Խաչիկ Տէտէեան | ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՆՈՅՆ ՀԱՐՑԸ

Կը քալեմ փողոցներէն նոյնանման,
Ամբոխին ընդմէջէն անտարբեր,
Ու նոյն հարցն է որ զիս կը յուզէ.
— Ու՞ր կ’ընթանայ այս թափօրը՝
Որուն մէկ մասնիկն եմ ես…
1985

 

ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ ՏԷ՜Ր

Ամէն բանէ աւելի
Տուր ինծի իմաստութիւն, Տէ՜ր,
Կեանքիս մէջ խաւա՜ր,
Թող դառնայ միակ ջա՛հը անմար:
Թող ամէն նոր օր
Դառնայ պատգամ մը իմաստաւոր.
Որպէսզի օրէ օր
Կարենամ ըմբռնել խորհուրդներդ խորհրդաւոր:
Իմաստութեան հետ մէկտեղ,
Տուր ինծի տաղանդ մը հանճարե՜ղ,
Որպէսզի մարդկութեան անմեղ,
Պարզեմ ձգտումդ անշեղ…:
1985

 

ՏԱՐԱՆՋԱՏՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ

Տարանջատման պահն է կարծես…
Ժամանակին հետ անյայտացող
Բարեկամութեան
Հաւատքի
Տեսիլքի
Նախկին, այժմ այլանդակուած
ըմբռնումներուն ազնիւ…
Տարանջատում՝ ցեղերու
ընտանիքներու
Հեռացման ու բաժանումի ուղիներով
Կորսուող սերունդներու ժամն է կարծես.
— Գուցէ եւ միշտ էր եղած ու
պիտի ըլլայ առյաւէտ:
Անցկութեան ու խարխափումի օրերուն այս,
Գիշերին հետ կորսուող սիրտ մը
հեռացող բարեկամ
եղբայր կամ քոյր
Կ’երթան փախուստի,ազատագրութեան,
Կ’երթան վիշտ մը մեծ հետն իրենց տարած,
Կ’երթան արդարի, արժէքներու որոնումով,
Միշտ ու միշտ կ’երթան
Տարանջատման ուղիներով…
1989

 

ԱՄԷՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒՈՂ

Աստղեր տարածուած երկրի վրայ
Ու աստղեր նետուած ծովուն բացերը
Բիւրաւոր, լուսաւոր ու երանելի…
Քաղաքն է իմ դիմաց պայծառ,
Հեռուէն ան դրախտ մըն է աստուածային,
Ներսը հնոց մը կրակի ու մեղքի…
Ծովուն բացած մարմինը հոլանի,
Կը ննջէ քաղաքը լու՜ռ,
Երազելով հին օրերը փառքի.
Բարձրէն ան հրաշքն է երազային,
անմատչելի՛,
Անոր խորը, աւա՜ղ, լճացումն է ախտերուն
երկրաւոր,
Նման պոռնիկին որ իր հրաշքին ներքեւ՝
Էութեան մէջ հազարներու թոյնն է կուտակած…
Ու երեկոյի լռութեան մէջ կը մեկնի նաւը
ճամբորդատար,
Իրեն հետ կը տանի նոր կարաւան մը գաղթողներու,
Կ’երթան յուսաբեկ, խառն ապրումներով,
Ետին ձգած սիրելիներ ու հարազատ,
Կ’երթան ետին լքած երկիր մը ողջակիզուող…
Անոնք կ’երթան օտար ու լուսաւոր ոստաններ,
Կ’երթան հազարներով, ամէն օր,
կարաւաններն անհամար,
Ետին միշտ լուսաւոր քաղաքն է երազային,
Ետին ահաբեկ սրտեր, վիշտն ու տուայտանքն
է մնացողներու,
Ետին պատերազմի չարաշուք վճիռն է
յամառօրէն շարունակուող
Մահուան գիրկը առաջնորդող
Ու ամէն երեկոյ աւելի եւս կը սպառի
Վերջին յոյսն ալ անոնց աննորոգ…:
1987

 

ԿԱՐՕՏԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Կիզիչ օր մը ամրան
Հեռացար դուն ընդհուպ,
Առանց խօսքի ու լացի,
Այլեւ համբոյրով մը ջերմ:
Ու այն օրէն ասդին,
Հոգւոյս մութ ծերպերուն մէջ
Կայ կարօտի կսկիծ մը,
Զիս մաշեցնող ու հիւծող:
Հեռացա՜ր դուն արագ.
Այն պահուն, երբ էիր
Միակ մխիթարանքս,
Ողջ նպատակը իմ գոյութեան:
Ու լլկումի այս երեկոյին,
Քե՛զ կը ցանկամ, պաշտելիս,
Բայց դուն հեռունե՜րը կը ճախրես,
Մի գուցէ նոր սէրեր կ’որոնես…
Եթէ դաւաճանես սիրոյ մեր ուխտին,
Սէրս թող ըլլայ կտակս վերջին.
Քեզմէ վերջ ինձ կը սպասէ
Ապերախտ գոյութիւն մը միայն…:
1985

 

ԿԱՐՕՏ

Այս գիշեր կ’ապաւինիմ քեզի,
Հոգիս մերկ կը դնեմ քու առջեւ
Ինչպէս ողջակէզը՝ բագինին վրայ.
Ընդունէ՛ զիս կարօտով մը հի՜ն,
Ու սիրէ՛ նոր հուրով մը ջերմ:
Օտարական մըն եմ այս երկրի վրայ,
Թշուառ անցո՜րդ մը պատահական.
Ընդունէ՛ զիս յարկէդ ներս լուսաւո՜ր,
Ու մխիթարէ՛ տառապած հոգիս:
Գուցէ ճանապարհս շատ երկա՜ր ըլլայ.
Գուցէ երբեք չհասնիմ վաղուան լոյսին.
Գէթ մէկ գիշեր պահէ ինծի քեզի մօտիկ,
Ու սիրոյ նոր խաբկանք մը տուր:
Այս գիշեր սիրէ՛ զիս
Անցեալի անհո՜ւն, անկե՜ղծ սիրով…
1985

 

ՆԵՀՐՈՅԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուղեւորութեանը մէջ կէս դարու,
Անցաւ ան կեանքի քառուղիներէ տարբեր,
Հպարտութեամբ տեսաւ մա՜րդը մեր օրերու,
Որ կ’երկնէ հրաշքներ բազում, կը կերտէ
Աշխարհ մը նոր՝ մտքին հանճարով ու բազուկով արի՜։
Անցաւ ան բոցի ու աւերակներու արանքներէն,
Տեսաւ նոյն մարդը, որ կը քանդէ իր արարածը՝
իր իսկ ձեռքերով,
Վիշտ, ահ ու սարսափ կը սփռէ չորսդին,
Կը սերմանէ բարիք՝ գարնան,
Կը հնձէ չարիք՝ աշնան.
Կը ցանէ տառապանք իր մեղկ ձեռքերով,
Ու ատելութիւն կը քաղէ իր գորշ ճիրաններով։
Ապշած նայեցաւ իր ետին, ու տեսաւ մշուշոտ
Քաղաքը մանկութեան՝ մեղքի ու արեան մէջ։
Նայեցաւ առաջ, աշխարհին՝ որ կ’եռեւեփէր,
Շէնշող լոյսերու խօլական պարին կշռոյթով,
Տեսաւ հոն հնոց մը անդիմագիծ նոր մարդու,
Ուր, միօրինակ, ծանծաղ տեսքով
Կերպարներ կը ստեղծուին օրնիբուն։
Նստեցաւ շուարած ճամբեզրի նստարանին,
Աչքերը յառած անհուն հորիզոնին։
Ինչո՞ւ այսպէս է, հարց տուաւ ան, ափսոսանքով։
Նեհրօ՜, Նեհրօ՜, բացագանչեց ձայն մը հեռուէն.-
Ինչո՞ւ շշմած, այդքան ցա~ւ կայ քու ներսիդին.
Դուն մարդ ես այլոց նման, որ եկան ու գացին,
Մի՞թէ անտարբեր էին անոնք իրենց ցաւերուն,
Կամ անհոգ՝ հանդէպ իրենց ճակատագրին,
Կու գան ու կ’երթան քեզ նման հարցադրումներով,
Բայց պատասխան չունին իրենց հոգիներուն մէջ,
Կ’ապրին, կը տխրին, կը հրճուին, կը սիրեն քեզ նման,
Կ’ատեն պահը, որ դարձաւ իրենց նպատակ։
-Ելի՜ր, քալէ՜ ճանապարհը քեզի վիճակուած,
Ու սոսկա՜յ շուքէն որ դարձաւ քեզի ընկեր…
Քալեց Նեհրօ Ամազոնի տափաստաններէն խիտ,
Նոր Աշխարհի երկնաքեր պողոտաներէն ժխոր,
Մինչեւ Արեւելքի թանձր պարիսպները ամեհի,
Անցնելով Նեղոսի տղմուտ ջուրերէն պղտոր,
Տեսաւ անդուլ ճիգը մարդուն, հեւքը՝ անբացատրելի,
Ապշեցաւ երկա~ր՝ անոր ցաւին ու խնդուքին,
Իր մէջ ամբարած աւիշին ու կեանքին,
Իր կորովի ոգիին, անըմբռնելի,
Ու կեանք կոչուած առեղծուածին տառապագին.
Տարօրինակ կտաւ մը բազմաշերտ երանգներով,
Որ մերթ թախիծ ու ցաւ, մերթ յոյս ու լոյս կը սփռէ չորսդին.
Չգտաւ իմաստ իր մտորումներուն խորաթափանց,
Բացի եղելութիւնը որպէս բացարձակ վիճակ։
Ապա գնաց տուն եւ գրեց պոէմ մը երկա~ր,
Ու անուանեց զայն՝ «անաւարտ ճամբորդութիւն»։

 

ԿԸ ՔԱԼԵՆ ԱՌԱՋ

Դաժան օրերուն այս,
Դաժան պահերուն մեր,
Երբ խաժամուժին մէջ նետուած
Վակոնները շոգեկառքին կը յառաջանան արագ,
Երբ գալիքի պահերը միգամած
Երկունքի ցաւերով են յղի,
Երբ մարդը երկնքի ու երկրի
Ահեղ մարտին մէջ նետուած էակ մըն է անիծեալ,
Մինչ սեւն ու սպիտակը ձուլուած իրարու,
Տարտամ պատկեր է նկարիչին
Պաստառին վրայ.-
Կը քալեն ամբոխները առաջ
Յոյսի մը, ապաւէն լաստին պատրանքով,
Նոր ճանապարհի որոնումի
Յորձանուտին մէջ նետուած ակամայ,
Երբ ճապաղ առօրեան իրենց օրագիրն է միանուագ,
Ու սերմը պտուղին՝ այլոց ձգուած բարիք մնայուն,
Կը նային ետեւ, կը նային առաջ,
Ու մշուշն է միշտ հորիզոնը ծածկած,
Բայց դեռ կը յուսան,
Դեռ կը տագնապին,
Դեռ կը քալեն առաջ…

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի