Բանտի ետին,
Չեմ գիտեր անձրեւը
Տամուկ Սենեակի ձեղունէն
Ներս կ՚ի՞յնայ։
Բանտը հարսանիք է, կը գրէի վաղ՝ 90-ին.
Բանտը ճակատագիր է,
Ամրոց։
Դէմքեր կան,
Որ ուղեղի առաստաղին վրայ քամուած
Կը յամենան…
Դէմքեր, որ անցած են բանտի ճանապարհէն։
Գրողներու ճակատագիրը կ’աւարտի
Բանտի ճաղերու ետին,
Հերոսները հոնկէ կը մեկնին
Ապագայի պատուանդանը արիւնոտ։
Բանտը սոսկալի բան է
Չիմացողին համար,
ճմլող, սանկ սիրտդ ներս քաշել տուող,
Մարմինդ քեզմէ գոցող,
Ստիպուած կեցութիւն՝ բանտը.
Ալ ուր մնաց,
Երբ բանտի մրուր կապած երկաթներուն
Ետին գտնուողը՝ ընկերդ է,
Բարեկամդ
Կամ պարզապէս խեղճի մէկն է,
որ ճակատագրի ինչ-֊ինչ խաղերով
Հասած է հոն։
Ես ընկեր մ՚ունէի,
Անդրէ անունով,
Ապրազ Անդրէ կ՚ըսէինք,
Ամէն անգամ որ կենաց բարձրացնէր,
Շըրըխ՜՜կկկ կը զարնէր բաժակները,
«Ասի բանտարկեալներուն կենացն» կ՚ըսէր…
Ապրազ Անդրէն
Ամերիկա գնաց,
Հիմա չեմ գիտեր որու կենաց կը բարձրացնէ,
Միայն գիտեմ որ կենացները չեն պակսիր,
Բանտարկեալները կը շատնան,
Մտքիս կ’ուգայ
Անկախ Հայաստանի զընըխ երազը,
Ծ’օ, ատ երազին համար,
Քանի՜-քանի՜ ընկերներ
Բանտերը նետուեցան …
Ծ’օ, աս ինչ Հայաստան է,
Երա՞զ է աս Հայաստանը,
Եւ կ՚ուշանայ այդ երազը։
Բաժակները… կը դատարկուին,
Հերոսները կը չքանան, կամ կը լռեն։
Ամէն օր,
Հայաստանի ճանապարհը կը գծեմ երազի պատերուն վրայ…
Կը հեգեմ անոր բառերը,
Ամէն օր նոյն խաչը կը շալկեմ ուսերուս,
Նոյն սքեմը կը ծալլեմ ամէն օր,
Ամէն օր նոյն լռութիւնը կը խաղամ…
Կը խօսիմ ամէն օր քաղ-բանտարկեալներուն մասին։
Կը խօսիմ անոնց մասին, հիացումով մերթ
Ու մերթ վախով…։
Ե՞րբ օդին պիտի տանք կենացները,
Երբ բանտերը պիտի պարպուին…
Ե՞րբ աշխարհի բոլոր գրողները դուրս գան բանտերէն….
Դուրս գան սուտի բեմերէն,
Դուրս գան փոկապներէն,
Դուրս գան սեղմումներէն…
Դուրս գան քծնելու տեսարաններէն:
Հ՜էյ, դուն պարո’ն,
Ի՞նչ օգուտ, եթէ սրտիդ կրծքանշան կախեր են,
Ի՞նչ օգուտ, եթէ քեզմէ
Կը հեռանայ ամէն ինչ ու դուն կը մնաս մինակ,
Մինակ այս հրապարակին վրայ,
Որ հրապարակ չէ այլեւս,
Այլ բանտ է իսկական…
Թախիծ է ամէն տեղ,
Ամէն դուռ բանտ է այսօր,
Ընկերոջս կենացը պիտ խմենք այսօր
Տարի մըն է բանտին ճաղերուն ետին,
Նոյն ուժեղ հայեացքը կայ ու կայ
Տարի մըն է այսօր,
Ու մենք անգործ
Կը կը մռափենք,
Հաւատալով որ երջանկութեան դեղին աղաւնին,
Պիտի թառի մեր գլխուն…
Տեղ մը Հրանտ Դինք կը թաղենք,
Հողին վրայ ապրող հերոսները զնդան կը տանինք,
Ծ’օ, ի՞նչ Չարենց է ասիկա,
Ի՞ նչ արեւելահայ եւ ի՞նչ արեւմտահայ,
Ի՞նչ դատ եւ ի՞նչ աղմուկ չորս դիս,
Տարի մըն է անգործ ենք,
Տարեդարձներ ու ժողովներ,
Սենեակին ծայրը կարմիր ժապաւէնով կողովներ…
Գրող կոչուածներ ու խմբագիրներ ,
Զարդեր ու պատիւներ…
Ծ’օ, յոգներ եմ այսօր,
Բանտ է աշխարհը մեր,
Ըլլար մէկը, որ
Ազատէր մեզ այս աքսորէն եւ այս բանտէն . . .
Այս գերութիւնէն…
Բանտ է ամէն դի…
Բանտ։
Բանտ է ամէն դի։
Վերջին մեկնաբանություններ