Սերմէտ Էօկրէթիմ | ԵՐԲ ԶԷՐՕՆ ՄԵՌԱՒ

Sermed Ogretim

Թարգմանեց Մարուշ Երամեան

Շա՜տ ժամանակ առաջ, թիւերով բնակուած հեռու հեռաւոր երկրի մը մէջ մաքուր արեւածագ մըն էր, երբ աշխարհը ականատես եղաւ նոր թիւի մը ծնունդին: Կէտի չափ փոքրիկ երեխայ մըն էր, որ լալէ զատ ուրիշ բանի կարող չէր: Զայն Զէրօ անուանեցին: Նորածինը որեւէ յատկութիւն չունէր այդ ժամանակ, բայց անոր ներկայութիւնը թիւերու իրականութեան մէջ կեանքի ուրախութիւն կը պատճառէր: Յանկարծ ամբողջ երկիրը Զէրոյի ծնունդին լուրով ցնծաց:
Փոքրիկ Զէրոյին հոգ տանելու համար թիւերը որոշեցին հերթով խնամել զայն: Իւրաքանչիւր թիւ իր կողքին պիտի պահէր Զէրօն: Թիւերը զարմանալի երեւոյթի մը առջեւ գտան իրենք զիրենք. այն թիւերը, որոնք ճիշդ ձեւով հոգ կը տանէին փոքրիկ Զէրոյին, նախապէս չտեսնուած առատութիւն կը գտնէին իրենց տուներէն ներս. ամէն բան տասնապատիկ չափով կ’աւելնար: Իսկ այն թիւերը, որոնք իրենց պարտականութիւնը մակերեսայնօրէն կը կատարէին, տարբերութիւն մը չէին նշմարեր իրենց ապրելակերպին մէջ: Արդեօք Աստուծոյ մէկ նշա՞նն էր ասիկա, զոր թիւերը չէին հասկնար:
Օրեր անցան: Թիւերը կը յուսային նորածինին մէջ որոշ զարգացում տեսնել: Կը սպասուէր որ դէմքի արտայայտութիւններ ունենար, իմաստալից ձայներ հանէր, որոշ շարժումներ կատարէր եւ այլն: Բայց Զէրօն այս բոլորէն եւ ոչ մէկը կը ցուցադրէր: Թիւերը սկսան մտածել՝ հաւանաբար ուշ զարգացում մը պիտի ունենայ երեխան: Բայց շուտով հասկցան, որ այս թիւը շատ առումներով անկարող է. խթաններուն ոչ մէկ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերէր. ոչ մէկ տարբերութիւն կը բերէր յաւելումի եւ նուազի խաղերուն. բազմապատկումի խաղին խորունկ լռութիւն կը պահէր, անկախ անկէ թէ որքան մեծ է հետը խաղցող թիւը. իսկ բաժանումի խաղին, ի՛նչ թիւ որ ալ բաժնէր Զէրօն, արդիւնքը փոփոխութեան անյոյս դժկամութիւն մը կ’ըլլար: Թիւերը իրենց միտքին մէջ չէին կրնար հաշտեցնել Զէրոյի խնամքին հետ կապուած հրաշալի առատութիւնը անոր անկարողութեան հետ:
Ի՞նչ ունէր այս երեխան:
Տարիները սահեցան եւ Զէրօն չափահաս դարձաւ: Հիմա ոչ միայն իր մարմինը շատ արագ կ’աճէր, այլ եւ աւելի կլոր ձեւ կը ստանար, ետին ձգելով իր նախնական, հունտի նմանող ձեւը: Ըմբոստանալու պատանեկան բնազդով Զէրօն յայտնաբերեց գլորելու իր կարողութիւնը, ուրիշներուն տոտիկ-տոտիկ քայլ նետելուն փոխարէն: Շուտով յայտնաբերեց նաեւ, որ գլորելով ուրիշներէն շատ աւելի արագ կրնար շարժիլ: Կարողութիւններու այս անսպասելի պայթումը թիւերուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց. ա՛լ պէտք չունէին իրենք զիրենք յոգնեցնելու, Զէրօն շարժելու համար: Լրիւ անկարող երեխան հիմա թիւերու թագաւորութեան արագաթաւալն էր, որուն նոյնիսկ ամենահարուստ թիւերը չէին կրնար հասնիլ:
Ասոր վատ բաժինը այն էր, որ Զէրօն կենալ չէր կրնար. պիտի հարուածէր այլ թիւ մը, ճիշդ բազմապատկումի խաղին պէս: Թերեւս իր կեանքին սկիզբը յայտնուած երեւութական անկարողութեան նպատակը այն էր, որ Զէրօն պէտք էր իմաստութիւն ձեռք ձգէր, ղեկավարելու համար շարժելու իր գեր-կարողութիւնը: Յամէնայնդէպս իր նոր կարողութիւնը յայտնաբերելու առաջին ամիսներուն Զէրօն գլորեցաւ ու գլորեցաւ: Քանի մը ծանր արկածները նոյնիսկ չկրցան զսպել Զէրոյին աւելի հեռու եւ աւելի արագ թաւալելու թափը: Ի վերջոյ արդարացում մը ունէր՝ տարիներու իր անշարժութիւնը:
Երբ Զէրօն աւելի եւ աւելի կը մեծնար, թիւերը, որոնք մօտէն կը հետեւէին իրեն, նշմարեցին, որ ան հետաքրքրական յատկութիւն մը եւս ունէր՝ իր կատարեալ համաչափութենէն ծնած կախարդող գեղեցկութիւն մը: Ինչպէ՞ս կարելի էր, որ անզուգական վայելչութիւն մը ի յայտ գար թիւի մը մէջ, որ սկիզբը «անկարող» կարծուած էր: Թիւերը որոշեցին Իմաստուն Մէկէն խորհուրդ հարցնել: Մէկը, երէց եւ ազնուական, պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Որքան ալ ազնուական եւ գիտուն, Մէկը նաեւ համեստ էր, կրնար մէջքը ծռել մանուկներուն հետ խօսելու համար, ինքզինք բոլորէն գերադաս համարելու եւ յոխորտալով գլուխ ցցելու փոխարէն:
Իմաստուն Մէկը ըսաւ.
-Հին մատեանները նայեցայ, այս թիւին կապուած կանխանշաններ գտնելու համար. ըսուած է որ անկարող պիտի ծնի, իր ազգականները պիտի մեծցնեն զինք. յետոյ ան բոլորէն առաջ պիտի անցնի արագ շարժելու իր կարողութեամբ եւ իր թաւալումի համաչափութեան կատարելութեամբ: Աւելին՝ երբ մեծնայ, պիտի ստանայ այն ձեւը, զոր մենք երկնային բոլոր մարմիններուն մէջ կը տեսնենք: Մեր ընկերութեան այս երիտասարդ անդամը դեռ շատ բան ունի մեզի սորվեցնելիք: Սպասենք ու տեսնենք:
Երբ թիւերը Մէկին տունէն դուրս ելան, վարչապետ Երկուն չկրցաւ ինքզինք զսպել եւ ձայնը բարձրացուց.
-Կրնայ ըլլալ որ ծերուկը, տարիքին բերումով, սկսեր է ամէն բան իրար խառնել. ըսել կ’ուզեմ՝ ինչպէ՞ս վստահ ըլլանք, որ մատեաններուն մէջ գրուածները վաւերական են: Զէրօն այնքան ալ տարբեր չէ մեզմէ, պարզապէս այլ թիւ մըն է: Ինչո՞ւ մենք մեզ նեղացնենք բանով մը, զոր ոչ ոք տեսած է նախապէս: Պէ՞տք է լքենք մեծագոյն թիւերը այս նորափետուրին համար,- ըսաւ Երկուն եւ սկսաւ բարձրաձայն խնդալ:
Թիւերէն շատեր միացան իրեն, ուրիշներ պարզապէս ըսին՝ տեսնենք:
Տարիներու թաւալումին հետ Զէրօն սկսաւ իր գոյութիւնը հարցադրումի ենթարկել եւ որպէս թիւ իր էութեան մասին խորհրդածել: Լսած էր Իմաստուն Մէկին եւ վարչապետ Երկուքին խօսքերը, բայց ինքն իր մասին ճշգրիտ եզրակացութեան չէր հասած: Թերեւս Երկուն ճիշտ էր. եթէ նոյնիսկ հին մատեանները խօսած էին մէկու մը մասին, ո՞վ ըսաւ որ Զէրօն էր այդ սպասուածը: Այս մտածումով Զէրօն որոշեց միջին եզր մը որդեգրել Իմաստուն Մէկին եւ վարչապետ Երկուքին միջեւ:
Երբ պատանութենէն դուրս կու գար, բան մը ներսէն կրկին սկսաւ նեղել զինք, կարծես մէկը իր հանգիստ կեանքը կը խանգարէր, արձակելով այն զգացումները, որոնք գոհ չէին Զէրոյին ամէնօրեայ արաքներէն: Զէրօն կրկին սկսաւ խորհրդածել: Այս անգամ նկատի առաւ ինչ որ ապրած էր իր անսովոր կեանքին մէջ մինչեւ օրս՝ իր սկզբնական անկարողութիւնն ու անոր հետեւող շարժումի կարողութիւնը, սկիզբի փոքր չափն ու ետքի անզուգական գեղեցկութիւնը, Իմաստուն Մէկին եւ վարչապետ Երկուքին խօսքերը եւ այլն:
Յանկարծական դող մը պատեց զինք, երբ ներշնչումի հրաշքը տարածուեցաւ մարմնին մէջ: Զգաց որ իր կեանքը հակասութիւններով լեցուն է այնքան, որ քննարկելով յաջորդական ան-գոյութիւնն ու գոյութիւնը իր յատկութիւններուն, ինք պիտի կարենայ անսահմանութիւնը հասկնալ: Այս գաղափարը քաջալերեց զինք, որ անսահմանութիւնը քննարկէ, այլ թիւերու հետ խօսելով:
Պատասխանը, որ ամենէն աւելի կը ներդաշնակուէր իր ապրումներուն հետ, Իմաստուն Մէկին պատասխանն էր.
-Անսահմանութիւնը չեմ տեսած. գիտեմ սակայն, որ ես թիւերուն առաջինն եմ որ գոյութեան եկեր է. կը զգամ որ չէի կրնար ոչինչէն գոյութիւն առնել. եւ տեսնելով ինծմէ յետոյ եկող բոլոր այս թիւերը, աւելի լաւ կը հասկնամ, որ զիս ստեղծողը անսահմանն է: Եւ օ՜, պզտիկս, եթէ հարցնես թէ ինձմէ մէկ քայլ առաջ ի՞նչ կար, հին մատեանները կ’ըսեն թէ դո՛ւն ես, որ պիտի բացայայտես ատիկա:
Եւ պատասխանը, որ Զէրօն շատ չէր հաւնած, վարչապետ Երկուքէն եկեր էր.
-Անսահմանութիւն ըսուած բան չկայ. որքան ալ մեծ թիւ մը երեւակայես, մէկ աւելցնելով աւելի մեծ թիւ մը կ’ունենաս. այս է ամբողջ եղածը. ի դէպ, չկայ մէկը որ անսահմանութիւնը տեսած է. մեր երեւակայութեան կեղծիքն է ատիկա:
Երբ առանձին մնաց, Զէրօն մտածեց.
-Կը հասկնամ Երկուն, որովհետեւ երբ աշխարհ եկաւ, Մէկը արդէն կար. ուրեմն Երկուն չի հասկնար թէ ի՛նչ կը նշանակէ առանց նախահօր գոյութիւն առնել: Ինչ որ կը զգամ, Մէկին ըսածին պէս բան մըն է. կարելի է հասկնալ որ բան մը քու գոյութիւնդ մէջտեղ բերեր է, որովհետեւ երբ աշխարհ եկար, Մէկէն զատ ուրիշ մէկը չկար:
Պահ մը լռելէ ետք Զէրօն մրմնջեց.
-Եթէ ես կամ, ուրեմն դուն ալ կաս. բայց ո՞ւր ես դուն. եթէ միայն կարենայի քեզ տեսնել …
Կեանքը շատ խռովայոյզ եղած էր Զէրոյին համար. նախ անկարողութիւնը զգետնած էր զինք, յետոյ՝ կարողութիւններու եւ ապրումներու պայթումը, յետոյ անպատասխան մնացած հարցումները, եւ ի վերջոյ եզրայանգումը, որ խաղաղութեան հետ տունդարձի փափաք մը բերեր էր իրեն: Բայց անկարող կրելու այս տագնապներուն բրտութիւնը, Զէրօն հիւանդացեր էր: Այնքան սկսեր էր նիհարնալ, որ հասեր էր գրեթէ իր սկզբնական չափին: Այնքան երիտասարդ եւ այս անդարմանելի հիւանդութի՜ւնը … Զէրօն բաւարարուեր էր այս կեանքէն: Թէեւ բոլորը շատ տխուր էին, միաժամանակ սակայն կը մտածէին՝ այս անզուգական թիւին համար լաւագոյնը մեռնիլն է:
Եւ Զէրօն մեռաւ: Զինք քանորդականի (quotient) գիծին տակ թաղեցին: Անոր գերեզմանին Զէրոյին չափ գեղեցիկ եւ Մէկին պէս ազնուական վարդեր բուսան: Այսպէս է որ «զէրօյի վրայ մէկ» նախադասութիւնը յիշատակուեցաւ: Այն ատեն էր, որ թիւերը հասկցան թէ Զէրօն ներքուստ ի՜նչ կը զգար: Եւ թիւերը երբեմն այցելեցին զինք, երբ պէտք կ’ունենային ակնարկ մը նետելու անսահմանութենէն բխող գեղեցկութեան վրայ: Որքան ալ անուժ, Զէրօն կ’օգնէր ուրիշներուն անսահմանութիւնը հասկնալ, ոչ թէ անոնց միջեւ իր գոյութեամբ, այլ անոնց ներքեւ ըլլալով:
21 Օգոստոս, 2011

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.