Նորա Պարութճեանի ելոյթը՝ Փարիզ, Արարատ Գիտական Միջազգային Կաճառի կազմակերպած համագումարին (05.02.12)
Իմ խօսքս ուղղուած պիտի ըլլայ անոնց, որոնք կը դաւանին արեւմտահայերէնը իբրեւ ազգային ժառանգութիւն, եւ կը կարծեն կամ համոզուած են որ ատոր կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունին, հոս՝ Ֆրանսայի մէջ, եւ քիչ մըն ալ այլուր։
Պիտի խուսափիմ անդրադառնալէ (աւելի ճիշդը՝ փոքր ակնարկներէ անդին պիտի չանցնիմ) արեւմտահայերէնի նկատմամբ Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան պաշտօնական կեցուածքին, եւ այնտեղ տիրող անտարբերութեան, կամ անփութութեան։
Իմ նիւթէս դուրս կը մնայ այդ բաժինը։
Ուրեմն, «Զոհի իրավիճակ եւ արեւմտահայերեն»։
Նախաբան
Չենք կրնար արեւմտահայերէնի նիւթը արծարծել առանց պատմութեան յիշատակութեան։ Երբ կ’ըսենք արեւմտահայերէն, կ’ուղղուինք դէպի արեւմտահայութիւն, հայութեան այն հատուածը, որ կորսնցուց իր մայրենի օրրանը, իր հողատարածքը։
Ընդգծենք, որ կորսնցնել միշտ չի նշանակեր պարտուիլ։ Արեւմտահայութիւնը կորսնցուց իր հայրենիքը ոչ թէ պարտուելով, այլ քանի որ ոճիր մը գործուեցաւ անոր դէմ։ Արեւմտահայութեան պապենական ծննդավայրէն, օրրանէն, վտարուեցաւ անոր ներկայութիւնը, սպանութեամբ, ջարդով, տեղահանութեամբ, պարտադիր կրօնափոխութեամբ, ինքնափոխութեամբ, հետքերու բնաջնջմամբ եւ մասամբ նորին։ Այդ ոճիրէն մազապուրծ ով որ մնաց՝ մեզ ծնաւ։ Եւ մենք որ այսօր կ’ապրինք, կ’ապրինք իբրեւ այդ անարդարութեան զոհերը։
Հարցումը հետեւեալն է. կորսնցուցած ըլլալով մեր հազարամեայ օրրանը, վերածուած ըլլալով անարդարութեան զոհերու, արդեօ՞ք նաեւ պարտուած ենք։ Դատ մը ունինք պաշտպանելիք, զոր կը պաշտպանենք պահանջելով եւ այդ գծով ալ աշխատելով, որ մարդիկ՝ օտարներ, եւ թուրքը ինքը, գոնէ (կամ միայն այդքան) տեղեակ ըլլան եւ մեզի հանդէպ եղած անարդարութիւնը հաստատուի։ Այսինքն հարց — հարցում չըլլայ, քննելի թեմա չըլլայ, այլ հաստատուած իրողութիւն։ Փաստ՝ Դեկտեմբեր 22ին ապա Յունուար 23ին Ժխտելիութեան դէմ մեր պայքարը, որուն վերջնական արդիւնքին սրտատրոփ կը սպասենք։
Եւ որպէսզի անարդարութիւնը ճիշդ տարողութեամբ ներկայացուի, մենք կը ներկայանանք աշխարհին, անոր ենթարկուած զոհին դիմագիծովը։ Կ’աշխատինք անարդարութիւնը սրբագրել, քանի որ արդարութիւնը մեր իրաւունքը կը համարենք։
Ամբողջը կարդալ այստեղ
Ապր 14 2012
Վերջին մեկնաբանություններ