Նորա Պարութճեան | ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

ՏՈՒՓՍ՝ ՆԵՐՍԷՆ
Տուփիս տափակ պատերուն
ներսի կողմէն
երկու ծակեր բացուած են
որ ես դիտեմ աշխարհը։
Հանգստաւէտ միջավայր
ու շատ գիրքեր,
սէր, արձակուրդ,
զրոյցի նիւթ
եւ մանաւանդ իմաստութիւն
ոտքերուս տակ փռուած են
գորգի նման,
զոր երբեք չեմ կոխկռտեր
կօշիկներով աղտոտած։
Կը կողպեմ տուփս ներսէն
ու կը բանամ
տուփիս տափակ պատերուն
ներսի կողմէն
բացուած երկու ծակերը,
որոնց դիրքը
կը յարմարի աչքերուս
ու կը նայիմ … կը նայիմ …
ատեն ատեն բան մը տեսնել կը կարծեմ,
ըմբռնելու համար զայն
ունկս իսկոյն կ’երկարեմ
տուփիս տափակ պատերուն
ներսի կողմէն ամրացուած
բարձրախօսին,
որ ձանձրոյթս կ’օրօրէ
թմբուկներու խենթացնող կշռոյթով։
Կը վերանամ։
Ի՞նչ գործ ունիմ ուրիշ տեղ։

<><><>
Երբ ինկաւ առաջին անգամ,
ոչ ոք նկատեց
թէ ծայրին ծայրը ճեղք մը գոյացաւ։
Կարծես ոչինչ պատահած էր,
առաջուան պէս փայփայուեցաւ, շոյուեցաւ.
միմիայն ինք
մտրակուածի անակնկալ սարսուռով տեսաւ
որ վէրքին տեղը դէպքը իսկոյն բոյն դրաւ։
Այնուհետեւ,
յիշողութեան արուեստին պէս
հիասթափութիւնը
կպչուն յաճախանք դարձաւ։
Այսօր,
յանդգնութեամբ պառաւած
կը խօսի թարախոտած.
ոչ սփոփանք, ոչ ներում.
ճեղքին տեղը սրտերուն միջեւ
վէրքը անդունդ է բացած,
մէկ կողմէն միւսն անցնելու
երազն անգամ ծիծաղելի կը թուի։
Այս կեանքը
շատոնց վերածուած էր պատրանքի։

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի