ԽԱՉԱՓԱՅՏԸ
Խաբեցին մեզ մանկութեան երազները ջինջ,
Ու յօշոտեցին օր ցերեկով մեր հոգիները դեռատի.
Ապա՝ լաթերու նման կախեցին պատշգամին,
Որ ծիծաղին ու քրքջան մեր անշուք բախտին,
Վիժած յոյսին, որ խարխափեց կոյրի նման…
Խլեցին մեզմէ կտոր մը երկինքը մով, որուն
Երբեմն ապաւինած, աստղերու մտերմութիւնը
կը տենչայինք.
Լեցուցին հոն ծծումբ ու ծուխ գարշահոտ,
Ու վանեցին ընդմիշտ աստղերու պարը հմայիչ:
Մեզի տուին անուններ կեղծ եւ այլանդակ,
Ըսին՝ «սերունդն էք պատերազմի»,
«Խարխափումի դարն է ապերախտ»,
«Քաւութեան նոխազներն էք հզօրներու խաղին»:
Բայց մենք սերո՜ւնդ չէինք իսկական:
Մենք խլեակներն էինք գիշերուան զայրոյթին,
Ու երերուն ուրուականները ցերեկի հրայրքին,
Յետ միջօրէի խանձած ծղօտներն էինք խորշակին,
Յամառօրէն վաղուան կառչած սին պատրանքն
էինք մեռեալ յոյսին…
Այո՜, խաբեցին մեզ հին ու նոր երազները բոլոր,
Քուրջի նման նետեցին մեզ մայթեզրին ամայի,
Ու տուին մեր ձեռքին լաթ մը հին,
Վրան գրուած, գոյնզգոյն տառերով,
«Վիժած սերունդ».
Այդ մեր խաչափայտն ըլլալու էր անպայման…
ՆԵՀՐՈՅԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ուղեւորութեանը մէջ կէս դարու,
Անցաւ ան կեանքի քառուղիներէ տարբեր,
Հպարտութեամբ տեսաւ մա՜րդը մեր օրերու,
Որ կ’երկնէ հրաշքներ բազում, կը կերտէ
Աշխարհ մը նոր՝ մտքին հանճարով ու բազուկով արի՜։
Անցաւ ան բոցի ու աւերակներու արանքներէն,
Տեսաւ նոյն մարդը, որ կը քանդէ իր արարածը՝
իր իսկ ձեռքերով,
Վիշտ, ահ ու սարսափ կը սփռէ չորսդին,
Կը սերմանէ բարիք՝ գարնան,
Կը հնձէ չարիք՝ աշնան.
Կը ցանէ տառապանք իր մեղկ ձեռքերով,
Ու ատելութիւն կը քաղէ իր գորշ ճիրաններով։
Ապշած նայեցաւ իր ետին, ու տեսաւ մշուշոտ
Քաղաքը մանկութեան՝ մեղքի ու արեան մէջ։
Նայեցաւ առաջ, աշխարհին՝ որ կ’եռեւեփէր,
Շէնշող լոյսերու խօլական պարին կշռոյթով,
Տեսաւ հոն հնոց մը անդիմագիծ նոր մարդու,
Ուր, միօրինակ, ծանծաղ տեսքով
Կերպարներ կը ստեղծուին օրնիբուն։
Նստեցաւ շուարած ճամբեզրի նստարանին,
Աչքերը յառած անհուն հորիզոնին։
Ինչո՞ւ այսպէս է, հարց տուաւ ան, ափսոսանքով։
Նեհրօ՜, Նեհրօ՜, բացագանչեց ձայն մը հեռուէն.-
Ինչո՞ւ շշմած, այդքան ցա~ւ կայ քու ներսիդին.
Դուն մարդ ես այլոց նման, որ եկան ու գացին,
Մի՞թէ անտարբեր էին անոնք իրենց ցաւերուն,
Կամ անհոգ՝ հանդէպ իրենց ճակատագրին,
Կու գան ու կ’երթան քեզ նման հարցադրումներով,
Բայց պատասխան չունին իրենց հոգիներուն մէջ,
Կ’ապրին, կը տխրին, կը հրճուին, կը սիրեն քեզ նման,
Կ’ատեն պահը, որ դարձաւ իրենց նպատակ։
-Ելի՜ր, քալէ՜ ճանապարհը քեզի վիճակուած,
Ու սոսկա՜յ շուքէն որ դարձաւ քեզի ընկեր…
Քալեց Նեհրօ Ամազոնի տափաստաններէն խիտ,
Նոր Աշխարհի երկնաքեր պողոտաներէն ժխոր,
Մինչեւ Արեւելքի թանձր պարիսպները ամեհի,
Անցնելով Նեղոսի տղմուտ ջուրերէն պղտոր,
Տեսաւ անդուլ ճիգը մարդուն, հեւքը՝ անբացատրելի,
Ապշեցաւ երկա~ր՝ անոր ցաւին ու խնդուքին,
Իր մէջ ամբարած աւիշին ու կեանքին,
Իր կորովի ոգիին, անըմբռնելի,
Ու կեանք կոչուած առեղծուածին տառապագին.
Տարօրինակ կտաւ մը բազմաշերտ երանգներով,
Որ մերթ թախիծ ու ցաւ, մերթ յոյս ու լոյս կը սփռէ չորսդին.
Չգտաւ իմաստ իր մտորումներուն խորաթափանց,
Բացի եղելութիւնը որպէս բացարձակ վիճակ։
Ապա գնաց տուն եւ գրեց պոէմ մը երկա՜ր,
Ու անուանեց զայն՝ «անաւարտ ճամբորդութիւն»։
ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այդ բոլորը զորս տեսար
Այդ բոլորը որ եղար
Ի՞նչ արժեն այս անհաշիւ աշխարհի
հաշուեցոյցերուն մէջ մանրազնին
Եւ այն ինչ լսեցիր ու մոռցար,
Եւ այն ինչ մրոտեցիր ու մոռցուեցաւ,
Ի՞նչ արժեն այս անհոգի աշխարհի
Կաճառներուն մէջ փառապանծ,
տաճարներուն մէջ խուլ։
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Եւ այդ բոլորը որ այգեկութքի ճնշեփին նման
մղկտացին ամէն րոպէ, ամէն պահ,
Ի՞նչ արժեցին տոմարներուն մէջ հաշուետուութեան,
Եւ ա~յն ինչ խորհեցար,
Զոր նզովեցիր բայց չմոռցար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի օրուան աւարտին,
Երբ ճիրաններուն մէջ խուլ գիշերին
Հոգիդ բզկտելով արիւնեցիր վարար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի այս աշխարհը ապերախտ։
Այն բոլորը զորս սիրեցիր
Այն բոլորին զորս տենչացիր
Բայց չգտար, մոռցար մէկ առ մէկ,
Ջլատեցին հոգիդ ու անցան,
Փոթորիկներ ցնցեցի՞ն քեզ երբ հեռացան,
Ի՞նչ արժեցին քեզի~ որպէս թիւ ու հաշուարկ՝
Հաշուեմատեանին մէջ պատառուն,
Բացի խայտանքներէն չկիսուած։
Այդ բոլորը զորս ապրեցար
Այդ բոլորը զորս տեսար, զգացիր խորապէս,
Ի՞նչ արժեցին քեզի
Ի՞նչ արժեցին աշխարհին
Ու ի՞նչ տուաւ քեզի քու շրջապատդ՝
որպէս պարտամուրհակ անվճար։
Այն բոլորը զորս սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Բաւարար չէի՞ն միթէ տանջուած հոգիիդ յար,
Որ տոմարին մէջ հաշուետուութեան,
Դուն քեզ հարուստ նկատէիր օրուան աւարտին,
Ու երբ հնչէր ժամը, ղօղանջը գուժկան,
Դուն քեզ երջանիկ մա~րդ զգայիր խորապէս…։
Այն բոլորը զորս սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Միմիայն անո~նք
Չեղա՞ն հոգիիդ հունձքը` օրուան վերջին…։
ԿԸ ՔԱԼԵՆ ԱՌԱՋ
Դաժան օրերուն այս,
Դաժան պահերուն մեր,
Երբ խաժամուժին մէջ նետուած
Վակոնները շոգեկառքին կը յառաջանան արագ,
Երբ գալիքի պահերը միգամած
Երկունքի ցաւերով են յղի,
Երբ մարդը երկնքի ու երկրի
Ահեղ մարտին մէջ նետուած էակ մըն է անիծեալ,
Մինչ սեւն ու սպիտակը ձուլուած իրարու,
Տարտամ պատկեր է նկարիչին
Պաստառին վրայ.-
Կը քալեն ամբոխները առաջ
Յոյսի մը, ապաւէն լաստին պատրանքով,
Նոր ճանապարհի որոնումի
Յորձանուտին մէջ նետուած ակամայ,
Երբ ճապաղ առօրեան իրենց օրագիրն է միանուագ,
Ու սերմը պտուղին՝ այլոց ձգուած բարիք մնայուն,
Կը նային ետեւ, կը նային առաջ,
Ու մշուշն է միշտ հորիզոնը ծածկած,
Բայց դեռ կը յուսան,
Դեռ կը տագնապին,
Դեռ կը քալեն առաջ…
Վերջին մեկնաբանություններ