Այս ալ Մահմուտ Տարուիշին
Ամերիկեան երազը պիտ աւարտի,
Կնքուած, կնքեալ մեռնող երազ,
Իրական չդարձած բոլոր երազներուն պէս.
Մեծ խճողումներուն դիմաց
Ու աղօթողներու արցունքին հետ,
Պիտի իյնայ սալարկին վրայ.
Ամէն բան պիտի իյնայ
Պիտի իյնայ վախը
Սարսափը եւ հակա-տերոր կոչուած
Ամբողջ քաղաքական բոզութիւնը,
Պիտի կախուի լուացքի սպիտակ պարանէն:
Ամերիկեան երազ,
Ինչքա՞ն ատենէ ի վեր պիտի սպաննեմ քեզ.
Սապէս դուրս հրեմ,
Հինցած օթոյիս մոխրամանին պէս պարպեմ, թափեմ.
Պաաուհանդ չի փակուիր,
Րաֆ-րաֆներդ կր քսուին գետնին,
Ապակիներդ կր սեւնան
Հակառակ անոր, որ
Երկուշաբթիները յոգնած թեւերով կր սրբեմ գանոնք…
Երկուշաբթիներր կր խնդամ չարութիւններուն վրայ,
Պզտիկ- պզտիկ չարութիւններ,
Սեւ ակռաներ,
Սեւ ագռաւներ,
Ամէն րոպէ մէջս ծնոդ բանաստեղծին պէս
Սպերախտ ու ապերջանիկ,
Որ մօր երկունքէն ետք՝
«Մերսի» պիտի չրսէ իր ծնունդին համար
Կամ պիտի քֆրէ
-Բոլոր թերթերը չեն տպեր գիս…
Այդ օր,
Սպիտակ սերմը պիտի հասնի մասնատուփ.
Ու արգանդր նորէն բացուի ցաւին առջեւ…
Այդպէս թքելու պէս թուզի ծառին տակ՝
Թքած-թքած
Բոլոր կեղծ ինտելեկտուալիստներուն վրայ,
Որոնք ամերիկեան երազին համար
Մայր, քոյր տաղարան-մաղարան,
Ամէն ինչ լքած,
Հեւիհեւ կր վազեն առնէտներու պէս,
Առնէտները ամերիկեան երազին
Բացառիկ երազներ կր յօրինեն,
Ո՜վ ինտելեկտուլ սուտլիկ առնէտներ,
Լոսի հրդեհներուն լեզուակներր,
Պիտի այրեն երազներու սեւ աւետարանը:
Պիտի այրեն
Պօղոս աղային բերանը,
Բերանր սեւ պիտի այրեն:
Աշխարնով մէկ նետուած ենք փողոց,
Բանաստեղծը սպաննելու,
Սպաննելու խիղճը,
Սպաննելու բառը,
Սպաննելու նուիրական գութը
Եւ անէծքը մոխրագոյն,
Սպաննելու երկինք հասնոդ ճառագայթներուն
Մարմնացած րոպէն:
Ինչ մեղքս այսօր.
Զգացականութեան բոլոր տխմար երգերը մարեր եմ,
Մուխը մարեր եմ մինակութեան դեղատոմսին,
Ըրեր եմ շատ բաներ ծնունդին համար,
Ու չեմ խոստովանիր մեդքերս
Երբ պաաշգամբէն թեւերս բագրիքին դրած,
Կը խօսիմ արեւելեան Պէյրութի բնակիչներուն,
Գրպանս՝ ամորձիքներուս ամբոդջ պարունակը
Եւ շարան-շարան համրիչիս մեղրագոյն հատիկները…
Ես գգացական չեմ.
Դարձած եմ համայնական,
Դարձած եմ անձրեւ, եթէ կ’ուզէք,
Ամէն տեղ եմ,
Եւ ոչ մի տեղ,
Բոլորին հետ եմ.
Բոլորին դէմ.
Անունս պատերուն վրայ չեմ ուգեր գրել այլեւս,
Գաղտնի տեղեր չունիմ երթալու…
Ուր որ ըլլամ, մէկ է ժամադրութիւնս
Ու ծնունդս՝ մէկ.
Անկողնիս մօտ Հրանտ Մատթեոսեանի գիրքր դրած,
Որ յանկարծ չմոռնամ լեզուս.
Լեզուն ես եմ, կապ չունի
Ու մոմ են դրած
Որ յուշեն, թէ բանաստեղծը
Կ’ապրի տակաւին այս տան մէջ,
էղիասար փողոց, համար մէկ, շէնք թիւ 17, բնակարան եօթ.
Տան մը մէջ, ուր կ’եռայ կեանքիս խինդը,
Հոս անձրեւները չեն խանգարեր գիս,
Ոչ ալ ամերիկեան սին երազները այլեւս…
Մատերիալիստ պիտ համարեն գիս,
Թող հարց տան սեւ պայուսակիս,
Ու անոր մէջ ծաղկած ծրագիրներուս…
Բորբոս կր կապէ գիրը,
Գիրը կը մարի,
Կը դեդնի գիրը,
Նորէն աւետելու վերադարձս…
Վերադարձ՝ հին կայմերուս…
Ու հանգիստիս…
Սեւ պայուսակս
Աւելի թանկ,
Քան Վիվասելի համարս,
Էութիւնս…
Տանս բանալին…
Սեւ պայուսակս,
Սկիզբս առաջին անձրեւին հետ,
Ու թաց, անաւարտ մնացած
Բանաստեղծութիւններուս տետարակը դեղին,
Որ ամէն օր կ’ընկերանայ…
Կը խառնուի քաղաքիս ցեխերուն.
Քաղաք, ուր բանաստեղծները կը մեռնին միայն…
Աս ի՞նչ քաղաք է,
Ամերիկեան երազին համար
Մինչեւ պորտը արեան մէջ թաթխուող քաղաք,
Քինախնդիր քաղաք,
Խենէշ քաղաք,
Քաոս քաղաք,
Ապերախտ քաղաք.
Ամերիկեան երազին իր ոտքերը բացող քաղաք.
Կռնակի ցաւ ունեցող քաղաք,
Թոզ ու աղտոտ փիսիկ քաղաք…
Խօսնակը կը նայի աչքերուս,
Երազը երկար է ու ստամոքս դատարկ,
Ի՞նչ կ’ընէ Յարութիւնեան Արտեմը սա պահուն
Սա հիմար պահուն,
Ի՞նչ ձգեց մեզի, որ յօրինենք:
Կամ միւսը,
Որ սպիտակ մագերուն տակ սեւ տողեր կը շարադրէ…
Այս ամէնը լռելու համար են եղած
Ըսելու՝ ամերիկեան երա՛զ, մեռեր ես, թաղող չունիս,
Թոյլ տուէք, որ պատշգամբէս արեւելեան Պէյրութի անունով խօսիմ
Բերնիս վարդ, եթէ կ’ուգէք.
Ձեոքերուս հրազէն և կապոյտ գիրքը սիրածս մեծ բանաստեղծին,
Որուն վերփոխման տարելիցն է այսօր…
-Գիտե՞ս չէ, գիտես, որ ան չի մեռնիր.
Ողորմի ըսէք,
Ողորմի բանաստեղծին ու երազին ամերիկեան,
Որուն մեռնիլը, չտեսաւ բանաստեղծը…
Ողորմի ըսէ՛ք:
Օղորմի, մի օղորմի:
Օղորմած ու գթած բանաստեղծ,
Օղորմի տուած բանաստեղծ,
Հանգիստ քեզի:
Բարի գալուստ Նոր վայրէջքիդ..
Կուգաս հեռուէն ամերիկեան երազը թաղելու.. .
Թաղերէն ու թիթեղեայ աուներէն
Սլացող Բանաստեղծ,
Օղորմի բեզի…
Վերջին մեկնաբանություններ