ինչո՞ւ արդեօք գրածներս այլ տպաւորութիւն կը ձգեն։ Ո՞վ գիտէ։

Այժմ կ‘ապրիս երկու աշխարհներու մէջ. հայ ես եւ ֆրանսացի: (Չհաշուած նաեւ նախկին լիբանանցի ըլլալդ): Այս երկուութիւնը յոգնեցուցի՞չ է, կը խանգարէ՞, թէ՝ օգտակար:

Չմոռնանք Երեւանը։ Կեանքիս կարեւոր հինգ տարիները, ուսանողական, անցուցած եմ Երեւան։ Մարդու եւ հայու շինուածքիս վրայ յատկանշական է այդ ժամանակը։

Ֆրանսահայութիւնը շատ կը սիրէ ինքզինք ներկայացնել երկու ինքնութեամբ քաղաքացի, double identité ունեցող համայնք։ Մէկ ինքնութիւնը հայ, միւս ինքնութիւնը ֆրանսացի։ Թէեւ փորձած եմ, բայց երբեք չեմ հասկցած թէ ի՞նչ կը նշանակէ մէկէ աւելի ինքնութիւն ունենալ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ երբեմն այս, երբեմն այն, կամ՝ մէկ կողմէն այս, միւս կողմէն՝ այն։

Ո՛ր երկրի կեանքին որ մաս կազմած ես, ապրած ու աճած ես, մասնակցած ես հոսանքին եւ մտածումի ալիքներուն, բոլորն ալ բաժին ունին քու մարդու շինուածքիդ եւ կառոյցիդ մէջ։ Բոլորը միասին քեզ վերածած են այն մարդուն, այն անձին, որ եղած ես, կ’ըլլաս ու դեռ պիտի ըլլաս։ Ինքնութիւնդ այս բոլորին ամբողջութիւնն է, որ մէկ է։ Մէկ ինքնութիւն. այն որ ես։ Աւելին, ինքնութիւնդ չի գար միայն այն երկիրներէն, ուր եղած ես եւ այն մշակոյթներէն, ուր թաթխուած ես անձնապէս։ Ինքնութիւնը կը սկսի աճիլ ծիներէն։ Ես զէյթունցի եմ։ Ոչ ապրած եմ հոն, ոչ ալ եղած եմ դոյզն անգամ։ Բայց Զէյթունը մէջս կը կրեմ, մշտական ներկայութիւն մըն է, որ կը գործէ, խորհրդանշական չէ։ Փոխանցուած է ինծի եւ ես փոխանցած եմ զաւակներուս, որոնք զէյթունցիի գլուխ կը բարձրացնեն յաճախ։ Կը տեսնեմ յստակօրէն։ Քու հարցումիդ նկատի առած հայն ալ իր կարգին բազմաշերտ է, մէկ չէ. իւրաքանչիւր հայ իր պատմութեան աշխարհագրական բազմազանութիւնը կը կրէ։ Չորս սերունդի վրայ նուազագոյն երեք երկրի անուն կը տրուի։ Հայը ամէն մէկ միջավայրի բարքերէն եւ մշակոյթէն ազդուած է հարկաւ եւ իր ձեռքբերումները փոխանցած զաւակին, եւ այսպէս շարունակաբար։

Ուրեմն, ի՞նչ երկու, այլ բազմաթիւ միջավայրերու եւ մշակոյթներու ամփոփում մըն ենք եւ մեծ հարստութիւն է ասիկա։ Հազուագիւտ բարիք, որ ողբերգութիւնը տուաւ մեզի եւ ըսաւ՝ ձեզ հարուածեցի, բայց օգտուեցէք։ Եթէ կրնաք։ Սփիւռքահայ գրողներու առաջին սերունդէն Նիկողոս Սարաֆեանը ասոր ակնարկած է։

Գիտե՞ս, Մարկ Նշանեանի դասախօսութիւններէն մէկուն ներկայ էի, հոն շատ կարեւոր միտք մը արտայայտուեցաւ, երբ հարցուցին թէ մեր հայ գեղարուեստը ո՞ւր կ‘երթայ այսօր. առանց վարանումի պատասխանեց. «Նոր պիտի սկսինք»: Այսինքն հինի այդ աքսորականի հոգեբանութենէն դուրս գալ, ինքնութեան փնտռտուքի հոգէն թօթափիլ եւ ստեղծագործել ազատ ու լիիրաւ:

Շնորհակալութիւն սպառիչ պատասխաններուդ համար, Նորա: Շատ հաճելի էին:

 

Սկզբնաղբյուր՝ https://hairenikweekly.com/2018/10/09/36633

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի